Վարձքդ Կատա՛ր, Տիկի՛ն Մալիքեան…
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցնող շաբաթներուն սպասեցի, որ Համազգայինի ընտանիքէն մէկը, այսինքն` ճեմարանական, ուսուցչակազմ, աշակերտ, ուսանող, նախկին ճեմարանական, պաշտօնակից, յաջորդական կեդրոնական վարչութիւններ, կրթական մարմիններ, հրատարակչատուն, գոնէ մէկը բան մը գրէր տիկին Լուսին Մալիքեանին մասին, սակայն` ի զուր: Նկատի ունենալով, որ մէկը չգրեց, ստիպուած այս պարտականութիւնը ես ստանձնեցի:
17 յունիս 2017-ին Մարսէյի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Լուսին Մալիքեանը:
Անոր հետ առաջին հանդիպումս 1984-ի վերամուտին էր: Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ գործող հայագիտական ամպիոնի յարկին տակ, ուր մանկավարժական կարճ դասընթացք մը տուաւ: Կեանքով լեցուն, խանդավառ, դրական ներուժ ունեցող, մթնոլորտ եւ պատգամ փոխանցող անձնաւորութիւն մը: Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախները օգտագործած են իր պատրաստած դասագիրքը` «Փոքրիկ Անին», «Պետիկն ու գայլը» եւ անոնց տետրակները` «Գոյն ու գիծ», «Ձեւ եւ թիւ» եւ «Գիծ ու գիր» հատորները:
Անձնապէս ճեմարանաւարտ չեմ եւ Ճեմարանի մանկապարտէզը չեմ եղած, սակայն տարիներ ետք, երբ զաւակներս Ճեմարանի մանկապարտէզէն անցան, տակաւին կար ու կը շարունակուէր Լուսին Մալիքեանի շունչը, ուսուցման իր յատուկ մեթոտները, սկզբունքներն եւ օրէնքները: Տակաւին բազմաթիւ են անոր ներդրումներն ու ձգած դրոշմը` մանկապարտէզի ուսուցչուհիներու վերաորակաւորման դասընթացքներու թափը, Ճեմարանի մէջ հայոց լեզուի արմատաւորումն ու միայն հայերէնով մեծնալու իր սկզբունքը, «Փոքրիկ Անի»-ին ու «Պետիկն ու գայլը»-ի նախաձեռնութիւնը, տասնեակ տարիներ մանկապարտէզէն լաւ յիշատակներով լի սերունդները, Համազգայինի Ճեմարանը իր տունը սեպելը եւ Համազգայինի Ճեմարանին համար զոհողութիւններ վերցնելը: Նոյնիսկ լռելեայն Մարսէյի Ճեմարանի նախաձեռնութեան հիմնական պատճառներէն մէկը անոր Մարսէյ գտնուիլն էր: Տիկին Մալիքեանի շունչը եւ ոգին կը բաւէին, որ նոր ճեմարան մը հիմնուէր Եւրոպայի ափերուն:
Այսօրուան այս մակերեսայնութեան թափին մէջ բնականաբար յիշատակները մոռացութեան կ՛ենթարկուին: Սակայն վստահ եղիր, որ ամբողջ սփիւռքի մէջ ցիրուցան եղած քու զաւակներդ, այսինքն` աշակերտներդ, իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ ունի քեզմէ անուշ յիշատակ մը:
Ժպիտդ անմար մնայ: