Վարդանանց Ճակատամարտի 1567-ամեակ
Տարօնի աշխարհը աշխարհագրական իւրայատուկ շրջան մըն է Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ: Անիկա պատմութեան կանուխ ժամանակաշրջաններէն մինչեւ հայոց ժամանակակից պատմութիւն խորհրդանշած է հայութեան բազուկի ուժը, հերոսական ոգին, քաջութիւնը: Հերոսական այդ ոգին ալ իր հարազատ դրսեւորումը կը ստանայ նոյն այդ շրջանը իբրեւ իրենց միջնաբերդը ընդունած Մամիկոնէից ուխտի ներկայացուցիչներուն գործունէութեան մէջ` քանի մը դար շարունակ: Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կեդրոնախոյս ձգտումները կը կրծէին Արշակունիներու Մեծ Հայքը, Մամիկոնեանները հրապարակի վրայ էին պաշտպանելու համար հայոց կեդրոնական պետականութիւնը: Այն ժամանակ, երբ վտանգ կը սպառնար հայոց նոր որդեգրուած քրիստոնէական հաւատքին, Մամիկոնեանները հրապարակի վրայ էին զինու զօրութեամբ պաշտպանելու հայոց աշխարհի լոյս հաւատքը:
Մէկ խօսքով, Մամիկոնեանները իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին համադրումը կատարեցին հայրենիքի եւ հաւատքի համար պայքարին: Այս իմաստով ալ անոնք յատկանշական աւանդ ունին հայ ռազմարուեստի պատմութեան մէջ, եւ զարմանալի չէ այս իմաստով, որ երբ նախորդ դարու 30ական թուականներուն հայ ռազմական մեծ գործիչ Գարեգին Նժդեհ իր ընկերակիցներուն հետ փորձ կը կատարէր գաղափարական ամուր հիմք տալու հայ ազգային վերածնունդի շարժումին, մեկնելով Մամիկոնէից ուխտի մարտական եւ հայրենասիրական աւանդներէն այդ զուտ ազգային շարժումի դրսեւորումներէն մէկը դարձուց տարօնականութիւնը` բառին բովանդակած ամբողջ խորհրդանշականութեամբ:
Ահա Տարօնայ աշխարհի այդ ամբողջ աւանդներուն կրողն էր նաեւ հայոց զօրքերու սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան, որուն եւ անոր զինակիցներուն մղած Աւարայրի ճակատամարտին 1567ամեակը կը նշենք այսօր` ազգային հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ:
Գերազանցապէս ազգային հանդիսաւոր մթնոլորտ է այս տարի, որովհետեւ ինչպէս սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակից զօրականները մարտիրոսացան յանուն հայրենիքի ու հաւատքի, նոյնպէս 100 տարի առաջ հայ ազգը ցեղասպանուեցաւ յանուն հայրենիքի ու հաւատքի, ինչպէս 1567 տարիներ առաջ անհաւասար ուժերով հայոց զօրքերը դէմ դրին Սասանեան Պարսկաստանի հայաջինջ քաղաքականութեան, նոյնպէս ալ 100 տարի առաջ բուռ մը հերոսներ Վանի, Տարօնի աշխարհի, Մուսա լերան, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու մէջ, անհաւասար պայմաններու մէջ փորձեցին դէմ դնել Օսմանեան կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան:
Այո՛, այդ փորձերուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս որ էր պարագան Վարդանանց ճակատամարտին, աւարտեցաւ ողբերգական ելքով, բայց ինչպէս Վարդանանց ճակատամարտին ընթացքին, նոյնպէս ալ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած հերոսամարտներուն եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընթացքին թշնամին չկրցաւ յաղթել հայու գոյատեւումի ոգիին:
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց այս տօնը այսօր խթան մըն է, որ հայը աւելի եւս կառչած մնայ իր գոյատեւման ոգիին, ոչ միայն բարոյական յաղթանակներ տանելու, այլ նաեւ այդ նոյն բարոյական ուժով ու կորովով իրական յաղթանակներ եւս տանելու:
Հայը իր բազուկի ուժով այլեւս յաղթահարած է վախի ու պարտութեան տրամադրութիւնը: Շուշիի ճակատամարտին եւ արցախեան ազատագրական պայքարի իւրաքանչիւր ճակատամարտի ընթացքին հայը փաստեց, որ ատակ է իրական յաղթանակներ ալ կերտելու:
Հայ մարտական աւանդը փոխանցուած է արդէն դարերու խորերէն, եւ այսօր հայոց զինեալ ուժերը նոյն հաւատքով, նոյն ոգիով եւ նոյն կորովով կը հսկեն հՀայոց արեւելից կողմանց սահմաններուն: Մամիկոնէից ուխտի եւ Տարօնայ աշխարհի նոյն ոգին է, որ կը համակէ հայկական բանակը այսօր` թշնամիի ամէնօրեայ սադրանքներուն դէմ դնելու ընթացքին, եւ ինչպէս Աւարայրի ճակատամարտին ընթացքին, նոյնպէս ալ այսօր, հայոց զինեալ ուժերը միակ երաշխաւորներն են հայ ազգի անկախ ու ազատ գոյատեւման եւ լինելիութեան:
Եղիշէ պատմիչը բաւական մանրամասն կը նկարագրէ նախքան Աւարայրի ճակատամարտը, ճակատամարտին ընթացքին եւ անկէ ետք տիրած մթնոլորտը: Կը ներկայացնէ նաեւ հայոց մեծամեծներուն մանրամասնեալ պատասխանը` պարսից Յազկերտ թագաւորին դրած զրադաշտականութիւնը ընդունելու պահանջին: Հայոց մեծամեծները այդ նշանաւոր պատասխան-նամակին մէջ ընդգծելէ ետք, որ հայոց հաւատքէն եւ հայրենիքէն ոչ ոք կրնայ շեղել զիրենք կամ հրաժարիլ տալ իրենց` թշնամիին ուղղելով իրենց խօսքը կ՛ըսեն.- «Ձեր սուրերը` մեր պարանոցները»:
Այսօր ալ հայ ազգին դիմագրաւած մարտահրաւէրները շատ են: Քրիստոնէական հաւատքի տկարացման մարտահրաւէրը, սփիւռքի մէջ ուծացման եւ ձուլումի մարտահրաւէրը, Միջին Արեւելքի հայագաղութներուն պահպանման մարտահրաւէրը, հայոց պետականութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու եւ թշնամիի սադրանքներուն պատասխանելու մարտահրաւէրները: Այն ժամանակ` 1567 տարի առաջ, երբ Վարդանանք իրենց պատասխան-նամակին մէջ ըսին «Ձեր սուրերը` մեր պարանոցները», ասիկա թշնամիին նետուած ձեռնոց մըն էր, որ ուշադի՛ր, այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ հակահայ ծրագիրներուն իրագործումը: «Ո՛չ հուր, ո՛չ սուր, ո՛չ ալ հրեշտակներ: Ձեր սուրերը` մեր պարանոցները» պատգամը այսօր ալ` որեւէ ժամանակէ աւելի, այժմէական է հայ ազգին համար: Միայն թէ, զօրավիգ պէտք է կանգնիլ հայոց զինեալ ուժերուն, որպէսզի ձախողութեան մատնեն նորագոյն յազկերտներուն ծրագիրը: Եւ իրական ու ոչ թէ բարոյական յաղթանակներէն ետք, անպայմանօրէն մօտ պիտի ըլլայ նաեւ նորագոյն «Նուարսակներու» իրագործումը: