Պղծուած Են Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Զինուորներու Շիրմաքարերը – Տեսանիւթ

Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ անյայտ անձեր նախանցեալ օր պղծած են Ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինուորներու շիրմաքարերը. յատուկ նիւթով մը շիրմաքարերու նկարներուն վրայ եւ անոնց շուրջը բիծեր եղած են:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, դիմատետրի վրայ այս մասին գրառում կատարած է եւ տեսանիւթ հրապարակած Ապրիլեան պատերազմի մասնակից Ռազմիկ Գասպարեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան, իր հերթին նշած է, որ դէպքը իրենց ուշադրութեան կեդրոնին է եւ իրենք նոյնպէս աշխատանքներ կը կատարեն պարզելու համար դէպքին հանգամանքները: Երէկ երեկոյեան Հայաստանի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ դէպքին առնչութեամբ ձերբակալած է կին մը, որ խոստովանած է, թէ մասնաւոր այրած մոմ թափած է Եռաբլուրի մէջ թաղուած ազատամարտիկներու եւ Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած զինուորներու դամբարաններուն վրայ` անէծքը ջնջելու համար…

ՀՅԴ Երիտասարդները Պատրաստ Են Շուրջօրեայ Հսկելու Զինուորական Պանթէոնի Տարածքը

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ կազմակերպած է մոմավառութիւն:

Դաշնակցական երիտասարդները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան` անհրաժեշտութեան պարագային իրականացնելու շուրջօրեայ հերթափոխութիւն Եռաբլուրի տարածքին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.