Սերժ Թանքեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՚ուղղէ Նոր Զելանտային

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան, 23 Փետրուարին, Նոր Զելանտայի Մայրաքաղաք Օքլընտի մէջ գործող Newshub կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ Նոր Զելանտայի իշխանութիւններուն։

«Նախքան երաժիշտ դառնալը ես գործիչ էի, եւ ինծի համար արուեստի ամենազարմանահրաշ արտայայտչամիջոցներէն մէկը ճշմարտութիւնը պարզելը եւ տարածելն է: Ինծի համար, իբրեւ Միացեալ Նահանգներ բնակող երիտասարդ ամերիկահայ, կարեւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Անիկա իմ զարթօնքը եղած է»,- յայտնեց Թանքեան՝ շեշտելով Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը:

«Կը կարծեմ, որ Ցեղասպանութեան ճամանչումը կարեւոր է եւ յոյս ունիմ, որ Նոր Զելանտան քաջաբար կը գործէ: Այս մէկը պատմական ճշմարտութիւն է: Աշխարհի մէջ շատեր արդէն իսկ ճանչած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս, օրինակ՝ Վատիկան եւ Գերմանիա»,- աւելցուց երաժիշտը:

Նշենք, որ Թանքեանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Նիւ Զելանտայի Մաթաքանա քաղաքի «Վիվիըն» ցուցադրասրահին մէջ. անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ 17 Մարտ:

Այս մասին տեսանիւթը դիտել այս յղումով.

https://www.newshub.co.nz/home/entertainment/2019/02/wake-up-serj-tankian-from-system-of-a-down-s-artful-message-to-kiwis-on-genocide.html

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.