Սեւրի Դաշնագիրը Հայոց Ազգային Ուխտին Պատուանդանն Է

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Երկու հազար չորս հարիւր տարի առաջ հին յոյն ողբերգակ Սոֆոկլէս գրած է. «Ոչ մէկ դաշնագիր կրնայ արգելք ըլլալ խաբեբային»։ Մինչ օրս դիւանագէտներ եւ քաղաքական առաջնորդներ իրենց խօսքով եւ արարքով կը շարունակեն ձայնակցիլ յոյն մեծ իմաստասէրին՝ հաստատելու, թէ դաշնագրերը կը ստորագրուին չյարգուելու համար։

Դաշնակից ուժերու եւ Թուրքիոյ միջեւ հարիւր տարի առաջ՝ 1920 օգոստոս 10ին, Ֆրանսայի Սեւր քաղաքի մէջ կնքուած «խաղաղութեան» դաշնագիրը հարազատութեամբ հետեւեցաւ սոֆոկլեսեան սկզբունքի վախճանական խաղին։ Սեւրի դաշնագրի պարագային ճակատագիրը ի սկզբանէ յստակ պէտք է ըլլար, երբ ի մի հաւաքուած ստորագիր երկիրները, ի բացառեալ Հայաստանէն, դարերով ապացուցած էին իրենց՝ խաբեբայի սեփական յատկութիւնները։

Երբ 1918ին վերջ գտաւ Առաջին աշխարհամարտը, կայացաւ պատերազմը եզրափակող Փարիզի խաղաղութեան ժողովը, որ բացուեցաւ 1919 յունուար 18ին։ Խորհրդաժողովը յանգեցաւ խաղաղութեան պայմանագրերու շարքի մը՝ մէկ կողմէ հաւաքաբար յաղթական դաշնակից ուժերու եւ միւս կողմէ անհատաբար պարտեալ կեդրոնական ուժերուն մաս կազմող երկիրներուն միջեւ, ինչպէս՝ Վերսայի դաշնագիրը (յունիս 8, 1919) Գերմանիոյ հետ, Սէն Ժերմէնի դաշնագիրը (սեպտեմբեր 10, 1919) Աւստրիոյ հետ, Նէուիի դաշնագիրը (նոյեմբեր 27, 1919) Պուլկարիոյ հետ, Թրիանոնի դաշնագիրը (յունիս 4, 1920) Հունգարիոյ հետ եւ Սեւրի դաշնագիրը (օգոստոս 10, 1920) Օսմանեան կայսրութեան հետ։
Սեւրի դաշնագիրը, ըստ էութեան, Օսմանեան կայսրութեան տարածքներու անդամահատման պայմանագիր էր։ Այն վճռեց հողատարածքային ճակատագիրը, արաբական եւ միջերկրականեան կարգ մը շրջաններու կողքին՝ նաեւ Հայաստանի հողատարածքային ճակատագիրը։

ԱՍեւրը շրջանցելու սադրանքները

Գործնապէս կարճատեւ եղաւ Սեւրի դաշնագրի կեանքը։ Դաշնագրի պայմաններուն մելանը տակաւին չէր չորցած, երբ ստորագիր պետութիւնները լծուեցան անոնց գործնականացման ձախողութեան արշաւին։ Յատկապէս դաշնակից ուժերու ղեկավար երկիրներից՝ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ յաւելեալ հողային ու տնտեսական շահաբաժիններ կորզելու նպատակով սկսաւ կողմնակի համաձայնութիւններ կնքել Թուրքիոյ հետ։ Առ ի հետեւանք դիւանագիտական այս թաքուն խաղերուն, որոնք մէկ տարուան ընթացքին սկսան երեւան գալ, Սեւրի ստորագիր պետութիւնները հերթաբար ու հաւաքաբար փախուստ տուին Սեւրի դաշնագրի վաւերացումը պայմանաւորող միջազգային օրէնքի իրենց պարտաւորութիւններէն։Այսուհանդերձ, Սեւրի դաշնագիրը նոյնիսկ իր անվաւեր կարգավիճակով իր ետին թողուց հողատարածքային ու ազգային իրաւունքներու հարցեր, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի գային՝ հալածելու դաշնագրի խաբեբայութեան աջակցող երկիրները քաղաքական, դիւանագիտական եւ պատերազմական մակարդակներու վրայ։

Սեւրի դաշնագրի մտահոգութեան առանցքը կը կազմէր Եւրոպան դարերով յուզող Արեւելեան հարցը լուծելու իր ձգտումը։ Իրենց յետագայ քայլերով դաշնակից ուժերը, Սեւրի տրամադրութեանց կիրարկումը խափանելով, պարտութեան մատնեցին Արեւելեան հարցի լուծումը կարգաւորող իրենց իսկ ստորագրած պայմանագիրը։

Ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ վեց տասնամեակ է ի վեր անլոյծ մնացած Սեւրի առաջադրանքները կը հալածեն թէ՛ Եւրոպան ու Միացեալ Նահանգները եւ թէ՛ նոյն ինքը Թուրքիան։ Միջին Արեւելքի տարածքային անկայունութեան ու պատերազմական իրավիճակներու յամեցումը պէտք է գլխաւորաբար որոնել Սեւրի դաշնագրի դիտաւորեալ ձախողութեան մէջ։ Այնքան ատեն, երբ շահակցական տրամադրութիւններով անլոյծ կը պահուին միջինարեւելեան ժողովուրդներու իրաւունքները, Սեւրի ուրուականը պիտի շարունակէ հալածել դաշնագիրը տապալող պետութիւնները։

Հայաստանի եւ հայութեան պարագային Սեւրի ցարդ չգործադրուող տրամադրութիւնները նոյն տարողութեամբ կը սաստկացնեն թափը այդ ուրուականին, որ վերջին յիսուն տարիներուն, շնորհիւ հայկական պահանջատիրութեան դիւանագիտական, քաղաքական, քարոզչական թէ այլ նախաձեռնութիւններուն, վերածուած է արեւմտեան եւ թրքական իշխանութիւններու մղձաւանջին։ Հայ դատը ձախողութեան մատնելու, հայկական պահանջատիրութիւնը կասեցնելու, Հայկական սփիւռքը պառակտելու եւ Հայաստանը տկարացնելու ու ապակայունացնելու բոլոր ճիգերուն արմատները պէտք է որոնել Սեւրի պատճառած արեւմտեան եւ թրքական մղձաւանջին մէջ։

Բ. Հայութեան իրաւունքներուն բանաձեւումը

Մղձաւանջէն անդին, մեր պարագային Սեւրը սոսկ չգործադրուած դաշնագիր մը չէ։ Սեւրը Հայաստանի եւ հայութեան ազգային ու հողային տենչերը սահմանող այն միջազգային պարտամուրհակն է, որմէ զրկուած էինք աւելի քան եօթը դար, երբ մեր քաղաքական անօթը փշրուեցաւ, եւ մեր ժողովուրդը դատապարտուեցաւ անղեկ կացութեան ու ազգային հաւաքական գոյութենէ անջատուած վիճակի։ 16րդ դարու կէսերէն սկսեալ՝ փորձ կատարուեցաւ վերականգնելու մեր ժողովուրդի ազգային ու հողային իրաւունքները։ Սկզբնական շրջաններուն այդ իրաւունքներու ձեւաւորումն ու սահմանումը տարտամ էին։ Բայց յստակ էր մէկ իրողութիւն՝ Հայկական բարձրաւանդակը կորիզն էր հայութեան ազգային ու հողային իրաւունքներուն։ Այս իրողութիւնը հիմնաքարը կազմեց Հայկական հարցին։

Երկու դարերու վրայ երկարող դիւանագիտական միջոցառումներու ճամբով, քարոզչական աշխատանքով, ազգային-ազատագրական պայքարի մաքառումներով, ցեղասպանութեան հետեւանքով իր համրանքին աւելի քան կէսը կորսնցնելով՝ հայութիւնը կարողացաւ ճիշդ, արդար ու վերջնական սահմանումը տալ իր ազգային եւ հողային իրաւունքներուն՝ իր ազատ ու անկախ պետութեան վճիռով։ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով վերականգնեցաւ հայութեան քաղաքական անօթը։ Անոր վիճակուեցաւ բանաձեւել ու վճռել հայութեան եւ Հայաստանի իրաւունքները։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի առաջնորդութեամբ եւ Հայաստանի խորհրդարանի վաւերացումով, որոշեց վերականգնել հայրենիքի ամբողջութիւնը։

Հայաստանի խորհրդարանի դահլիճին մէջ, օտար դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ 1919 մայիս 28ին յայտարարուեցաւ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ակտը։

Ակտը հաստատեց. «Հայաստանի ամբողջութիւնը վերականգնելու եւ ժողովրդի լիակատար ազատութիւնն ու բարգաւաճումն ապահովելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը, համաձայն բովանդակ հայ ժողովրդի միահամուռ կամքի ու ցանկութեան, յայտարարում է, որ այսօրուանից Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած են իբր անկախ պետական միութիւն»։ Միացեալ Հայաստանի «բաժան-բաժան մասերը» կը կազմէին Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի ներկայ հողատարածքները։

Սեւրի դաշնագիրը հաստատեց Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծումի ակտը, իսկ Միացեալ Հայաստանի սահմաններուն վերջնական վճռահատումը վստահուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, որ իր իրաւարարական վճիռը կայացուց 1920 նոյեմբեր 22ին։

Այս առումներով Սեւրի դաշնագիրը հայութեան իրաւական, քաղաքական եւ ազգային պարտամուրհակն է։ Այդ պարտամուրհակին տէրը իրաւազուրկ հայութիւնն է եւ իրաւազրկումի արդիւնք ներկայ Հայաստանը։

Սեւրի դաշնագրի խորագիրն է «Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան դաշնագիր»։ Ան կը բաղկանայ նախաբանէ մը եւ 13 գլխաւոր մասերէ։ Ուղղակիօրէն հայութեան եւ Հայաստանին կը վերաբերին դաշնագրի երրորդ մասի վեցերորդ բաժինի թիւ 88-93 յօդուածները։ Հայութեան հետ առնչութիւն ունին որոշ այլ յօդուածներ եւս, ինչպէս՝ յօդուած 125 (քաղաքացիութեան մասին), յօդուածներ 142 եւ 144 (փոքրամասնութիւններու մասին), յօդուած 230 (մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար ատեաններ հաստատելու մասին), յօդուած 288 (կալուածներու եւ իրաւունքներու մասին)։

Դաշնագրի 88րդ յօդուածով Թուրքիա պաշտօնապէս ընդունեց եւ ճանչցաւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն։

Դաշնագրի 89րդ յօդուածով Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ պայմանագրին բարձր կողմերը համաձայնեցան նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանի որոշումը, Հայաստանի՝ դէպի ծով ելքի կարգաւորումը եւ ճշդուած սահմանին յարող օսմանեան բոլոր տարածքներուն մէջ ապառազմականացման հարցը։ 89րդ յօդուածը իրաւականացումն էր Միացեալ Հայաստանի ակտին։ Այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ դաշնակից ուժերը Սան Ռեմոյի մէջ 1920 ապրիլ 24ին՝ նախքան Սեւրի դաշնագիրը, քննած ու որոշում կայացուցած էին Միացեալ Հայաստանի մասին։ 89րդ յօդուածը Միացեալ Հայաստանի ակտին եւ Սան Ռեմոյի որոշումին դաշնագրային բանաձեւումն էր։

ԳՍեւրը փոխարինելու փորձերը

Ինչպէս նշուեցաւ, իբրեւ դաշնագիր` Սեւրը մնաց անվաւեր։ Հակառակ միջազգային օրէնքի իրենց պարտաւորութեանց` Սեւրի ստորագիր պետութիւնները դաշնագրի վաւերացումը չհետապնդեցին իրենց օրէնսդիր իշխանութիւններուն մօտ։ Քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական յաւելեալ շահեր կորզելու իրենց ագահութեամբ դաշնակից ուժերը նախաձեռնեցին կողմնակի համաձայնութիւններու, որոնք պատճառ դարձան Սեւրի դաշնագրի գործադրման տապալումին։

Այսուհանդերձ, ստորագիր պետութիւնները, ներառեալ Թուրքիան, չմերժեցին եւ չէին կրնար մերժել Սեւրի դաշնագիրը՝ ո՛չ ըստ ձեւի, ո՛չ ըստ էութեան։ Հետեւաբար անոնք ձախաւեր փորձեր կատարեցին զայն փոխարինելու։ Բայց բոլոր փորձերը մնացին ապարդիւն՝ չկարենալով իրաւականօրէն փոխարինել Սեւրը։

1920 դեկտեմբեր 2էն սկսեալ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագիծը իրողական (de facto) հանգամանք ունի, բայց ոչ իրաւական (de jure)։ Բուն իրաւական հանգամանքով սահմանագիծը հաստատուեցաւ Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեամբ եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով։ Թուրքիա փորձեց եւ կը շարունակէ փորձել Սեւրը փոխարինել այլ համաձայնագրերով, որպէսզի իրաւականացուի ներկայ սահմանագիծը, եւ վերջ դրուի ամբողջական Հայաստանի սահմանագծումին։

