Մեր առաքելութիւնն է միացնել ազգը մեր ազգային գերագոյն շահերուն շուրջ

«Ես այսօր կ՚ուզեմ պաշտօնապէս ըսել, որ մենք պատրաստ ենք այլազան տիպի համագործակցութեան, և եթէ վարչապետը ունի յատուկ օրակարգ քննելու մեր հետ, իր կոչերը չեն մնար անարձագանգ։»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ

Ի սրտէ կ՚ողջունեմ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ ընկերոջ քաղաքական իմաստուն և պարտաւորեցնող ժեստը։ Ընկերը կը խօսի յանուն Դաշնակցութեան և յանուն իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկերոջ առանց բացառութեան։ Եւ հոս դրուած է մեր կուսակցութեան հայրենական գործի վարդապետութիւնը։ Մենք, որպէս արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն, եկած ենք ըսելու, որ չենք տպաւորուած այն ժամանակաւոր իրողութեանբ, որ ամբոխային ալեկոծութեան մը բովին մէջ իշխանութեան եկած Իմ-Քայլական կառավարութիւնն ու խորհրդարանը ներկայիս կը վայելեն մեծամասնական իրաւունքներ։ Կը յարգենք իրենց օրինական հանգամանքը, քանի որ կը յարգենք ՀՀ Սահմանադրութիւնը, որուն գլխաւոր ճարտարապետը մենք ենք։

Եւ անշուշտ անհեթեթ կը համարենք ՀՀ Վարչապետին և Իմ-Քայլական իր խարիսխին այն յաւակնութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը դուրս դրուած է ՀՀ քաղաքական դաշտէն, քանի որ ան զո՜ւրկ է ազդեցութենէ։ Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան 129 տարիներու ցենզով հոս է, հայ քաղաքական բեմի մայրուղիին վրայ, և պիտի շարունահէ հոս ըլլալ բոլոր եկող-գացող քաղաքական ուժերուն հետ հաշուի նստելէ առաջ և ետք։

Այսօր, մեր երկիրը կը դիմագրաւէ ճակատագրական մարտահրաւէրներ և պէտք ունի հզօր միասնականութեան։ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը կը յայտարարէ, որ Դաշնակցութիւնը — որպէս արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն — պատրաստ է մաս կազմելու պատմական այդ միասնականութեան կերտման գործընթացին։ Քաջ գիտնալո՛վ ՝ որ առանց ազգային այդ համաձայնութեան ազգը ի վիճակի չէ յաջողապէս ընդառաջ երթալու ներկայի ներքին և արտաքին սպառնալիքներուն։

Բայց այդ միասնականութեան նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ իշխանութենէն։ Եւ որքան իշխանութիւնը հրահրէ քաղաքական դաշտի բևեռացումը, այնքան աւելի պիտի կոտորակուի քաղաքական դաշտը և այնքան աւելի մեծ ուժականութեամբ ծնունդ պիտի տայ հակաբևեռներու…Եւ, անշուշտ, այդքան աւելի պիտի նուազի մեր հաւաքական դիմադրականութիւնը արտաքին սպառնալիքներուն դիմաց։ Մենք այն ընդդիմութիւնն ենք, որ կը մերժէ հակաբևեռ հանդիսանալ երկրի իշխանութեան։ Մեր առաքելութիւնն է միացնել ազգը մեր ազգային գերագոյն շահերուն շուրջ։ Մեր ընդդիմութիւնը կը գործէ մեր ազգային միասնականութեան դատին համար։ Այս նշանաբանը այլընտրանք չունի։ Եւ Դաշնակցութիւնը կը հրաւիրէ ՀՀ Վարչապետը առաջնորդող դեր ստանձնելու այդ պատմական գործին մէջ։ Ընտրութիւնը ձերն է։ Մենք մեր ազգային անկախ պետականութեան անկեղծ զինուորն ենք այժմ և միշտ և յաւիտեան։ Եւ մեր երթը կանգ պիտի չառնէ։

Կարօ Արմենեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.