Մուրատ Փափազեան Դատի Կու Տայ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը

«Հրապարակ» կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան հայց ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական դատարան` ընդդէմ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ)` պահանջելով, որ դատարանը պարտաւորեցնէ ԱԱԾ-ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ անցանկալի նկատուող օտարերկրացիներու տուեալներու շտեմարանէն Փափազեանի տուեալները հանել:

Յիշեցնենք, որ Մուրատ Փափազեան իր ընտանիքին հետ 2022 թուականի յուլիսի 14-ին հասած էր Հայաստան, սակայն «Զուարթնոց» օդակայանի սահմանային անցման կէտին մէջ իրաւասու աշխատակիցները չէին թոյլատրած վերջինիս մուտքը Հայաստան` միայն պատճառաբանելով, թէ ինքն ընդգրկուած է Հայաստանի համար անցանկալի անձերու ցուցակին մէջ: Մուրատ Փափազեան ստիպուած եղաւ նոյն օրը իր ընտանիքին հետ վերադառնալու Ֆրանսա: Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլելէ բաւական երկար ժամանակ ետք միայն Հայաստանի իշխանութիւնները որոշեցին ձեւով մը հիմնաւորել այդ քայլը:

Վարչապետի աշխատակազմի պարզաբանումին համաձայն, պատճառը այն եղած է, որ Փափազեան իբրեւ թէ կազմակերպած է Ֆրանսայի մէջ Փաշինեանի շքախումբին վրայ կատարուած յարձակումը:

Փափազեանը, սակայն, հերքած էր այս յայտարարութիւնը` ըսելով, որ ինք այդ ցոյցը չէ կազմակերպած եւ ներկայ ալ չէ եղած անոր:

Նշենք, որ վարչական դատարանը վարոյթ ընդունած է Փափազեանի հայցը, անոր ներկայացուցիչներն են «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանն ու իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանը, հայցը դատաւոր Հրաչ Այվազեանի վարոյթին մէջ է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.