Մենք ենք մեր սահմանները, Մենք ենք մեր ապաւէնը

Անկախութեան  25-ամեակ

 ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի

Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը իր երկու՝ հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար կը դիմագրաւէ մեր անկախութեան գոյապահպանման եւ պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէրները:

Յիշենք, որ 1990-ի Օգոստոս 23-ին ստորագրուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, մեր ժողովուրդը որոշած էր ընթանալ 1918-ի Մայիս 28-ին հիմնաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան ուղիով:

Այսօր, մենք ազգովին, Հայ Դատ ունինք լուծելու, ուրեմն՝ պարտաւոր ենք կրկնակի ներուժով եւ քաղաքական հասունութեամբ մեր մրցակիցներուն յաղթահարել մեր զարգացման կշռոյթով:

Պէտք է գիտակցինք, որ Հայ ազգի պահպանումը եւ բարգաւաճումը կարելի է իրականութիւն դարձնել համահայկական ազգային պետութիւն ստեղծելու ճամբով: Այդ պետութիւնը պէտք է ստեղծուի հայապատկան հողերու վրայ: Հայապատկան կը կոչուին այն հողերը, որոնց վրայ այսօր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը եւ այն հողատարածքները՝ որոնց վրայէն բռնի ուժով բռնութեամբ արտաքսուած է հայութիւնը:

Այսպիսով, Հայ Ազգային Գաղափարի պետական դրոյթը կը թելադրէ հայապատկան հողերու վրայ համահայկական ազգային պետութեան ստեղծում, որուն համար անհրաժեշտ է հողահաւաք եւ ազգահաւաք:

Չափակշռելով անցնող 25 տարիներու փորձութիւններու ուղին, կու գանք  այն եզրայանգման, որ իրերայաջորդ իշխանութեանց արձանագրած սայթաքումներու, յաջողութիւններու եւ պատմական առիթներու կորուստներու համագումարի արդիւնքը՝ այսօրուան դրութեամբ կարելի է նկատել պետականութեան կայացման ճանապարհին նորածնունդ պետական կազմաւորման առաջին քայլերը միայն:

Այսօրուան դրութեամբ, պատերազմի պատճառով, հայութեան վրայ պարտադրուած է «ամրոց պետութեան» վերածուելու այլընտրանքը, որուն զուգահեռ, տնտեսական ճգնաժամն ու անգործութեան պատճառով ծաւալ առած հայրենալքումն ու արտագաղթը, ասօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը կը դնեն կացութիւնը լրջօրէն վերարժեւորելու, ուժերը համախմբելու եւ համընդհանուր զորաշարժի ենթարկելու հարկադրանքին տակ:

Իրերու դրութեան նման ենթահողին վրայ հայ քաղաքական մտքին առջեւ սուր կերպով կը դրուի սեփական տունը կարգի բերելու հրամայականը, նախապայման դաւանելով հայոց պետութեան ու պետականութեան հզօրացումը:

Քաղաքական եւ ազգային բոլոր ուժերը ի մի բերելով, աղէտի համազօր արտագաղթի ճգնաժամէն ու տնտեսական անել դրութենէն դուրս գալու համար, համայն հայութեան անհրաժեշտ է այսօր ազգային փրկութեան համալիր ծրագրի մը իրագործումը։

Անկախութիւնը վերամրագրելու ու անոր վերընձիւղուած աւիւն ներարկելու համար այսօր գերագոյն հրամայական է նաեւ, հայութեան քաղաքական-տնտեսական ներուժին նպատակամէտ համակարգումը եւ անոր օգտագործումը՝ յանուն ազատագրեալ Արցախի միջազգային իրաւական ճանաչումին։

Կացութիւնն ու ճգնաժամը յստակ են։ Ի գին բազում զոհողութիւններու մեր վաստկած յառաջխաղացքներն ու նուաճումները աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրադրութեան մէջ պահպանելու համար, անհրաժեշտ է ամուր եւ կայուն պետականութիւն։ Իսկ այսօրուան պայմաններով, նման պետականութեան մը երաշխիքը կրնայ հանդիսանալ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական եւ տնտեսական ամբողջ ներուժի համադրումը եւ այն հաստատ գիտակցութիւնը, որ ազգային մեր գոյատեւման ճանապարհը այսուհետեւ մենք է, որ կը տնօրինենք, սեփական մեր կամքով եւ միասնական անխորտակ շարքերով։

Այսօր պահն է ինքնաճանաչման ու ինքնասրբագրութեան, այն պահը, երբ ի մի բերելով նախկին մեր արձանագրած թերացումներն ու վրիպումները, հաշուետուութեան կարգով, քննարկման ենթարկենք 25 տարիներու վրայ երկարող մեր անցած ճանապարհը:

Ամրագրել պետականութիւնը. այս է օրուան հրամայականը։ Ամրագրել զայն տնտեսական եւ ընկերային լիակատար համակարգերով։ Օժտել զայն ժողովրդավարական բարձրագոյն արժանիքներով։ Ախտազերծել զայն անօրինականութեան, հովանաւորչութեան եւ այլ փտախտային բացասական երեւոյթներէն։

Կերտել լիիրաւ անկախութիւնը, որպէսզի ապագայ  սերունդները, իրենց կարգին, խորին պատասխանատուութեամբ տէր կանգնին ազգային մեր գերագոյն իղձերը իրագործելու անկորնչելի տեսլականին:

