Սփիւռք ըլլալու տարբեր ձեւերը
- (0)

Անդրադարձ Կարօ Արմենեանի «Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականները» յօդուածին
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Կարօ Արմենեանի «Սփիւռքը եւ «անդրազգ» եզրոյթի հարցականները» յօդուածը Սփիւռքի ինքնութեան եւ ապագային վերաբերող կարեւոր հարցադրում մը կը ներկայացնէ։ Կարօ Արմենեանն ու դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեանը անձնաւորութիւններ են, որոնց հանդէպ մեծ յարգանք ունիմ։ Երկուքն ալ տարիներու ընթացքին իրենց մտածումներով ազդեցութիւն ունեցած են իմ հայեացքներուս ձեւաւորման վրայ։
Յօդուածին մէջ Կարօ Արմենեան կարծես որոշ վերապահութիւններ կը յայտնէ դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի գործածած «անդրազգ» հասկացութեան նկատմամբ՝ մտահոգուելով Սփիւռքի ազգային ինքնութեան եւ քաղաքական առաքելութեան վրայ անոր ունեցած հնարաւոր հետեւանքներով։
Այս մտահոգութիւնը հասկնալի է։ Հայկական Սփիւռքը պարզապէս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայերու ամբողջութիւն մը չէ։ Ան ունի պատմական յիշողութիւն, ազգային գիտակցութիւն, հաստատութիւններ եւ հաւաքական նպատակներ։ Արմենեան իրաւամբ կը շեշտէ ընտանիքին, եկեղեցիին, դպրոցին, քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ մամուլին ունեցած դերը մեր ազգային գոյատեւման մէջ։ Սակայն հարց կը ծագի. արդեօ՞ք «անդրազգային» հասկացութիւնը կը հակասէ այս ազգային ըմբռնումին։ Եթէ այո՝ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս։
Կը կարծեմ, թէ երկու մտածողներուն մօտեցումները անպայմանօրէն իրարու հակադիր չեն։ Ընդհակառակը, անոնք կրնան զիրար ամբողջացնել։
Կարօ Արմենեան կը խօսի այն մասին, թէ ինչպիսի՛ Սփիւռք մը պէտք է ունենանք՝ ազգային գիտակցութիւն ունեցող, կազմակերպուած եւ ընդհանուր նպատակներ հետապնդող։ Իսկ Խաչիկ Թէօլէօլեան կը փորձէ հասկնալ, թէ ի՛նչ է այսօրուան Սփիւռքը եւ ինչպէ՛ս կ՚ապրի ու կը գործէ տարբեր երկիրներու մէջ եւ տարբեր պայմաններու տակ։
Մէկը կը խօսի այն Սփիւռքին մասին, զոր կ՚ուզենք ունենալ, իսկ միւսը կը փորձէ հասկնալ այն Սփիւռքը, զոր արդէն ունինք։
Մէկը կը շեշտէ ազգային շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը, միւսը՝ այդ շարունակականութիւնը ապահովելու կոչուած հասարակութեան փոփոխուող իրականութիւնը։ Առաջինը աւելի շատ կը վերաբերի մեր ազգային ձգտումներուն, երկրորդը՝ մեր գոյութեան պայմաններուն ուսումնասիրութեան։
Անդրազգային ըլլալը ապազգային ըլլալ չի նշանակեր։ Ընդհակառակը, հայ ժողովուրդը վաղուց ապրած է սահմաններէ անդին տարածուող կապերով։ Մեր եկեղեցին, կուսակցութիւնները, բարեսիրական կազմակերպութիւններն ու մամուլը այդ իրականութեան կենդանի օրինակներն են։ Անոնք ազգային նպատակներու ծառայած են՝ գործելով բազմաթիւ երկիրներու մէջ։
Սակայն այսօրուան Սփիւռքը այլեւս միայն այդ հաստատութիւններով չի սահմանափակուիր։
Կան հայեր, որոնք հայկական կազմակերպութիւններու անդամ չեն, բայց իրենց մասնագիտական գիտելիքներով, տնտեսական նախաձեռնութիւններով կամ մշակութային գործունէութեամբ կարեւոր ներդրում կը բերեն Հայաստանին ու հայութեան։ Կան երիտասարդներ, որոնց ազգային կապերը կը ձեւաւորուին համացանցային համայնքներու, կրթական ծրագիրներու եւ միջազգային համագործակցութիւններու միջոցով։
Իմ անձնական կեանքէս օրինակ մը բերեմ։ Տարին երկու-երեք անգամ Հայաստան կ՚այցելեմ։ Գրեթէ ամէն օր տեսազանգով կը խօսիմ հոն ապրող ընտանիքիս անդամներուն եւ բարեկամներուս հետ։ Ամէն ամիս մօրս պէտք եղած բաները կը ղրկեմ։ Նաեւ Հայաստանի քաղաքացի եմ։ Այս բոլորը մտածել կու տան, թէ որքան փոխուած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ կապը։ Նախկին սերունդներուն համար հայրենիքը յաճախ հեռուէն յիշուող ու կարօտալի վայր մըն էր։ Ինծի համար ան նաեւ առօրեայ կեանքիս մէկ մասն է։ Երկու երկիրներուն միջեւ կ՚ապրիմ, թէեւ ժամանակիս մեծ մասը տակաւին անոնցմէ մէկուն մէջ կ՚անցընեմ։ Այսպիսի կապ մը դժուար է բացատրել միայն Սփիւռքի մասին մեր աւանդական պատկերացումներով։ Թերեւս անդրազգային իրականութիւնը ճիշդ այս է. հայրենիքէն հեռու ապրիլ, բայց անոր կեանքին ամէն օր մասնակից ըլլալ։
Հայութեան հետ այս տարբեր ձեւերով կապ ունեցող մարդիկը ինչպէ՞ս կը տեղաւորենք Սփիւռքի մեր աւանդական պատկերացումին մէջ։
Այս առիթով կ՚ուզեմ անդրադառնալ նաեւ «ազգային» բառին գործածութեան, առանց ակնարկելու Կարօ Արմենեանի յօդուածին։ Հայաստանի ներքաղաքական աքլորամարտին մէջ այս բառը երբեմն կը գործածուի այնպէս մը, կարծես թէ ոմանք աւելի «ազգային» են, քան ուրիշներ։ Ատիկա Հայաստանի ներքին քաղաքական վէճերուն մաս կը կազմէ, որոնց չեմ ուզեր խառնուիլ։ Բայց չէի ուզեր, որ նոյն բառապաշարն ու մտածելակերպը կամաց-կամաց տեղ գտնեն նաեւ Սփիւռքեան իրականութեան մէջ, որ արդէն իսկ Հայաստանի քաղաքական պայքարներուն ազդեցութեամբ չափազանց գերքաղաքականացած ու բեւեռացած է։
Ինծի համար, ով որ ինքզինք հայ կը զգայ կամ հայ կը համարէ, տեղ ունի Սփիւռքի մէջ։ Պարտադիր չէ, որ ան անդամ ըլլայ հայկական կազմակերպութեան մը, խօսի հայերէն, հարիւր տոկոսով հայկական ծագում ունենայ կամ ընկերային ու քաղաքական որոշ տեսակէտներ բաժնէ։ Հայութեան հետ իր կապին խորութիւնը եւ ազգային գործերուն մասնակցելու չափը իւրաքանչիւրին անձնական ընտրութեան հարցերն են։ Այդ չափանիշներով պէտք չէ որոշենք, թէ ո՛վ աւելի հայ է, եւ ո՛վ՝ նուազ։
Այսօր Սփիւռքի կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկը մեր «անդրազգային» մարդկային եւ նիւթական ներուժը համախմբելն ու քաղաքական փափուկ ուժի վերածելն է։ Իսկ այդ նպատակին հասնելու համար պէտք է ընդլայնենք հայութեան մասնակցութեան շրջանակը, ոչ թէ նեղցնենք զայն։
Այս բազմազանութիւնը նաեւ ներկայացուցչութեան հարց կը յառաջացնէ։ Երբեմն կը լսենք յայտարարութիւններ՝ կատարուած «Սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութեան» անունով։ Բայց այսօր ո՞ր հաստատութիւնը կրնայ նման յաւակնութիւն ունենալ։ Մեր աւանդական կազմակերպութիւնները կարեւոր դեր կը կատարեն, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ունի ամբողջ Սփիւռքին կողմէ խօսելու ներկայացուցչական լիազօրութիւն։ Այս իրողութիւնը ընդունիլը անոնց վաստակը չի նուազեցներ, այլ կը յիշեցնէ, թէ որքա՛ն բազմազան դարձած է Սփիւռքը։
Մեր աւանդական հաստատութիւնները մեծ դեր ունեցած են Սփիւռքի պահպանման մէջ։ Բայց արդեօ՞ք այսօր Սփիւռքի կենսունակութիւնը միայն անոնցմով պէտք է չափենք։ Չե՞նք կրնար նկատի առնել նաեւ նոր սերունդներուն ստեղծած կապերը, անհատական նախաձեռնութիւնները եւ հայութեան բերած տարբեր տեսակի նպաստները։
Այս հարցումները չեն նուազեցներ մեր հաստատութիւններուն պատմական վաստակը։ Պարզապէս կը յիշեցնեն, որ անցեալին յաջողած կազմակերպական ձեւերը պարտադիր չէ, որ ամբողջութեամբ բաւարարեն ապագայի պահանջները։
Նոյնքան կարեւոր է Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութեան հարցը։ Արմենեանի առաջարկած փոխսնուցողական մօտեցումը արժէքաւոր է, որովհետեւ կ՚ընդունի երկու կողմերուն ինքնուրոյնութիւնն ու փոխադարձ անհրաժեշտութիւնը։ Սակայն փոխլրացումը քաղաքական տեսակէտներու նոյնութիւն չի պահանջեր։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, իսկ Սփիւռքը՝ բազմազան համայնքներու եւ հաստատութիւններու ամբողջութիւն մը։ Անոնք կրնան ունենալ տարբեր առաջնահերթութիւններ եւ միաժամանակ հետապնդել ազգային ընդհանուր նպատակներ։
Ի վերջոյ, ինչո՞ւ պէտք է «ազգայինն» ու «անդրազգայինը» իրարու հակադրել։ Սփիւռքի իրականութեան մէջ երկուքն ալ տեղ ունին։
Աւելի կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ազգային ժառանգութիւնը պահպանել՝ միաժամանակ ընդունելով աշխարհի եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները։
Կարօ Արմենեանի ազգային շարունակականութեան մտահոգութիւնը եւ դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի անդրազգային վերլուծութիւնը այս իմաստով կրնան զիրար հարստացնել։ Առաջինը կը յիշեցնէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է պահպանենք մեր հաւաքական գոյութիւնը, երկրորդը կ՚օգնէ հասկնալ, թէ ինչպիսի՛ նոր պայմաններու մէջ պէտք է իրականացնենք այդ նպատակը։
Մեր նախորդ սերունդները ստեղծեցին հաստատութիւններ, որոնք սատարեցին Սփիւռքի գոյատեւման։ Մեր սերունդին եւ յաջորդներուն պարտականութիւնը ոչ միայն այդ ժառանգութիւնը պահպանելն է, այլ նաեւ զայն զարգացնելը՝ նոր պայմաններուն համապատասխան։
Որովհետեւ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ մնալը չի նշանակեր անփոփոխ մնալ։ Երբեմն ճիշդ այդ հաւատարմութիւնն է, որ մեզի կը պարտաւորեցնէ նոր ձեւերով մտածել եւ գործել։