Արցախի Արտաքին Գործոց նախարարը ընդունեց Գանատայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը

Օգոստոս 30-ին Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունեց փաստահաւաք առաքելութեամբ Արցախ ժամանած Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Թոնի Գլեմենթին, Ռէյչըլ Հարտըրին եւ «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան ղեկավար Մաճէտ էլ Շաֆիի գլխաւորութեամբ։

Պատուիրակութեան անդամները նշած են, որ Արցախ ժամանած են 2016 թ. Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած լայնամասշտապ ռազմական յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներն ու ռազմական յանցագործութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով։

Կարէն Միրզոյեանը ողջունած է պատուիրակութեան անդամներուն այդ նախաձեռնութիւնը եւ ընդգծած ատրպէյճանական յարձակման պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին միջազգային հանրութեան իրազեկման եւ պատասխանատուներու դատապարտման կարեւորութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յանցաւոր գործունէութիւնը սանձելու առումով։

Հանդիպման ընթացքին Արցախի ԱԳ նախարարը ներկայացուցած է ապրիլեան պատերազմին ըթացքին եւ անոր յաջորդած ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իրագործուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ փաստերը: Կարէն Միրզոյեանը նաեւ անդրադարձած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութեանը, անոր կարգաւորման գործընթացին ներկայ փուլին, ինչպէս նաեւ  Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշման՝ հակամարտութեան տեւական լուծման հասնելու վերաբերեալ։

Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարզական հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Կարինէ Աճէմեանը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.