Սեպտեմբեր 21-ը հայ ժողովուրդին համար պէտք է վերածուի ազգային ինքնագիտակցութան վերազարթնումի ու վերամրագրումի գաղափարախօսութեան, այնպէս ինչպէս 1918-ի Մայիս 28-ի մահ ու կենաց մայիսեան գուպարէն ետք վերընձիւղուած հայրենիքը՝ ապագայ սերունդներուն կտակեց անկախութեան իմաստաւորման անժամանցելի դասերը:

Այս բոլորէն անկախ սակայն, վերանկախացման հանգրուանի հայոց պետականութեան ամենէն կարեւոր ձեռքբերումն ու իրագործումը՝ Հայոց բանակն է:

25 տարի առաջ, Արցախեան ազատամարտի թէժ մարտերու բովէն անցած հայոց զինուորագրեալ նոր սերունդը, հիմը դրաւ հայոց բանակին, որ հետագային պիտի դառնար հայ ազգի անվտանգութեան եւ գոյատեւելիութեան հիմնական երաշխաւորը: 24-ամեայ փորձառութեան ճանապարհ ունեցող հայոց նորաստեղծ բանակը, այսօր իր մարտունակութեամբ եւ բարոյահոգեբանական իր կատարեալ պատրաստուածութեամբ՝ կը հանդիսանայ տարածաշրջանի լաւագոյնը:

Տարիներու ընթացքին, հայկական զինուած ուժերու կառուցուածքի հետագայ կատարելագործման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի յուսալի պաշտպանութիւնը կազմակերպելու, ղեկավարումը համակարգելու, մարտական պատրաստականութիւնը բարձրացնելու նպատակով, մի քանի ուղղութիւններով ստեղծուեցան բանակային զօրամիաւորումներ‘ համախմբելով համապատասխան շրջաններու զօրամասերու գործունէութիւնը:

Այսօր, ձմրան ցուրտին թէ գիշերուան մութին, Հայոց աշխարհի գիւղերը, քաղաքները եւ բնակչութիւնը կը պաշտպանուին հայոց բանակի սահմանապահ հայ զինուորներուն կողմէ: Ա՛յն 18-ամեայ 19-ամեայ երիտասարդներուն կողմէ, որոնք այսօր թշնամիին կողմէ սանձազերծուած խափանարար գործողութիւնները ձախողութեան կը մատնեն, որոնց գնդացիրներու դիպուկ հարուածներուն տակ թշնամին կու տայ տասնեակներով կորուստ եւ կը փաստեն, որ հայ զինուորը, իր մարտական եւ բարոյահոգեբանական բարձր պատրաստուածութեամբ ի վիճակի է պարտութեան մատնելու թշնամին եւ Արցախի մատոյցներուն վրայ, թէժ մարտերու ընթացքին իրենց արեամբ կը վերագծեն ու կ՚ամրագրեն հայրենիքի սահմանները։

Փա՜ռք հայ ժողովուրդի պաշտպան հայոց հզօր բանակին, փա՜ռք Շուշին ազատագրող հայ ազատամարտիկին եւ յաւե՛րժ փառք հայրենիքի անկախութեան պաշտպանութեան համար զոհուած նահատակ հայ զինուորին:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչներէն Գարեգին Նժդեհ իրաւամբ ըսած էր. «Անկախ Հայրենիք ունենալը իրաւունք լինելուց զատ եւ պարտականութիւն է: Որովհետեւ ցեղերի ուրոյն հանճարը անկաշկանդօրէն աճում է եւ ստեղծագործում միայն բացարձակ Անկախութեան մէջ»:

Նժդեհեան այդ խօսքերը տասնամեակներ ետք պիտի արձագանգէին Արցախեան լեռներուն վրայ, երբ Արցախեան գոյապայքարի օրերուն Շուշիի ռազմական գործողութեան առաջին վաշտը հրամանատար Բեկոր Աշոտին հարց պիտի տային, թէ ի՞նչ պիտի ընէ Արցախը ազատագրելէ ետք: Բեկորի պատասխանը՝ «Երբ պարտականութիւնը կանչէ, պիտի մեկնիմ Ջաւախք, կամ սահմանին միւս կողմը»:

Այսօրուան եւ վաղուան սերունդներու պարտքը պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանի, Ջաւախքի, Արցախի ու Նախիջեւանի միջեւ արուեստական սահմանները ի սպառ չէզոքացնել ու մէկ դրօշի ներքոյ անոնց վեջնական շաղկապումը իրականացնել։ Այս է՛ եւ պէ՛տք է ըլլայ հայ ազգի գոյատեւելիութեան հիմնական գրաւականը, համախումբ հայրենադարձութեամբ՝ Միացեալ Հայաստանի մարմնեղէն ու ոգեղէն կերտումը։

Այսօրուան եւ վաղուան հրամայականը հայութեան բոլոր հատուածներու հաւաքագրումն է պատնէշներուն դիմաց, որպէսզի մշեցիներու, սասունցիներու, մարաշցիներու եւ կարնեցիներու շառաւիղները, մենք՝ մեր անժամանցելի իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնց վերջնականապէս տիրանալու ճանապարհին՝ կանգուն եւ անխորտակ պահենք մեր դիմադրականութեան եւ գոյատեւելիութեան պատուարները, մինչեւ որ հաստատուի արդարութիւնը, մինչեւ որ հայութիւնը ազատօրէն շնչէ Ազատ,  Անկախ եւ Միաւորուած Հայաստանի մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.