Վերջապէս համազգային ինքնապաշտպանութեան… բառարան մը
Յ. Պալեան
Նոյեմբերին, գարնանային զովութեամբ եւ արեւով յատկանշուող լոսանճելըսեան օր մը, US ARMENIA հեռատեսիլի կայանը գացեր էի զրոյցի համար:
Գրասենեակի մը մէջ նստած կը զրուցէին հայ մտաւորականներ, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն. Փրոֆ. Արմէն Սարգսեան, Կարօ Պետրոսեան, Յովսէփ Նալպանտեան, Վաղարշակ Վարդանեան եւ երկու ուրիշներ: Օրակարգ էր հայերէնի վերականգնումը. ուղղագրութիւն եւ բառապաշար:
Յաճախ ըսած եմ, որ առանց լեզուի անկախութեան, քաղաքական անկախութիւնը շատ բան չի նշանակեր:
Լեզուն երբ կը վերածուի հաղորդակցական պարզ միջոցի այնքան հոլովուած եւ նպատակ դարձած սոսկ բիզնեսին համար, փիլիսոփայութիւնը աղէտ արտագաղթի, որուն բաց գիրքն է Լոս Անճելըսը, ոչ միակը, տեղի կ’ունենայ ինքնութեան կորուստ:
Ցարդ դժուարութեամբ պահուած եւ ցեղասպանութեան զոհ եւ անոնց անմիջականօրէն յաջորդ սերունդի բիւրեղացուցած արեւմտահայերէնը եւ հաւատարմութեամբ պահուած հարազատ ուղղագրութիւնը նախայարձակման – ակրեսիա – ենթակայ են սփիւռք(ներ)ի մէջ, Ամերիկաներ, Եւրոպա, Ովկիանիա, նոյնիսկ միջինարեւելեան երկիրներ:
Հայերէնի անգրագիտութեան հետեւանքով, սփիւռք(ներ)ի լեզուին մէջ այլեւս տուն-տեղ կ’ըլլան սովետահայերէնի բառերը եւ յաւերժ խնկելի յիշատակ ձգած Փրոֆ. Լեւոն Խաչերեանի սահմանումով՝ հայերէնի գրագրութեան սխալագրութիւնը: Կը բաւէ լսել ձայնասփիւռները, դիտել հեռատեսիլը, յարաճուն թերթերը եւ համացանցային կայքերը: Իսկ անգրագիտութեան անգիտակից երգիծական էջեր կան, ուր զոյգ ուղղագրութիւնները մրցումի կ’ելլեն, նոյն տողին մէջ զիրար կը հալածեն:
Լեզուն համարած ըլլալով, ինչպէս կ’ըսեն, սոցիալական երեւոյթ (sic), անգրագէտներ լծուած են լեզուաքանդութեան աշխատանքի, խօսողներ եւ հանդուրժողներ: Անբնական չէ, երբ հայ լեզուէն եւ մշակոյթէն անտեղեակներ կը յաւակնին «գործ» ղեկավարել:
US ARMENIA հեռատեսիլի գրասենեակին մէջ, բուռ մը հաւատաւորներ, համատարած աղէտին դէմ կ’ուզեն ճակատ յարդարել: Դաւիթ Գողիաթի դէմ:
Հանդիպման ընթացքին, Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեան գրքոյկ մը նուիրեց ինծի: Լոսէն բերած ամենէն գեղեցիկ նուէրս: 16×11 ծաւալով, 104 էջ:
Կողք.
Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան եւ Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեան:
ԱՆՀԱՐԿԻ ՅԱՃԱԽԱԿԻ ԳԻՈՐԾԱԾՈՒՈՂ
ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ
ՀԱՅԵՐԷՆ ՀԱՄԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ
ՇՈՒՐՋ 1800 ԲԱՌ
ԵՒ
ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ՊԱՏԿԵՐ
Գիրքը տպուած է Գլէնտէլ կամ Կլէնտէյլ, ինչպէս որ կ’ուզէք: Գիրքի «Երկու Խօսք»ը գրուած է արեւմտահայերէն եւ դասական ուղղագրութեամբ: Կը կարդանք.
Ինչպէս նշուած է Ա. Աւետիսեանի «Հայերէնում գործածուող օտար բառերի բառարանի մուտքին, օտար ծագում ունեցող բառերու «յաճախ կարելի է հանդիպել ինչպէս առօրեայ կեանքում, այպէս էլ պարբերական մամուլում, գիտահանրամատչելի, գեղարուեստական գրականութեան մէջ, լսել հեռուստատեսութեամբ, կարդալ ինտերնետ (իմա՛ համացանց – Ա. Ս., Յ. Ա.) կայքերում», նմանապէս դիմատեստրի գրառումներու մէջ: Փաստօրէն այն բառարանները գրական հայերէնի բառապաշարի մաքրազտման փոխարէն, այն աւելի եւս աղաւաղելու, օտարաբանութիւններով խճողելու գործընթացին կը նպաստեն» (ընդգծ. Յ. Պ.):
Լսուած-չլսուած բառեր: Երգիծագիր հեղինակ մը օր մը կրնայ զուարճանալ եւ այդ բառերով գիրք գրել, հայերէն բառերը արտաքսելով: Անոնց մէկ մասին կը հանդիպիք Հայաստան, ժողովուրդի եւ երկրի աւագանիի լեզուին մէջ, հիմա նաեւ՝ Սփիւռք(ներ)ի, քանի որ այդ բառապաշարը որպէս մշակութային ժառանգութիւն իրենց հետ բերած են արտագաղթողները: Եւ անգրագէտ կամ ինքնատիպ ըլլալու մարմաջ ունեցող տարբեր խաւերու սփիւռքահայեր… քայլ կը պահեն:
Բառարանին մէջ կարդացի, գիտէի, որ Երեւանի Օփերայի մուտքի համար ոմանք աբոնեմենտ ունէին, աբոնենտ էին, կարծէք գեղարուեստական գրականութեան համար բաժանորդագրութիւն եւ բաժանորդ բաւարար չափով գեղարուեստական չըլլային Օփերա մտնելու:
Կը լսէի հեռատեսիլէն խօսող նախարարը, որ բացատրութիւններ կու տար ագրարային հարցերու մասին, կարծէք հայերը երբեք հողագործութիւն ըրած չըլլային օտարը ճանչնալէ առաջ:
Ատրպէյճանցիներու նախայարձակումները կարծէք աւելի աւերիչ կ’ըլլան, երբ կ’ըսուի ակրեսիա:
Իսկ սա մոմենտը ինչո՞վ տարբեր է մեր պահէն:
Հայկական լրատուութիւնը ինչո՞ւ պիտի խօսի սնայպերի մասին, երբ ունինք այնքան պատկերաւոր դիպուկահարը:
Գիտուն երեւնալու համար գործածուող սուբյեկտիվը կամ օբյեկտիվը ի՞նչ կը կորսնցնեն իրենց իմաստէն, եթէ ըսենք ենթակայական եւ առարկայական:
Այսպէս, 1800 բառ: Նոյնքան մեխ՝ գամուած Մեսրոպի սրտին… որուն համար ամեակներ կը կազմակերպենք, երգեր կը հիւսենք:
Եթէ հասկնայինք, որ յիշուած 1800 բառերը, որոնց համար կ’ըսուի թէ յաճախակի գործածուողներն են, ուրեմն կան նաեւ ոչ-յաճախակիները, պճեղ մը հայկականութեամբ եւ ողջմտութեամբ կ’անդրադառնայինք, թէ որքա՜ն աբսոլուտ (բացարձակ) կերպով աբսուրտ (անհեթեթ) կացութեան կը մատնենք հայերէնը եւ պարզապէս Մեսրոպի ժառանգութիւնը աբորտ (վիժում) ընելու կը մղենք: Եւ միւս կողմէ հայապահպանում կը խաղանք:
Պիտի գտնուի՞ համազային բարերար մը, որ այս բառարանը միլիոնաւոր տպաքանակով լոյս ընծայէ եւ որպէս տօնական նուէր հասցնէ իւրաքանչիւր հայու, որպէսզի ան չմնայ միայն մտահոգ անձերու փակ շրջանակին մէջ:
Երախտաշատ աշխատանք, որ կը կարօտի լսողի, հաւատացողի եւ գործադրողի:
Հայակերտումի ճանապարհ մը:
Կը մտածե՞նք բնաւ, թէ ինչու վազքի մէջ ենք, աստ եւ անդ, ցեղասպանութեան ճանաչում ձեռք բերելու քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, երբ մենք, եւ ոչ արտաքին թշնամին, կը հետեւինք լեզուասպանութեան ուղիին, մոռնալով եւ զեղծելով լեզուն մեր տան յարկին տակ, փողոցը, հեռւստատեսութեամբ, վասն մոդերնեզմի եւ բիզնեսի:
Եթէ թերթերը, ձայնասփիւռները եւ հեռատեսիլը օրական այս բառերէն միայն տասը մրճահարէին, վերականգնումի առաջին իրաւ քայլերը կ’առնուէին, եւ նուազ կը բազմանային ծագումով հայերը:
Օրական 10 բառ: 180 օր:
Հայաստանի մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութիւնները, սփիւռքի մշակութային բազմագոյն միութիւնները, ինչո՞ւ պիտի չտարածեն այս փոքրիկ բառարանը, ինչո՞ւ ան պիտի չգտնուի եկեղեցականներու, ուսուցիչներու, խմբագիրներու եւ պետական այրերու գրասեղանին:
Այս կ’ըլլայ աւելի արդիւնաւոր գործ, քան ամբոխավարական ամէն կարգի դարձդարձիկ ճառերը:
Եւ վերսկսիլ: Ինչպէս կը վերսկսին աղօթքները, երկինքը շահելու համար:
ԱՆՀԱՐԿԻ ՅԱՃԱԽԱԿԻ ԳԻՈՐԾԱԾՈՒՈՂ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՀԱՄԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ. ՇՈՒՐՋ 1800 ԲԱՌ:
Վերականգնումի թանձրացեալ քայլ մը, եթէ արդիական ըլլայի, պիտի ըսէի կոնկրետ…