Սարգիս Զէյթլեան. Հայ Ազգային Գաղափարախօսութեան Մարտիկը

36 տարի առաջ, 28 Մարտ 1985-ին, արեւմտեան Պէյրութի մէջ, հակադաշնակցական վարձկաններու կողմէ կ‘առեւանգուէր եւ չբացայայտուած պայմաններու մէջ կը սպաննուէր ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագիր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` ընկեր Սարգիս Զէյթլեան: Սարգիս Զէյթլեան կը հանդիսանայ դաշնակցական ղեկավարութեան պատմական սերունդը փոխարինող և անոնց ուղին վերանորոգող կուսակցական դէմքերէն։

Սարգիս Զէյթլեանին տրուած է «Գաղափարի մարտիկ» մակդիրը՝ շատ արդարացիօրէն: Ան հանդիսացաւ կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, որուն համար տեսլականն ու նպատակը յստակ էին: Իր խմբագրականներով ու առաջնորդող յօդուածներով, Սարգիս Զէյթլեան եղաւ այս համահայկական տեսլականին յառաջապահն ու առաջնորդը:

Ստորեւ՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի մտածումներէն հոյլ մը.

*

«Կը հարցնենք ուղղակի.- Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:

«Կը պատասխանենք անվարան.- Հայ Դատի լուծումը.

«Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան»

*

«…հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար՝ ներքին ամրութեան… էականը այն չէ, թէ մենք որո՞ւ հետ ենք եւ ի՛նչ չափով թեր ենք այս կամ այն քաղաքական արեւելումին կամ ճակատին. էականը այն է, թէ ով թեր է եւ հետամուտ է Հայ Դատի լուծման եւ ինչ համեմատութեա՛մբ թեր է»:

*

«Քալել ժամանակին հետ, կազմակերպուիլ արդի ժամանակներու ոգիին ու պահանջներուն համաձայն, արդիանալ ու արդիացնել կազմակերպական մեր կառոյցներն ու գործելակերպը՝ համահայկական ընդհանրական մեր տեսլականներու ներշնչումով եւ հայութեան յառաջդիմութիւնը, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ, անոր կուտակած եւ դեռ կուտակելիք մշակութային ու քաղաքակրթական կամ նիւթական ու հոգեմտաւոր հարուստ դրամագլուխը վերածել քաղաքական ուժի, քաղաքական որակի, քաղաքական կամքի ու կշիռի»:

*

«…Քաջ գիտենք, որ ազգային լեզուն, ազգային մեր աւանդավէպերուն պէս, իր բառային, շարահիւսական, հնչիւնաբանական եւ կէտադրական կառոյցով … ու մանաւանդ իր ոգեղէն յօրինուածքով ու վերբերումով ազգը կը մարմնաւորէ… Բառային ու շարահիւսական այս ճարտարապետութիւնը… զոր ցեղը յօրինած, ունկնդրած եւ վերանորոգած է դարեր շարունակ, զայն միայն հարազատօրէն իւրացնելով, միայն անով հաղորդուելով կարելի է հայանալ ու հայեացնել նորահաս սերունդները»:

*

«Մի՛ ըսէք, որ մենք գիրք կը գրենք, զէնքը ուրիշներուն գործն է։ Զէնքը նոյնքան արուեստ է եւ արժէք, որքան գիրքը»։

*

«…Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար՝ ներքին ամրութեան… էականը այն չէ, թէ մենք որո՞ւ հետ ենք եւ ի՛նչ չափով թեր ենք այս կամ այն քաղաքական արեւելումին կամ ճակատին. էականը այն է, թէ ով թեր է եւ հետամուտ է Հայ Դատի լուծման եւ ինչ համեմատութեա՛մբ թեր է»

«մենք դէմ ենք բոլոր անոնց, որոնք Հայ Դատը կ՛ուզեն վերածել ռուսական հարցի մէկ բաղկացուցիչ մասնիկին, նաեւ բոլոր անոնց, որ զայն պիտի ուզէին արեւմտաեւրոպական կամ ամերիկեան հարցին մէկ բաղկացուցիչ մասին վերածել»:

*

ՀՐԱԲՈՐԲ ՀՆՈՑ

«Ուխտակիրներու անհատնում թափօր մըն է, նուիրեալներու ամրակուռ բանակ մը, այն հրաբորբ հնոցը, ուր հայ միտքը կը թրծուի, հայ հոգին կը ջրդեղուի եւ հայութեան կամքը կը դարբնուի ի խնդիր մեր ցեղային դարաւոր Երազի կենսագործման։

