Սկիզբ առաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի 9-րդ ճամբարը

Այսօր, Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Վանաձորի «Շարլ Ազնաւուր» մշակութային կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Վանաձորի 9-րդ ճամբարը, Վանաձորէն եւ շրջակայքէն մօտ 200 պատանիներու եւ Գանատայէն ու Հայաստանէն 22 վարիչներու մասնակցութեամբ:

Առաւօտեան ժամը 10-ին կեդրոնին դռները բացուեցան, եւ տեղի ունեցան երեխաներուն ու պատանիներուն արձանագրութիւնները, ապա ՀՅԴ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Ալեք Օհանեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ ծնողներուն ու պատանիներուն տուաւ հակիրճ բացատրութիւն մը ճամբարի ծրագրին մասին:

Պատանիները բաժնուեցան խումբերու՝ ըստ տարիքի եւ ուղղուեցան դաշտ՝ մարզանքի: Ճաշի դադարէն ետք, ճամբարայիններուն բաժնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ պատրաստուած ճամբարի յատուկ գրքոյկ, որուն մէջէն պատանիները սորվեցան «Մշակ, բանուոր» քայլերգը, եւ իրենց փոխանցուեցաւ ՀՅԴ-ի մասին ամփոփ ընդհանուր տեղեկութիւններ:

Ճամբարի առաջին օրուան յայտագիրը փակուեցաւ «Մշակ, բանուոր»ով եւ «Մեր հայրենիք» օրհներգով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.