Վերադարձ դէպի ապագայ՝ պարտութեան բանականացումը եւ հայութեան լինելութիւնը

(Լուսանկարը՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի)

… « Capitule

De cette vie est-tu las

Et s’il était à refaire… »

Louis Aragon, Ballade de celui qui chanta dans les supplices

Խ. Տէր Ղուկասեան

Ֆրանսական Sciences Humaines ամսաթերթի «Պատմութեան Մեծ Թղթածրարները» բացառիկ համարներու շարքի առաջինը, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2012ին լոյս տեսած, նուիրուած է պատերազմի երևոյթի պատմական հոլովոյթի բազմերես ուսումնասիրութեան: Առաջնորդող յօդուածը կ’անդրադառնայ հասարակութեանց վրայ պատերազմի ազդեցութեան: «Ոչ մէկ մերօրեայ ընկերաբան ցարդ ռիսկը առած է մարդկային հասարակութիւնները ուսումնասիրելու որպէս կիզակէտ ունենալով պատերազմը: Այդուհանդերձ, եթէ պատերազմը կրնայ սահմանուիլ որպէս կազմակերպուած զինեալ վայրագութիւն որ իրարու կը հակադրէ երկու համայնքներ, ապա և այն իր անդրադարձը ունի մարդկային արարքի ամէն մարզերուն վրայ՝ քաղաքականէն մինչև իրաւականը, տնտեսականը, մշակութայինը և արուեստ: Այս իմաստով պատերազմը համահունչ է Մ. Մաուսսի (M. Mauss) «հասարակական ամբողջական եղելութիւն» (“fait social total”): Յաճախ ընկալուած որպէս զուտ ռազմական երևոյթ յատկանշուած իր դժուար բացայայտուող ծածկագրերով, պատերազմը նաև շատ աւելի լայն հասկացողութեամբ է նաև հասարակական և մարդաբանական եղելութիւն մը, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ հասարակական կապի և, ընդհանրապէս, մարդկային արկածախնդրութեան մասին մեր ունեցած գաղափարը:» (“Ce que la guerre fait aux sociétés”, Les Grands Dossiers des Sciences Humaines Histoire “La guerre des origines à nos jours” Hors’série no. 1, Novembre-Decembre 2012, էջ 7)

Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի բոլոր ճակատներու ուղղութեամբ սկսած ազրպէյճանաթրքական լայնամասշտապ յարձակողականով սկսած պատերազմը, որ աւարտեցաւ Նոյեմբեր 9-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած Հայաստան-Ազրպէյճան-Ռուսաստան եռակողմանի յայտարարութեամբ, Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի հայութեան համար բեկումնային «հասարակական ամբողջական եղելութիւն» մը պիտի նկատել: Հայ կեանքը, հաւաքական ինքնութեան հասկացողութենէն մինչև լինելութեան իմաստաւորման արարողութիւնները, մէկ բան էր պատերազմէն առաջ, ուրիշ բան մը պիտի ըլլայ հիմա: Աւելի՛ն, այդ «հիմա»ն ինքնին անորոշ մըն է որ ժամանակագրական կարգով հաւաքական/ազգային գոյութեան մասին մտածումը կը սառեցնէ յետ-պատերազմեան անմիջականին՝ trauma-ին վրայ:

Դժուար է այս վերջին յղացքին ճիշդ հայերէնը գտնել: Կուկլեան առցանց թարգմանութիւնը ցոյց կու տայ «տրավմա»: Բժշկական բառամթերքով ան համահաւասար է «վէրք»ի եթէ նկատի ունենանք սպաներէն traumatología բառին բառարանային (Դոկտ. Յարութիւն Ծ. Վ. Թէքեան, Առձեռն բառարան սպաներէնէ հայերէն, Imp. La photo-presse, Պէյրութ, 1955) թարգմանութիւնը՝ վիրաբանութիւն, «վնասուածք»ի եթէ դիմենք traumatology-ի Կուկլի առցանց թարգմանութեան («վնասուածքաբանութիւն»): Զանցելով այս վերջինը, «վէրք»ը կ’իմաստաւորուի գլխագրով եթէ մտաբերենք Խաչատուր Աբովեանի գործը՝ Վէրք Հայաստանի: Այդուհանդերձ, Աբովեան այդ վէպը, առաջինը՝ աշխարհաբարով ինչպէս ծանօթ է, գրեց Զարթօնքի դարուն՝ հայութեան պատմութեան բեմ վերադարձի գործընթացի ժամանակ: Վէրք Հայաստանին այդ գործընթացի դերակատարներէն մէկուն հիմնական ներդրումն էր, և եթէ նոյնիսկ վէպը իր ենթախորագրով կը ներկայացուի որպէս հայրենասէրի մը «ողբ»ը անոր լոյս ընծայումն ու տարածումը ինքնին զարթօնքի կոչ էր, ապաքինման յոյս էր:

Այսօր երբ կը խօսինք հայութեան անմիջական «հիմա՛»յի «Վէրք»ին մասին, անոր սահմանումը պիտի փնտռենք արդի հոգեբանութեան տեսութիւններուն մէջ, և, բաղդատական կարգով, տարբեր հաւաքականութիւններու, ներառեալ հայութեան անցեալը, փաստագրուած և վերլուծուած փորձառութեանց մէջ: Գիտակցելով հանդերձ, որ Թոլսթոյեան դասական բանաձևումով Աննա Քարենինա վէպի առաջին տողերով՝ իւրաքանչիւր ընտանիք/հաւաքականութիւն դժբախտութիւնը, այս պարագային՝ Վէրքը, կ’ապրի իրեն իւրայատուկ ձևով: Եւ այդ մէկը հայութիւնը լաւ գիտէր Ցեղասպանութեան, Աղէտին, փորձառութեամբ…

Աննա Կոթլիպ ի՞նչ է trauma-ն հարցումին պատասխանելու փորձով կ’ըսէ թէ այն «աւելի քան լոկ վախ կամ յանցանք կամ անբաղձալի յուշեր ամբողջականացնող ուժ մըն է որ կը կազմալուծէ մեր աշխարհները առաջնորդելով ինչ-որ ձևի աշխարհակորուստի: Հատու գիծ մը կը քաշէ ‘առաջ’ն ու ‘յետոյ’ն ճշդելով. ‘առաջ’ը նախափլուզուած աշխարհն է, անձը որ կը ճանչնայինք, ‘յետոյ’ն կոտրուած աշխակեանքի մը յամեցող աւերածութիւնն է:» (Anna Gotlib, “Trauma unmakes the world of the self. Can stories repair it? aeon, առցանց հրատարակութիւն, 23.11.2020, ներբերուած https://psyche.co/ideas/trauma-unmakes-the-world-of-the-self-can-stories-repair-it?utm_medium=feed&utm_source=rss-feed կայքէն 28.11.2020-ին) Այս մօտեցումով trauma-ն կը տեղադրուի հիմնականօրէն անձի, ենթակայի, «ես»ի սահմանին մէջ ուր և աշխարհափրկութեան կամ վերաշխարհաշինութեան ճիգը կ’իմաստաւորուի ‘յետոյ’ի մնացած ժամանակին համար:

Բայց trauma-ն նաև հաւաքական երևոյթ մըն է և վերջերս արժանացած լայն ուսումնասիրութեանց հասարակական գիտութեանց տարբեր ճիւղերու մէջ -ինչպէս օրինակ՝ Erica Resende and Doville Budryte (eds.), Memory and Trauma in International Relations. Theories, cases and debates, New York: Routledge, 2014, որու գլխուխներէն մէկը յատկացուած է Սևրի դաշնագրին ունեցած անդրադարձին թրքական յիշողութեան և ինքնութեան կերտումի քաղաքականութեան վրայ, և Jared Diamond, Upheaval. Turning Points for Nations in Crisis, New York: Little Brown and Company, 2019: Trauma-ն, ուրեմն, պիտի հասկցուի ե՛ւ որպէս իւրաքանչիւր անհատի ապրում, ե՛ւ հաւաքական տռամ:

Հայութեան «հիմա»յի trauma-ն շատ յստակօրէն պիտի հասկնանք, տարբերենք, իր զանազան մակարդակներով: Առաջինը, և ամենէն հիմնականը, ամենէն ողբերգականը, գերիներուն, պատերազմին անհետ կորածներուն հարցն է, այն ընտանիքներուն որոնք դեռ կը սպասեն որևէ լուր իրենց հարազատներուն ճակատագրի մասին: Երկրորդը, ի մասնաւորի արցախցիներուն համար, բնակավայրի կորուստն է, և խօսքը ոչ թէ ընդհանրապէս Արցախի 70 տոկոսի կորուստին մասին է, այլ հոնտեղի բնկաիչներուն որոնք իրենց տուները վերադառնալու հեռանկար չունին: Երրորդը՝ պատերազմին նահատակուած ամբողջ սերունդի մը սուգն է և անոր խոր անդրադարձը ընտանիքներու առօրեային վրայ: Կայ, վերջապէս, յաջորդ ամիսներուն համավարակի պարագաներու սպասելի յաւելման պատճառով հանրային առողջապահական և տնտեսական զոյգ ճգնաժամերը և անոնց ընկերային աղիտալի հետևանքները, ընդ որում ե՛ւ աղքատացման, ե՛ւ հարստութեան յաւելեալ կեդրոնացման, ե՛ւ արտագաղթի նախատեսելի աճ: Այս բոլոր հաւաքական երևոյթները անխուսափելիօրէն պատերազմի trauma-ն այնքան պիտի ենթակայացնեն որ կրնայ նոյնիսկ վտանգուիլ հաւաքականութեան մը մաս կազմելու էթոսը, որով և ամէն մարդ իր գլխու ճարին նայելու բնազդը պիտի հաստատագրուի անոնց մօտ:

Իշխանութիւններու պատասխանը այս իւրաքանչիւր մարտահրաւէրին իր կարևորութիւնը պիտի ունենայ trauma-ի գերազանցման անհատական ճիգերուն վրայ: Բայց ո՛վ որ ալ ըլլայ իշխանութեան վրայ շատ յստակօրէն պիտի գիտակցի որ պիտի ունենայ շատ սահմանափակ ֆինանսական միջոցներ, պիտի գտնուի Մոսկուայէն բացարձակ կախուածութեան պայմաններուն մէջ, առանց ոչ իսկ այլևս խիստ խորհրդանշանական պետական գերիշխանութեան տրամաբանութեան մէջ ինքնուրոյն նուազագոյն քայլը փորձելու ինչպէս, պիտի ընդունիլ, որոշակի յաջողութիւններով փորձած էին «նախկիններ»ը: Այս պայմաններուն մէջ, պետութեան ղեկավարութիւնը իր ձեռքերուն մէջ ունեցող քաղաքական այն ուժը որ իշխանութեան գլխուն պիտի ըլլայ պիտի գիտակցի որ իր առաջնային, եթէ ոչ միակ, գործօնը որևէ քայլ տալու համահայկական ոլորտին մէջ իրեն հանդէպ վստահութիւնն է: Հրաշք-լուծում մը չէ այդ, բայց առանց անոր ներքին կայունութիւնը պիտի խաթարուի և միջազգային բեմահարթակին վրայ Հայաստանի հանրապետութեան մեկուսացումն ու անոր հանդէպ շահագրգռութեան բացակայութիւնը առաւելի պիտի նուազեցնեն ինքնուրոյն որևէ որոշումի կարելիութիւն:

Պարզ՝ յետ-պատերազմեան իշխանութիւններու հիմնական մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ համահայկական ներուժի համախմբումը և վստահութեան կառուցումը: Ահաւասիկ հոս է որ պատերազմի պարտութիւնը որպէս trauma «հիմա»յի անմիջականութենէն անդին կ’անցնի խնդրոյ առարկայ դարձնելով Հայաստանի և հայութեան լինելութիւնը ոչ միայն որպէս լոկ վերապրում այլ որպէս ապագայի ձգտելու կարողութիւն ունեցող հայրենիք և ազգային հաւաքականութիւն, «յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք», ինչպէս կ’աւարտի Թումանեանի հանրածանօթ «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը:

Պատերազմի պարտութեան trauma-ն կը հասկցուի յանձնուողական յայտարարագիր/համաձայնագրի ծանր ու նուաստացուցիչ պայմաններով՝ հողային կորուստ, Արցախի կարգավիճակի շարունակուող անորոշութիւն և Հայաստանի անվտանգութեան լուրջ խաթարում: Ասոր վրայ հարկ է աւելցնել Հայաստանի կողմէ զայն ստորագրողին ամբողջական վարկազրկումը ի դէմս թշնամու կողմէ ծաղր ու ծանակի առարկայի վերածուելուն, դաշնակից Ռուսաստանի կողմէ որպէս ատակ խօսակից արժեզրկումին և արտաքին այլ դերակատարներու, առաջին հերթին Մինսքի երկու միւս համանախագահներու՝ ԱՄՆի և Ֆրանսայի, կողմէ անտեսումին: Հարցը հոս Փաշինեանին անձը չէ, այլ ինչ որ կը ներկայացնէ վարչապետի իր պաշտօնին բերմամբ, պարզ և մէկին՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Պարտութեան trauma-ն ծանրացնող միւս գործօնը քառասունչորսօրեայ «Յաղթելու Ենք»ի հանդէպ վստահութիւնն էր որ պատերազմի արդիւնքին մասին ամենաիրապաշտ մօտեցում ունեցող հայ մարդն իսկ պահ մը ընկալեց եթէ ոչ բառացիօրէն այլ գոնէ ուժերու անհամեմատ անհաւասարութեամբ կռիւի ելած հայկական բանակի սխրագործութեանց գործնական արդիւնաւորումը: Արդ, որքան ալ որ ճի՛շտ ըլլայ այդ սխրագործութիւնը, և հաւանաբար այս առաջին «Հինգերորդ սերունդի պատերազմ»ի ուսումնասիրութեանց մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ դառնայ, առճակատման արդիւնքը որոշած նուաստացուցիչ համաձայնագիրը ստորագրելու որոշումը ջրեց հայոց բանակի քառասունչորսօրեայ հերոսութիւնը, բովանդազրկեց «Յաղթելու Ենք»ը, աւելի՛ն զայն հաւասարեցուց սուտի, և ատով ալ աւելցուց հիասթափութիւնը:

Թէ ինչո՛ւ համար Փաշինեանն այսքան ապիկար ձևով ղեկավարեց պատերազմը ե՛ւ ռազմի դաշտին վրայ, ե՛ւ դիւանագիտական ոլորտին մէջ, ե՛ւ միջազգային տեղեկատուական/յարաբերական աշխատանքին պարագային, ե՛ւ Սփիւռքի զօրաշարժը պետական քաղաքականութեամբ գործնականացնելու անհրաժեշտութեան հարցով դեռ երկար քննարկումներու նիւթ պիտի ըլլայ: Քանի որ իշխանութիւնները չստեղծեցին չէզոք յանձնաժողով մը որ քննութիւն բանար պատերազմի ընթացքի, ղեկավարման և արդիւնքի մասին, ինչպէս բնական է ամէն կայացած պետութեան և ժողովրդավար կարգերու մէջ, շատ հաւանաբար չըլլայ ոչ իսկ «պաշտօնական իրականութեան» մը և ոչ մէկ տեղեկագիր-փաստաթուղթ որպէսզի այդուհանդերձ անխուսափելի և անհրաժեշտ բանավէճին ինչ որ արևելում տայ: Հետևաբար, պատերազմի ընթացքի, ղեկավարման և արդիւնքի պատճառահետևանքային վարկածներն ու անոնց հետևումով բանաձևուած վերլուծումները պիտի բազմանան: Այդ վարկածներու կարգին, ուրեմն, կարելի է բանաձևել որպէս այս պատերազմի ընթացքին Փաշինեանի ապիկար ղեկավարութեան հիմնական պատճառ՝ իշխանութեան և որոշումներու կայացման ծայրայեղ կեդրոնացումը իր ձեռքերուն մէջ: Անոր վրայ պիտի աւելցնել իր ինքնասիրահարուածութիւնն ու անսխալականութեան ինքնավստահութիւնը, զորս անցնող երկուքկէս տարիներուն ուռճացուցին Թաւշեայ Յեղափոխութեան օրգանական մտաւորականներն ու սոցիալական ցանցերուն վրայ աշխատողներու ամբողջ բանակ մը, որ մասնագիտացած էր հանրային կարծիքի ստեղծման գործին մէջ և իր արդիւնաւէտ աշխատանքին փաստը տուած՝ Վարչապետի ժողովրդականութեան բարձր ցուցանիշներով: Փաշինեան մերժեց ազգային ուժերու ընդլայնուած շրջանակի մը մէջ պատերազմի ընթացքին համար կենսական որոշումներ կայացնելու այլընտրանքը, որ, ծայրագոյն պարագային, կրնար թէկուզ և նման ծանր պարտութենէ մը յետոյ երաշխաւորել ներազգային կայունութիւնը, հաւանաբար իր իշխանութեան վրայ մնալու ընդհանուր համակերպում մը, ինչ որ համազգային վստահութեան և ինքնավստահութեան պահպանման և թերևս վերանորոգման առիթ կու տար և այնքան չէր իմաստազրկեր «Յաղթելու Ենք»ը: Բայց երևի համեստութիւնը «թաւշեղափոխական» իմաստութեանց ցանկին մաս չի կազմեր…

