Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան (16 Յունիս 1956 -8 Մարտ 2019,Պոլիս)

Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքի կենսագրութիւնը 

Աւազանի անունով Մինաս, ծնած է 16 Յունիս 1956-ին, Պոլսոյ մէջ, որպէս զաւակը Օննիկ ու Մարի Մութաֆեան ամոլի։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Էսաեան վարժարանին մէջ։ 1968-ին ընդունուած է.Պոլսոյ  Նշանթաշը  թաղի անգլիական վարժարանը (High School), զոր աւարտած է 1973 թուականին։ 1973-1975 թուականներուն ուսանած է Շթութկարտի ( Գերմանիա ) Ամերիկեան քոլեժի գեղարուեստի եւ պատմութեան բաժնին մէջ։ 1975-1979 թուականներուն ուսումը շարունակած է ԱՄՆ-ի Թենըսի նահանգի Մեմփիսի պետական համալսարանին մէջ` հետեւելով ընկերաբանութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։

Ուսանողութեան տարիներուն Մինաս Մութաֆեան ենթարկուած է երթեւեկի արկածի մը, որու հետեւանքով մահացած է իր մտերիմ բարեկամներէն մին՝ Պետրօ Մարաշօղլու։ Մինաս, որ կը վարէր կառքը, այս պատահարէն ետք կ՚ապրի մեծ հոգեփոխութիւն մը։ Կ՛սկսի աւելի յաճախ մտածել Աստուծոյ, հոգեւոր կեանքի եւ նոյնիսկ հոգեւորական դառնալու մասին։ Համալսարանի ճիւղը կը փոխէ՝ մասնակցելով Թենըսի նահանգի Անգլիկան թեմի քահանաներու յատուկ աստուածաբանութեան եւ եկեղեցագիտութեան դասընթացքներուն։

1979-1982 թուականներուն ուսանած ու պաշտօնավարած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանին մէջ։ Կը ստանայ մագիստրոսական աստիճան՝ Հին Կտակարանի պատմութեան ու գրականութեան ճիւղէն։ Երուսաղէմի համալսարան-քոլեճէն ալ կը ստանայ մագիստրոսական աստիճան՝ Սուրբ Գրային հնագիտութենէն։ 1979-1980 թուականներուն միաժամանակ դասաւանդած է Երուսաղէմի Ս․ Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ` Հին Կտակարանի ներածութիւն եւ անգլերէն։

Նոյեմբեր 1983-Փետրուար 1984 թուականներու միջեւ կը ծառայէ բանակին՝ Պուրտուրի  մէջ։

1988-1989 թուականներուն ուսանած է Հռոմի համալսարանին մէջ։ Ստացած է մագիստրոսի աստիճան՝ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց աստուածաբանութեան մասնագիտութեամբ։

2003-ին Ուաշինկթընի «Սեն Մերի» համալսարանի կողմէ արժանանցած է պատուաւոր տոքթորի կոչման։

Որպէս հոգեւորական:19 Յուլիս 1977 թուականին Բերայի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Շահան եպսկ․ Սվաճեանի։ 13 Մայիս 1979-ին Բերայի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Շնորհք  Գալուստեան պատրիարքի, կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` վերանուանուելով Մեսրոպ աբեղայ։ Երուսաղէմէ վերադարձին, 1982-1983 թուականներուն կը դառնայ Շնորհք  Գալուստեան պատրիարքին անձնական քարտուղարը։

7 Մայիս 1983-ին «Սուրբ Գիրք եւ Աւանդութիւն» աւարտաճառով վարդապետական գաւազան կը ստանայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն թուականին կը դառնայ քարոզիչ Քնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Երիտասարդ Մեսրոպ վրդ․ Մութաֆեան դարձած էր Քնալը կղզիի ոգին։ Քարոզելու կարողութիւնը, մանուկներու եւ երիտասարդներու հետ ստեղծած ջերմ երկխօսութիւնը ոսկեդար մը ստեղծած էին այդ համայնքէն ներս։ Հարիւրաւոր մանուկներ հետեւած են իր կազմակերպած հոգեւոր ու մշակութային դասընթացքներուն՝ որոնց ժամանակ երիտասարդ հոգեւորականը իրենց կը սորվեցնէր ո՛չ միայն քրիստոնէութիւն, այլ նաեւ հայոց բանն ու երգը։

3 Մայիս 1986-ին «Նահապետաց կրօնքը նախ քան եգիպտական գերութիւնը» աւարտաճառով ծայրագոյն վարդապետական գաւազան կը ստանայ Քնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

