Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան այցելեց Վանգուվըր

այաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, Մեծ Պահոց 34-րդ օրը յիշատակն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքին։ Աշխարհացրիւ հայոց զաւակները ամէնուրեք յարգանքով կը յիշեն հայոց ազգի պաշտպան եւ Լուսաւորիչ մեծ Սուրբին տօնը, իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անունով կնքուած եկեղեցիներ մեծ տօնակատարութիւն կը կազմակերպեն, մատաղ կօրհնեն եւ եկեղեցւոյ նաւակատիքը կը տօնախմբեն:

Այս առթիւ, Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկ Ծովիկ Թերզեանի մեկնեցաւ Վանգուվըր՝ եռօրեայ այցելութեան մը համար:

Ուրբաթ, 5 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Խաղաղական եւ Հանգստեան Ժամերգութիւններուն։ Հսկումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն։ Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Տիկին Թերզեան հանդիպում մը ունեցան Եկեղեցւոյ Հովիւին, Հոգաբարձութեան անդամներուն եւ Երեսփոխաններուն հետ։

Յաջորդ օրը, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շըխըրտմեանին ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետին, այցելեց ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ «Արազ» Վարժարան, ուր հանդիպեցաւ ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ։ 

Իսկ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019-ին, Առաջնորդ Սրբազանը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ:

Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու հաւատացեալները եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, եւ ապա, վեր առաւ հոգիներու Լուսաւորիչ Հայրապետին սրբակենցաղ ու մաքրամաքուր կեանքը, Քրիստոսի եւ Աւետարանին Լոյսը Հայաստան աշխարհի եւ հայ ժողովուրդին տարածելու անյողդողդ հաւատքի քաջութիւնը, հրաւիրելով ներկաները ընդօրինակելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քրիստոսանուէր կեանքի օրինակը, քալելու անոր բացած հաւատքի, յոյսի եւ զոհաբերուող սիրոյ ուղիէն եւ Քրիստոսի մեծ Սուրբին ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադիրին հաւատքովը եւ յոյսովը գօտեպնդուած՝ դիմաւորելու Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, ուխտի այս օրէն իսկ սկսեալ ապրիլ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը:

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչ առաքեալներու՝ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարթողիմէոսի սրբապատկերները, զորս եկեղեցւոյ նուիրեցին Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Աստղիկ Անտոնեան ամոլը։

Ս. Պատարագէն ետք, Եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութիւնը ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Ընդունելութեան աւարտին, Ազգային Վարչութեան ատենապետուհին ներկայացուց Ազգային Վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը՝ ցոյց տալով տեսերիզ մը, որ կ՚ամփոփէր այդ աշխատանքները։

Հանդիպումը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքով, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած ձեռնարկը գնահատեց, շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ Հովիւին, հոգաբարձութեան եւ երեսփոխաններուն՝ իրենց հոգեւոր, կրօնական առաքելութեան եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն համար։ 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.