ա. Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը: Սեւրը փոխարինելու եւ վերջնականապէս թաղելու թրքական առաջին փորձը 1920 դեկտեմբեր 2ի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրն էր։ Թրքական մուրճի եւ պոլշեւիկեան սալի միջեւ բռնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստիպողաբար կ’ենթարկուէր թրքական պարտադրանքներուն։ Այս դաշնագրով Հայաստան կը հրաժարէր Սեւրի դաշնագրէն։ Բայց այս դաշնագիրը զուրկ էր որեւէ իրաւականութենէ։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը նախկին վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի գլխաւորութեամբ դիտմամբ երկարաձգեց բանակցութիւնները մինչեւ դեկտեմբեր 3ի լուսցող ժամերը։ Երբ ստորագրուեցաւ դաշնագիրը, արդէն իսկ օր մը առաջ`դեկտեմբեր 2ի կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Հայաստանի պետական լիազօրութիւնները ստանձնած էր պոլշեւիկեան Յեղկոմը։ Իրենց կարգին Քեմալ Աթաթուրքի ներկայացուցիչները իրաւասու չէին Օսմանեան պետութեան անունով դաշնագիր ստորագրելու։

բ. Մոսկուայի համաձայնագիրը: Սեւրը փոխարինելու թրքական երկրորդ փորձը 1921 մարտ 16ի Մոսկուայի համաձայնագիրն էր՝ կնքուած Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին միջեւ: Համաձայնագիրը, ի միջի այլոց, կը տրամադրէր նաեւ առկայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագծի վերջնականացման։ Սակայն սոյն համաձայնագիրը իր կարգին անվաւեր էր, որովհետեւ միջազգային օրէնքի հասկացողութեամբ իբրեւ պետութիւն գոյութիւն չունէին ստորագիր երկու կողմերը: Միաժամանակ, համաձայնագրի` Հայաստանին վերաբերող տրամադրութիւնները ի զօրու չէին Հայաստանի համար, որովհետեւ Հայաստան ո՛չ մասնակից կողմ էր եւ ո՛չ ալ գոյութիւն ունէր իբրեւ պետութիւն:

գ. Կարսի դաշնագիրը: Թրքական կողմը շարունակեց Սեւրի դաշնագրի եւ ուիլսոնեան վճիռի շրջանցման ու Հայաստանի հետ սահմանագծի վերջնականացման նոր սադրանքները։ 1921 հոկտեմբեր 13ին Կարսի մէջ Խորհրդային Հայաստանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչները ստորագրեցին դաշնագիր մը՝ հաստատելու համար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանագիծը։ Կարսի դաշնագիրը նախորդող երկու դաշնագրերու հետեւողութեամբ զուրկ էր իրաւական հիմունքներէ եւ վաւերականութենէ, որովհետեւ Խորհրդային Հայաստանի կողմէ ստորագիր իշխանութիւնը Մոսկուան էր, իսկ թրքական կողմէն Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչը չէր լիազօրուած պաշտօնական օսմանեան կառավարութեան կողմէ։

դ. Լօզանի դաշնագիրը: 1923 յուլիս 24ին Թուրքիոյ եւ դաշնակից ուժերու միջեւ կնքուած Լօզանի դաշնագիրը յատուկ պարագայ մըն է միջազգային օրէնքի դիտանկիւնէն։ Այս օրինական դաշնագիրը, ըստ ձեւի, ըստ էութեան եւ ըստ ամենայնի, առանձին համաձայնագիր մըն է։ Բայց Թուրքիան, արեւմտեան պետութիւնները եւ մինչեւ իսկ պատմաբանները զայն կը ներկայացնեն որպէս Սեւրի դաշնագիրը փոխարինող նոր համաձայնագիր մը։ Սակայն, միջազգային օրէնքի հիմամբ, Լօզանը չփոխարինեց եւ չէր կրնար փոխարինել Սեւրը։ Այս երկու դաշնագրերը առաջին հերթին իրարու հետ չեն առնչուիր, որովհետեւ կ’ընդգրկեն իրարմէ տարբեր նիւթեր։ Երկրորդ` անոնց ստորագիր պետութիւնները նոյնը չեն եւ նոյն նպատակները չունին։ Իրականութեան մէջ Լօզանի դաշնագիրը հաստատումն է Սեւրի դաշնագրով ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա այն սահմանագիծին, որ ցարդ կը մնայ գործադրելի։ Շատ յատկանշական է Լօզանի դաշնագրի 16րդ յօդուածը, որ բառացիօրէն կը տրամադրէ, թէ Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագրի քննարկման: Յստակօրէն, Սեւրի դաշնագրով Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռին հիմամբ ճշդուած Հայաստանի հողատարածքի սահմանները մաս չէին կազմեր Լօզանի քննարկումներուն։

ԴՍեւրի դաշնագրի օրինականութիւնը

Պետութիւններու միջեւ դաշնագրի մը վաւերացումը միջազգային օրէնքով պահանջուած պարտաւորութիւն է։
Գոյութիւն ունին միջազգային օրէնքի եւ միջպետական յարաբերութիւններու վերաբերող համընդհանուր ընդունուած սկզբունքներ, որոնք ի զօրու են նաեւ ստորագրուած դաշնագրի մը վաւերացման պարագային։

Առաջին` դաշնագրի ստորագիր պետութիւն մը բարոյապէս պարտաւորուած է չմերժելու իր ստորագրած դաշնագրին վաւերացումը։ Երկրորդ` նման մերժում կրնայ իրաւական հետեւանքներ ունենալ, երբ դաշնագրի չվաւերացումով կողմերէն մին վնաս կը կրէ։ Երրորդ` ստորագիր պետութիւնները պէտք է ցուցաբերեն բարի կամեցողութիւն (good faith) եւ, ըստ այնմ, դաշնագիրը ներկայացնեն վաւերացման ու զերծ մնան դաշնագիրը տապալելու արարքներէ։

Բնականաբար, դաշնագրի մը վաւերացումը կամ վաւերացումի մերժումը որեւէ պետութեան օրէնսդիր իշխանութեան իրաւունքն է։ Սեւրի պարագային ստորագիր պետութիւնները դաշնագիրը չներկայացուցին իրենց օրէնսդիր իշխանութիւններուն։ Անոնք մեղանչեցին վերոնշեալ միջազգային սկզբունքներուն դէմ՝ Սեւրի տրամադրութեանց հակոտնեայ քայլերու դիմելով։

Իրենց արարքներով Սեւրի ստորագիր պետութիւնները հիմնովին խախտեցին (material breach) Սեւրի դաշնագիրը՝ դիտաւորեալ կերպով զայն վաւերացումի չներկայացնելով։ Դաշնագիրը ինքնին օրինական էր` միջազգային օրէնքի կանոններուն համաձայն։ Ստորագիր պետութիւնները չվաւերացուցին եւ չգործադրեցին դաշնագիրը, բայց անոնց այս արարքը իր միջազգային օրինականութենէն չզրկեց Սեւրի դաշնագիրը, որովհետեւ ցարդ ոչ մէկ միջազգային համաձայնագիր փոխարինած է Սեւրի դաշնագիրը։

Հետեւաբար այսօր Սեւրը կը գոյատեւէ իբրեւ միջազգային իրաւական փաստագիր։ Առ այդ, Սեւրի միջազգային օրինականութեան պահպանումը իրաւական ուժ կու տայ հոն արձանագրուած եւ ստորագրուած յօդուածներուն ու տրամադրութիւններուն։ Անոր յօդուածները եւ տրամադրութիւնները ոչ միայն իրաւական նախընթացի ուժ ունին, այլեւ կիրարկելի իրաւական պայմաններ են։

Օրինակ` արդէն Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին`1945 օգոստոս 8ին, դաշնակիցները կնքեցին Լոնտոնի համաձայնագիրը (1945, London Agreement), ուր որդեգրեցին պատերազմական ոճիրներու համար Միջազգային զինուորական ատեաններու ուխտը (Charter of International Military Tribunal)։ Այս ուխտին թիւ 6-գ յօդուածը կը վերաբերի ցեղասպանութեան ոճիրի դատավարութեան։ Դատական այս գործընթացը միջազգային օրէնքով հիմնաւորելու համար անոնք դիմեցին անվաւեր մնացած Սեւրի դաշնագրի թիւ 230 յօդուածին, որ կը նախատեսէր զինուորական ատեաններու ստեղծումը՝ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն համար։ Այսպէս, Սեւրի դաշնագրի յօդուածներէն մէկը` թիւ 230ը, նախընթաց ծառայեց Լոնտոնի համաձայնագրի ստորագիր պետութեանց։ Այլ խօսքով, պահելով իր օրինականութիւնը, չվաւերացուած Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւնները իրաւական ուժի մէջ էին դաշնակիցներուն համար։

