ՎԱՏԱԳՈՅՆԻՆ ՅԱՋՈՐԴ ՕՐԸ. Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը և հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը

 Խ. Տէր Ղուկասեան

Ընթացիկ տարուայ Յունուար 24-ի իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ի մէջ այլոց ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը (ՀՀ) Հայ Դատի քաղաքականութիւն երբեք չէ վարած, «Հայաստանը երբեք Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կասկածի տակ չի առել՝ չէք գտնի ՀՀ որեւէ ղեկավարի ու կառավարութեան, որ կասկածի տակ դնի հայ-թուրքական սահմանը»: Ապա, ինչպէս միշտ, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով հետաքրքրուողներուն յստակացուց որ իշխանութիւններու մօտեցումը «կառավարութեան ծրագրում է արտայայտուած:» Իր սովորութեան համաձայն, ան չմանրամասնեց թէ գործնական իմաստով կառավարութեան ծրագրի մէջ արտայայտուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը ի՛նչ կը նշանակէ, բայց Սփիւռքին ուղղութեամբ արձակեց իր սլաքը. «Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի լոկոմոտիվը, պէտք է խոստովանել, միշտ էլ եղել են Սփիւռքի կազմակերպութիւնները:»

Փաշինեանի յայտարարութիւնը տեղի տուաւ բուռն հակազդեցութիւններու: Մեկնաբանուեցաւ որպէս Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս բերելու տրամադրութիւն և Սփիւռքի մէջ դեռևս 1965-էն ի վեր ծաւալած Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարէն խզում: Նկատի ունենալով այս իշխանութիւններուն մեծ սպասումները հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումէն որպէս առաջին քայլ դէպի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ զարգացման ժամանակներ, այս մտավախութիւնները անտեղի չեն:

Բայց եթէ այդ յայտարարութեան վերջին բաժինը առնենք իր բնագրով, այսինքն ընդունինք որ, այո՛, Սփիւռքի մէ՛ջ ծնունդ առաւ, զարգացաւ, քաղաքականացաւ և միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ յաջողութիւններ արձանագրեց Հայ Դատի կորիզը՝ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը,[1] թերևս աւելի ճիշդ կ’ըլլայ բանականացնել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը՝ անցնող երեսուն տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, և ապա Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարով մտածել Հայ Դատի պահանջատիրութեան շարունակման մասին:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Փաշինեանի և իր թիմակիցներուն համար երբեք հռետորութենէն անդին չէ անցած, և հիմա որ իրենց իշխանութիւնը պահելու համար գրաւը դրած են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն բնականոնացման և անոր ենթադրաբար հետևելիք տարածաշրջանային խաղաղ զարգացման պայմաններու ստեղծման, շատ աւելի նուազ հետաքրքրուած պիտի ըլլան Ցեղասպանութեան հարցով: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի իր վերջին ելոյթին, Վարչապետը չնշեց Ցեղասպանութիւնը, և այդ արդէն պէտք է նկատել որպէս ազդանշան այս իշխանութիւններու քաղաքականութեան պատեհապաշտ բնոյթին:

Բայց վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսին իր այդ յայտարարութեամբ Փաշինեան նաև չըսաւ որ Ցեղասպանութիւնը պիտի հանուի արտաքին քաղաքականութենէն: Աւելի՛ն, 2022-ին, մինչ անգամ մը ևս արդէն ընթացք առած են հայ-թրքական բանակցութիւնները յարաբերութիւններու բնականոնացման համար, հայկական դիւանագիտութիւնը երկու կարևոր յաջողութիւն արձանագրած է ՄԱԿ-էն ներս: Առաջին, Յունուար 12-ին, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Անդրանիկ Յովսէփեան ընտրուեցաւ Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի (ՄԻԽ) փոխ-նախագահ միամեայ ժամանակաշրջանի մը համար:  Երկրորդ յաջողութիւնը, Մարտ 31-ին, ՄԻԽ-ի 49-րդ նստաշրջանին, ընդհանուր համաձայնութեամբ Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձևի ընդունումն է:

Այս մասին ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքէջը կը պարզաբանէ, որ այդ բանաձևը աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ և լայն աջակցութիւն կը վայելէ միշտ: Ինչ կը վերաբերի այս տարուայ բանաձևի իւրայատկութեան, ԱրտԳործ Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն առաջ կը քաշուին այնպիսի խնդիրներ «ինչպիսիք են հակամարտութեան ռիսկերի գնահատման և դրանք թոյլ չտալուն ուղղուած քայլերի ձեռնարկումը, նոր տեխնոլոգիաների չարաշահումը, այդ թւում` սոցիալական հարթակների միջոցով ապատեղեկատւութեան տարածման վտանգները, վերահաստատում է Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու և պատժելու մասին կոնվենցիայի համընդհանուր վաւերացումն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:» Առաւել՝ Բանաձևը կ’առաջարկէ «ՄԱԿ-ի շրջանակում կազմակերպել համաժողով, որը նուիրուած կը լինի Կոնվենցիայի 75-ամեակին: Համաժողովի ընթացքում նախատեսւում է նաև քննարկել սոցիալական հարթակների և դրանք որպէս ատելութեան գործիք օգտագործելու անթոյլատրելիութիւնը:»

Հայաստանի թէ Սփիւռքի մամուլը ընդհանրապէս լուռ անցաւ հայկական դիւանագիտութեան այս զոյգ ձեռքբերումներուն վրայէն: Անցեալին ալ շատ տարբեր չէ եղած. զուտ դիւանագիտական գործընթացը, թէկուզ և երբեմն շատ կարևոր, հանրային կարծիքին ներկայացնելու, պարզաբանելու և բանավէճի վերածելու ճիգերը շատ հազուագիւտ են: Աշխարհաքաղաքական վերլուծումներն ու միջ-պետական բախումներու ուժական պատահարներն ու միջադէպերը, ի մասնաւորի երբ հարցը կը վերաբերի դրացի երկիներու հետ յարաբերութիւններուն, ուշադրութեան կիզակէտին են, և հոն կը կեդրոնանայ բանավէճը: Բայց երբ խնդիրը դիւանագիտութեան շատ աւելի նուրբ գործընթացներու կու գայ, ի մասնաւորի միջազգային կազմակերպութիւններու ուղղութեամբ, դժուարութիւն կայ ձեռքբերումները հասկնալու, մեկնաբանելու և գնահատման հետամուտ բանավէճի առարկայ դարձնելու ճիգը գործադրելու մէջ:

Օրինակի կարգով, և այս յօդուածի նիւթէն պահ մը շեղելով, նշենք Հայաստանի և Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) գործընկերութեան համաձայնագիրը, որուն առաջին պատրաստ տարբերակը ձախողեցաւ Սեպտեմբեր 2013-ին Ռուսիոյ շատ բացայայտ ճնշումով, երբ Փութին իր մօտ կանչեց օրուայ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին և այլընտրանք չձգեց՝ կամ ԵՄ-ի հետ գործընկերութիւն կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութիւն: Պարզ էր որ այն ժամանակ Հայաստանի իշխանութիւնները միջին ելք մը չունէին, և ամիսներու եթէ ոչ տարիներու Պրիւքսէլի հետ բանակցութեանց մեծ յաջողութիւնը յանկարծ անէացաւ: Հայկական դիւանագիտութիւնը, սակայն, ձեռքերը վար չառաւ, և անկախ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան թերևս ամենակարևոր իրագործումներէն մէկը եղաւ բանակցութիւնները վերսկսելու նախաձեռնութիւնը և Պրիւքսէլին համոզելու, որ վերատեսութեան ենթարկուի գործընկերութեան համաձայնագիրը: Արդիւնքով՝ վերաբանաձևուեցաւ փաստաթուղթ մը, որուն այս անգամ Մոսկուա չառարկեց և Հայաստանը դուրս չմնաց ԵՄ-ի զարգացման ծրագիրներէն օգտուելու կարելիութենէն:

Դիւանագիտական աշխատանքն ու ձեռքբերումները, լուսարձակներէ հեռու և փրոթոքոլային գործընթացներու անհերոսական առօրեայ որպէս, չունին միջ-պետական յարաբերութիւններու տինամիքքին մէջ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւելու կարողութիւնը, ինչպէս պետական առաջին դէմքերու կամ թէկուզ և ԱրտԳործ Նախարարներու հանդիպումներն են, առանց տակաւին նշելու պատերազմներն ու ճգնաժամերը: Բայց դիւանագիտական յաճախ անշնորհակալ աշխատանքն է, որ իր յաջողութիւններով թէ ձախողութիւններով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ որևէ երկրի տեղը, կարևորութիւնն ու զարգացման կարելիութիւնները կը ճշդէ:

Դիւանագիտութիւնը, և դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, թերևս լաւագոյն ոլորտն ու ֆիզիքական վայրերն են ուր պետութեան և իշխանութեան յաճախ հռետորաբանուած տարբերումը տեսանելի կը դարձնեն, և այդ տարբերման գիտակցումի մակարդակով, որ ինքնին հաւաքականութեան մը քաղաքական հասունութեան և թերևս մինչև իսկ զարգացման մակարդակի ցուցանիշ է, վարքագիծ ճշդելու առիթ կը ստեղծեն քաղաքական գործին համար: Կան անշուշտ շատ գործօններ որոնք դերակատար են նման գիտակցումի կազմաւորման: Անոնցմէ մէկը տուեալ երկրի դիւանագիտական մարմնի մասնագիտացման և փորձառութեան մակարդակն է: Միւսը՝ երկիրներու արտաքին քաղաքականութիւններու ռազմավարական ուղղուածութիւնն է որ արտաքին քաղաքականութեան կու տայ առաւել կամ նուազ շարունակականութիւն: Անխուսափելի գործօն է նաև պաշտօնի վրայ գտնուող դիւանագէտին շրջապատին հետ հաղորդակցելու և յարաբերելու ենթակայական ունակութիւնը:

Հայաստանի մէջ Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ, մանաւանդ երբ նոյն տարուայ Դեկտեմբերի արտահերթ ընտրութիւններով իշխանութեան կեդրոնացում, աւելի ճիշդը՝ անձնակեդրոնացում, տեղի ունեցաւ, շատ դժուարացած է իշխանութեան և պետութեան տարբերումը: Ատով հանդերձ, իբրև մեկնակէտ ունենալով պետութեան և իշխանութիւններու տարբերման անհրաժեշտութիւնը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հետամուտ յետ-Քառասունչորսօրեայ պատերազմի այս հանգրուանին, երբ վատագոյնը՝ երկու երկիրներու միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում թրքական պայմաններու առկայութեան կրնայ պատահիլ, ինչպէ՞ս պատկերացնել Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան «յաջորդ օրը» և հայկական դիւանագիտութեան հետ հաղորդակցութեան և համագործակցութեան նուազագոյն հասարակաց յայտարարներու ճշդումը: Նման հարցում կրնայ առաջին հայեացքով թուիլ անհեթեթ միամտութիւն այն պարզ պատճառով, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման որևէ համաձայնագիր, որևէ այսպէս ըսուած Փրոթոքոլներ Բ., որպէս վատագոյն հանգուցալուծում ներկայ բանակցային գործընթացին ինքնաբերաբար կը նշանակէ Հայ Դատի և Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ամբողջական խզում և մինչև իսկ երկու գործընթացներու փոխադարձ խաչաձևում եթէ ոչ բախում: Ոմանց համար Փաշինեանի վերոնշեալ հարցազրոյցը այդ բանակցային գործընթացի անմիջական նախօրեակին արդէն նման պատգամ մը փոխանցած է:

Աւելի՛ն, անգամ մը որ յարաբերութիւններու բնականոնացումը իր հետ բերէ թրքական տնտեսութենէն կախուածութիւն և առաւելի ամրագրէ Հայաստանի մեծ կապիտալին համագործակցութիւնը թրքական կապիտալին հետ, Ցեղասպանութիւնը այլևս հազիւ մնայ արարողական յիշատակումի պատմական պատահար մը: Տակաւի՛ն, դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, Փրոթոքոլներ Բ.-ի նման նոր փաստաթուղթի մը բովանդակութեան ծանօթացումէն անմիջապէս յետոյ, Օրէնսդիր Իշխանութեան ոլորտին մէջ, արտախորհրդարանական բողոքի ճամբով թէ համասփիւռքեան զօրաշարժի կազմակերպումով, ցուցաբերել այն դիմադրականութիւնը, այն «Ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ»ը որ իրենց կարևոր դերը ունեցան Փրոթոքոլներու սառեցման մէջ: Նախ որովհետև Ազգային Ժողովի մէջ կայ Գործադիր Իշխանութեան հլու կամակատար մեծամասնութիւն մը, ապա Հայաստանի ներքին իրավիճակը շատ աւլի դիւրաբեկ է քան ինչ որ էր 2009-2010 թուականներուն, և, վերջապէս, ե՛ւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը, ե՛ւ Հայաստանի ներքաղաքական սուր բևեռացումը կարևոր չափով ջլատած են Սփիւռքի մէջ Փրոթոքոլներու օրերուն նման համատարած զօրաշարժի մը կարողութիւնը:

