«Մենք մեր զոյգ պետութիւններուն եւ մեր բանակի կողքին եղած ենք ու պիտի ըլլանք մշտապէս». ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

«Երկիր»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը

Հերթական անգամ Ատրպէյճանը ռազմական բախում սադրեց, այս  դէպքում ուղղակիօրէն Հայաստանի հետ: ՀՅԴ Բիւրոն յուլիսի 14-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որն ուղղուած էր ողջ հայութեանը եւ  հաւաստում էր Դաշնակցութեան պատրաստակամութեան մասին  բոլոր  հնարաւորութիւններով ծառայելու Հայրենիքի ու հայութեան անվտանգութեան եւ  զարգացման գործին: Կարելի՞ է մի քիչ մանրամասնել:

– Նախ ՀՅԴ մեծ ընտանիքի անունով ես կրկին խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեմ նահատակուած հայորդիներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ողջ հայ ժողովրդին: Վիշտը բոլորինս է, ինչպէս որ բոլորինս է զոհուածներու եւ առհասարակ  բոլոր մեր քաջարի զինուորներու ու սպաներու անձնազոհ խիզախումը՝ յանուն հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողի պաշտպանութեան եւ հայ ժողովրդի խաղաղ գոյակցութեան: Մենք մէկ անգամ եւս հպարտացանք, որ մեր թշնամիի հերթական արկածախնդրական փորձը բախեցաւ հայ մարտիկի ամուր եւ անսասան դիմակայութեան։ Թշնամին անգամ եւս ականատես եղաւ ընդհանուր վտանգի շուրջ  կրկին բռնցքուելու հայութեան հաւաքական կամքին:

Գալով ձեր հաստատումին, պէտք է շեշտեմ, որ Դաշնակցութիւնը այն համահակական կազմակերպութիւնն է, որը նման պատասխանատու պահերուն միշտ կ՚արձագանգէ հայրենի կարիքներու կանչին, մասնաւորապէս հաւաստելով, որ պատրաստ է իր բոլոր  հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելու հայրենիքի պաշտպանութեան եւ համակողմանի աջակցութեան գործին:

Մենք կապի մէջ ենք Հայաստանի ու Արցախի համապատասխան բարձրագոյն ղեկավարութեանց հետ՝ հունաւորելու համար համահայկական նեցուկի դրսեւորումները եւ համադրելու համար հայանպաստ քարոզչական աշխատանքն ու բանակին օժանդակութեան ծրագրերը:

Յայտնի է, որ երկար ժամանակէ ի վեր Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը վերադարձած էր իր հին հռետորաբանութեանը, կը թէժացնէր մթնոլորտը եւ հաւանական կը թուէր, որ նման զարգացումները կրնան յանգեցնել նոր, վտանգաւոր հետեւանքներու: Պատահական պէտք չէ համարել քաղաքական ու քարոզչական այն քայլերը, որոնք աւագ եղբօր՝ Թուրքիոյ հետ, ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, փորձեց նախաձեռնել հակառակորդ կողմը: Գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնանք նաեւ, որ թշնամիի քարոզչական արշաւը ծանր պարտութիւն կրեց, Հայաստանի ու հայութեան հակահարուածը եղաւ ազդու: Ատրպէյճանի մէջ պաշտօնանկ եղաւ արտգործնախարարը եւ այս հարցով թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ այժմ կը տիրէ խուճապի մթնոլորտ: Այս խուճապի անընդունելի դրսեւորումներէն է Հայաստանի աթոմակայանը ռմբակոծելու Ատրպէյճանի հնչեցրած սպառնալիքը, որը, ընդհանրապէս, միջազգային հանրութիւնը մարդկութեան դէմ իրականացուող մեծագոյն ոճիր կը նկատէ:

Այսինքն, ըստ ձեզ, Ատրպէյճանը Թուրքիայի հետ միասին լուրջ  ծրագրե՞ր էր հետապնդում հրահրելով այս նոր ընդհարումը: Այս պարագայում քաղաքական-քարոզչական եւ ընդհանրապէս ի՞նչ անելիք  ունի հայկական կողմը:

– Ես չեմ կրնար յստակօրէն ըսել թէ ինչ մտադրութիւն ունէր Ատրպէյճանը սանձազերծելով եւ ընդլայնելով այս սահմանային միջադէպը, սակայն որոշ ենթադրութիւններ կարելի է ընել մեկնելով ակնյայտ փաստերէ: Օրինակ արձանագրենք, որ վերջին շրջանին ատրպէյճանական պաշտօնական քարոզչամեքենան հետեւողականօրէն կը փորձէր արտաքին լսարանի համար զարգացնել այն թեզը, թէ իրականութեան մէջ չկայ արցախահայութեան եւ անոր մարդկային ու ազգային իրաւունքներու հարց, այլ հակամարտութեան առարկան Հայաստանի յարձակողապաշտ մօտեցումն է Ատրպէյճանի նկատմամբ եւ այսպէս ըսած Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը: Պատահական չէ, որ սահմանային այս համեմատաբար խոշոր բախումը ձեռնարկուեցաւ ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստանի նկատմամբ: Եւ դէպքերու նախորդող ժամանակահատուածին, նոյն սահմանագծին վրայ, ժամանակ առ ժամանակ կրկնուեցան նման սադրիչ գործողութիւնները:

Եւ ի հարկէ, հայկական կողմը ունի ընելիքներ: Անհրաժեշտ է նոյն համարձակ հակադարձումը, որ տեղի ունեցաւ ռազմական բեմին վրայ, կազմակերպել նաեւ քաղաքական-դիւանագիտական ճակատին վրայ: Ատրպէյճանի անպատասխանատու ղեկավարութիւնը պատերազմական յանցաւոր գործողութիւն իրականացուցած է անկախ գերիշխան երկրի դէմ, որը ի դէպ ոչ մէկ կապ չունի Արցախեան խնդրի եւ անոր հանգուցալուծման միտող ուղիներու հետ: Միւս կողմէ, հերթական անգամ Ատրպէյճանը քամահրական վերաբերմունք կը դրսեւորէ Արցախեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ տարիներէ ի վեր գործադրուող ջանքերուն եւ այս գործին մէջ ներգրաւուած միջնորդ կողմերու հանդէպ, երբ բանակցութեան մասնակիցները բազմիցս յայտարարած են հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ճիշդ պահն է մերկացնելու Ատրպէյճանական ղեկավարութեան այս անպատասխանատու գործելակերպը եւ պահանջելու միջազգային արձագանգ:

Ճիշդ առիթն է բացայայտելու նաեւ  Թուրքիոյ միանշանակ ատրպէյճանամէտ կողմնորոշումը, Հայաստանի նկատմամբ սպառնալիք հանդիսանալու հանգամանքը եւ անոր հաւակնոտ ծրագրերը, այս տարածաշրջանին մէջ եւս ծաւալուն հակամարտութիւններ հրահրելու եւ որպէս փայատէր, մասնակից դառնալու փափաքով: Պէտք է բոլորին համար պարզ դարձնել, որ նման դերակատարը չի կրնար հաւակնել անաչառ միջնորդի դերի:

Այս  բոլոր հարցերումն մէջ, պետական պաշտօնական, կուսակցական ու այլ մակարդակներով հայկական կողմի ընելիքները իրապէս շատ են:

Իսկ  ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը մեր արդէն իսկ ընթացք առած գործնական  քայլերու մասին կը վկայէ: Դաշնակցութիւնը իր շրջանային մարմիններով, Հայ Դատի գրասենեակներով ու յանձնախումբերով, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւններով ու համակիրներով ռազմական գործողութիւններու լուրը առնելուն պէս աշխատանքի  անցած է տարբեր ասպարէզներու մէջ: Այդ աշխատանքը իր որոշակի պտուղները սկսած է, ու պիտի շարունակէ տալ՝ տարբեր մակարդակներու վրայ:

 

– ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութեան մէջ խօսւում էր  նաեւ հայկական զոյգ պետութիւնների եւ հայկական բանակի կողքին լինելու մասին։

– Այդպhս է. անշուշտ, մեր գործունէութեան ասպարէզը միայն արտաքին ճակատը չէ: Մենք մեր զոյգ պետութիւններու եւ մեր բանակի կողքին եղած ենք ու պիտի րլլանք մշտապէս: Այսօր ալ պատրաստ ենք յանձնառութիւններ ստանձնելու, կազմակերպելու, կոչ ընելու համակիր շրջանակներուն ու ողջ հայութեան՝ համախմբուելու մեր անընկճելի եւ հերոսական բանակին աջակցութիւն ապահովելու գաղափարին շուրջ: Այն ինչի մասին հիմա կը խօսիմ, պարզապէս յայտարարութիւն չէ, մենք նման գաղափարի միս ու արիւն հաղորդած ենք եւ 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայէն ետք, երբ կարողացանք բաւականին շօշափելի գումար հաւաքել եւ տրամադրել մեր բանակի կարիքներին:

Եւ հիմա ալ, տուեալ գաղափարը վերջին իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ չէ որ օրակարգի վրայ բերուած է. բաւական ժամանակ այս աշխատանքը նախապատրաստելու ընթացքի մէջ եղած ենք, իսկ այժմ անհրաժեշտ է զայն տեղափոխել իրագործման հուն:

Հայոց պետութիւնն ու բանակը մեր բարձրագոյն արժէքներն են, որոնց նկատմամբ սիրոյ ու գուրգուրանքի մենաշնորհ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, կայ համըմդհանուր պատասխանատուութիւն եւ մենք մեր բաժին պատասխանատուութեան տէրն ենք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.