Իբրեւ օրինականութիւնը պահող դաշնագրի` Սեւրի տրամադրութիւնները, ներառեալ Հայաստանի ու հայութեան վերաբերող բաժինները, կը շարունակեն պահել իրենց իրաւական ուժը։ Հարցը անոնց գործադրումն է, ինչպէս անոր յօդուածներէն մին գործադրուեցաւ Լոնտոնի համաձայնագիրին ճամբով։

ԵՀայոց ազգային ուխտի պատուանդանը

Որքան ալ ճշմարտութիւն ըլլայ Սեւրի անվաւեր մնալու հանգամանքը, իբրեւ միջազգային իրաւական փաստագիր՝ ան կը շարունակէ պահել իր միջազգային օրէնքի իրաւական, բարոյական եւ քաղաքական հեղինակութիւնը։ Իբրեւ փաստագրի`անոր տրամադրութիւնները ի զօրու են եւ ըստ ամենայնի՝ գործադրելի։ Շնորհիւ անկախաբար գոյութիւն ունեցող եւ տակաւին ի զօրու նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին` ամբողջական Հայաստանով սահմանուած հայութեան իրաւունքները կը մնան ի զօրու եւ գործադրելի։ Մնացածը Հայաստանի եւ հայութեան կողմէ զանոնք իրականացնելու գիտակցութեան, դիւանագիտական հետեւողական աշխատանքի եւ քաղաքական կամքի հարց է։

Մեր պարտաւորութիւնն է հետեւողական ըլլալ եւ հաւատարիմ մնալ այդ աշխատանքին ու կամքին, որովհետեւ ինչպէս Սեւրի դաշնագրէն առաջ, այնպէս եւ ատկէ ետք Հայ դատը կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւելիութեան գլխաւորագոյն օրակարգը։ Բոլոր ժամանակներէ աւելի այս օրակարգին համար պէտք է ձեւաւորուի Հայոց ազգային ուխտը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ասկէ հարիւր մէկ տարի առաջ բանաձեւեց եւ ձեւաւորեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ակտով։

Սփիւռքի հայութիւնը իր բոլոր քաղաքական հոսանքներով եւ գաղութներով իր բանաձեւումը տուած է մեր ազգային ուխտին։ Սփիւռքահայութեան համար բռնագրաւուած հայրենի հողերը պէտք է վերադարձուին իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ հայութեան։ Սփիւռքահայութիւնը, հիմնուելով այս բանաձեւումին վրայ, երբեք չէ դիմած եւ պիտի չդիմէ յայտարարութիւններու կամ արարքներու, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը դրժեն Սեւրի դաշնագրի եւ ուիլսոնեան վճիռի տրամադրութիւնները։

Նոյն կեցուածքը պէտք է ակնկալել նաեւ Հայաստանէն եւ հայրենի ժողովուրդէն։ Դժբախտաբար, վերանկախացած Հայաստանի մէջ գտնուեցան նախագահներ եւ վարչապետներ, որոնք իրենց ելոյթներով Թուրքիայէն հողային պահանջի հարց չեն տեսներ։ Նման դրսեւորումներ կը հարուածեն Սեւրի դաշնագրի եւ ուիլսոնեան վճիռի իրաւականութեան։

Սեւրը եւ զայն ամբողջացնող իրաւարար վճիռը Հայոց ազգային ուխտի պատուանդանին պէտք է վերածել։ Անոնք պէտք է մաս կազմեն հայրենի դիւանագիտութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց օրակարգերուն։ Դժբախտաբար, տակաւին այդպէս չէ։ Վերջերս հայրենի կառավարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը, ուրկէ ակնյայտօրէն կը բացակայէր հայութեան իրաւազրկումի վերացման ռազմավարական թիրախը։

Իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ Սփիւռք` մենք պարտաւոր ենք ունենալ Սեւրի ու ուիլսոնեան վճիռի պատուանդանին վրայ կառուցուած մեր ազգային ուխտը։ Հոս հարցը մեր իրաւազրկումի վերացման եւ իրաւունքներու վերականգնման մասին է։ Հոս հարցը իրաւազրկումի ենթարկուած մեր հայրենիքի ապագայ գոյատեւելիութեան մասին է։ Հոս հարցը արդարութեան մասին է, որ կը պահանջէ հպարտութիւն եւ խիզախութիւն, ոչ թէ օտարին՝ թուրքին, ռուսին, եւրոպացիին կամ ամերիկացիին հաճոյանալու կորաքամակութիւն։

«Դրօշակ»թիվ 8 (1642), օգոստոս, 2020 թ.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.