Էրտողանի նպատակը Թուրքիոյ աշխարհիկ ժողովրդավարական համակարգը քայքայել եղած է

Ռոներ Քափաթայ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ կը գրէ‚ որ վերջերս կատարուած շարք մը վերլուծութիւններ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը կը ներկայացնեն իբրեւ ատենոք չափաւորական ու ազատական քաղաքագէտ‚ որ յանկարծ դէպի մենատիրութիւն շեղեցաւ։ Քափաթայ խորապէս իր տարակարծիք ըլլալը նշելով կը գրէ‚ թէ Էրտողանի նպատակը միշտ Թուրքիոյ աշխարհիկ ժողովրդավարական համակարգը քայքայել եղած է։

Էրտողանի սկիզբի շրջանին ենթադրեալ ազատականութեան աջակցած մեկնաբանները այժմ դժուարութեան մատնուած են բացատրելու իր ներկայ մենատիրական ընթացքը։ «Անոնք իրենք զիրենք կը խաբէին‚ եւ աւելի ճիշդ ձեւով կը կողմնորոշուէին‚ եթէ աւելի ուշադրութիւն դարձնէին Էրտողանի կենսագրութեան եւ մտածելակերպին»‚ կը գրէ ան՝ աւելցնելով. «Էրտողանի քաղաքականութիւնը հասկնալու համար‚ պէտք է հասկնալ անոր ստացած դաստիարակութիւնը եւ քաղաքական ասպարէզ իր մուտքի շրջանին երկրին իրավիճակը‚ որ օրին կը գտնուէր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի աշխարհիկ գաղափարախօսութեան տիրապետութեան տակ»։

Ան կը գրէ‚ թէ Էրտողան ծնած է 1954-ին‚ Պոլսոյ աղքատիկ աշխատաւորական Քասիմփաշա թաղամասը բնակող պահպանողական ընտանիքի մը մէջ։ Անոր ծնողները երկրի խորքը գտնուող պահպանողական նահանգէ մը գաղթած են Պոլիս։ Էրտողան աղքատութեամբ ու բարեպաշտութեամբ մեծնալով ինքզինք խորապէս լուսանցքայնացած զգացած է հին Թուրքիոյ մէջ‚ որուն ղեկավարները կրօնը զերծ պահած էին հասարակական կեանքէն։

Էրտողանի երիտասարդութեան շրջանին Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ քաղաքական ցանցերը‚ որոնք կը գտնուէին փոքրաթիւ միջին դասակարգի մը ձեռքը, աղքատներն ու պահպանողականները կը նկատէին երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ։ Էրտողանի յաճախած պետական ֆինանսաւորումով կրօնական դպրոցը կը դիմագրաւէր օրինական թերագնահատում եւ անոր շրջանաւարտներուն‚ որոնք թէեւ երկրորդական վարժարանի վկայականներ ունէին‚ արտօնուած էր համալսարաններուն մէջ միայն Աստուածաբանութիւն ուսանիլ։ 2013-ին պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողան բացատրեց‚ որ ինչպէ՛ս ինք նուաստացած կը զգար իր ստացած կրթութեան համար‚ եւ ինչպէ՛ս այլ թուրքեր զինք կը ծաղրէին, ըսելով որ այդ կրթութիւնը կ’արտօնէր միայն մահացածներուն մարմինները լուալ, պաշտօն մը‚ որ վստահուած է իսլամ կրօնաւորներու։

Էրտողան նոյնպիսի վերաբերմունք դիմագրաւեց, երբ 1970-ական թուականներուն միացաւ քաղաքական իսլամութեան շարժումին‚ որ Թուրքիոյ քաղաքական համակարգին ու աշխարհիկ բանակին կողմէ դատական մնայուն հետապնդումի ենթակայ էր։ Էրտողան անդամակցեցաւ երեք իրարայաջորդ իսլամական քաղաքական կուսակցութիւններու‚ որոնք հերթաբար արգիլուեցան Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին կողմէ 1971-ին‚ 1980-ին եւ 1998-ին։ Ան դառնացաւ մասնաւորաբար‚ երբ ժողովրդավարական հոլովոյթով ընտրուած իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութիւնը‚ որուն իրբեւ անդամ ան 1994-ին ընտրուեցաւ Պոլսոյ քաղաքապետ‚ 1997-ին բանակին աջակցութիւնը վայելող աշխարհիկներու զանգուածային ցոյցերու «նուրբ յեղաշրջում»ով հեռացուցեաւ իշխանութենէն։

Իր դրութեան պատճառով՝ Էրտողան միշտ ալ ուզած է իր հետեւած քաղաքական իսլամական շարժումը շարունակ հալածած համակարգէն վրէժ լուծել։ Հակառակ ժողովրդավարական սկզբունքներուն հաւատարմութեան առնչութեամբ իր բազմաթիւ յայտարարութիւններուն՝ Էրտողան յաճախ իր իսկական դիմագիծը ցոյց տուած է։ «Ժողովրդավարութիւնը հանրային փոխադրակառք մըն է, որ քեզ կը տանի ուր որ կ’ուզես‚ ապա անկէ վար կ’իջնես»։ 2002-ին իշխանութեան գալէն ի վեր‚ Էրտողան ճիշդ այսպիսի ծրագիրի հիմամբ գործեց։

