Այսօր չունինք մարդահամարը Դաշնակցական նուիրեալներու այն հոյլին, որոնք իրենց կեանքը հայ Ազատագրական պայքարի բագինին նուիրաբերելով, յաւերժօրէն քանդակեցին իրենց անունները հայոց պատմութեան էջերուն վրայ, գալիք սերունդներուն փոխանցելով հեռակայ սրբազան երազ մը իրագործելու աւանդը:
Իրենց արիւնն ու աւանդն է, որ այսօր կը յամենայ՝ Մշոյ, Սեմալի, Շէնիկի ծերպերուն, Ծովասարի, Սիփանայ եւ Անտոքի բարձունքներուն, ուր կը յամենայ մարտնչող ֆետայիին կայլակած արիւնը, ուր ամէն մէկ ժայռի տակ՝ անշիրիմ կը մնան դաշնակցական ռազմիկներու աճիւնները:Ահա, յեղափոխական նահատակներու այս հանգանակով զինուած, կը թեւակոխենք մեր 125-ամեակը:
Հայութեան համար պատմաքաղաքական ամէնէն ծանրակշիռ պահուն ծնունդ առաւ Դաշնակցութիւնը, ճի՛շդ այն ժամանակահատուածին՝ երբ համայնակուլ անէացման վտանգին սեմին էր հայութեան գոյատեւելիութեան պատմական հոլովոյթը: Այդ ճգնաժամուն, շնորհիւ ապառաժեայ իր մարտիկներուն, Դաշնակցութիւնը վերստին խթանեց հայութեան կամքն ու դիմադրականութեան բնազդը:
Այդ օրէն ի վեր, Դաշնակցութիւնը իրաւամբ փաստեց, որ ինք կը մնայ ԳՈՐԾԷՆ ԾՆԱԾ՝ ԳՈՐԾԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ:
Արցախեան շարժման պոռթկումը նոր էջ մը կը բանար հայ ազատագրական պայքարի պատմագրութեանց մէջ: Եւ Դաշնակցութիւնը անմասն չէր կրնար մնալ այդ շարժումէն:
Շարժման առաջին իսկ օրէն ան զօրակոչի ենթարկեց իր ուժերը, իսկ կռուի մարտահրաւէրին անսացին երդուեալ Դաշնակցականներ, որոնցմէ շատեր այսօր կը հանգչին Եռաբլուրի իրենց յաւիտենական հանգստավայրին մէջ: Այո՛, ռազմադաշտ նետուեցան մեր «Լաւագոյն տղերքը»՝ Պետոն, Թաթուլ Կրպէեանը, Բեկորը, Կարօտը, Դուշման Վարդանը, Կիւլիստանի արծիւ Շահէն Մեղրեանը եւ շատ ուրիշներ: Գալիք ժամանակները պիտի հաստատեն, որ արցախեան ազատամարտի մարտունակութեան ոգեղէն դրօշակիրն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Մուտք գործած ենք նոր դարասկիզբ:
Յառաջիկայ հանգրուանին, կուսակցութիւնը իր գործունէութեան կիզակէտը պիտի դարձնէ Հայ Դատի լուծման գերխնդիրը: Այդ ճանապարհին վրայ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ներուժով զօրավիգ պիտի կանգնի անկախ հայրենիքին ու անոր պետական կառոյցները ամրացնելու գործընթացին, կազմակերպութեան բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելով Հայաստանի սահմաններու ապահովութեան ու հայրենի ժողովուրդին տնտեսական ու մշակութային բարգաւաճման ի խնդիր: Պիտի մաքառի Արցախն ու Հայաստանը վերամիացնելու տեսլականին ի խնդիր եւ 125-ամեայ բոլորանուէր յանձնառութեամբ պիտի պայքարի Հայկական պահանջատիրութիւնը արդար լուծման մը յանգեցնելու ի խնդիր:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գոյութենաբանական հանգանակը, 125-ամեայ գործունէութեան կիզակեդրոնը, կը հանդիսանայ մէ՛կ եւ միա՛կ նպատակակէտ՝ Հայ Դատը: Ազատութեան իրաւունքի եւ ազգային ինքնորոշման գիտակցութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ անթեղելու յանձնառութիւնը՝ պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի:
Ընկերվարական իր տեսութեան հաւատարիմ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարաբանութեամբ: Այս ուղղութեամբ, կուսակցութիւնը կ՚առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան եւ մարդկային ընկերութեան համերաշխութեան ճամբով ապահովել հայ անհատի ու հայ ժողովուրդի անկաշկանդ ու ազատ զարգացումը, զերծ անարդարութիւններէ ու շահագործումներէ:
Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, որ Հայ ազգի պահպանումը եւ բարգաւաճումը կարելի է իրականաձնել ազգային պետութիւն ստեղծելու ճամբով: Այդ պետութիւնը պէտք է ծնունդ առնէ եւ յառնէ հայապատկան հողատածքներու վրայ: Հայապատկան կը կոչուին այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը եւ այն տարածքները՝ որոնց վրայէն բռնութեամբ տեղահանուած եւ բռնագաղթի ենթարկուած է հայութիւնը: Դաշնակցութեան Ազգային գաղափարի համընդհանուր խորամիտքը կ՚ենթադրէ հայապատկան հողերու վրայ հայկական պետութեան ստեղծում, որուն համար էականօրէն անհրաժեշտ է ազգահաւաք եւ հողահաւաք:
Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան հետեւորդ այսօրուան եւ վաղուան ուխտապահ սերունդներու պարտքը պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանի, Ջաւախքի, Արցախի ու Նախիջեւանի միջեւ հաստատուած ձեւազեղծուած սահմանները ի սպառ չէզոքացնել ու մէկ դրօշի ներքոյ անոնց վերջնական շաղկապումը իրականացնել։ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հայութեան լինելութեան յառաջիկայ հանգրուանի հրամայականը՝ հայութեան բոլոր հատուածներու հաւաքագրումն է պատնէշներուն դիմաց, որպէսզի՝ մշեցիներու, սասունցիներու, մարաշցիներու եւ կարնեցիներու շառաւիղները, մենք՝ հայերս, մեր անժամանցելի իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնց վերջնականապէս տիրանալու ճանապարհին՝ կանգուն եւ անխորտակ պահենք մեր դիմադրականութեան եւ գոյատեւելիութեան պատուարները, մինչեւ որ հաստատուի արդարութիւնը, մինչեւ որ հայութիւնը ազատօրէն շնչէ Ազատ, Անկախ եւ Միաւորուած Հայաստանի մէջ:
«Հորիզոն»ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