Պեռլինի Մէջ Սկիզբ Առած է Փաշինեան-Մերքել Հանդիպումը
Աշխատանքային այցով Գերմանիա գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հասած է ԳԴՀ վարչապետի նստավայր: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է դիմաւորման արարողութիւնը։ Նախատեսուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԳԴՀ վարչապետ Անկելա Մերքելի աշխատանքային քննարկումը: Առանցքը՝ երկկողմ յարաբերութիւններուն, տնտեսական հարցերուն ու արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան վերաբերող թեմաներն են:
Հանդիպման՝ հայկական կողմէն՝ կը մասնակցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեան, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան, ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Ռուբինեան, ՀՀ վարչապետի օգնական Հրաչեայ Թաշչեան, վարչապետի աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան պետ Ծովինար Համբարձումեան։
Գերմանական կողմէն կը մասնակցին ԳԴՀ եւրոպական հարցերով պետական նախարար Միխաէլ Ռոթ, վարչապետի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Եան Հեքեր, վարչապետի տնտեսական քաղաքականութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Լարս-Հենտրիք Ռէոլլեր, վարչապետի ԵՄ հարցերով գլխաւոր խորհրդական Ուվէ Գորսեփիուս, վարչապետի աշխատակազմի Արեւելեան Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ, Հարաւային Կովկասի երկիրներու վարչութեան ղեկավար Մաթթիաս Լիւթթենպերկ եւ այլք։
Մինչ երկկողմ քննարկումներուն անցնիլը, երկու երկիրներու ղեկավարները ԶԼՄ֊ներու համար հանդէս կու գան յայտարարութեամբ։