Առաջին հերթին հիմնեց ազդեցութեան ենթահող մը՝ տնտեսական աճ, եւ այդպիսով իրեն համամիտ թուրքերը փրկեց աղքատութենէ եւ զանոնք վերածեց իր ամենէն ուժեղ համակիրները։ Ապա իր սովորական զգուշաւորութեամբ շարժելով՝ սկսաւ ականահարել աշխարհիկ համակարգին սիւները։

Առաջին թիրախը բանակն էր։ 2008-ի Էրկենեքոնի դատին ընթացքին‚ վարչապետ Էրտողան բանտարկեց պաշտօնի վրայ գտնուող զօրավարներուն մէկ չորրորդը‚ հակառակ անոր որ դատախազութիւնը չէր կրցած դաւին մասին ամբողջական ու համոզիչ փաստեր ներկայացնել։ Ահաբեկման այս մարտավարութիւնը յաջողեցաւ։ 2011-ին Էրտողանի իշխանութեան դիմաց նահանջելով՝ բանակին բարձրաստիճան պաշտօնեաները զանգուածաբար հրաժարեցան։

Անկէ ետք‚ Էրտողան սկսաւ ստեղծել վախի մթնոլորտ մը‚ որուն ծիրին մէջ ինք եւ իր ղեկավարած Արդարութիւն ու Բարգաւաճում կուսակցութիւնը իրաւունք ունէին բացայայտ կերպով ճնշումի ենթարկել ընդդիմախօսները։ Ապահովական ուժերը Էրտողանի աշխարհիկ ընդդիմադիրները‚ ներառեալ լրագրողներն ու համալսարաններու նախագահները առին հսկողութեան տակ։ Պաշտօնատարներ կառավարութեան քննադատներուն հեռաձայնային զրոյցներն ու ե-նամակները հրապարակեցին‚ իսկ էրտողանամէտ լրատուամիջոցներ յաճախ առանց շօշափելի փաստերու զանոնք առնչեցին յեղաշրջումի ծրագրողներուն հետ։ Անոնցմէ շատեր շուտով բանտարկուեցան։

Այդ ընթացքին‚ Էրտողան աջակցութիւն ստացաւ ազատականներէն եւ Կիւլէնականներու պահպանողական շարժումէն‚ որոնք երկուքն ալ կ’ատէին թրքական բանակն ու աշխարհիկները։ Իր թշնամիներուն առաջին խումբը պարտութեան մատնելէ ետք՝ Էրտողան իր նախկին դաշնակիցներուն դէմ ելաւ։

Իր յաջողութիւնը մեծապէս կը պարտի «բաժնէ՛, որ տիրես» մարտավարութեան՝ յաճախ հալածելով խումբ մը, միեւնոյն ժամանակ ձիթենիի ճիւղ երկարելով ուրիշներուն։ Երբ Էրտողան ճնշեց աշխարհիկներն ու զօրավարները‚ ազատականներն ու կիւլէնականները անոր օգնեցին։ Երբ 2013-ին Պոլսոյ մէջ բազմամարդ ցոյցերուն մասնակցած աշխարհիկներուն դէմ ելաւ, կիւլէնականներն ու քիւրտերը կրաւորական կեցուածք որդեգրեցին։ 2014-ին‚ երբ սկսաւ կիւլէնականները հետապնդել‚ քիւրտերն ու աշխարհիկները անտարբեր մնացին։ 2015-ին, երբ Էրտողան վերջապէս քիւրտերուն դէմ ելաւ, անոնց դաշնակիցները կա՛մ իրենք եւս հետապնդումի ենթակայ էին, կա՛մ ալ ձայն բարձրացնելու անկարող։

2016-ին ձախողած յեղաշրջման փորձը‚ որուն մէջ կիւլէնականները կը թուին դերակատարութիւն մը ունեցած ըլլալ, Էրտողանին տուաւ հոյակապ պատրուակ մը զանգուածային ձերբակալութիւններու ճամբով իր իշխանութիւնը ամրապնդելու։ Այս առումով‚ վերջերս սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ հանրաքուէին մէջ արձանագրած անոր յաղթանակը Էրտողանի մենատիրական քաղաքական ընթացքին պսակումն է եւ ոչ թէ սկիզբը։

Հակառակ իր հսկայական իշխանութեան՝ Էրտողան տակաւին ինքզինք օտարական կը նկատէ։ Ան տակաւին կը մնայ երկաթուղագիծին սխալ կողմէն եկող տղեկը‚ որուն ամբողջ կեանքը հիմնուած է դժգոհութեան վրայ, եւ որ կը դրսեւորուի ճնշումի եւ վրէժի քաղաքականութեան ճամբով։ Այս մէկը կը զարգացնէ թրքական հասարակութեան մէջ բեւեռացումը։ Էրտողան կրնար Թուրքիոյ դէպի քաոս ուղղուիլը կանխարգիլել‚ եթէ կարենար յաղթահարել անցեալի հոգեբանական բեռը։ Սակայն այդ մէկը կը թուի անյուսալի ըլլալ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.