«Մոնթրէալ՝ իրաւունքներու քաղաք» ծրագիրը կը ներառէ ցեղասպանութեան կանխարգիլման քայլարշաւ

Գոնգորտիա համալսարանի Ցեղասպանութեան ու Մարդկային Իրաւանց Ուսումնասիրութեան Մոնթրէալ հիմնարկը‚ Միջազգային Ներում-Գանատան‚ Քեպէգի Հայկական Կազմակերպութիւններու Միացեալ յանձնախումբը եւ Մարդկային Իրաւանց Ռաուլ Ուալենպերկ կեդրոնը միասնաբար կը կազմակերպեն «Մոնթրէալ՝ մարդկային իրաւանց քաղաք» տօնակատարութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան 26-27 Մայիսին՝ նշելու համար մարդկային իրաւանց ջատագովման մէջ Մոնթրէալի դերը։

Իբրեւ Հիւսիսային Ամերիկայի ամենէն հին քաղաքներէն մէկը՝ Մոնթրէալը բազմազանութեան‚ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ հալածանքէ փախուստ տուող ժողովուրդներու, ներառեալ 1979-ին եւ 1980-ին համայնավար վարչակարգէն փախուստ տուող հազարաւոր վիէթնամցի «նաւու մարդոց» ապաստանի տրամադրման երկար պատմութիւն մը ունի։ Մոնթրէալ հիւրընկալած է պատերազմի եւ բռնաճնշումի զոհեր‚ ինչպէս հայեր‚ հրեաներ‚ ուքրանացիներ‚ հայիթիցիներ‚ ռուանտացիներ եւ վերջերս սուրիացիներ։

«Մոնթրէալ՝ իրաւունքներու քաղաք»ը տօնակատարութիւնները կը բաղկանան երեք կեդրոնական միջոցառումներէ՝ 26 Մայիսին Գոնգորտիա համալսարանին մէջ խորհրդաժողով‚ 27 Մայիսին, կէսօրէ ետք ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամէնամեայ քայլարշաւ եւ Միջազգային Ներում կազմակերպութեան «Խղճի դեսպան» մրցանակաբաշխման արարողութիւն‚ ուր համամրցանակակիրներ Ալիշիա Քիզ եւ Գանատայի Բնիկներու Իրաւունքներու շարժումը պիտի պատուուին։

«Իրաւունքներու քաղաք» նախաձեռութիւնը մարդկային իրաւանց յարգման եւ պաշտպանման մէջ աշխարհը առաջնորդելու մեր հասարակաց համաշխարհային ձգտումին սկիզբն է»‚ կ’ըսէ Գոնգորտիա համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Ուսումնասիրութեան ականաւոր աւագ անդամ եւ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան ականատես նախկին զօրավար Ռոմիօ Տալեր։

Միջազգային ներում-Գանատայի անդամ Պիաթրիս Վոկրանթի համար՝ միասնաբար գործելը ներկայ սպառնալիքներուն դէմ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու հրամայականը կ՚ընդգծէ։ « Վախի‚ մեղադրութեան եւ ատելութեան խօսքերը կը վնասեն հաւասարութեան վրայ հիմնուած բաց հասարակութեան մը տեսլականին։ Սակայն միասնաբար կրնանք ընթացքը շրջել»։

«Արդի պատմութիւնը լի է բռնարարքներով‚ որոնք սկսած են մարդկային իրաւանց ոտնահարումներով եւ յանգած՝ զանգուածային հալածանքներու‚ ազգային մաքրագործումներու եւ ցեղասպանութիւններու»‚ կը նշէ Քեպէգի Հայկական Կազմակերպութիւններու Միացեալ յանձնախումբի ներկայացուցիչՄհեր Գարագաշեան‚ որ կ’աւելցնէ. «Դժբախտաբար‚ պատմութիւնը այսօր մեր աչքերուն առջեւ շարունակ ինքզինք կը կրկնէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է միացնենք մեր ուժերը եւ ցեղասպանութիւններուն դէմ յղենք յստակ պատգամ մը՝ «Երբե՛ք պիտի չկրկնուի»։

Ստորեւ «Մոնթրէալ՝ իրաւունքներու քաղաք» նախաձեռնութեան յայտագիրը.

«Մոնթրէալ՝ մարդկային իրաւանց քաղաք» խորհրդաժողով. 26 Մայիս, ժամը 12-էն 5։30, Գոնգորտիա համալսարանի Sir George Williams University Alumni Auditorium‚ Room H-110, Henry F. Hall Building,

1455 De Maisonneuve Blvd. W., Montreal

Մարդկայնականութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամէնամեայ քայլարշաւ. 27 Մայիս‚ ժամը 12։30-էն 4։30։ Մոնթրէալի Արուեստից թանգարան Michal and Renata Hornstein Pavilion for Peace, 2075 Bishop St.-էն մինչեւ Փլաս տիւ Գանատա Corner of Peel St. and René-Lévesque Boul. West

Միջազգային Ներում կազմակերպութեան «Խղճի դեսպան» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւն. 27 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7։30-ին‚ L’Astral‚ 305 Saint-Catherine St. W., Montreal

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելեցէ՛ք «Մոնթրէալ՝ մարդկաիյն իրաւանց քաղաք»ի կայքը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.