Միասին, յանուն Արցախի. ՀՅԴ Գանատայի Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբի դրամահաւաքը հասած է $1,000,000 տոլար եւ կը շարունակուի
Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական սադրանքներու յաջորդող օրերուն՝ Գանատայի ՀՅԴ Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբը նախաձեռնեց համագաղութային դրամահաւաք։ Արդէն իսկ նուիրահաւաքը հասած է մէկ միլիոն տոլար գումարի։ Դրամահաւաքի կոչին ընհառաջ գանատայի հայ համայնքը մասնակից է կուռ շարքերով։
Սեպտեմբեր 26 թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, յանձնախումբը նշած էր. «Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր գործեր, յանուն անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին։ Արդ, ուրեմն՝ ի գործ, միասին եւ բոլորս, յանուն Արցախի»։
Համագանատական այս ազգային նուիրահաւաքը կը շարունակուի. Արցախի համար ձեր մասնակցութիւնը ակրնաք ունենալ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca եւ կամ հեռաձայնել 1 833 426 2867, 1 833 GAMAVOR վերտառութեամբ: