Մեծ Պապա՜… Հա՜, ձագո՛ւկ…

Վճռած եմ. ողբերգութեան մասին պիտի չգրեմ։ 102 տարիներ ետք, ողբալը մեզ տեղքայլի մէջ կը պահէ։ Այս մէկը վերակենդանացման, կեանքի, յոյսի եւ գոյատեւման մասին պիտի ըլլայ։

Մեծ Պապա՜… Հա՜, ձագո՛ւկ…

Այս փաղաքշական կանչը տակաւին ականջիս մէջ կը հնչէ, երբ մեծ հօրս՝ Պետրոս Պտղունիի (Մէյվալեան) մասին խօսիմ կամ մտածեմ։ Եւ ահա նոյն քաղցր ու մեղմիկ ձայնն է, որ մտիկ կ՚ընեմ, երբ ձեռքս կ՚անցնի անոր հետ տարուած հարցազրոյցի մը արձանագրութիւնը Եղեռնի 70-ամեակին առթիւ։

Շատ մը հալէպահայերու ծանօթ էր իբրեւ պարոն Պտղունի՝ Հալէպի ելեկտրական ընկերութեան մասնագէտներէն մին, իբրեւ բանաստեղծ եւ նամանաւանդ՝ երաժիշտ։ Կը նուագէր ջութակ եւ մանտօլին: Հերթական կերպով ելոյթ կ’ունենար Սուրիոյ պետական ձայնասփիւռի կայանէն՝ իր մանտօլինի քառեակով։ Աւելի՛ն, կը նուագէր նաեւ սղոցի վրայ՝ յատուկ աղեղով։

Ծնած է 1909-ին Սիսի մէջ, թոռը «Ղուլ Տաւուտ»՝ Աշուղ Դաւիթի, մեծ հայրս կը պատմէ, թէ իր հայրը՝ Յակոբ Մէյվալեան, մասնակցած է Զէյթունի պատերազմներուն։ Յետագային, ասոր իբրեւ հետեւանք, թուրքերը զինք խարազանելով չարչարանքի կ’ենթարկեն եւ կը նետեն փոսի մը մէջ։ 1915-ի սկիզբը Յակոբ կ՚աքսորուի, իսկ Ապրիլին հինգ տարեկան Պետրոս իր մօր, երեք տարեկան քրոջ՝ Շաքէին, եւ նորածին եղբօր հետ կը տեղահանուին Ֆուռնուզէն։ Անցնելով Սուլթանիէէն, Թարթուսէն, Օսմանիէէն, Ատանայէն եւ Հալէպէն՝ անոնք կը հասնին Ճարապլուս, ուր կը վերագտնեն Յակոբը։ Հոս է, որ մեծ մայրս տակաւին նոր ծննդաբերած, անկարող կ’ըլլայ շարունակելու եւ կը նստի քարի մը վրայ ու կ՚ըսէ. «Դուք գացէք, ես ետքը կու գամ…»։ Հոս է նաեւ, որ փոքրիկ Շաքէն կաթիլ մը ջուրի տենչանքով՝ հոգին կ՚աւանդէ։ Մեծ հօրս խօսքերով՝ «Անըմբռնելի ծաղրանք… Եփրատէն քանի մը քայլ անդին էինք եւ ջուր չունէինք…»։

Հինգ տարեկան Պետրոս իր հօր հետ միասին կը շարունակեն աքսորի ճամբան ու կը հասնին Պերեճիք։ Հոս՝ թուրք ժանտարմները ժամագործ մը կը փնտռեն։ Մեծ հօրս հայրը՝ Յակոբ, կը յանդգնի ինքզինք ներկայացնել որպէս ժամագործ։ Զինք կը տանին Պերեճիքի տեղակալին տունը, ուր կը նորոգէ քանի մը ժամացոյց։ Այդ նոյն տան մէջ կը տեսնէ երգեհոն մը։ Յակոբ, որպէս հմուտ երաժիշտ, կը սկսի օրական տեղակալի աղջնակին երգեհոնի դասեր տալ ու այս ձեւով կ՚արժանանայ տեղակալին համակրանքին։