Ինչ կը վերաբերի «Յաղթելու Ենք»ով հայ հանրային կարծիքը պատերազմի ընթացքին մասին տեղեակ պահելու որոշումին, այն ատենին հասկացողութեամբ ընկալուեցաւ որպէս ուժերու բարոյականը բարձր պահելու նախանձախնդրութիւն: Հասկացողութիւն ցուցաբերուեցաւ նաև ռազմական դրութեան հետևանքով պատերազմական գործողութիւններու մասին տեղեկութիւններու կեդրոնացման որոշումին մասին: Այսօր արդէն յստակ է, որ ամբողջ եղածը իշխանութիւններուն սրտամօտ PR-էն անդին չէր անցներ: Ոչ միայն որովհետև իշխանութիւնները համոզուած էին որ սոցիալական ցանցերը գունաւոր յեղափոխութիւն կազմակերպելէ յետոյ նաև պետական քաղաքականութիւն կրնային առաջ տանել, ոչ միայն որովհետև Վարչապետը սոցիալական ցանցերու իր մոլութենէն չէր կրնար ձերբազատուիլ, այլ պարզապէս որովհետև կառավարութեան մէկ այլ փնթիութիւնն էր նաև տեղեկատուական քաղաքականութիւնը հաւասարեցնել PR-ի հետ: Մինչ թշնամին երկար և շատ մասնագիտականօրէն պատրաստուած էր նաև ա՛յդ մարզին մէջ թիրախաւորելով միջազգային հանրային կարծիքը:

Պատերազմի պարտութեան trauma-ի գերազանցումը, որ կենսական է համահայկական վստահութեան և ինքնավստահութեան վերահաստատման համար, պայմանաւորուած է նախ պարտութեան բանականացումով: Դիւրին չէ այդ մէկը ընդհանրապէս: Բայց այդ բանականացումը անհրաժեշտ քայլն է ոչ միայն զուտ մասնագիտական իմաստով պատերազմէն դասեր քաղելու և յաջորդ պատերազմին աւելի պատրաստ ըլլալու համար, այլ պատերազմի խորքային անդրադարձը որպէս «հասարակական ամբողջական եղելութիւն» վերլուծելու համար: Հասկնալ trauma-էն ‘առաջ’ն ու ‘յետոյ’ն:

Օրինակները չեն պակսիր: Եգիպտոսը Վեցօրեայ Պատերազմէն յետոյ պատրաստուեցաւ յաջորդ բախումին, որ տեղի ունեցաւ հինգ տարի անց (Եոմ Քիփուրի պատերազմ), նախագահ Սատաթին առիթ տուաւ քաղաքական յաղթանակով մը երկիրը դուրս բերելու 1967ի  պարտութենէն և Իսրայէլի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու: ԱՄՆի մէջ Վիեթնամի զինուորական դասերը 1980ականներուն արդէն ընկալուած էին ե՛ւ զինուորական միջամտութեան նոր հորիզոններ ծրագրելու, ե՛ւ պատերազմի պայմաններուն մէջ քաղաքականութիւնն ու հանրային հաղորդակցութիւնը ռազմավարականօրէն վերամշակելու իմաստով: Խորհրդային Միութիւնը բաւական խելացի գտնուեցաւ Աֆղանիստանի մէջ իր անյաջողութեան «վիեթնամացումը» շրջանցելու համար, բայց մանաւանդ՝ այլևս որպէս Ռուսական Դաշնութիւն քաղեց յստակ դասեր Չեչնիոյ իր միջամտութեան աղէտէն. Փութինի օրոք, ռուսական զինուած ուժերն ու զրահատեխնիկան արդէն վերականգնած էին և անոր փաստը տուին 2008-ի Օգոստոսին Վրաստանի հետ իրենց զինուորական բախումէն սկսեալ: Արժաթինի զինուորական բռնատիրութիւնը Միացեալ Թագաւորութեան դէմ Մալվինեան Կղզիներու համար 1982-ի պատերազմի ջախջախիչ պարտութեան անդրադարձը զգացուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանին մէջ, ուր 1980-ականներուն ծայր առաւ ժողովրդավարութեան վերադարձի գործընթացը՝ սկսելով Արժանթինէն: Մալվինեան Պատերազմէն յետոյ Արժանթին վերածուեցաւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան միջազգային յառաջապահին: Եւ դեռ կարելի է շատ ուրիշ օրինակներ բերել:

Հայաստանի պարագային, քառասունչորսօրեայ պատերազմին դասերը առաջին հերթին բնականաբար պաշտպանական ռազմավարութեան թերիներուն կը վերաբերին: Պատերազմի ընթացքին արդէն և անկէ անմիջապէս յետոյ պաշտպանական հարցերով մասնագէտները կեդրոնացան թուրքազրպէյճանական կողմի օդային գերակշռութեան վրայ շնորհիւ իրենց Անօդաչու Թռչող Սարքերուն (ԱԹՍ, ինչպէս գործածութեան դրուած է բառը), որոնց չէզոքացման համար հայկական կողմը չունէր անհրաժեշտ հակօդային պաշտպանութիւնը (ՀՕՊ): ԱԹՍ-երու զանգուածային գործածութեան ազրպէյճանական ռազմավարութիւնը հազիւ թէ գաղտնիք էր: Ազդանշանը տրուած էր դեռևս 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմին: Ի՞նչն էր պատճառը որ հայկական կողմը չկարողացաւ նախատեսել անոնց ռազմավարական կարևորութիւնը և համապատասխան պաշտպանութիւն մը չպատրաստեց: Պատասխանի փնտռտուքը առաջին հերթին լուսարձակի տակ կը բերէ պաշտպանական բանակի ռազմագէտներու աշխատանքը և հարցադրումները անոնց պիտի ուղղել, եթէ երբեք օր մը համապատասխան հետաքննութիւնը կատարուի:

Բոլոր ռազմական վերլուծաբանները իրենց յօդուածներուն և տեղեկագրութիւններուն մէջ կը նշեն թէ ԱԹՍ-ներու նման զանգուածային գործածութիւնը նախընթաց ստեղծեց և ազդանշանը տուաւ «5-րդ սերունդի պատերազմներ»ու ժամանակաշրջանին: ԱԹՍ-ներ նախապէս օգտագործուած են, բայց ոչ այս մասշտապով: Ազրպէյճանաթրքական նորարարութիւնը անոնց կարևորութիւնը փաստեց ցոյց տալով որ անոնց զանգուածային օգտագործումը կրնայ չէզոքացնել այն հասարակաց համոզումը, որ պատերազմը պաշտպանական ռազմավարութեամբ ծրագրած կողմը ռազմավարական գերակայութիւն ունի յարձակող կողմին վրայ: Ամէն ինչ ցոյց կու տայ որ Արցախի պաշտպանութիւնը ծրագրող ռազմագէտները ևս համոզուած էին պաշտպանական պատերազմի գերակայութեան: Փաստօրէն, Արցախի ճակատներու ամբողջ երկայնքին կառուցուած էր «Մաժինոյի գիծ մը», ինչպէս Ֆրանսա ծրագրած էր իր պաշտպանութիւնը Առաջին Աշխարհամարտէն յետոյ, ընդ որում ամէն մէկ դիրքի անկումի լուր որ հանրային կարծիքին կը հասնէր կը վերածուէր տռամի, անձկութեան: Չորս տարի առաջ, Քառօրեայ Պատերազմին, հայկական կողմի դիրքերու զիջման փաստը նսեմացուած էր քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ: Մինչդեռ այդ կարճ պատերազմը արդէն ահազանգ պիտի հնչեցնէր պաշտպանական ռազմավարութեան վերատեսութեան իմաստով, փոխէր պաշտպանական ռազմավարութիւնը և, միաժամանակ, հայկական հանրային կարծիքի մէջ ամրակայացած այն մտապատկերը որ Արցախը բերդ մըն է որ կը կասեցնէ բարբարոսներու խուժումը պիտի փոխուէր նուիրականացնելու համար պաշտպանութեան այլ, աւելի ճկուն դիրքային կռիւի մտապատկեր մը:

Կը մնայ հիմնական հարցադրում մը թշնամիին ԱԹՍ-ներու վերաբերեալ. ենթադրելով որ այդ ռազմատեխնիկայի առկայութեան մասին հայկական կողմը ունէր անհրաժեշտ տեղեկութիւնը, ատա՞կ էր, ունէ՞ր միջոցները համապատասխան պաշտպանական ռազմավարութիւնը ծրագրաւորելու: Կրնա՞ր ձեռք բերել աւելի արդիական և արդիւնաւէտ ՀՕՊ: Այս հարցումները անխուսափելիօրէն լուսարձակները պիտի յղեն դէպի գլխաւոր դաշնակից, դէպի Ռուսաստան, որուն վստահաբար մօտէն հետևեցաւ պատերազմին ուսումնասիրելու համար իր զրահատեխնիկային գերազանցած զէնքեր: Կամ համապատասխան զինուորական գիտական հետազօտութիւնը արդէն սկսելու համար, կամ ալ բարելաւելու ԱՍԹ-երու համար իր արդէն առկայ ՀՕՊ-ը որ, ինչ-ինչ պատճառներով, զլացած էր Կովկասի մէջ իր միակ դաշնակիցին…

Բայց սխալ է պարտութեան բանականացումը սահմանափակել միայն ռազմական գործողութիւններով: Վերախմբագրելով Մաուսսի վերոնշեալ բանաձևումը, պատերազմը ոչ միայն Քլաուսեվիցեան «քաղաքականութեան շարունակութիւնն է տարբեր ձևերով» այլ «քաղաքական ամբողջական եղելութիւն»: Պատերազմի պատրաստութիւնը կ’ենթադրէ նաև դիւանագիտական աշխոյժ գործընթաց և հանրային յարաբերական քարոզարշաւ: Ազրպէյճանաթրքական ճակատը այդ երկու գետիններուն վրայ ակտիւացած էր Իլհամ Ալիևի իշխանութեան գալէն անմիջապէս յետոյ: Այս իմաստով, այո՛, անխուսափելի է ետ երթալ մինչև 1994 և քննարկման սեղանի վրայ դնել սթաթուս քուօ-ի վրայ գրաւ դրած հայկական կողմի մեծ սխալը, հակառակ որ այդ մասին անդրադարձներ, զգուշացումներ չպակսեցան: Պարզ՝ ազրպէյճանաթրքական ճակատը ամէն իմաստով պատրաստուեցաւ յարձակողականի, հայկական կողմը ձախողեցաւ պաշտպանութեան նախապատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ նաե՛ւ դիւանագիտական և միջազգային բեմին վրայ հանրային յարաբերական մարզերուն մէջ և չյաջողեցաւ, և թերևս չփափաքեցաւ, իր ունեցած միակ մրցակցային առաւելութիւնը, զօրաշարժի ատակ Սփիւռքը, ամբողջականօրէն մասնակից դարձնել այդ գործընթացներուն: «Ռազմավարական գործընկերութիւն»ը այնպէս ալ մնաց պարագայական և առաւելաբար լոզունգային: Մինչ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ստեղծեցին, զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց համայնքները, իսկ հոն ուր չկար, չէր ստեղծուած նման հաւաքականութիւն, բազմապատկեցին իրենց դիւանագիտական աշխուժութիւնը:

