Մսավաճառները կը սպառնան Երեւանի փողոցներ փակել
1617
0
Անասնաբոյծներն ու մսավաճառները այսօր առտուընէ կառավարութեան դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպած են։ Անոնք դէմ են կառավարութեան՝ սպանդանոցներուն մէջ մորթելու որոշման հարցով։ Անասնաբոյծներն ու մսավաճառները կը պահանջեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում։
Ցուցարարները նշած են, թէ եթէ իրենց բողոքին ընթացք չտրուի, փողոցները պիտի փակեն:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ անոնք կառավարութեան մօտ բողոքի ցոյց կատարած էին, սպառնալով որ Երկուշաբթի օրուընէ խանութներուն միս չեն մատակարարեր։
Յիշեցնենք, որ յունուար 15-էն ուժի մէջ մտած է կառավարութեան ընդունած որոշումը այն մասին, որ Հայաստանի տարածքին վաճառուող միսը պէտք է ունենայ սպանդանոցի մէջ մորթուած ըլլալը հաստատող փաստաթուղթ, իբրեւ ապահով սննդամթերքի երաշխիք։