Երեւանը Կը Յորդորէ Միջազգային Հանրութիւնը Ճնշում Գործադրելու Ազրպէյճանի Վրայ` Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքը Լքելու Համար

Պաշտօնական Երեւանը կը յորդորէ միջազգային հանրութիւնը գործուն քայլերու իրականացումով ու համապատասխան գործիքակազմերու գործարկումով ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ` հրադադարի դրութիւնը խստագոյնս պահպանելու, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը լքելու եւ նոր յարձակումները կանխելու համար:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ սահմանուած բոլոր միջոցներով պիտի շարունակէ պաշտպանել իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Շեշտելով, որ 28 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ ապօրինաբար գտնուող Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրարկումով անգամ մը եւս կոպտօրէն խախտելով հրադադարի դրութիւնը, կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ հայկական կողմը ունի երեք զոհ:

Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած հերթական սադրանքը որակելով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ 13 սեպտեմբերին սկսած լայնածաւալ նախայարձակումի շարունակութիւն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ ասիկա բացայայտ արհամարհանք է միջազգային հանրութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն կողմէ հնչեցուած կոչերուն` պահպանելու ձեռք բերուած հրադադարի դրութիւնը:

«Ասիկա կը վերահաստատէ հայկական կողմի այն ահազանգերը, որ Ազրպէյճանը կը պատրաստուի շարունակել ուժի կիրարկման ու առաւելապաշտական իր քաղաքականութիւնը: Աւելի՛ն, Ազրպէյճանի նմանօրինակ սադրանքը նպատակ ունի ձախողեցնելու երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն կազմակերպման շուրջ քննարկումներ կ՛ընթանան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.