ՀՅԴաշնակցութիւնը, ո՛րքան ալ փառաւոր, անցեալ մը չէ, հերոսապատում մը չէ լոկ, ներշնչարանն է մատաղ սերունդներուն, նորագոյն գաղափարներու եւ նորանոր սխրանքներու՝ քաղաքական ու իմացական ճակատներու վրայ։

Ազատ, մարտունակ ու գաղափարապաշտ հայութեան եւ կենսունակ, առողջ ու նպատակասլաց հայ երիտասարդութեան դարբնոցն է, դրօշակի՛րը հայ յեղափոխական անցեալի եւ ապագայյ վերանորոգ ու միաձոյլ հայ կեանքի՝ ամբողջական ու անկախ հայրենիքի ծիրին մէջ》։

 

ԱՆՎԱԽՃԱՆ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ

«Հայ կեանքի, հայ քաղաքական ու ստեղծագործ մտքի մղիչ ուժը ըլլալով, միաժամանակ տեւական բարեշրջման ու վերանորոգման մէջ է իր ոգիով, կազմակերպական կառոյցով, գործելակերպով, գաղափարներով, կուռ, գաղափարական ու զոհաբերող շարքերով, կարգապահական ու բարոյական դիմագիծով։

Ոգեւորիչ է անշուշտ ՀՅԴաշնակցութիւնը իր անցեալով, հերոսական սխրանքներով, յեղափոխական խոյանքներով ու քաղաքական իրագործումներով, սակայն առաւե՛լ եւս ոգեւորիչ է ան իր անելիքներով, իր ապագայ ծրագիրներով, համազգային իտէալով, նուիրումի ու զոհաբերութեան անսահման հնարաւորութիւններով, կամքո’վ։

ՀՅԴաշնակցութիւն երեւոյթը տեւական զարգացման մէջ գտնուող եղելոյթ մըն է, կը քալէ իր ժամանակին հետ եւ, նո՛յն այդ ժամանակի շունչը իբրեւ, կը վերափոխուի տեւաբար եւ կը վերափոխէ իր շրջապատը։ Յարաճուն հայացման, հայրենացման անընդմէջ հոլովոյթ մը, անվախճան լինելութիւն մը, ինքնին, որ ճշմարիտ արարատացում մըն է, մշտանորոգ հայաստանացո՛ւմը յաւերժական հայութեան։

Անվախճան լինելութիւն՝ իրաւամբ, յոյս եւ ապաւէն հանուր հայութեան»։

 

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ ՇԱՌԱՒԻՂ

«Հայ Յեղափոխութեան ծագումը ո՜րքան մօտէն եւ ո՜րքան քաղցրօրէն կը յիշեցնէ սակայն հինաւուրց հայոց արեւ-աստծուն՝ հրաշափառ Վահագնի առասպելական ծնունդը.- «Երկնէր երկին եւ երկիր…»։

Երկունքի մէջ մտաւ հայոց երկինքը, արդարեւ, երկունքի մէջ մտաւ հայոց աշխարհը իր ընդերքներէն, խարոյկ առ խարոյկ բռնկեցաւ հայ հոգիներու «ծիրանի ծով»ը վերստին եւ բոցերուն ընդմէջէն վազող առասպելական պատանին, որ Հայ Յեղափոխութիւնն էր երէկ, երազընթաց թափով մեծցաւ օրը տարիով եւ տարին դարո՛վ, կենսաւորեց հայ հոգիները բոլոր եւ վարարեց հայոց լեռնաշխարհը բովանդակ՝ հայութիւնը իր ցեղային իսկութեան եւ Հայաստանը իր հայեցի դիմագիծին ու ճակատագրին վերընծայելու աստուածային վճռակամութեամբ։

Պատանին մեծցաւ, երիտասարդացաւ, արարատացա՛ւ հայութեան դէմ ցցուած աշխարհ մը չարիքներուն դէմ, իր առաքելութեան կենսագործման ճանապարհին վրայ հասունցաւ տարիքով, իմաստնացաւ եւ դարձաւ ահա ութսունամեայ կուռ ու կենսունակ կազմակերպութիւն։

ՀՅԴաշնակցութիւն կը կոչուի այդ կազմակերպութիւնը, որ արի արանց գործերով լեցուց մեր նորագոյն պատմութիւնը, իրաւամբ ու արժանաւորապէս դարձաւ ազգակերտ ու հայրենակերտ կուսակցութիւն»։

