Փաշինեան Կը Կորսնցնէ Մեծապէս Գնահատուած Ժողովրդավարական Կառավարման Իր Յաղթաթուղթը

Յարութ Սասունեան

«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը 11 Յունուար 2022ին հրապարակեց Ճոնա Կոլտպըրկի խմբագրականը՝ «Պարզապէս Փութինի հետ հանդիպումը զիջում է. ԱՄՆ պէտք է զգուշանայ աւելին տալէ» վերնագրով:

Այս յօդուածով Կոլտպըրկ կը յայտնէ իր դժգոհութիւնը այն մասին, որ Ռուսիա եւ անոր ռազմական դաշինքի՝ Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միւս անդամները, ներառեալ Հայաստան, այս ամսուան սկիզբը «խաղաղապահ» առաքելութեամբ զօրքեր ուղարկեցին Ղազախիստան։ Իր յօդուածին մէջ Կոլտպըրկ քննադատական անդրադարձ կատարած է Հայաստանի՝ ըսելով. «ՀԱՊԿ անդամներէն ոչ ոք՝ Ռուսիա, Հայաստան, Պելառուս, Ղազախիստան, Խրխըզիստան եւ Տաճիկիստան, ժողովրդավարական երկիրներ չեն։ Հայաստան աւելի մօտ է ժողովրդավարութեան. Freedom House զայն կ՛անուանէ «կիսահամախմբուած իշխանատիրական վարչակարգ», որուն «ժողովրդավարութեան նիշը» 100էն 33 է: Մնացեալը « իշխանատիրական հաստատուն վարչակարգեր են»:

Կոլտպըրկի նուաստացուցիչ նկարագրութիւնը Հայաստանի մասին, որ 2018ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ի վեր կը յայտարարուէր իբրեւ ժողովրդավարութեան ամրոց, տհաճ էր հայերու համար։

Ուաշինկթընի մէջ գործող Freedom House հետազօտական  հաստատութիւնը, որ հիմնականին մէջ կը ֆինանսաւորուի ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ, ցաւօք, կ՛ապացուցէ, որ Կոլտպըրկ չէր սխալած Հայաստանի հասցէին իր քննադատութեան մէջ: Freedom House կը հրապարակէ «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ» ամէնամեայ զեկոյց, որով կը գնահատէ իւրաքանչիւր երկրի ժողովրդավարութեան աստիճանը, ներառեալ քաղաքական ազատութիւնը եւ քաղաքացիական արտօնութիւնները: Երկիրները կը դասակարգուին իբրեւ «ազատ», «մասամբ ազատ» կամ «ոչ ազատ»։

Երբ Փաշինեան դարձաւ վարչապետ, ան արժանացաւ միջազգային հանրութեան եւ ամբողջ աշխարհի հայութեան ծափահարութիւններուն՝ իր «Թաւշեայ յեղափոխութեան» միջոցով ժողովրդավարական իշխանութիւն հաստատելուն համար։ Սակայն, Freedom House 2018էն 2021 թուականներուն կը շարունակէր Հայաստանը դասակարգել իբրեւ «մասամբ ազատ»: Հայաստան կը համարուի նաեւ «ոչ ժողովրդավարական ընտրութեան երկիր»՝ մեկնելով անոր «քաղաքական իրաւունքներ»ու եւ «քաղաքացիական ազատութիւններ»ու ցած վարկանիշներէն: Եթէ ատրպէյճանցիներն ու թուրքերը կը փափաքին ուրախանալ Հայաստանի ցած վարկանիշին վրայ, ապա նշենք, որ թէ՛ Ատրպէյճան, թէ՛ Թուրքիա շատ աւելի ցած կը դասուին իբրեւ «ոչ ազատ»։

Ահա Freedom Houseի 2020 թուականի 30 էջնոց մանրամասն զեկոյցի կարեւորագոյն կէտերը Հայաստանի մասին.