Այնուամենայնիւ, հակառակ որ պարտեալ իշխանութիւններու իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ կացութեան բարելաւման ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ, հակառակ որ անոնց կողմէ ոչ մէկ ճիգ կայ նախ ներՀայաստանեան ապա նաև Սփիւռքի ուղղութեամբ կացութեան բացատրութեան և փոխադարձ հասկացողութեան նուազագոյն փորձի մը, որ Սարգսեանի կառավարութեան օրով առնուազն կար, հակառակ որ Փրոթոքոլ Բ.-ը կրնայ և վատագոյնը ըլլալ բազմաթիւ իմաստներով, Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ ծնած, կազմաւորուած և զարգացած քաղաքական մտածողութիւնը պէ՛տք է ճիգ ընէ «վատագոյնը» չնոյնացնելու «վերջ»ին հետ, և նախապատրաստուի յաջորդ օրուան:

Նախքան նման հեռանկարի մը հիմնաւորման գործօններու անդրադարձը, կարևոր է նշել, որ Սփիւռքը պէտք է ընդունի որ տէ՛րն է Հայ Դատի պահանջատիրութեան և անոր կորիզին՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում և արդարահատոյց, անոր «լոկոմոտիվ»ն է: Փաշինեանները իրենք են որ պիտի գիտակցին այդ «լոկոմոտիվ»ի կարողականութեան և կարևորութեան անգամ մը որ ընթացք առնէ, ինչպէս 1965 – 1985 թուականներուն երբ հարկ իսկ չէր զգացուած անկախ պետութեան մը ներդրումին Հայ Դատի գործին մէջ: Այսինքն՝ Սփիւռքը Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը առաջ պիտի տանի որպէս միջազգային քաղաքականութեան մէջ ազդեցութիւն ձեռք բերած քաղաքացիական հասարակութեան համաշխարհային ինքնակազմակերպուած և զօրաշարժի ատակ ցանց որուն պէտք ունի Հայաստանի նման փոքր պետութիւն մը Եւ անդրադառնայ թէ որքան հոգեբանական բարդոյթ և կաշկանդում ստեղծած է պետութիւնը ֆեթիշացուցած մտածողութիւն մը, որ անկախութեան յաջորդած տասնամեակներուն հաստատուած է հաւաքական հոգեբանութեան մէջ:

Միայն այդ մեկնակէտով, այսինքն՝ վատագոյնին նախապատրաստուած գիտակցութեամբ, է որ կարելի է մտածել յաջորդ օրուան մասին, և տեսնել գործունէութեան այն դաշտը ուր կրնայ և կարելիութիւն ըլլալ հայկական դիւանագիտութեան հետ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման և արդարահատոյցի հասարակաց յայտարարներու սահմանումը: Այդ հասարակաց յայտարարներու կարելիութեան մասին կան հետևեալ հիմնաւորումները:

Հայ Դատն ու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը իրարմէ արմատականօրէն անջատելու փորձը կատարեց Լևոն Տէր Պետրոսեանը, և ձախողեցաւ: Այդ փորձին ակադեմական տեսաբանումը իր խորհրդականին Ժիրայր Լիպարիտեանին հասկացողութեամբ «պետական մտածողութիւնը» և Հայ Դատը իրարմէ ոչ միայն անջատ են, այլ իրարու հակասող: Նման մտածողութիւն առիթ չէր ստեղծեր միջին եզրեր գտնելու քանի որ տրամաբանութիւնը կտրուկ կը սահմանէր՝ կամ «Հայ Դատականութիւն», կա՛մ «պետական մտածողութիւն»: Մինչդեռ ռազմավարական մտածողութեան հիմնական մարտահրաւէրը երկու ենթադրաբար իրարմէ տարբեր աշխարհահայեացքներու մօտեցման և համարկման փորձին մէջ կը կայանար:

Նման ռազմավարական մտածողութեան առաջացման փորձ, որ պէտք չէ նոյնացնել դերերու բաժանման պարզացման հետ, տեղի չունեցաւ նոյնիսկ 1998-էն յետոյ երբ Ցեղասպանութիւնը մուտք գործեց արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ: Այսինքն՝ չստեղծուեցաւ հայեցակարգ մը, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման և արդարահատոյցի հիմնախնդրին տեղն ու դերը որոշէր Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ: Աւելի՛ն, Լևոն Տէր Պետրոսեանի ձգած ժառանգը՝ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ մնաց իր բնագրին մէջ առանց երբեք ենթարկուելու քննադատական վերլուծումի, որ, յստակացնենք, չի՛ նշանակեր յարաբերութիւններու պայմանաւորում:

Ինչ որ մինչև 2010 փորձարկուեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման կարևորութիւնը հրապարակային ելոյթներու մէջ տեղադրելու և միևնոյն ժամանակ Թուրքիոյ հետ առանց նախաւայմաններու յարաբերութիւններու հաստատելու ճիգ մը եղաւ առանց որևէ առաջընթացի: Արդար ըլլալու համար պիտի ըսել որ հակառակ այդ թուականներուն Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքներու արձանագրած յաջողութիւններուն, Սփիւռքի մէջ ալ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութեան ընդմէջէն մտածելու լուրջ ճիգ տեղի չունեցաւ:

Սփիւռքի մէջ Փրոթոքոլներու առաջացուցած ընդվզումը, որ հետագային հասաւ նաև Հայաստան, ունեցաւ ճգնաժամային բնոյթ: Այսինքն՝ ոչ միայն ընկալուեցաւ որպէս տագնապ, այլ՝ առիթ նորացման, որ, իրօք, 2010 – 2015 տարիներուն ծնունդ տուին թերևս իր տեսակին մէջ աննախընթաց Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան նպատակաուղղուած Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի ոգեկոչման: Այդ համագործակցութեան խթանման մէջ, յանուն արդարութեան մի՛շտ պիտի շնորհակալաբար յիշել, իր կարևոր ներդրումը ունեցաւ Սփիւռքի Նախարարութիւնը, որ ներկայ իշխանութիւնները այնքան անլուրջ կերպով և գրիչի մէկ հարուածով լուծեցին: Հարիւրերորդ Տարելիցի համահայկական հռչակագիրը լաւագոյն օրինակն է Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան այդ հնգամեակին, որ, դժբախտաբար, տեղքայլի մէջ մտաւ յաջորդ երեք տարիներուն, և Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ մոռացութեան մատնուեցաւ: Այդ հնգամեակին էր նաև որ արդարահատոյցը գործնական օրակարգի վերածելու առաջին ծրագիրները դրուեցան Սփիւռքի մէջ, ստեղծեցին խանդավառութիւն, և… մնացին որպէս փաստաթուղթ: Փրոթոքոլներու սառեցման այդ հանգրուանին էր նաև որ հայկական դիւանագիտութիւնը աշխուժացաւ միջազգային կազմակերպութիւններու ոլորտին մէջ, ուր հանդէս եկաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման տարբեր նախաձեռնութիւններով:

Դիւանագիտական այդ նախաձեռնութիւններու առկայութեան շարունակութեան փաստ է անցեալ Մարտ 31-ին ՄԻԽ-ի մէջ Հայաստանի բանաձևի ընդունումը: Իրողութիւնը կարելի է դիտարկել որպէս «աւանդաբար» կատարուած նախաձեռնութիւն, այսինքն՝ ընթացիկ դիւանագիտական գործընթաց որ զուտ փրոթոքոլային է և կը մնայ որպէս այդպիսին: Եւ կամ ալ՝ ուշադիր ըլլալ բանաձևի առաջարկին՝ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման համաձայնութեան 75-ամեակի առիթով կազմակերպել համաժողով, և այդ նախանձախնդրութեան մէջ տեսնել Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան հետամուտ կազմակերպութիւններու և հայկական դիւանագիտութեան համագործակցութեան հեռանկար մը:

Այդ հեռանկարը նաև կրնայ Սփիւռքի Հայ Դատի պահանջատիրութեան հետամուտ կազմակերպութիւններուն առջև բանալ միջազգային կազմակերպութիւններու, ի մասնաւորի ՄԱԿ-ին բայց ոչ միայն, աշխատանքային լայն դաշտը ուրկէ յարաբերաբար բացակայ եղած են ընդհանրապէս: Օրինակի համար, ՄԻԽ-ի նստաշրջանին կրնան որպէս դիտորդ մասնակցիլ մարդկային իրաւանց պաշտպան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնց համար յարաբերական աշխատանքի լայն դաշտ կը բացուի Ժընևի թէ Ուաշինկթընի մէջ: Միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ աշխատանքային ոլորտը տարբեր է ազգային ոլորտներէն, ի մասնաւորի Օրէնսդիր Իշխանութիւններ, ուր, ընդհանրապէս, գործած են Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ զբաղուող սփիւռքեան կազմակերպութիւններ: ՄԻԽ-ի Մարտ 31-ի նստաշրջանին ներկայ չէ եղած Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներով զբաղուող ոչ մէկ կազմակերպութիւն: Միջազգային կազմակերպութիւններու ոլորտին մէջ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու բացակայութիւնը աչքառու է մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք որ թրքական ժխտողականութեան առաջին ձախողութիւնը, հետևաբար՝ Հայ Դատի առաջին յաջողութիւնը, իրականացաւ ՄԱԿ-ի մէջ: Խօսքը կը վերաբերի Պենճամին Ուիթեքէրի տեղեկագրին որուն համար մեծ աշխատանք տարուեցաւ բախտորոշ 1985-ին նախորդող քանի մը տարիներուն: Այն ժամանակ հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն չկար: Անտեղի չէ նաև յիշեցնել, որ Ուիթեքէրի տեղեկագրին դէմ քուէարկողներէն մէկը եղած էր նախկին Խորհրդային Միութեան ներկայացուցիչը, որ, ենթադրաբար, կը ներկայացնէր նաև Խորհրդային Հայաստանի շահերը:

Համոզի՞չ է մէկ օրինակի հիման վրայ ենթադրել որ թէկուզ և հայ-թրքական յարաբերութիւններու առաջընթացի պայմաններուն մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան կազմակերպութիւնները կրնան համագործակցիլ հայկական դիւանագիտութեան հետ: Թերևս ոչ: Ի մասնաւորի եթէ չբացառենք որ հայ դիւանագիտութիւնը կրնայ և ձեռք քաշել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման այս նախաձեռնութիւններէն եթէ Երևանը այդպէս ուզէ: Բայց կրնայ ըլլալ նաև, որ հայկական դիւանագիտութեան մէջ «աւանդաբար» հաստատուած այս նախաձեռնութիւնները արդէն յուշեն Ցեղասպանութեան հարցով առկայ «կարմիր գիծեր»ու մասին, որուն համոզուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Հիմնարկ-Թանգարանի տնօրէն տոքթոր Յարութիւն Մարութեան, ինչպէս ան արտայայտուեցաւ Ազդակ օրաթերթի 5 Ապրիլի առցանց լսարանի իր ելոյթին: Աւելի՛ն, ըստ իր ընդարձակ ուսումնասիրութեան, որուն վրայ հիմնուած էր իր ելոյթը[2], կայ տակաւին աշխատանքային հսկայ դաշտ մը ե՛ւ պետական, ե՛ւ ոչ-պետական կազմակերպութիւններուն համար Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը փոխադրելու 21-րդ դար:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւնները, որոնց նախաձեռնած է պատերազմին պարտուած և արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր աղիտալի հետևանքներով լի ապիկարութեան փաստը տուած իշխանութիւն մը, այսօր աւելի կարելիութիւն ունին յանգելու համաձայնագրի մը, որ կրնայ մեծ հարուած հասցնել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման «լոկոմոտիվ» Սփիւռքին: Այդ մէկը կրնայ բանալ երկու Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև յարաբերութեանց հանգրուան մը երբ այդ յարաբերութիւններէն շահոյթներ ակնկալող հայկական մեծ կապիտալի ձեռնարկատէր հատուածներ Հայաստանի մէջ լոպպիինկ-ի սկսին Ցեղասպանութեան տեղը հաւաքական յիշողութեան մէջ սահմանափակելու համար լոկ արարողական ընթացակարգով:

Վատագոյն հեռանկարի գիտակցումի իրապաշտութիւնը սակայն պատճառ չէ անտեսելու որ այդուհանդերձ կան Հայ Դատի պահանջատիրութեան շարունակման մասին յոյս ունենալու գործօններ: Մտածել վատագոյնի յաջորդ օրուան մասին հերիֆութիւն չէ: Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան յանձնառութեան հաստատակամութեամբ Պլան Բ. մը ունենալու մարտահրաւէր է:

[1] Այս մասին տեսնել Հորիզոնի 24 Ապրիլ 2021-ի բացառիկին յօդուածս՝ «Հայ Դատը պատերազմէն ետք. պահանջատիրութեան մայրամո՞ւտ, թէ վերադարձ դէպի սփիւռքեան ակունքներ»

[2] Յարութիւն Մարութեան, ««ՅԻՇՈՒՄ ԵՄ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ» ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ ԵՎ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒէՐՆԵՐԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՄ», Ցեղասպանագիտական Հանդէս, 9 (2), 2021, էջ 9 – 54:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.