Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»ի բացառիկը ուղարկուեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն

Ապրիլ 19-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Հորիզոն»ի խմբագրատունէն յատուկ ծրարներով Գանատայի խորհրդարանի 338 անդամներուն առաքուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած «Հորիզոն»ի եռալեզու բացառիկ թիւը։

«Հորիզոն»ի Վերոնշեալ յաւելուածը կը պարփակէ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, պահանջատիրութեան եւ յատկապէս հատուցման իրաւական գործընթացի մասին յօդուածներ եւ վերլուծումներ։

Նշենք, որ անցնող 15 տարիներու ընթացքին, Մեծ Եղեռնին նուիրուած «Հորիզոն»ի բացառիկ թիւերը առաքուած են Գանատայի խորհրդարանի անդամներուն, իսկ 2006-ի Փետրուարին, ատրպէյճանցիներու կողմէ Հին Ջուղայի խաչքարերու եւ հայկական պատմական յուշարձաններու քանդումին մասին պատմող «Հորիզոն»ի եռալեզու յատուկ թիւը ուղարկուեցաւ խորհրդարանի եւ օրուան կառավարութեան անդամներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.