Պարոն Վարչապետ, Երկիրը Կառավարելու Առաջին Մեծագոյն Մարտահրաւէրը Չկրցաք Յաղթահարել

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏՀԱԼՃԵԱՆ

4 երկար ամիսներ արդէն անցած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկիզբէն (առաջին վարակուած հիւանդի պարագան 1 Մարտին էր): Այսօր Հայաստանի մէջ Covid-19ի պատճառով մահացածներուն թիւը արդէն անցած է 200ը, իսկ վարակուածներուն թիւը հասած է անընդունելի 15,000ի. իսկ հայ հասարակական գիտակցութիւնը եւ «հայ քաղաքական միտքը» ընդհանրապէս կարծէք բացակայ են այս տագնապի հարթակէն: Քաղաքացիներ կը շարունակեն իրենց անզգոյշ ընթանքը՝ վտանգելով լայն հասարակութիւնը եւ նոյնիսկ մեր պետութիւնը: Իսկ կառավարութեան որդեգրած համաճարակին դէմ պայքարի քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ ոչ-գոհացուցիչ:

Համաճարակէն մահացածները հայրենակիցներ են, մարդ արարածներ, մայրեր, հայրեր, եղբայրներ եւ քոյրեր, եւ ոչ պարզ հարցախոյզային տուեալներ: Արդէն մեզի ծանօթ անուններ սկսած ենք տեսնել զոհերու եւ վարակուածներու ցանկին վրայ:

Ես որոշած էի այս հարցը մարդկութեան այս ճակատագրական օրերուն «չքաղաքականացնել», բայց կարծէք կարելի պիտի չըլլայ համակերպող լռութեան մէջ մնալ: Այս կ՛ըսեմ ոչ իբրեւ «քննադատութիւն, մեղադրանք, յեգնանք՝ ուղղուած իշխանութեան հասցէին»: Այս կ՛ըսեմ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ մղուող ձախող մարտավարութեան ծիրին մէջ: Այս կ՛ըսեմ սիրտս հանգիստ, համաճարակի առաջին օրերէն ձայնս բարձրացնող եւ գործօն մասնակցութիւն բերած հայորդիի մը դիրքերէն (տեսնել՝ «Ասպարէզ»ի եւ «Armenian Weekly»ի մէջ հրապարակուած յօդուածներս):

Նախ նշեմ, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը փորձեց պայքարիլ համաճարակին դէմ՝ կեդրոնանալով տարբեր միջոցառումներու վրայ, ինչպէս՝ քննութիւններու գործարկում, վարակեալներու մեկուսացում, սահմաններու փակում եւ ընդհանրապէս առողջապահական համակարգի կարողութիուններու ընդլայնում: Բայց երբ հիւանդութեան տարածումը կառավարելու կարողութեան ակնոցով կը դիտենք, կը տեսնենք, թէ որոշ երկիրներ ուրիշներէ աւելի լաւ են: 2.5էն 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրներու պարագային, Հայաստանը վարակման պարագայններու թիւի հաշուարկով 2րդ տեղը կը գրաւէ (տես ցուցակ 1): Հայաստան այսօրուան հաշուարկով՝ աշխարհի 37րդ երկիրն է, եթէ մահերու թիւը մէկ միլիոն բնակիչի հաշիւով չափենք: Հայսատանի Covid-19ի մահացութեան մակարդակը մինչեւ օրս 1.5 տոկոսէ, իսկ մեր տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը իր 2 դրացիներուն անցաւ վարակեալներու հաշիւով (տես ցուցակ 2):

Մեր երկրին մէջ զարգացող համաճարակի մտահոգիչ ընթացքը, եւ անոր աւելի եւս մտահոգիչ հետեւանքները այսօր ոմանք կը փորձեն «անգրագէտ ժողովուրդին» վիզին փաթթել: Ո՜չ, այդպէս չէ:

Համաճարակին դէմ պայքարը ՊԵՏՈԻԹԵԱՆ եւ առաջին հերթին կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է: Աւելին, մեր երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին այսօրուան անհակակշռելի վիճակը մասնաւորապէս քաղաքական կամքի եւ տկար պետական հաստատութիւններու եւ մարդուժի կարողութեան հետ կապ ունի:

Պէտք է հաստատել, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը չկրցաւ յաղթահարել երկիրը կառավարելու առաջին մեծ մարտահրաւէրը: Հիմա է ժամանակը կառավարութիւնը լրջագոյն պատասխանատուութեան կանչելու, որպէսզի համաճարակին դէմ պայքարը ճիշդ ձեւով շարունակուի:

Իսկ ամէնէն տխուր հարցը այն է, որ մեր «դատարաններն ու փողոցները փակող» վարչապետը չկրցաւ այս մարտահրաւէրին դէմ դնել՝ գործի լծելով ԱԶԳին կարողականութիւնը:

Սփիւռքի (այժմ փակուած) նախարարութեան Սփիւռքի հետ այս հարցով կատարած մասնագիտական նախաձեռնութիւնները եւ կատարուած գործերը կարծէք աւելի ձեւական էին, եւ ոչ ազդու քաղաքականութիւն: Փաստը` երկրին մէջ համաճարակի այսօրուան անհակակշռելի վիճակը:

Ինչպէս նշեցի, շատեր արդէն իսկ կը փորձեն հարցը «անգրագէտ ժողովուրդի» վիզին փաթթել, մինչդեռ պատասխանատուութիւնը առաջին հերթին կ՛իյնայ ղեկավարութեան վրայ:

Այո՜, մեր ժողովուրդն ալ իր կարգին «անկարգապահ» գտնուեցաւ շատ մը պարագաներու մէջ: Բազմամարդ հարսանիքները եւ յուղարկաւորութիւնները, «հայաթ»ի հաւաքները, ««քորոնա»ն որու շունն էի» եւ «ժահր չկայ» յայտարարութիւնները, հասարակութեան մէջ դիմակ չկրելը բնաւ չօգնեցին կացութեան մեղմացման:

Ճափոն, շնորհիւ դիմակ կրելու իր ժողովուրդի գիտակից կարգապահութեան, շատ աւելի դիւրին կերպով յաղթահարեց համաճարկի տագնապը՝ ունենալով միայն 19 հազար վարակեալներու պարագաներ: Օրինակելի են նաեւ այլ երկիրներու պարագաները, ինչպէս՝ Չինաստան, Հարաւային Քորէա, Թայուան, Սինկափուր, ուր կառավարութիւնները աւելի «կոշտ միջոցներ»ու դիմեցին կարգապահութիւն հաստատելու համար:

Խօսքը, անշուշտ, հասարակութեան քաղաքացիական ազատութիւնները արգիլելու մասին չէ: Վերը յիշուած երկիրներու Covid-19ի դէմ պայքարի քաղաքականութիւնը հիմնուած էր նախ ՎՃՌԱԿԱՆ ըլլալու, ապա ԿՏՐՈՒԿ եւ ԱՐԱԳ միջոցառումներու դիմելու սկզբունքներուն վրայ:

Կը յուսամ, որ համաճարակէն մահացածները հեշտօրէն չեն մոռցուիր: Կը յուսամ նաեւ, որ հաւաքական մեր գիտակցութեան մէջ տեղ մը, բան մը կը փոխուի եւ թէ մեր պետական հաստատութիւնները կը շարունակենք զարգացնել եւ մեր ժողովուրդի քաղաքացիական գիտակցութիւնը կարելի կ՛ըլլայ ունենալ եւ զայն բարելաւել:

Այսօրուան քաղաքական պահը շատ լուրջ է մեր ազգին համար: Կոյր պէտք է ըլլալ չտեսնելու համար, թէ Հայաստնի իշխանութիւնները ձախողած են համաճարակի ճգնաժամը դիմագրաւելու իրենց քայլերուն մէջ: Անոնք չկարողացան ստեղծել այն առողջ եւ միասնական միջավայրը՝ ազգային ամբողջական ներուժով եւ կարողականութեամբ յաղթահարելու համար այս տագնապը:

Սական, մեր ազգը անպայման դատապարտուած չէ անմիասնականութեան եւ անկարողութեան մէջ մնալու: Վարչապետին գործածած բեւեռացման ոճը եւ իր քաղաքական խումբին ձախողութիւնները նաեւ կը նշանակեն, որ համաճարակը դժուար որ դառնայ մեր ազգը համախմբող եւ մեզ բոլորս պետութեան կառուցման գործին մղող ազդակը:

Այս առիթով կ՛ուզեմ ցաւակցիլ համաճարակէն մահացածներու ընտանիքներուն, իսկ վարակուածներուն մաղթել համբերութիւն եւ առողջութիւն:

Անսահմանօրէն երախտապարտ ենք այս համաճարակին դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ գտնուող մեր բժիշկներուն, բուժքոյրերուն եւ առաողջապահութեան համակարգին մէջ գործող բոլոր աշխատակիցներուն:

Մեր ժողովուրդի առաջնահերթ խնդիրը այս օրերուն, համաճարակի այս տագնապին մշտական եւ շինիչ արծարծումն է: Յոյս ունիմ, որ համազգային քննարկումի եւ ախտաճանաչումի միջոցներով կարելի կ՛ըլլայ ուժեղացնել այս տագնապին դէմ պայքարելու մեր ընդունակութիւնը: Այս պայքարը մենք միայն միասին պիտի յաղթահարենք: Տակաւին ուշ չէ. Խուսափինք նոյն սխալները կրկնելէ եւ ազգովին տապալենք համաճարակի «բռնապետութիւնը»:

asbarez.com

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.