«Ազգային ժողովրդավարական կառավարում» անուանակարգին մէջ՝ մէկը  իբրեւ  լաւագոյն եւ եօթն՝ իբրեւ վատագոյն վարկանիշ,  Հայաստան գնահատուած է 2.25: Այս «կը  դիտարկէ կառավարական համակարգի ժողովրդավարական բնոյթը. օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու անկախութիւնը, արդիւնաւէտութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը»:

«Ընտրական գործընթաց» անուանակարգին մէջ Հայաստան գնահատուած է 3.25։ Այս «կ՛ուսումնասիրէ ազգային գործադիր եւ օրէնսդիր ընտրութիւնները, ընտրական շրջանակը, բազմակուսակցական համակարգերու գործունէութիւնը եւ բնակչութեան մասնակցութիւնը քաղաքական գործընթացներուն»:

«Քաղաքացիական հասարակութիւն» անուանակարգին մէջ Հայաստան գնահատուած է 4.5։ Այս «կը գնահատէ քաղաքացիական հատուածի կազմակերպչական կարողութիւնները եւ ֆինանսական կայունութիւնը. իրաւական եւ քաղաքական միջավայրը, ուր անիկա կը գործէ. արհմիութիւններու գործունէութիւնը․  շահագրգիռ խումբերու մասնակցութիւնը քաղաքականութեան գործընթացին. եւ հակաժողովրդավարական ծայրայեղական խմբաւորումներու սպառնալիքը»:

«Անկախ լրատուական միջոցներ» անուանակարգին մէջ Հայաստան գնահատուած է 3։  Այս «կ՛ուսումնասիրէ մամուլի ազատութեան ներկայ վիճակը, ներառեալ զրպարտութեան մասին օրէնքները, լրագրողներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ խմբագրական անկախութիւնը. ֆինանսապէս կենսունակ եւ մասնաւոր անկախ մամուլի գործունէութիւնը, եւ հանրային լրատուական միջոցներու գործունէութիւնը»։

«Տեղական ժողովրդավարական կառավարում» անուանակարգին մէջ Հայաստան գնահատուած է 2.25: Այս «կը դիտարկէ իշխանութեան ապակեդրոնացումը. տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պարտականութիւնները, ընտրութիւնը եւ կարողութիւնները. եւ տեղական իշխանութիւններու թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը»:

«Դատական շրջանակ եւ անկախութիւն» անուանակարգին մէջ Հայաստան գնահատուած է 2.5: Այս «կը գնահատէ սահմանադրական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, դատական անկախութիւնը, ցեղային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու կարգավիճակը, օրէնքի առջեւ հաւասարութեան երաշխիքները, կասկածեալներու եւ բանտարկեալներու նկատմամբ վերաբերումը եւ դատական որոշումներու կատարումը»:

«Կաշառակերութիւն» դասակարգի մէջ Հայաստան գնահատուած է 3: Այս «կը դիտէ կաշառակերութեան մասին հանրային ընկալումները, բարձրագոյն քաղաքականութիւն մշակողներու առեւտրական շահերը, ֆինանսական բացայայտման եւ շահերու բախման մասին օրէնքները եւ կաշառակերութեան դէմ նախաձեռնութիւններու արդիւնաւէտութիւնը»:

Հայաստանի մասին երկրորդ զեկոյցը հրապարակած է Human Rights Watch (HRW), 14 Յունուար 2022ին։ HRW միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւն է (կեդրոնը՝ Նիւ Եորք), որ կը զբաղի մարդկային իրաւունքներու հետազօտութեամբ եւ պաշտպանութեամբ:

HRW կը գրէ, որ թէեւ «քաղաքական ճգնաժամը» Արցախեան պատերազմէն ետք «հիմնականին մէջ վնասազերծուեցաւ Յունիս 2021ի արտահերթ ընտրութիւններուն… ընտանեկան բռնութիւնը, հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց նկատմամբ  խտրականութիւնը, ցաւի արդիւնաւէտ բուժման եւ սփոփիչ խնամքի խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ սեռական կողմնորոշման եւ ինքնութեան վրայ հիմնուած բռնութիւնն ու խտրականութիւնը յարատեւած են: Ձգտելով պայքարիլ ատելութեան խօսքի աճող դէպքերու դէմ՝ իշխանութիւնները ներմուծած են կանոնակարգեր, որոնք կրնան խաթարել խօսքի ազատութիւնը»:

Ինչ կը վերաբերի «իրաւապահ մարմիններու չարաշահումներուն եւ կալանքի տակ խոշտանգումներուն համար պատասխանատուութեան ենթարկել»ուն, HRW յայտարարած է, որ «կալանքի տակ խոշտանգումները եւ վատ վերաբերումը կը մնան հարցեր, որոնք յաճախ կը գործադրուին անպատիժ: Նոյնիսկ եթէ քրէական քննութիւն սկսի, ի պատասխան խոշտանգումներու մեղադրանքներու, անոնք հազուադէպօրէն արդիւնաւէտ կ՛ըլլան»:

2021ի առաջին կիսամեակին արձանագրուած է «փաստագրուած 15 դէպք՝ 17 տուժածով՝ լրագրողներու նկատմամբ ֆիզիքական բռնութեամբ, ինչպէս պետական պաշտօնեաներու, այնպէս ալ յատուկ մարդոց կողմէ»։ Եղած են նաեւ «հանրային բուռն քննարկումներ, որոնք յաճախ ներառած են խորհրդարանի անդամներու եւ պետական այլ պաշտօնեաներու բորբոքուն ելոյթները, որոնք երբեմն հնչած են իրաւապաշտպաններու եւ գործիչներու դէմ»:

HRW նաեւ յայտնած է, որ «հաշմանդամութիւն ունեցող շատ փոքրիկներ առանձնացուած են մանկատուներու, յատուկ դպրոցներու կամ տուներու մէջ՝ թերի կրթութեամբ կամ նոյնիսկ առանց անոր»: Ըստ նոյն աղբիւրին, 2021ի Մայիսին, «Խորհրդարանը ընդունած է «Հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց իրաւունքներու մասին» օրէնքը, որ կը ներառէ մատչելիութեան, անկախ կեանքի եւ արդարադատութեան մատչելիութեան երաշխիքներ եւ արգիլած՝ հաշմանդամութեան վրայ հիմնուած խտրականութիւնը»:

Ըստ HRWի, «կիներու եւ մանուկներու նկատմամբ բռնութիւնը… կը նկատուի մնայուն հարց»: Առաւել, «Հայաստանի մէջ միասեռական կիներ եւ տղամարդեր (lesbians and gays), երկսեռ (bisexual), եւ անդրսեռ (transgender) (LGBT) մարդիկ կ՛ենթարկուին ոտնձգութիւններու, խտրականութեան եւ բռնութեան»։

Հաստատ իրողութիւն է, որ Հայաստան կը կորսնցնէ ժողովրդավարական երկրի իր վարկանիշը, փաստը այն է, որ անցեալ Մարտին, ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն՝ վարչապետ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին, անոր խորհուրդ  տուաւ՝ «օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կարեւորութեան մասին»։

Վարչապետ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ 2018ին՝ քաջալերելով  ժողովրդավարութիւնը՝  ատով իսկ մեծ աջակցութեան եւ գովասանքի արժանանալով միջազգային շրջանակներու կողմէ։ Ցաւօք, Փաշինեանի իշխանութեան մենաշնորհը եւ կառավարութեան բոլոր որոշումները  միայնակ  կայացնելու անոր աճող միտումը Հայաստանը կը վերածեն միանձնեայ կառավարման վարչակարգի, բան մը, որուն ի հետեւանք երկիրը կը կորսնցնէ իր ժողովրդավարական հեղինակութիւնը եւ միջազգային աջակցութիւնը։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.