Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Սեւրի դաշնագիրը եւ Վ. Ուիլսընի անբեկանելի իրաւարար վճիռը հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարի, օրինական պահանջների միջազգային ճանաչման աներկբայ իրողութիւններ են, որոնք չունեն վաղեմութեան ժամկէտ եւ կը շարունակեն մնալ ուժի մէջ` որպէս հայրենատիրութեան իրաւական փաստեր ու վաւերագրեր, որպէս հայ ժողովուրդի պայքարի ու յաղթանակի խորհրդանշաններ:
ԱՐԱՐԱՏ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(Պատմաբան)
(«Ազդակ», 25,5,2022)
Է՜հ, պիտի ըսէ, մեր անմիջական շրջապատին մէջ ապրող համեստ հայորդին, որ օրաթերթը ձեռքին` պիտի ընթերցէ Սեւրի դաշնագրին նուիրուած տարաբնոյթ գրութիւններ, որոնք, ի դէպ, միշտ ալ ուղեկից են եղած հայ հրապարագրական դաշտին ու քաղաքական մտքի ոլորտներուն:
Իրօք, այդ «է՜հ»-ը կը վերաբերի հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ափսոսանքին, մղկտացող ցաւին, հառաչանքին, լուռ տագնապին եւ ընդվզումին, պարզ այն բացատրութեամբ, որ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը կը դիմագրաւէ իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ողբերգական ժամանակները:
Աւելի՛ն. ի խորոց սրտէ ելած այդ ցաւը, յատկապէս հասարակական կեանքին մէջ, ունենալով հանդերձ իր տրամաբանական բացատրութիւնը, անիկա ուղղակիօրէն կապ ունի վերջին երեսուն տարիներու հայոց պետականութեան, քաղաքական այրերու, կուսակցութիւններու թէ կազմակերպութիւններու կատարած ապիկար, անխոհեմ եւ եսակեդրոն աշխատանքին եւ ընդհանրապէս վարքագիծին հետ:
Այլ խօսքով, ոեւէ հայ բացարձակ իրաւունքը ունի բարձրաձայն գոչելու, հարց տալու, թէ ե՞րբ վերանկախ Հայաստանի եւ ազատագրուած Արցախի դրօշակակիրն էր հայոց պետականութիւնը, նման յաղթանակի ազդեցութեամբ էր գինովցած հայ դիւանագիտական համակարգը, ահա, այսօր անոնք կը գտնուին իրենց ամէնէն տխուր կացութեան մէջ, մե՛րթ այպանելով արեւմուտքը, որ բաւարարուած է լոկ խօսքով աջակցելու հայութեան, մե՛րթ խարազանելով ռուսաց կայսրութիւնը, որ վաճառքի է հանած հայոց հայրենիքը, մե՛րթ դատապարտելով թշնամի թուրքը, իր յարձակողապաշտի եւ ստապատիր վերաբերումին համար եւ այլն:
Սա մէկ կողմէ:
Միւս կողմէ, սակայն, ամենատխուր եւ ընդվզեցնող երեւոյթը այն է, յատկապէս հայ իրականութեան ընկերակցող, որ նորահաս սերունդին համար պատմական թէ քաղաքական դիպաշարեր, որոնք էապէս կ՛առնչուին ազգային մեր պարունակին, տակաւ սկսած են կորսնցնել իրենց իմաստը, թելադրականութիւնն ու խորհուրդը:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ երիտասարդութիւնը առաջին հերթին կը հաւատայ կենդանի գործին, եւ ապա` ղեկավարութեան ցոյց տուած առողջ մօտեցումին:
Այսինքն` երկու ճակատներու վրայ ալ, հայութեան ափսոսանքը կը խորանայ, հասնելով հոն, ուր յաճախ կը լսուին արդարացի մեղադրանքներ, որոնց հիմնականը այն է` թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք սեւրեան երազանքին շունչ ու ոգի սերմանել, երբ ազատագրուած Արցախը չկրցանք պահել ու պահպանել:
Ա՛լ չենք խօսիր Հայաստանի սահմաններէն ներս սողոսկած եւ հաստատուած թուրք-ազերի բանակային ստորաբաժանումներու մասին, որոնք պատուհաս կրնան դառնալ հայութեան, եթէ երբեք ուշքի չգայ հայոց պետութիւնը, քաղաքական միտքը:
Արդ, ո՞ւր պէտք է փնտռել հայրենատիրութեան ու մարտունակութեան ոգին սնուցող օճախը, կրթարանը, տաճարը: Արդեօք նման հասկացութիւններ սին խօսքե՞ր են եղած անցեալին, ու կը շարունակեն մնալ այսօր` պատրանքներով պարուրելու իրերայաջորդ սերունդներ:
Սեւրի դաշնագիր, 10 օգոստոս 1920:
Օսմանեան կայսրութեան փլուզումով եւ տարբեր համաձայնագիրներու ի յայտ գալով, քաղաքական յստակ ուղղութիւն մը կ՛ուրուագծուէր համաշխարհային քարտէսին վրայ: Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք, որոշումի եւ ուժի կեդրոններ` Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Ճափոն, ստեղծեցին աշխարհաքաղաքական նոր համակարգ մը:
Գերմանաթրքական ռազմաքաղաքական դաշինքը գործադրած էր հրէշային ոճիրներ, զգեստնելով տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու ողջ պատմութիւնը:
Հայութիւնը կորսնցնելէ ետք դարաւոր հայրենիքն ու 1.5 միլիոն հայերու արիւնը, շնորհիւ իր ներքին զօրութեան, հաւաքական կամքին եւ ազգային շունչին, թռիչք կ՛առնէր պարտադրուած դժոխքէն եւ կը կերտէր իր պետականութիւնը:
Օրին, Միջազգային ընտանիքը, սապէս պատեհ կը գտնէր, անշուշտ, իր խոր շահերէն թելադրուած, հայութեան վերադարձնել քաղաքական իրաւունք մը, որով պիտի ամրագրէր ազգային պահանջատիրութիւնը` միջազգային փաստաթուղթի մը ներքոյ:
Սեւրի մէջ (Փարիզի մօտ) 18 երկիրներու ներկայացուցիչներ կը ստորագրէին դարու ամէնէն յիշատակելի փաստաթուղթը: Զինադադարէն ետք, Դաշնակից ուժեր կը նախաձեռնէին նման դաշնագիրի մը վաւերացումին, խորքին մէջ զարկ տալով նորովի քարտէսագրութեան: Ու ահա, աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մը ծնունդ կը հանդիսանար, հետագայի Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը (22 նոյեմբեր 1920), ուր յստակ եւ արդարօրէն կը գծուէր Նոր Հայաստանի իրաւաքաղաքական քարտէսը:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեանի գրիչով ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, որ կը կրէ նաեւ Դաշնակից ուժերու ստորագրութիւնն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կնիքը, հայ-թրքական կամ Հայ դատի կնճիռի հանգուցալուծման վաւերական ու միակ փաստն է եղած ցարդ:
Հասնելով մեր օրերը, եւ ստեղծուած քաղաքական ու զինուորական նորովի կացութեան դէմ յանդիման, հայոց պետականութեան առջեւ կը պարզուէր ահաւոր երեւոյթ մը, գոյութենական պայքար մղելու մարտահրաւէրը:
Փաստօրէն, 44-օրեայ արցախեան պատերազմի տխուր աւարտով եւ հայ քաղաքական մտքին պարզած բոպիկութեան հետեւանքով` թուրքն ու ազերին, իրենց կողքին ունենալով արեւմտեան կողմն աշխարհի լուռ աջակցութիւնն ու արեւելքի աչք ծակող մեղսակցութիւնը, յաջողեցան ի նպաստ իրենց քաղաքական հեռակայ թէ մօտիկ շահերուն ծառայեցնել հայոց պարտութիւնը եւ լոյսին բերել թուրանական ծրագիրը:
Իսկ պառակտեալ հայութիւնը, մխրճուած սեւ ու սպիտակ թոհուբոհին մէջ, մէկ կողմէ անիծեց իր ճակատագիրը, մոռացութեան տալով երեսուն տարիներու ալանն ու թալանը, փտածութիւնն ու ինքնատեացութիւնը, եւ միւս կողմէ` թաքցնելու իր խեղճ ու ապիկար դիմագիծը` երեւան հանեց, այսպէս ըսած, քաղաքական արեւելումներու խճանկարը, որպէս ինքնարդարացում եւ ողբերգական իրականութենէն փախուստի միջոց:
Հայութիւնը` իշխանական թէ ընդդիմադիր, հայրենի թէ սփիւռքի մէջ ապրող, իր քաղաքական կեանքի միմոսներով թէ վերլուծաբաններու հանդէսներով չկրցաւ դուրս գալ իր իսկ ստեղծած քաոսէն եւ յանձնուեցաւ եղերամայրերու քմայքին եւ խոհանոցային հայրենասիրութեան:
Մինչ հայ քաղաքական այրեր զիրար կը յօշոտեն, աշխարհաքաղաքական ուժեր իրենց շահակցական ոլորտը կ՛ամրապնդեն Հայաստանի ու հայութեան հաշուոյն:
Մինչ Արցախի մեծ մասը գրաւած ազերին իր ազդեցութեան գօտիները կը տարածէ ու կը ստեղծէ կռուաններ` կուլ տալու ամբողջ տարածքը, հայոց պետական այրերը կը զբօսնուն աշխարհով մէկ, ժպիտը իրենց դէմքին ու սառնասրտօրէն:
Մինչ թուրք թշնամին օրն ի բուն կ՛աշխատի ծունկի բերել հայութիւնը եւ իր կամքը պարտադրել, տարբաղադրեալ հայութեան մէկ մասը խաղաղասիրութեան եւ համակեցութեան յորդորներ կը բաշխէ` յայտնելով, որ թուրքին հետ խօսելով պիտի կարենայ Երեւանը փրկել եւ իր առեւտուրը շարունակել:
Մինչ թուրք քաղաքական միտքն ու ռազմական կեդրոնները կը փորձեն, այս կամ այն ձեւով առաւելութիւն ձեռք ձգել եւ սնուցել երբեմնի թուրանական ծրագիրը, հայութենէն յափշտակելով ռազմավարական դիրքեր թէ անցքեր, հայութիւնը զոհն է դարձեր իր միամտութեան եւ քանդիչ անտարբերութեան:
Մինչ հետախուզական, քարոզչական թէ յարաբերական աշխատանքի հսկայ ու ծաւալուն արշաւներու ականատես ենք` թշնամի ուժերու կողմէ կատարուած, հայ իրականութիւնը չի կրնար կողմնորոշուիլ, թէ որո՞ւ հաշուոյն պէտք է ծառայէ, Ռուսիոյ, չնաշխարհիկ Միացեալ Նահանգներու, սնամէջ Եւրոպայի թէ իր սեփական երազանքին ու ազգային արժէքներուն:
Հայութիւնը փոխանակ զօրաշարժի ենթարկելու իր ներքին ու արտաքին ուժերը, միաւորելու ազգը մէկ դրօշի ու գաղափարի տակ, տարուած է զիրար ամբաստանելու, հալածելու եւ յիմարաբանութեամբ զբաղելու առօրեայով:
Դիպուկ է լրագրողի այն հաստատումը (հակառակ նիկոլասէր ըլլալու), որ «մենք մեզ կարկանդակի տեղ դրած ենք, ու կ՛ողբանք®», անդին թրքութիւնը լծուած է աշխարհաքաղաքական ու ռազմական ծրագիրները իրականացնելու, երեւութապէս գործադրելով ռուսամէտի վարքագիծ, երբ ան ՕԹԱՆ-ի մեծ ուժերէն մէկն է:
Ըստ երեւոյթին, յիշեցնել է պէտք հայ արեւմտամէտ ճակատին, թէ Սեւրի դաշնագիրը ծնունդն է արեւմտեան մեծ ուժերու, աւելի՛ն. դաշնագրի փաստաթուղթը, աւելի քան հարիւր տարիէ կայք հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, միթէ չէ՞ հասած այն պահը առաւել ուժգնութեամբ պահանջելու (փոխանակ բարբաջելու), հայութեան իրաւունքի թղթածրարը, ուշքի բերելով թրքասէր արեւմուտքի ղեկավարութիւնը, որ գիտակից է իր ազգային, տնտեսական ու քաղաքական շահերուն եւ լաւ կը տիրապետէ խաղի կանոններուն:
Ինչ կը վերաբերի հայ ռուսամէտներու, որոնք իրենց ամէնօրեայ աղօթքին մէջ կը յիշեն Ռուսիոյ, այսպէս ըսած, «բարիք»-ները, մինչեւ երբ իրենց ժամանակն ու շունչը պիտի սպառեն ռուսատեաց մարդոց յորդորներ տալով կամ զանոնք պախարակելով, չէ՞ որ ռուս քեռին աւելի քան 200 տարի է, պէս-պէս ու այլանդակ պատրուակներով թիկունք կանգնած է օսմանցի, երիտասարդ թէ քեմալական թուրքին, իր կայսերական շահերուն համար:
Այսօր, անել կացութեան մատնուած հայութիւնը, քաոսի եզրին հասած, փորձ կը կատարէ ձերբազատելու արեւելումներու պարտադրանքէն` մոռնալով, որ ան կը գտնուի աշխարհաքաղաքական ու զինուորական մարտերու ամենաթէժ կիզակէտին, երբ ազգ, պետութիւն եւ հայրենիք կրնան ուժգին հարուած ստանալ եւ փակել իրենց գոյութենական կռուի վերջին էջը:
Միայն զգաստութեան եկած հայութիւնը պիտի կարենայ շրջադարձ մը ապրիլ` հեռու մնալով արեւելումներու աճպարարութենէ: Ծառայամիտ, օտարասէր եւ «երրորդ բեւեռ»-ին ծառայող հայը, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր պատուհաս է իր ազգի գլխուն, որմէ հարկ է ազատիլ եւ ճամբայ բանալ եռագոյնին ուխտած հերոսածին փաղանգներու: Մենք ականատես ենք «երրորդ բեւեռ» կոչեցեալ ուղղութեան, որ չունի գոյն, սկզբունք թէ ազգային արեւելում, սակայն կը յաւակնի ղեկավարել պետութիւնը` ցոյց տալով իր արգահատանքը` իշխանականին եւ ընդդիմադիրին: