Գանատայի ՀՀ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան հանդիպում ունեցաւ Թորոնթոյի քաղաքապետի Ճոն Թորիի հետ

Նոյեմբեր 13-ին Գանատայի ՀՀ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանը հանդիպում ունեցաւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորիի հետ:
Քաղաքապետը Թորոնթոյի մէջ ընդունեց ՀՀ դեսպանը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ իր ջանքերով, ինչպէս հայ-գանատական յարաբերութիւնները, այնպէս ալ համագործակցութիւնը Թորոնթօ քաղաքին հետ բացառիկ զարգացում կ՚ապրի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՀ դեսպանատան հիւպատոս Սասուն Յովհաննիսեան։

Դեսպան Մարտիրոսեան, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ընդունելութեան համար, նշեց, որ ջանք պիտի չխնայէ, ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, այնպէս ալ երկու երկիրներուն միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ նոր արդիւնքներ գրանցելու համար:

ՀՀ դեսպանն ու Թորոնթոյի քաղաքապետը քննարկեցին իրականացման փուլի մէջ գտնուող մի քանի կարեւոր նախագիծերու ընթացքը, մտքեր փոխանակեցին Թորոնթոյի եւ Երեւանի միջեւ ծաւալող փոխգործակցութեան վերաբերեալ եւ նախանշեցին յետագայ համագործակցութեան ուղղութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.