Ընկերուհի Շաքէն

Այդպէ՛ս ճանչցուած էր ան բոլորին կողմէ՝ ընկերուհի Շաքէ։

Ընկերուհի՝ իբրեւ կուսակցական, ընկերուհի՝ իբրեւ ՀՕՄ-ական, ընկերուհի՝ իբրեւ համազգայնական։ Դոկտո՜ր Շաքէ Տեր-Մելքոնեան-Մինասեան, փրոֆեսո՜ր Մինասեան… նման կոչականներով չէ, որ կը մօտենայինք իրեն, եւ այնպէս կը թուի ինծի, որ եթէ այդպէս դիմէինք իրեն, պահ մը շփոթի կրնար ենթարկուիլ, թէ խօսքը իրապէս իրե՞ն կ՚ուղղուէր, թէ՞ մէկ ուրիշին։

Ընկերուհի Շաքէն…

Ֆրանսայէն այդպէս եկաւ ան Մոնթրէալ տարիներ առաջ, այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջին շունչ։

Արդարեւ, մեզի համար անակնկալ եղաւ, երբ օր մըն ալ լսեցինք, որ տարեցներու բնակավայր մը փոխադրուեր էր… Այդ կորովի, գործունեայ, միշտ պատնէշի վրայ գտնուող մեր ընկերուհին ծերանո՞ց մտնէ, թէկուզ ամեն տեսակ յարմարութիւններով օժտուած։ Սակայն այդ վայրէն ալ ան պիտի շարունակէր ներկայութիւն ըլլալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Պարբերաբար պիտի մասնակցէր մեր ժողովներուն, նոյնիսկ անկելաթոռի վրայ, ու մասնակցէր իրողապէս, խօ՛սք առնելով, կարծի՛ք յայտնելով։

Մեր ընկեր Վազգէնը հաւատարիմ պահակի նման, ո՛չ՝ թիկնապահի՛ նման, զինք մեր ժողովներուն կամ ձեռնարկներուն պիտի բերէր, երբ ան ի վիճակի զգար ու տրամադրութիւն ունենար գալու։ Ի հարկէ, երկարամեայ աւանդութիւնն էր, որ կը շարունակէր ընկհ. Շաքէն, իբր պարտաճանաչ անդամը իր կուսակցութեան կամ զոյգ միութիւններուն։

Իր ներկայութիւնը անպայման բա՛ն մը կ՚աւելցնէր այդ ժողովներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ խօսք ալ չառնէր։ Ուրա՛խ էինք, հանգի՛ստ էինք, որ ան հոն էր, մեզի հետ, մեր մէջ, մեզմէ՛ մէկը։

Իմ ծանօթութիւնս ալ սկսաւ իր Մոնթրէալ ժամանած օրերէն իսկ, թէեւ անունով ծանօթ էր ան ինծի, յատկապէս որպէս «Յառաջ»-ի աշխատակից։ Այստեղ ան ամուսնաացաւ ծնողքիս անմիջական ընկերական շրջանակին մաս կազմող ընկ. Վարուժանի հետ։ Առիթները չէին պակսեր իրեն հանդիպելու, սակայն նաեւ կը նկատէի, որ ան երբեք չէր մասնակցեր զուտ ժամանց-զբօսի համար տեղի ունեցող հանդիպումներուն, հաւանաբար իր ազատ ժամերը աւելի շատ իր գրական աշխատանքներուն յատկացնելու համար։

Ապա աշխատակից-խմբագիր յարաբերութիւնը ստեղծուեցաւ, երբ ինք սկսաւ կանոնաւոր մասնակցիլ «Հորիզոն»-ի աշխատանքներուն, նոյնիսկ մաս կազմելով անոր նախապատրաստական յանձնախումբին, որ տարի մը ամբողջ գործեց ծրագրելու համար հրատարակուելիք թերթին բնոյթը, բովանդակութեան տեսլականին եւ այլն։ Բոլոր այդ ժողովներուն ան միշտ գործնական անձի մը տպաւորութիւնը թողեց, բան մը, որ հետագային ալ տեսայ միութենական աշխատանքներու ընթացքին։ Նոյնը՝ երբ ան ատեն մը մաս կազմեց Հայ դատի երկլեզու տեղեկագրի (La Cause Arménienne / The Armenian Cause) խմբագրութեան։

Ես, սակայն, միշտ պարտաւոր էի զգուշութեամբ վարուիլ «Հորիզոն»-ի համար իր գրած յօդուածներուն հետ, քանի որ շատ նրբանկատ կերպով պէտք է տեղեկացնէի իրեն այն փոփոխութիւններուն մասին, որ կ՚ընէի թերթի լեզուական ու խմբագրական միօրինակութիւնը պահպանելու համար, բան մը, որմէ կը թուէր, թէ շատ չէր ախորժեր…

Դրուագ մը յատկապէս դրոշմուած կը մնայ յիշողութեանս մէջ. շրջանային ժողովի մըն էր, եւ օրակարգի նիւթը՝ «Հորիզոն»-ն էր։ Ընկհ. Շաքէն ձայն առաւ եւ դիտել տուաւ, որ թերթը «շատ Վրէժ-Արմէն կը հոտէր»։ Այն ատեն գուցէ իբր քննադատութիւն առնուեցաւ իր այդ ըսածը, թերեւս ալ իր նպատակը այդ էր, սակայն տարիներու հեռաւորութենէ երբ կը վերյիշեմ այդ պահը, հարց կու տամ ես ինծի, թէ արդե՞օք նաեւ անուղղակի գնահատանք մը չէր այդ, ի տես այն ժամանակին ու ճիգին, որ խմբագիրը կը տրամադրէր ու կը ներդրէր թերթին դաշնակցականավայել, հայավայել ու ժամանակակից նկարագիր մը տալու իր փորձերուն մէջ…

Ընկհ. Շաքէ մնաց հաւատարիմ աշխատակից, խմբագիրէն ու խմբագիրներէն անկախ, ու իր արժէքաւոր յօդուածներով մեծապէս նպաստեց «Հորիզոն»-ի մակարդակը բարձր պահելուն։

Մէկ դրուագ եւս կ՚ուզեմ վերյիշել այս առթիւ։ Այդ մէկը «Համազգային»-ին առնչուած էր։ Դժուար շրջան մը կ՚ապրէինք. երկար ժամանակ աշխատած վարչականներ, յոգնած, պարպուած, քաշուեր էին հրապարակէն եւ նորեր չէին գար զիրենք փոխարինելու. տարեվերջի անդամական ընդհանուր ժողովին հրաժարող վարչութեան փոխարէն ոեւէ մէկը թեկնածու չէր ներկայանար յաջորդ վարչութեան մաս կազմելու համար։ Բոլորս ալ մտահոգ էինք։ Ընկհ. Շաքէ ձայն ուզեց եւ առաջարկեց երեք կամ վեց ամսուան համար նշանակովի վարչութիւն մը յառաջացնել ու անոր պարտականութիւն տալ թեկնածուներու որոնումն ու ապահովումը՝ ժողովրդավարօրէն, այսինքն օրինաւոր ընտրութեամբ վարչութիւն մը մէջտեղ բերելու համար։ Ինք յանձն առաւ այդ աշխատանքը ղեկավարել եւ իր շուրջ հաւաքեց երիտասարդներ, որոնց կ՚անցնէր իր նազը։ Ան ոչ միայն միութիւնը դուրս բերաւ իր տագնապէն, այդ անցումային շրջանին շարունակելով նաեւ ընթացիկ գործունէութիւնը, այլեւ յաջողեցաւ այդ առժամեայ մարմինին մաս կազմողները, բացի իրմէ, դարձնել յաջորդ՝ ընտրովի վարչութեան անդամներ։

Ընկերուհի Շաքէ որեւէ աշխատանքի չէր ձեռնարկեր, եթէ վստահ չըլլար, որ զայն պիտի կարենար յաջողութեամբ գլուխ հանել։ Սակայն մէկ պարագայի, իր կամքէն անկախ, այդպէս չեղաւ։ Մեր պնդումներուն հիման վրայ էր, որ վերջին տարիներուն ան սկսաւ իր յուշերը գրի առնել։ Այնքա՛ն մեծերու հետ ան առնչութիւն ունեցած էր, թէ՛ իբր աշակերտ, թէ՛ իբր ուսանող եւ թէ իբր երիտասարդ կուսակցական։ Ինչե՞ր ունէր պատմելիք։

Ափսո՜ս, այդ յուշագրութիւնը այնքան ո՛ւշ սկսաւ գրի առնել, որ չկրցաւ հասցնել իր աւարտին։ Մեզի կը մնայ հրատարակել այդ յուշերը, նոյնիսկ թերաւարտ վիճակի մէջ. ո՞վ գիտէ որքա՛ն դասեր ունինք քաղելիք մենք անոնցմէ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.