Միջին Արեւելքի Համաքրիստոնէական Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 18 Մարտին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում‘ մասնակցութեամբ շուրջ 50 պատուիրակներու:

Յիշեալ յանձնախումբը կազմուած է հինգ տարիներ առաջ եւ անոր կը մասնակցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛աշխարհական:  Յանձնախումբին նպատակը գործակցութիւն յառաջացնել է քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ:

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին նաեւ ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ, որոնք յատուկ հետաքրքրութիւն ունին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ:

Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ պատգամ պիտի ուղղէ սոյն համագումարին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.