21 Սեպտեմբեր 1986-ին Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Վազգէն Ա․ կաթողիկոսի, Շնորհք  Գալուստեան ․ պատրիարքի ու Երուսաղէմի ընտեալ պատրիարք Տիրան Արք․ Ներսոյեանի։      5 Դեկտեմբեր 1992-ին ստացած է արքութեան պատիւ՝ Վազգէն Ա․ կաթողիկոսէն։

Նախքան պատրիարքական գահ բարձրանալը, Շնորհք  պատրիարքի գահակալութեան վերջին շրջանին եւ Գարեգին  Գազանճեան պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն եղած է Պոլսոյ պատրիարքութեան դիւանապետ, կրօնական ժողովի ատենապետ, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատրիարքական փոխանորդ, Իշխանաց կղզեաց տեսուչ։

1995-ին «Շողակաթ» հանդէսին խմբագրութեան պաշտօնը կը վարէ: Կարճ ընդհատումէ մը ետք, 1995-ին լոյս կը տեսնէ Շողակաթը՝ առաւելաբար պատմաբանասիրական նիւթերով։ Շողակաթ մատենաշարէն հատորներ կը հրատարակուին։

14 Հոկտեմբեր 1998-ին Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք։

Պատրիարքական տարիները եղած են փոթորկալից։ Մէկ կողմէ կը շարունակէր զբաղիլ երիտասարդներով, համայնքային կեանքի վերաշխուժացմամբ, միւս կողմէ սակայն որոշ հարցեր սկսած էր ապրիլ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին, հետեւաբար Մայթ Աթոռ Ս․ Էջմիածնին հետ։

Մեսրոպ պատրիարք երթեւեկի արկածի մը կ՚ենթարկուի նաեւ 1 Փետրուար 2004-ին, Անթալիոյ մերձակայ Սաքլըքենթի մէջ։ Մանր վնասուածքներէն դուրս, կը վնասուի քիթն ու սրունքը։

2008 թուականէն սկսեալ Մեսրոպ Մութաֆեան կորսնցուցած է յիշողութիւնը եւ կը տառապի անբուժելի հիւանդութեամբ (frontotemporal demans)։

Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը ձեռնասունն էր Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր եւ սկսեալ կուսակրօն քահանայութեան օրերէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմէն ներս։

Նորին Ամենապատուութիւնը, 14 Հոկտեմբեր 1998ին ընտրուած էր Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ, յաջորդելով Երանաշնորհ Գարեգին Գազանճեան  Պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր։ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք նախ քան Պատրիարք ընտրուիլը, իր հոգեւոր ծառայութիւնը կեդրոնացուցած էր մանկանց, երիտասարդաց եւ հոգեւորականներ պատրաստելու գործին եւ այդ ծառայութեան գիծը շարունակուած էր նաեւ իր Պատրիարքութեան շրջանին։

Ներհամայնքային գործունէութեան ծիրէն ներս, նաեւ ունեցած էր աշխոյժ գործունէութիւն Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքը ծանօթացնելու յաչս օտար շրջանակներու։ Իր ունեցած պաշտօնական եւ բարեկամական յարաբերութեամբ Պատրիարքական Աթոռը լաւագոյնս ծանօթացուցած էր երկրի տեղական մամլոյ պատասխանատու խմբագիրներուն։ Կրօնական Ժողովի եւ համայնքային վարչային դէմքերէն ստացած լիազօրութեամբ ցուպ ի ձեռին այցելած էր Եւրոպական ոստաններ եւ ունեցած պաշտօնական տեսակցութիւններով յանուն համայնքի զօրակցութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացէն ներս։

Ինքը, եղաւ արի եւ քաջ հովուապետը, որ գիտցաւ տէր կանգնիլ համայնքի շահերուն։ Հայ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, պահած էր Պոլսոյ Աթոռի դիրքը, նաեւ պահելով Նուիրապետական Աթոռներու հետ աւանդական կապը։ Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանակներ եւս այսօր կը սգան մեծանուն Պատրիարքին մահը, միշտ յիշելով իր աշխոյժ գործունէութիւնները, զոր ունեցած էր զանազան առիթներով՝ գործակցելով իրենց.

Ամենապատիւ Տ.Մեսրոպ Պատրիարք Արք.Մութաֆեանի կորուստը դառն եւ ցնցիչ է հայ կեանքի մէջ:Իր Աստուածահաճոյ ծառայութիւները միշտ պիտի յիշուին երախտագիտութեամբ ,մեր անկեղծ վշտակցութիւնը կը յայտնենք Թրքահայ համայնքին եւ Սրբազան պատրիարք հօր ընտանիքին :

Տքթ.Սարգիս Ատամ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.