ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ

6 Փետրուար 2023-ին, ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։

– Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ ունինք չորս զոհեր. յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Լաթաքիոյ եւ Քէսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են։

– Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը պատրաստած է եօթը յատուկ կեդրոններ, որպէսզի ժողովուրդը ապաստան գտնէ աւելի ապահով պայմաններու մէջ։

– Մեր Ս. Աթոռին կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը գումար մը յատկացուց Հալէպի հայութեան, յիշեալ կեդրոններուն մէջ ապաստան գտած մեր ժողովուրդի զաւակներուն սննդաբաշխումի աշխատանքներուն համար։

– Նորին Ս. Օծութիւնը յատուկ նամակ յղեց Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ-Ասատին՝ իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ ժողովուրդին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.