Հարցի քննարկման համար ակնարկը տանելով դէպի ետ և սեղանի վրայ դնելով 1994-էն ի վեր թոյլ տրուած և անտեսուած բացթողումները չի նշանակեր կուլ տալ ԻմՔայլական իշխանութեան պատերազմի արդիւքի յետ-ճշմարտութիւնը (post-Truth, 2016-ի Տարուան բառը ըստ Քէմպրիճի բառարանին…), ըստ որուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի բարդել անցնող տասնամեակներու բացթողումներուն վրայ և նսեմացնել պատերազմի անմիջական պատասխանատու իշխանութիւններուն բաժինը: Անկախ թէ անոնք ոչի՛նչ ըրին այդ բացթողումներուն լուծում տալու համար, այլ առաւելի անտեսեցին Սփիւռքը համապատասխան նախարարութեան կազմալուծումով և յանձնակատարի մը նշանակումով որ ոչ Սփիւռքին ծանօթ էր, ոչ ալ իր թեքնոքրաթիք սահմանափակումներէն դուրս ելլելու նպատակ ունէր սփիւռքեան նոր քաղաքականութեան մշակումի իր սկսնակ փորձերուն կամ փորձարկումներուն մէջ: Աւելի մտահոգիչ է Թաւշեայ Յեղափոխութեան օրգանական մտաւորականներու կողմէ շրջագայութեան դրուած խաղաղասիրական միամիտ խօսոյթը, որուն համաձայն ազրպէյճանական ժողովուրդին ուղղակի դիմելով, բարի կամեցողութեան ժողովրդավարներ ու մարդկային իրաւանց պաշտպաններ փնտռելով անոնց մօտ որպէս խօսակից, փորձելով համոզել անոնց որ ձերբազատուին Ալիևի ամբողջատիրութենէն, կամ Առաջին Տիկիններու «մեղմ ուժ»ի միջոցաւ կարելի է զսպել թշնամիին որոշումը՝ այս պատերազմը անպայման մղելու: Փաշինեանին համոզումը որ ինք զէրոյէն կը սկսի բանակցութիւնները ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ Ալիևի վրայ, ընդհակառակը շատ հաւանաբար զինք մղեց որ անդրադառնայ թէ հայկական ներքին ճակատին վրայ կայ շփոթ: Խաղաղասիրական հակումներու հարցադրումը անոնց անկեղծութիւնը չէ որ հարցականի տակ կը դնէ, ոչ ալ ռազմատենչութեան կոչ կ’ուղղէ: Պարզապէս կը գիտակցի աշխահաքաղաքական այն հրամայականին, որուն համաձայն Հայաստանի կացութեան մէջ գտնուող երկրի մը համար իրապաշտ միակ քաղաքականութիւնը պատերազմին պատրաստ ըլլալն է: Մանաւանդ երբ թշնամիէն չկայ այլ ազդանշան բացի անկէ որ պատերազմը անխուսափելի է:

Պատերազմի պատրաստ ըլլալու իրապաշտութիւնը իր կարգին, սակայն, պարտութեան բանականացման ճիգին մէջ յետադարձ ակնարկով չենք կրնար անտեսել դեռևս 1994-1997ին օրին նախագահ Լևոն Տէր Պետրոսեանի և իր գլխաւոր խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեանի առաջ քաշած թէզը, ըստ որուն զիջումները պիտի ընել զօրաւոր դիրքերէ ապա թէ ոչ անոնք աւելի ցաւալի պիտի ըլլան: Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած յանձնուողական համաձայնագրին լոյսին տակ այսօր այդ թէզին արդիականութիւնը կարելի չէ ժխտել: Լիպարիտեան արդէն հրապարակեց իր «վեց դրոյթներ»ու յօդուածը վերադառնալով նոյն թէզին և կրկին շեշտեց «մտածելու ձև»ի փոփոխութեան մասին, որ իր 1999-ի գրքին կեդրոնական թեման է (Gerad J. Libaridian, The Challenge of Statehood. Armenian Political Thinking Since Independence, Cambridge, MA: Blue Crane Books, 1999): «Պետական մտածողութիւն»ը «Հայ Դատ»ականութեան հակադրող այդ թէզը հիմնականին մէջ հարցականի տակ կը դնէր Հայաստանի նման փոքր ու աշխարհաքաղաքականօրէն խոցելի երկրի մը կարողութիւնը՝ իր դրացիներու հետ յարատև տագնապի մէջ մնալու համար: Այդ կը նշանակէր մէկ կողմէ Արցախի հարցի լուծումի յանգիլ անխուսափելիօրէն վերադարձնելով ազատագրուած տարածքները և յարաբերութիւնները բնականոնացնելով Թուրքիոյ հետ: Այս վերջինի պարագային հեռանկարը մասնաւորաբար Հայաստանի դէպի Սև Ծով ելքի ապահովումն էր, որով և անկախութիւնն ու ազգային գերիշխանութեան առաւելագոյն գործնականացումը ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իմաստով սկզբունքայնօրէն պիտի աւելնայ: Այն օրերուն օրակարգի վրայ ալ չէր Մեղրիով Նախիջևան-Ազրպէյճան կապը: Պատերազմի պարտութենէ յետոյ ազատագրուած հողերու 70 տոկոսը յանձնուեցաւ թշնամիին, Արցախը ԼՂԻՄի հողատարածութենէն ալ նուազ է, կարգավիճակի հարցը կրկին սառեցուած է, Մեղրիի վրայով Ազրպէյճանն ու Նախիջևանը իրարու հետ կապ պիտի ունենան, և Հայաստանի կախուածութիւնը Ռուսաստանէն բացարձակ է:

