Ֆրանսայի մէջ կայանալիք Ապրիլ 24ի Ոգեկոչման ձեռնարկին Պիտի Մասնակցի Նախագահ Հոլանտ
Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ ամեակին առթիւ, Ապրիլ 24ին Ֆրանսայի մէջ կայանալիք յիշատակի ձեռնարկին նախատեսուած է մասնակցութիւնը Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի. այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:
«Ապրիլ 24ի յիշատակի հիմնական ձեռնարկը պիտի իրականացուի Կոմիտասի կիսանդրիին շուրջ: Ձեռնարկին պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ: Նախատեսուած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահին ելոյթը: Ատիկա պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկի արտասանուած անոր վերջին խօսքը՝ իբրեւ Ֆրանսայի նախագահ», կը նշէ Յարութ Մարտիրոսեան:
Մարտիրոսեան կը յայտնէ նաեւ, որ սոյն ձեռնարկին հրաւիրուած են նաեւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուները, որոնք եւս կրնան ելոյթ ունենալ:
Ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ քայլարշաւ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 22ին: Նկատի ունենալով, որ Ապրիլ 23ը Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլն է, այդ օրը հայկական համայնքային ձեռնարկներ պիտի չկազմակերպուին: