Փաշինեանի սուրիական առաքելութիւնը. կարելի՞ է արդեօք փոխել աշխարհագրութիւնը
Սերգէյ Մարկեդոնով
Անցնող շաբաթավերջին 83 հայ մասնագէտներ (սակրաւորներ եւ բժիշկներ) Հալէպ ժամանեցին։ Սուրիոյ մէջ անոնք պիտի զբաղին ականազերծման աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս բուժօգնութիւն ցուցաբերելով։ Այս մէկը մարդասիրական առաքելութիւն է. ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը բազմիցս ընդգծած է, որ հայ մասնագէտները պիտի չներգրաւուին մերձարեւելեան երկրի ռազմական առճակատման։
Առաքելութեան նպատակն ու խնդիրը, անոր խօսքով, քաղաքացիական բնակչութեան օգնութիւն տրամադրելու շրջանակներէն դուրս չեն։ Սակայն, հաշուի առնելով Սուրիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին լրջութիւնը, Երեւանի այս քայլը անմիջապէս ուշադրութեան առարկայ դարձաւ հանրապետութենէն ներս եւ դուրս։
Սուրիան Հայաստանի համար. անցեալն ու ներկան
Նախեւառաջ, Հայաստանի համար սուրիական ուղղութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ հիմա։
Առ այսօր ե՛ւ ակադեմական պատմագրութեան, ե՛ւ գեղարուեստական գրականութեան, ե՛ւ սփյուռքահայերու եւ հանրապետութեան բնակիչ հայերու զանգուածային գիտակցութեան մէջ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն ժամանակ սուրիացիներու օգնութիւնը իրենց նախնիներուն՝ անհաւանական բարձր գնահատականի արժանացած է։
2000 թուականին պաշտօնապէս Երեւանի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հովանաւորութեամբ, ի նշան երախտագիտութեան Հալէպի բնակիչներուն, յուշարձան կանգնեցուած է։ Անկախ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ծնած է 1945 թուականի Յունուար 9-ին, Սուրիոյ նշեալ քաղաքին մէջ. 1946 թուականին անոր ընտանիքը տեղափոխուած է այն ժամանակուան Հայկական ԽՍՀ (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն։
2011 թուականին, երբ Սուրիոյ լայնածաւալ զինուած հակամարտութիւնը սկսաւ, Սուրիոյ հայ համայնքը հարուածի տակ յայտնուեցաւ:
Սուրիահայերը նոյնպէս ներգրաւուած էին արմատական իսլամիստական խմբաւորումներու դէմ պայքարին մէջ։ 2012 թուականի Սեպտեմբերին TheDailyTelegraph բրիտանական ազդեցիկ պարբերականը թողարկեց «Սուրիա. քրիստոնեաները առաջին անգամ ըլլալով զէնք կը վերցնեն» խօսուն վերնագիրով յօդուածը։ Յօդուածին հեղինակները այն ժամանակ մէջբերած էին Հալէպի մէջ ապրող հայերէն մէկուն խօսքերը. «Այստեղ բոլորը բոլորին դէմ կը կռուին։ Հայերը «Սուրիոյ ազատ բանակը» կապուած կը համարեն Թուրքիոյ, որ յատուկ իրենց դէմ կ’ուղղէ այդ ուժը։ Քրիստոնեաները կ’ուզեն պաշտպանել իրենց բնակութեան վայրը»։
Հայաստան մօտ 22 հազար սուրիահայ ընդունեց, որ 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող եւ սոցիալ-տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող երկրի մը համար հեշտ չէր։ TheEconomist ազդեցիկ պարբերականին տուեալներով (2015 թուականի Սեպտեմբերին)` Հայաստանը ընդունած սուրիահայերուն թիւով, այն ժամանակի դրութեամբ, կը զիջէր միայն եւրոպական երկու երկիրներու` Գերմանիոյ եւ Շուէտի:
Այսօր ԵԱՏՄ–ին (Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն) Հայաստանի միացման պատճառներուն մասին բանավէճերու ժամանակ շատերը կը խօսին Մոսկուայի կողմէ առկայ քաղաքական ճնշման մասին՝ որպէս վճռորոշ գործօն, որ կանխորոշեց Երեւանի ընտրութիւնը։
Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել ԱՄՆ նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընի կամ Երեւանի մէջ իր դեսպանական առաքելութիւնը աւարտած Ճոն Միլզի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները` արցախեան կարգաւորման կամ հայ–իրանական եւ հայ–ռուսական երկկողմ յարաբերութիւններու հեռանկարներուն վերաբերեալ։
Ահա եւ 2019 թուականի Փետրուար 13-ին ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ չ’աջակցիր Երեւանի Սուրիոյ մարդասիրական առաքելութեան։ Յանպատրաստից կատարուած յայտարարութիւն կարելի չէ անուանել նաեւ Փետրուարին ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան կատարած յայտարարութիւնը. «Մենք նաեւ չենք աջակցիր այդ առաքելութիւնը իրականացնելու համար Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համագործակցութեան»։
Հարց կ’առաջանայ, թէ ինչո՛ւ ԱՄՆ Երեւանը չէր քննադատեր Քոսովոյի, Իրաքի, Աֆղանիստանի ռազմական (ոչ թէ մարդասիրական) առաքելութիւններուն համար:
Թէեւ, պատասխանը ակնյայտ է. այնտեղ Մոսկուայի հետ համագործակցութեան խնդիր չկար, իսկ աշխարհաքաղաքական դասաւորուածութեան հետ կապուած հարցերուն մէջ առաջատար դերը կը պատկանէր (եւ այժմ ալ կը պատկանի) Ուաշինկթընի։
Մարդասիրական առաքելութիւն եւ աշխարհաքաղաքական ֆոն
Ակնյայտ է, որ 2013 թուականին Հայաստանի ղեկավարութեան ընտրութեան վրայ կ’ազդէին նաեւ այնպիսի գործօններ, ինչպէս Սուրիոյ մէջ աճող ապակայունացումն ու հակամարտութեան ոչ միայն ԱՄՆ–ի, այլեւ Թուրքիոյ հաւանական ներգրաւման հարցը։ Աւելի քան 5 տարի անցած է։ Երեւանի մէջ փոխուած է կառավարութիւնը, անոնցմէ շատերը, որոնք քաղաքական որոշումներ կռընդունէին, լքած են գործադիր իշխանութեան մարմիններն ու ԱԺ–ն։
Սակայն ինչպէս ասացուածքային բնորոշում տուաւ լրագրող Դաւիթ Պետրոսեանը, «Հայաստանի մէջ փոխուած է իշխանութիւնը, սակայն ոչ աշխարհագրութիւնը»։ Այդ իսկ պատճառով անոնք, որոնք դեռ երէկ ԵԱՏՄ–ին երկրի մասնակցութեան իրաւաչափութեան մասին կը բարձրաձայնէին, այսօր կ՚աջակցին ե՛ւ այդ կառոյցին անդամակցելուն, ե՛ւ Սուրիոյ մարդասիրական առաքելութիւն ցուցաբերելուն, ինչ որ առարկայօրէն կը նպաստէ հայ–ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Պատահական չէ, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկու յայտարարեց, որ Հայաստանը «առաջինն էր, որ արձագանգեց Սուրիոյ ժողովուրդին օգնելու մեր կոչին»։
ՀԱՊԿ (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւն) անդամ միւս պետութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներուն հանդէպ աւելի զգուշաւոր դիրքորոշում ունին։ Բնականաբար, Ռուսիոյ դաշնակիցները Ռուսաստանի մօտեցումները չեն դատապարտեր, սակայն նաեւ չեն շտապեր լիովին աջակցելու անոնց։ Հայաստանի գործողութիւնները այդ ֆոնին ուշադրութիւն գրաւեցին։
Ակնյայտ էր, որ Հայաստանի մէջ` Հալէպի առաքելութեան տեղակայման մասին որոշումը միանշանակ պիտի չընդունուէին։ Շարք մը հայ քաղաքական գործիչներ մտավախութիւն ունին, որ Սուրիոյ ուղղութեամբ տարուող գործողութիւնները կարնան ԱՄՆ–ի դժգոհութիւնը առաջացնել։ Սակայն, միթէ՞ Արցախի վերաբերեալ «առանձնակի դիրքորոշումը» նոյնը չի կարնար ընել։
Հռետորական հարց է։
Հայաստանի իշխանութիւնները սեփական տրամաբանութիւն ունին։ Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանին աջակցելով`Երեւան կը փորձէ հնարաւորինս օգնել տակաւին այնտեղ բնակող հայ համայնքին։
Նկատելի է նաեւ արցախեան հակամարտութեան հարցով Մոսկուայի աջակցութիւնը ստանալու, ինչպէս նաեւ երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու ձգտումը։ Չափէն աւելի ուժեղ էր Մոսկուայի մէջ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ստացուած հոգեբանական ազդեցութիւնը, այստեղէն կը բխի նաեւ այն, որ պարբերաբար միմեանց դրդապատճառները հասկնալու հարցով բարդութիւններ կ’առաջանան։
Սփութնիք
Սերգէյ Մարկեդոնով
ՌՊՀՀ (Ռուսաստանի Պետական Հումանիտար Համալսարան) արտասահմանեան տարածաշրջանային ուսումնասիրութիւններու եւ արտաքին քաղաքականութեան ամպիոնի դասախօս