Առաւօտ մը, տեղակալը Յակոբին կը տեղեկացնէ, թէ յաջորդ օրը կարաւանը ամբողջութեամբ ջարդի պիտի ենթարկուի, ու կ՚առաջարկէ անոր ամբողջ ընտանիքը պահել իր տան ներքեւ։ Ընտանիքէն միայն Պետրոսը մնացած էր, հետեւաբար Յակոբ կը հաւաքէ մօտ երեսուն տարագրեալներ եւ տեղակալին կ’ըսէ, թէ անոնք իր հարազատներն են, եւ այսպիսով բոլորը կը փրկուին ջարդէն։

1918-ին Պետրոս իր հօր հետ կը վերադառնայ Ֆուռնուզ ու փլատակ կը գտնէ ամբողջ գիւղը։ Հայրը ծանր հիւանդ ըլլալով՝ զաւակը կը ղրկէ Մարաշ, մեծ մօր քով։ Ասոր կը յաջորդեն նոր աքսորներ, եւ Պետրոս ութը տարի կ՚անցընէ Մարաշի, Ժպէյլի ու Երուսաղէմի որբանոցներուն մէջ։ Ժպէյլի որբանոցին մէջ (ուր ան թիւ 1392 որբն էր) շնորհիւ Հայր Պօղոս Արիստակէսի գուրգուրանքին՝ ան բախտաւորութիւնը կ՚ունենայ հետեւելու միջազգային գրականութեան, հայագիտութեան, գեղարուեստի եւ երաժշտութեան դասերու։ Իսկ Երուսաղէմի մէջ կը մասնագիտանայ ելեկտրական ասպարէզին մէջ։

Պետրոս Պտղունիի տունը ճանչցուած էր որպէս երաժշտական բոյն։ Անոր բոլոր զաւակները հմտացած էին երաժշտական ուսումով, եւ մինչեւ այսօր երգն ու նուագը անպակաս են բոլորին տան յարկերէն ներս։ ի՜նչ հետաքրքրական զուգադիպութիւն… երգեհոնի դասն ու երաժշտութիւնը զինք փրկեցին դաժան ճակատագրէն:

Իւրաքանչիւր վերապրողի վկայութիւն, որքան ալ սրտաճմլիկ ըլլայ, ունի պատգամ մը։ Պետրոս Պտղունիի կեանքի դրուագը փաստ է, թէ արուեստը կրնայ բարեփոխել ու ազնուացնել մարդ արարածի հոգին։ Ահա թէ որքան մեծ է արուեստի ու մշակոյթի ուժը։ Ու այսօր մեր երգը, լեզուն ու պարը եթէ մենք չպահպանենք, յանցանքը լիովին մերը կ՚ըլլայ։

Սիրելի՛ Մեծ Պապ, երբեք պիտի չմոռնամ այն պահը, երբ վերջին անգամ ըլլալով զիս կանչեցիր քովդ եւ սղոցը ծունկերուդ միջեւ բռնելով ու արցունքոտ կապոյտ աչքերով նուագեցիր «Մայր Արաքսի ափերուն» երգը։ Որքա՜ն ցաւ, միեւնոյն ժամանակ որքա՛ն վճռականութիւն կը հոսէր այդ մեղեդիին ընդմէջէն։ Քա՛ջ գիտցիր, որ քու ձգած ժառանգութեանդ արժէքը անզուգելի է։

Փաթիլ Հարպոյեան

 

Հայ Մուսաներուն

Հալածանքի նախաթիրախ, գրի տաճար

Մեր փառքերուն կը խոնարհիմ յոյզով վսեմ.

Յոյզի խորան քերթողներուն մեր՝ անդադար

Ներշնչարար մուսաներուն ես կ՚աղերսեմ։

 

Մուսաներուն՝ փառքերուն մեր, ինչպէս թերհաս

Սիամանթօն, Զոհրապն ահեղ, հեշտ Վարուժան,

Դալուկ շուրթին երգն անաւարտ, ե՜րգ Կոմիտաս,

Խնդրանք ունիմ մուսաներուն ոսկեմատեան։

 

Որ ներշնչեն, կերտեն իրենց նոր տաճարներ,

Թարմ ու մատղաշ քերթողներու բանակ տիտան

Փիւնիկի պէս թեւեր առնեն հայ հանճարներ։

 

Մասիսի նման՝ դիտեն լոյս ապագան։

Կերտեն լրումը վաղամեռ-յաւէտ անմեռ

Գրչի, երգի, փառքերուն դասը Ապրիլեան։

Պետրոս Պտղունի

Հալէպ, 1965

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.