Նախքան այս «պետական մտածողութեան» իրապաշտութիւնը այսօրուայ պարունակին մէջ դնելը, պարտութեան բանականացման այս ճիգին մէջ պէտք է դարձեալ յետադարձ ակնարկով խորհրդածել այդ իրապաշտութեան մասին՝ 1994-ի յաղթանակի լոյսին տակ: Այլ խօսքով՝ քաղաքական իրապաշտութեան հետ նկատի պիտի ունենալ Հայաստանի որպէս երկիր լինելութեան աշխարհառազմաքաղաքական իրապաշտութիւնը, որով և Արցախի ազատագրական պայքարը կ’իմաստաւորուէր: Փանթրքական ծրագրի կասեցումը չէր միայն այն, այլ նաև՝ Իրանի հետ սահմանը և Հայաստանի ջրային բնական շտեմարաններու, ներառեալ Սևանայ լիճ, մատակարարումը ապահովող աղբիւրները, հանքային հարստութիւնը, Հայաստանի սննդային բաւարարման համար հողամշակութեան տարածքները, առանց մոռնալու քաղաքակրթական ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը: Անցնող երեսուն տարիներու հիմնական սխալը եղաւ Արցախի ազատագրութեան ժամանակ կազմաւորուած այս աշխարհաքաղաքական մտածողութեան պաշտօնականացման ձախողութիւնը: Դարձեալ՝ այս մասին գրուած է նոյնիսկ երբ պատերազմի սպառնալիքը անիրական էր և յաղթանակի յաջորդած սթաթուս քուօ-ի թմբիրին մէջն էինք: Հողատարածութիւններու լայնամասշտապ բնակեցումը, Արցախին անկախութեան ճանաչումը կամ Հայաստանի միացումը տեղի չունեցաւ որովհետև ազատագրուած տարածքները մտածուած էին որպէս բանակցութեան առարկայ, իսկ տնտեսական համակարգը, որ ստեղծուեցաւ ազատականացման և սեփականաշնորհումներու ճամբով, յանգեցաւ միայն հարստութեան հատուածային և աշխարհագրական կեդրոնացման, որով և հեռաւոր շրջաններու բնակեցման թէ տնտեսական շահագործման լանյնամասշտապ ծրագիրներուն մէջ պետութեան դերը ինքնասահմանափակուեցաւ: Մարտահրաւէրը մնաց հիմնականօրէն Սփիւռքէն կազմակերպուած նախաձեռնութիւններու, որոնք անշահախնդիր նուիրուեցան այդ գործին հաւանաբար երբեք իրենց մտքէն չանցնելով որ պետութիւնը ատակ իսկ պիտի չկարենար ըլլալ իր միակ յանձնառութեան՝ ապահովել այդ նախաձեռնութիւններու անվտանգութիւնը…

Բացթողումի պատասխանատուութենէն զերծ չէ նաև պատերազմը կիրսնցուցած այս իշխանութիւնը, որու գլխաւոր պատասխանատուի հրապարակային զգայնացունց յայտարարութիւնները՝ արցախցիներուն ետ բանակցութեանց սեղանի շուրջ բերելու մասին թէ «Արցախը Հայաստան է, և վե՛րջ» անորոշութիւնը, հեռու էին աշխարհաքաղաքական յստակ տեսլականէ: ԻմՔայլական իշխանութիւններուն նէօլիպերալ ազատշուկայականութիւնը մեծ կապիտալի տնտեսակարգը օլիկարգականի անուանակոչումէն փոխեց մեծ գործատէրերու, փտտածութեան մեղադրանքներու սպառնալիքով ստիպեցին որ հարկերը քիչ մը աւելի լաւ վճառուին, բայց այդ հարկերը գացին պետական մեծ ու փոքր պաշտօնեաներու պարգևավճառներուն: Ոչ թէ ազատագրուած տարածքներու զարգացման ու վերաբնակեցման նոր մղում տալու: Ի դէպ, դժուար թէ Թաւշեայ Յեղափոխութեան տեսաբանները աշխարհաքաղաքական մտածողութեան մշակոյթ փնտռած ըլլային գունաւոր յեղափոխութիւններու դասագիրքերուն մէջ թէ դասընթացքներու ժամանակ, և նուազ՝ գտած ըլլային: Շատ-շատ հակառուսականութիւն մը որուն ձախաւերութեան հետևանքները աւելի քան յստակ են… Պիտի յստակացնել նաև որ աշխարհաքաղաքական իրապաշտութիւնը ոչ «ոչ մէկ թիզ հող»ականութիւն է, ոչ ալ ռուսամէտութիւն, այլ՝ Հայաստանի տնտեսական թէ ընկերային զարգացումներու ճշդորոշման և քաղաքական որոշումներու կայացման ժամանակ արտաքին ազդակի պայմանաւորումներու կարևորում:

Կարելի՞ էր իրարու համընկել պետական մտածողութեան քաղաքական իրապաշտութիւնը և Արցախի ազատագրութեան աշխարհաքաղաքական հիմնաւորումներու իրապաշտութիւնը: Հարցումը տեղադրելով անցեալ անկատար ժամանակի մէջ այնքան ալ իմաստ չունի մտաւորական թերևս անհրաժեշտ ճիգէ մը անդին, որ այնպէս ալ տեղի չունեցաւ, կարելի չեղաւ նոյնիսկ քննարկել: Բայց ինքզինք կը պարտադրէ այսօր, և թերևս աւելի քան երբեք՝ ծանր ու նուաստացուցիչ պարտութեան մը բանականացման ծիրին մէջ և ի մտի ունենալով Հայաստանի, Արցախի և Սփիւռքի ապագան: Եթէ այդ ապագան պիտի մտածուի որպէս հայրենիքի և հայութեան լինելութիւն:

Այսպէս, պարտութեան պատասխանատու իշխանութիւնները, վարչապետ Փաշինեան անձնապէս, Նոյեմբեր 10-ին իսկ գործի լծուեցան ոչ թէ պարտութեան, կամ «պատերազմներու մէջ անյաջողութիւններ»ու ինչպէս իրեն իւրայատուկ սոփեստութեամբ բառը վերասահմանեց Փաշինեանը, բանականացման աշխատանքին, այլ՝ «հնարաւոր»ին չափ փրկուածի հետ հաշտութեան պատումին գրառման: Վեց ամիս ժամանակ է պէտք, ըստ Վարչապետի հաշիւներուն, հանրութեան, հիմա՛՝ «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիին, Արցախի հպարտ քաղաքացիին և Սփիւռքի հպարտ հայուն», հրամցնելու պատում մը PR-ի լայնամասշտապ արշաւի ճամբով, ընդ որում պատերազմի արդիւնքի պատասխանատուութիւնը պիտի բարդուի «հին»երուն վրայ, իսկ ստեղծուած կացութիւնը պիտի հրամցուի որպէս հայութեան համար ընդունելի միակ «հնարաւոր» Հայաստանը և Արցախէն մնացած կտորը: Այդ պատումին նախադրեալները արդէն սկսած են շրջաքայիլ որպէս հանրային (հայութեան) կարծիքը գալիքին կաթիլ առ կաթիլ պատրաստող թոյն: Եթէ Լևոնի օրով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումին խոստումը դէպի Սև Ծով ելքն էր, եթէ փրոթոքոլներուն քաշողականութիւնը թրքական շուկան էր, այսօր կացութեան բարելաւման ելքը Ազրպէյճանի հետ տնտեսական առևտուրն է, կամ, ինչպէս հայ կեանքի իրադարձութիւններուն մօտէն հետևող մը դիտել կու տար, Հիւսիսային Պողոտայի վրայ ինքնաշարժերու վառելանիւթի սպասարկման Սոքքարի կայանի մը հաստատումը…

Պիտի ընդունիլ որ հայութեան լինելութիւնը յստակօրէն, և դեռես բառացիօրէն, սահմանագծող ու ժամանակին մէջ «ֆիքսեցնող» մտածողութիւն մը գոյութիւն ունեցած է հարիւր տարի առաջ: Այն ժամանակ, պոլշևիկ-քեմալական ժամանակաւոր դաշինքը վճռած էր Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը և թրքական յարձակողականը սկսած էր Սեպտեմբեր 28-ին: Թուականը հազիւ թէ զուգադիպութիւն է, ինչպէս զուգադիպութիւն չէ Շուշիի շատ կասկածելի անկումին թուականն ու եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութիւնը Նոյեմբերի 9-ին: Եւ մինչ ազրպէյճանաթրքական հաւաքական յիշողութեան մէջ անցեալը ներկայ է և ապագայ, պատերազմին պարտութիւնը լոկ «անյաջողութիւններ»ով բացատրող «հնարաւոր» հայրենիք կերտելու («պէտք է փորձել երկխօութիւն սկսել յաղթող կողմի՝ Պաքուի հետ», Անդրանիկ Քոչարեան) ԻմՔայլականներու պատումը կը ձգտի լռեցնել յիշողութիւնը:

Պատերազմի պարտութեան պատասխանատու իշխանութիւններ իրենց հրամցուած սցենարներէն տարբեր մեկնակէտով բանակցելու այլընտրանք չունին, արհամարհուած են և ոչ ռազմավարականօրէն մտածելու կարող են, ոչ ալ օրակարգային հարցերու տարբեր առաջարկներ կրնան դնել սեղանին վրայ: Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ծնունդ առած հայրենիքի փրկութեան շարժումը զգուշացում էր, գիտակցութեան հրաւէր՝ բանակցութիւններով նորանոր զիջումներու վտանգի առկայութեան: Թէկուզ և անմիջականօրէն իրապաշտ չէ եռակողմանի համաձայնութեան պայմանները շրջափոխել, այդուհանդերձ, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, այսօր ալ Զանգեզուրը փրկելու անմիջական պայքար մը կայ: Անոր յաջողութեամբ պայմանաւորուած է հայրենիքի և հայութեան լինելութեան հեռանկարի վերակենդանացումը:

Նացիներու դէմ պայքարած ֆրանսացի ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած Լուի Արակոնի քերթուածին մէջ «այս կեանքէն ձանձրացա՞ծ ես» հարց կու տան զինուորները բանտին մէջ իրենց գերեվարած դիմադրող մարտիկին, և կ’առաջարկեն որ ան մատնէ իր ընկերներու, տեղի տայ (Capitule…), և ապա իր կեանքը շարունակէ «ծնկաչոք»: «Եթէ հարկ է վերսկսիլ, նոյն ճամբան» կ’ընտրեմ», կ’ըլլայ ազատամարտիկին պատասխանը: Կրնա՞նք, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, վերսկսիլ մեր նոյն ճամբան, աւելի իրապաշտ, անցեալի դասերը քաղելով, պարտութեան պարտադրած «հնարաւոր»է մը անդին՝ հայրենիքի ու հայութեան լինելութեան նոր պատումը գրելով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.