 

 ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅԵՑԻՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

«Հայ Յեղափոխութիւնը եղաւ նոր հայութեան կերտիչը, ՀՅԴաշնակցութիւնը եղաւ Հայ Յեղափոխութեան առաջնորդը, առաջատար ուժը, աննկուն ախոյեանը։

Արդ, հայ յեղափոխութիւնը զէնք չէր միայն, այլեւ ոգեկան զինավառում էր, նոր խօսք չէր միայն, այլեւ վերափոխիչ ու ամրապնդիչ գործ էր, գաղափար չէր լոկ, այլեւ մանաւանդ գաղափարականացում էր։ Ընդվզում չէր միայն պատմութեան դէմ, բռնութեան ու ճակատագրին դէմ, այլեւ ստեղծագործ թռիչք էր, բարոյական, հոգեկան ու իմացական վերանորոգում, յորդում ու խոյանք մը։ Սրտաթունդ երգ չէր պարզապէս, այլեւ հերոսական երթ էր, մարտ էր ու մարնչում էր, մարդացում էր մանաւանդ։ Արիւն ու աւերում չէր սոսկ, այլեւ կառուցում էր ու իմացական նորանոր հորիզոնների նուաճում։ Յուշ ու մեռել չէր միայն, այլեւ յարութիւն էր, կեանք էր, թեւաւոր երազ եւ ստեղծագործ երկունք։

Այս բոլորին գումարն է Հայ Յեղափոխութիւնը, այս բոլորին բազմապատկութիւնն է ՀՅԴաշնակցութիւնը, վերածնունդն ու բազմապատկութիւնը հայութեան, հայեցիութեան, հայկակականութեան։

Հայութեան նոր ասպետութիւնն է ՀՅԴաշնակցութիւնը, յեղափոխական, քաղաքական ու իմացաւան երրեակ ճակատներու վրայ։ Մեր նորագոյն դիւցազնավէպին յօրինողն ու կերպադրողը։ Եւ, իբրեւ այդպիսին, ուղղակի ժառանգորդն է հայ ազնուականութեան, իբրեւ հայ պետական ու քաղաքական կեանքի կերտիչ, պահպանակ ու սատար։

Միացեալ հայրենիք եւ անկախ պետութիւն կամ մահ նշանախօսքով հայացուց մեր մատաղ սերունդները եւ անոնց հոգիները զինավառեց հայ ժողովուրդի ազգային Մեծ Իտէալով, հայօրէն զգալու, հայօրէն մտածելու, հայօրէն ապրելու, հայօրէն ստեղծագործելու, պայքարելու եւ մեռնելու նուիրական ուխտով ջրդեղեց անոնց կամքը։

Կամքը համա՛յն հայութեան՝ Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք, տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ եւ դեռ երկար ատեն, մինչեւ որ իրականութիւն դառնայ համայն հայութեան անմեռ Երազը,- Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը»։

*

Ազգի  Անձնասպանութեան Մասին.- 

«Անհաւատարմութիւնը՝ անցեալին, թափուած արեան և մեր մեռելներուն հանդէպ, ապիկարութիւնը՝ մեր հաւաքական ապագան, նորահաս սերունդներու ազգային նկարագիրը անխաթար պահելու ու զարգացնելու գործին մէջ,-   ահա բացասական այն երկու ազդակները, որոնք դէպի անխուսափելի մահ կ՝առաջնորդեն ազգային հաւաքականութիւնները։

Այս պատճառով է, որ հնուց ըսուած է իրաւմամբ, թէ ազգերը չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՝ըլլան։

Կը մնայ ընդգծել, որ այս պայմաններուն մէջ ազգը չէ, այլ իրենք՝ ազգայիններն են, որ անկարելին կը պահանջեն ազգէն, ինքնալքումի և աստիճանական ինքնասպանութեան ճամբով։

Այո’, ազգը չէ, որ անկարելին կը պահանջէ ազգայիններէն, այլ ազգայիններն են, որ անկարելին կը պահանջեն, նոյնիսկ կը խլեն ազգէն, իրենց պարտուողական ոգիով ու նահանջականութեամբ, երբ այնքան դիւրութեամբ կը հաշտուին լեզու, ազգային նկարագիր, ազգային մշակոյթ և քաղաքական դատ, մանաւանդ հայ նորահաս սերունդները ստուգապէս կորսնցնելու ոչ-հեռաւոր հեռանկարին հետ»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.