Մայիս 28 – Կարօ Սասունի
Կարօ Սասունի
Գրուած Հայաստանի Անկախութեան Յիսնամեակին առիթով
Հայաստանի վերածնութիւնը մեր դարուն պատմական ամէնէն նշանակալից մեծագործութիւնն է, որ կարելի պիտի ըլլար արձանագրել 1918-ին առաջին աշխարհամարտի ընթացքին:
Յարութիւնը խաչեալ հայ ժողովուրդին, արիւնլուայ, անպատմելի ցեղասպանութենէն ետք, անկարելի հրաշք մը այդ օրերուն:
Յարութիւն մը վեց հարիւր տարիներէ աւելի բռնատիրուած, կոտորակուած, անասելի հալածանքներու եւ կոտորածներու ենթակայ հայ ժողովուրդին, ինքնին Ազատագրական ինքնայատուկ մեծագործութիւն մըն էր, որ արձանագրուեցաւ պատմութեան էջերուն մէջ, իբրեւ հայ ժողովուրդին արեան գին, կորովի արդիւնքը, հերոսական զոհողութեանց փառապսակը: Իր սեփական ուժով, միս-մինակը, բարեկամներէ զուրկ, թշնամիներէն շրջպատուած, հայ ժողովուրդը իր ապրելու յաւիտենական կամքը պարտադրեց արիւնալի քաոսին:
1918 Մայիս 28…
Մեր նոր պատմութեան յաւիտենական թուականը: Մեր լինելութեան գրաւականը: Նոր հայութեան մեկնակէտը՝ դէպի գալիք դարերու նոր արշալոյսները:
Եթէ, յիսուն տարի առաջ, գոյամարտի այդ օրերուն, «Վարդահեղեղ Արշալոյս»ը չէր Մայիս 28-ը, սակայն փրկարար արշալոյս մը եղաւ մեր խաւար կեանքին: Արշալոյսը մեր Անկախութեան եւ Ազատութեան: Այդ հորիզոնէն դէպի գալիք դարերը հրաշափառը, արեւափայլը, ազատաշունչը ինքնին պիտի բխին առաջին արշալոյսէն:
Այն պայմանները որ ապրեցաւ հայ ժողովորդը 1918-ի Յունուարէն սկսեալ, հրաշքի համազօր նկատուեցաւ դուրսէն դիտողին համար: Նոյնիսկ մեր ազգակիցները, որոնք արիւնալի գուպարներուն մէջ չէին, կամ արտասահման կը գտնուէին, հրաշք նկատեցին եղածը…
Մինչդեռ երկարատեւ եւ տառապագին երկունքի մը, ազատութիւն կամ մահ խելայեղ վազքերու, փոթորկալի գուպարներու արդիւնքն էր Մայիս 28-ի մեծագործութիւնը: Երկունքներուն ամէնէն արիւնալի փուլերէն անցնելէ ետքն է, որ պիտի ծնէր Մանուկ Հայաստանը…
***
Հայ ազատագրական շարժումներու փուլերը ծանօթ են ընթերցող հասարակութեան: Մէկ դարու պատմական անցքերը չենք կրնար համադրել այս պարագային: Բայց պատմական թուականներու եւ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը վճռող պատմական որոշումներու պարզ թուումները ինքնին բաւական են ցոյց տալու, թէ որքա՜ն անիրաւ եղած է ճակատագիրը, երբ հարցը հայ ժողովուրդի բախտը տնօրինելու կամուրջներէն անցած է:
1827-1828 թուականներուն, ռուս բանակները կը գրաւեն Արարատեան աշխարհը: Պարսկաստանը կը հեռանայ Արեւելեան Հայաստանէն: Հայ ղեկավարները նոյնիսկ խոստում ունին ինքնավար Հայաստան մը ունենալու:
Արդիւնքը գիտէք:
Գրաւուած վայրերը կը դառնան Երեւանեան նահանգ, փոքրագոյն մասնիկը Ռուսական կայսրութեան:
1828-ին, ռուս բանակները կը գրաւեն Կարսը, Արտահանը, Բասէնը եւ Էրզրումը: Թրքական բանակըջախջախուած է: Արեւմտեան Հայաստանի ինքնավարութիւն պիտի տրուի, այլապէս ռուս բանակները պիտի չհեռանան գրաւուած վայրերէն:
Արդիւնքը գիտէք:
Տարի մը ետք, 1829-ին, ռուս բանակները հեռացան Արեւմտեան Հայաստանէն, իրենց հետ տեղահանելով հայ ժողովուրդը, որ պիտի գար շէնցնելու Ախալցխան, Ախալքալաքը եւ Թիֆլիսը… Իսկ Հայաստանը, 1829-30-ին, անկախ պետութիւն պիտի դառնար, կէս միլիոն բնակչութեամբ: Ճակատագիր, հակամարտ շահեր, ի՛նչ կ’ուզէք՝ ըսէք: Պատմութիւնը կաատրուած իրողութիւնը արձանագրեց:
1850-ական թուականներու եւ Սեւաստափոլի պատերազմին ու արդիւնքներուն վրայէն անցնինք: Բարեացակամ խօսքերը, բարենորոգման առաջադրանքները, պարզօրէն օրօրներ դարձան:
1877-1878-ին, Ռուս բանակները կրկին հասան Էրզրում, Մշոյ դաշտ, ու Կ. Պոլիս, (Սան Սթեֆանօ)… Ու ստորագրուեցաւ Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը, որուն 16-րդ յօդուածով Արեւմտեան Հայաստանը առանձին վարչութիւն պիտի ունենար եւ Հայաստանը բարենորոգման պիտի արժանանար: Ճակատագրի տախտակը շրջեցէք: Քանի մը ամիս անց Պերլինի ժողովը պիտի գումարուէր: Ռուսաստանի բազուկները պիտի շղթայէին: Արեւմտեան Հայաստանը գրաւող զօրքերը ետ պիտի քաշուէին, ու Հայերը պիտի ունենային Պերլինի վեհաժողովի 61-րդ յօդուածը, Հայաստանի բարենորոգման վճիռով, եւ… վեց մեծ պետութիւններու հսկողութեամբ: Արդիւնքը կոտորածներու շարան մը, որոնք մինչեւ այսօր, դառնութեամբ արձանագրուած կը մնան հայ սերունդներու սրտերուն մէջ:
Ու այդ թուականներէն ետք, կը սկսի Հայ Յեղափոխական ազատագրական շարժումը՝ արիւնալի, հերոսական, լինել-չլինելու վճռականութեամբ, կարմիր դրօշով, որպիտի հասնէր մինչեւ Սարդարապատ, Մայիս 28-ին, ու պիտի դառնար ազատութեան եւ անկախութեան Եռագոյնը:
Հարիւր տարիներ անցան յոյսի ու սպասման անորոշ ճամբաներով (1800-1890):
Պատմութեան կամուրջներէն անցանք արագ, ու ինքզինքնիս գտանք 1908-1914-ի թրքական սահմանադրութեան շրջանին մէջ: Ու պատահեցաւ պատմական ամէնէն նշանակալից, ապագայով յուսալի, միջազգային տարողութեամբ վճռական որոշում մը՝ որ Արեւմտեան Հայաստանը կը դնէր վերածնունդի հաստատ ճանապարհի մը վրայ: Խօսքս Պալքանեան պատերազմի արդիւնքին մասին է (1912-1913):
Մեծ պետութիւնները եւ Թուրքիան Ռուսաստանի առաջարկը կ’ընդունէին 1914 Յունուար-Փետրուարին: Արեւմտեան Հայաստանի վեց նահանգները երկու շրջանակի կը բաժնէին եւ բարենորոգումներն ու ինքնավարութիւնը գործադրելու գերագոյն ներկայացուցիչները կ’ըլլային Նորվեկիացի Հոֆը եւ Հոլանտացի Վէսթէնենկը:
Հարիւր տարուան անյուսալի դեգերումներէ ետք, 1914 Յունուար-Փետրուարին, կ’առնուէր վճռական որոշումը եւ որոշումը գործադրութեան կը դրուէր անմիջապէս: Հոֆ եւ Վէսթէնենկը արդէն կը գործէին իր ինքնավարութեան առաջին օրերը ապրող Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:
Բայց… Այս ճակատագրական բայցը, այս անգամ, աւելի դաժանօրէն ցցուեցաւ Հայ Ժողովուրդին առջեւ: Հազիւ Եւրոպայի լիազօրները գործի սկսած՝ պայթեցաւ 1914-ի պատերազմը, ու Թուրքիան, նոյն տարուան Հոկտեմբերին, պատերազմի մտաւ Ռուսաստանի դէմ: Հոֆ եւ Վէթէնենկ իրենց երկիրները ճամբուեցան: Ու դժոխային խաւար մը իջաւ հայ կեանքին վրայ:
Վեց ամիսը այնքա՜ն կարճ էր գործունէութեան դրուած այդ պատմական արարքը հիմնաւորելու, որ մեր ժամանակակիցպատմութեան էջերուն մէջ հազիւ կը յիշուի որպէս անցողական դրուագ:
***
Ապրիլ 24…
1915-ի ցեղասպանութեան պատմութիւնը դարերը եւ գալիք դարերը իրարմէ կը բաժնէ խաւարտչին դժոխքով մը:
1914-1916: Երկու տարի ցեղ մը կ’ենթարկուի սպանդի, ու ցեղին մէկ մասը, դաժան ոգորումներով, գոյութեան պայքարը կը մղէ:
Մեռնող հայը եւ Յարութեան ձգտող հայը, նոյն օրերուն, գրեթէ իրարու կողքին կը քալեն:
Տեղ մը հայ զանգուածները արիւն կը քամէին, սպանդի ճանապարհներուն վրայ անհաշիւ դիակներ կը թաղէին, կամ կիզիչ անապատներուն մէջ աւազ կը դառնային, հայութեան կտակելով գանկերու ահռելի բուրգ մը, պատմութեան մէջ չարձանագրուած սուգի յուշարձան մը…
Ուրիշ տեղ մը, արիւնալի գոյամարտ՝ Վասպուրականէն Սասուն եւ Տարօն, Շապին Գարահիսարէն Ուրֆա եւ Մուսատաղ: Նահատակ ու վերապրող քով քովի:
Անդին հայ կամաւորական գունդերու խիզախումները դէպի Արեւմտեան Հայաստան, փրկարար գօտի մը այն զանգուածներուն համար, որ տակաւին եաթաղանին զոհ գացած չէին:
Ու ահա, 1916:
Թուրքիան ջախջախուած ու հեռացած է Վասպուրականէն, Տարօնէն, Սասունէն, Պիթլիսէն, Էրզրումէն, Երզնկայէն, Բաբերդէն եւ Տրապիզոնէն: Հայոց մնացորդացը, կոտորակուած, բայց տէրն է այն սահմաններուն, որ հետագային Սեւրի դաշնագրի սահմանները պիտի ըլլային:
Արիւնաներկ Հայաստանը, խաչ հանուած՝ կը պատրաստուէր ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ առնել, իր անմահութիւնը աշխարհին հռչակելու համար:
Նոյն օրերուն, հայ ժողովուրդի մէկ միլիոն նահատակները մահուան ճանապարհներուն վրայ են: Մահը սփռուած է իրենց անցած ուղիներուն վրայ, ու մահ կայ իրենց առջեւ, անյոյս, անտէր, ու Աստուծմէ զուրկ…
Կեանքի երկու երեսները…
Մահ եւ Ազատութիւն:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ
Մահ եւ Ազատութիւն իրարու զուգահեռ քալեցին 1914-1916-ի տարիներուն:
Մահուան ճանապարհը հասաւ Տէր-Զօր:
Ազատութեան ճանապարհը եղաւ հերոսական, տառապանքներով լի: Յաջողութիւններն ու ձախողանքները իրարու յաջորդեցին, ամէնօրեայ, արագ ու աննկարագրելի: Ու այդպէս ալ, գրեթէ աննկարագրելի մնաց մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Քանի մը դրուագ, տխուր դէպքի մը արձագանգը, ու մնացածը եղաւ հեւքոտ ճանապարհ մը, ուր ճանապարհորդը ժամանակ չունեցաւիր շուրջը նայելու, իսկ տեսարանին վկաները շատ հեռու էին, աչքի վկայութիւն մը իսկ բերելուայն անհուն ճիգին, որ 1916-1917-ին կը կատարուէր գրաւուած Արեւմտահայաստանի մէջ, ի խնդիր Ազատ հայրենիքի մը:
Արեւմտահայութիւնը, 1915-1917 թուականներուն, երեք տարի, բաժնուած մնաց երկու հատուածներու, իրարմէ շատ տարբեր նկարագրով եւ պատկերով: Կովկաս ապաստանած զանգուածները եղան գաղթական, որբ ու որբանոց, եւ ցիր ու ցան բազմութիւն, առօրեայ ապրուստ մը ճարելու մտահոգութեամբ: Այս զանգուածը հարիւր յիսուն հազար շունչ ունէր:
Երկրին կառչած մնացին մօտ հարիւր յիսուն հազար արեւմտահայեր, իբրեւ իրենց օճախին տէրը, աւելին՝ իբրեւ Հայրենիքին տէրերը: Եթէ առաջին զանգուածի մեծամասնութիւնը որբերէ եւ կիներէ բաղկանար, երկրորդ զանգուածը, որ երկիր կը մնար, մեծամասնութեամբ տղամարդիկ էին, զինուած ու կազմակերպուած էին, ընելիքներ ունէին, եւ շարունակողը կը հանդիսանային հայ ազատագրական շարժումին: Այսպէս, Բասէն, Ալաշկերտ, Բունալուխ-Մալազկերտ, Վանի շրջանը, Խնուս եւ Մուշ (ազատուածները) իրենց տեղերը կը մնային, պատերազմին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին եւ երկրի ներքին կեանքին մէջ ինքնապաշտպանութեան մարտական գործողութիւններուն լծուած էին:
Երկրի կենսունակ կեանքը կը վերընձիւղէր հետզհետէ: Մարտական ուժերու թեւերը կ’երկարէին մինչեւ Պիթլիս, Էրզրում, Երզնկա, Խարբերդ եւ Տրապիզոն:
Հայաստանի սահմաններն էին որ արիւնով կը գծուէին:
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Միջկուսակցական եւ միջ-ցեղային հակամարտութիւնները խոչընդոտ կը հանդիսանային կովկասահայութեան՝ ազգային հաւաքականութիւն մը դառնալու եւ իր ազգային կեդրոնը ունենալու: Իրարհասկացողութիւնն ու ինքնակազմակերպումը շատ դանդաղ կ’ընթանար ռուսահայութեան մէջ: Մինչդեռ, արեւմտահայութիւնը, առանց իր հին քաղաքական ուղին կորսնցնելու, աւելի յստակ գաղափար ունէր արեւմտեան Հայաստանի ձեւաւորման մասին, եւ, հետեւաբար՝ աւելի արագ ինքնամփոփուելու եւ հաւաքական կամք մը հրապարակ բերելու ընդունակութիւն մը կը ցոլացնէր:
Արեւմտահայերը, յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, հաւաքական մարմին մը ստեղծելու աշխատանքին ձեռնարկեցին: Թէ՛ երկրի կազմակերպութիւնը եւ թէ, մանաւա՛նդ, Կովկասի զանազան մասերու մէջ գոյութիւն ունեցող գաղթականական մարմիններու անկանոնութիւններն ու հակամարտութիւնները ստիպողական կը դարձնէին համագումարը: Թիֆլիսի մէջ հաւաքուած արեւմտահայերը, հրապարակային ժողովի մէջ, յանձնախումբ մը ընտրեցին, որուն կը մասնակցէին Արամ, Վ. Փափազեան եւ Անդրանիկ, ու պարտադրեցին անմիջապէս հրաւիրել Արեւմտահայերու Ա. Համագումարը: Այդ ուղղութեամբ ընտրական հրահանգներ ղրկուեցան թէ՛ Կովկասի եւ թէ՛ երկրի բոլոր կարեւոր շրջանները, իրենց պատգամաւորները ընտրելու եւ ղրկելու համագումարին:
Արեւմտահայոց Ա. Համագումարը բացուեցաւ Մայիս 6-ին, Երեւանի մէջ, ու տեւեց մօտ տաս օր: Կը մասնակցէին 64 պատգամաւորներ, որոնք, բացի մէկ քանիներէն, օրինաւոր ընտրեալներ էին: Երկրէն շատ քիչ պատգամաւորներ կրցած էին գալ, բայց անոնք իբրեւ երկրի ներկայացուցիչներ՝ աւելի կշիռ ունէին:
Հակառակ անոր որ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող միակ քաղաքական կուսակցութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն էր, այսուհանդերձ, Արեւմտահայ Ա. Համագումարին կը մասնակցէին բաւական թիւով Հնչակեաններ, Ռամկավարներ եւ Ս.Դ.Բոլշեւիկներ, որոնք Կովկասի ցիրուցան արեւմտահայ գաղթականական բեկորներու մէջ իրենց գոյութիւնը պահած էին: Կուսակցական լայնասրտութիւնն ու բոլոր հոսանքներէն հաւաքական կամք մը ստեղծելու մտահոգութիւնը՝ մղած էր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ընդառաջ երթալու համագումարի այդ կազմին: Դաշնակցական պատգամաւորներու թիւը 41 էր, իսկ մնացեալները միւս հոսանքներուն կը պատկանէին:
Համագումարի գլխաւոր օրակարգերն էին.
1.- Գաղթականական գործի ներկայ վիճակը.
2.- Գաղթականական գործի կազմակերպումը.
3.- Քաղաքական կացութիւնը եւ արեւմտահայերու բաղձանքը:
Գաղթականական գործը խստօրէն քննադատուեցաւ համագումարի մէջ, եւ որոշուեցաւ. ա) Գաղթականական բոլոր աշխատանքները կեդրոնացնել մէկ մարմնի ձեռքը. բ) Ստեղծել Արեւմտահայ խորհուրդ մը, որ գերազանցապէս այդ գործով զբաղի եւ համանմանութիւն ստեղծէ գաղթականական մարմիններու հսկայ ցանցին մէջ. գ) Այդ մարմինը պիտի ճանչցուի իբրեւ միակ ներկայացուցիչը ամբողջ արեւմտահայերու եւ իր քոնթրոլը պիտի ունենայ բոլոր այն գործերուն վրայ, որոնք տնտեսական, որբանոցային եւ գաղթականական անուան տակ կրնան կապ ունենալ արեւմտահայերուն հետ:
Քաղաքական կացութիւնը քննութեան առնելով, համագումարը ծանրացաւ Հայկական Դատի հետապնդման վրայ, բայց նկատելով որ այդ խնդիրը համազգային քաղաքական բնոյթ ունէր,բաղձանք յայտնեց որ Արեւմտահայ Խորհուրդը ինքզինք չնկատէ քաղաքական մարմին մը Հայկական Դատը հետապնդելու առանձնապէս, այլ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ համազգային քաղաքական մարմիններու միջոցաւ ձգտի հասնելու իր բաղձանքներուն:
Երբ համագումարը ձեռնարկեց Արեւմտահայ Խորհուրդի ընտրութեան, բաւական մեծ դժուարութիւններու բախեցաւ: Համագումարին մասնակցող փոքրիկ հոսանքները կը պահանջէին Հ.Յ.Դաշնակցութեան չափ հաւասար տեղ գրաւել կազմուելիք մարմնին մէջ, որ 15 հոգիէ պիտի բաղկանար: Իրական ուժերու համեմատական դասաւորումը անըմբռնելի ու անընդունելի էր Դաշնակցութեան հակառակորդներուն համար: Շատերու մէջ ճիգ մը կը նկատուէր պայթեցնելու համագումարը եւ ցրուիլ առանց մարմին մը ընտրելու: Սակայն, քանի մը օրուան երկար ու ձիգ բանակցութիւններէն ետք, հնարաւոր դարձաւ Արեւմտահայ Խորհուրդի ընտրութիւնը, գլխաւորաբար Դաշնակցութեան զիջողութեան եւ շրջահայեցութեան շնորհիւ: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ համագումարի 41 ձայներն իրեն հետ ունէր, տուաւ 8 հոգի, իսկ մնացած 23 ձայները, երեք հոսանքներու պատկանող, տուին 7 հոգի: Այդ 15 անձերու ցանկը քուէարկուեցաւ ընդհանուր համաձայնութեամբ:
Սակայն այս խորհուրդը գործադիր մարմին մը չէր: Համագումարի որոշման համաձայն, խորհուրդէն ընտրուեցաւ 5 հոգինոց գործադիր իշխանութիւն մը, որ կոչուեցաւ Արեւմտահայ Գործադի Բիւրօ: Համագումարի փակումէն անմիջապէս ետք, ընտրուեցաւ այդ գործադիր մարմինը, որուն մէջ մտան հետեւեալ անձնաւորութիւնները.- Վ. Փափազեան (Դաշ.), Արտ. Դարբինեան (Ռամ.), Յ. Տէր Զաքարեան (Ռամ.), Հ. Գալիկեան (Հնչ.) եւ Կ. Սասունի (Դաշ.): Արեւմտահայ այս Բիւրօն ստանձնեց ի կատար ածել համագումարի կայացուցած որոշումները:
Երկրի մէջ իրաւասու մարմիններ գոյութիւն ունէին եւ դրութեան տէրն էին: Ինչ որ պէտք էր կեանքի կոչել, այդ ալ Կովկասի մէջ ցրուած գաղթականութեան համապատասխան մարմիններու կազմակերպումն էր: Գրեթէ բոլոր վայրերու մէջ կազմակերպուեցան Արեւմտահայ Բիւրօներ, որոնք կ’ենթարկուէին կեդրոնական գործադիր Բիւրոյին:
Այս կազմակերպական աշխատանքները հազիւ ձեւ ու կերպարանք ստացան 1917-ի աշնան, երբ քաղաքական դէպքերը եկան փոթորկալի նոր շրջան մը բանալու մեր առջեւ, ու մեր մտահոգութիւնները լարեցին այդ ուղղութեամբ:
Ռուսական յեղափոխութեան պայթելէն երկու ամիս ետք միայն, ազգային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի մէջ, ուր հնարաւոր չեղաւ ազգային կեդրոն մը ստեղծել, այլ որոշուեցաւ գումարել, օրինական ճանապարհով, ազգային համագումար մը, որ տեղի ունեցաւ 1917-ի աշնան, ու միայն Հոկտեմբեին իրականութիւն դարձաւ Ռուսահայոց Ազգ. Խորհուրդը, իբրեւ Ազգային Կեդրոնական Մարմին մը: Այս համագումարին կը մասնակցէին 15 արեւմտահայ պատգամաւորներ, որոնք Արեւմտահայ խորհուրդի 15 անդամներն էին: Պատգամաւորական ժողովի կազմը կը բաղկանար մօտ 230 ներկայացուցիչներէ: Ազգային խորհուրդը կազմուելէ ետք, ժամանակը շատ կարճ էր: Դէպքերը գահավիժօրէն ընթացան:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսական յեղափոխութիւնը իր որոշ դիրքը չշդեց Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերմամբ: Այդ անորոշ կացութիւնը վերացնելու համար, Դաշնակցութեան ականաւոր գործիչներէն Տոքթ. Զաւրիեւ մեկնած էր Պետրոկրատ՝ Կերենսկիի ժամանակաւոր կառավարութեան առաջարկներ ներկայացնելու: Տոքթ. Զաւրիեւի աշխատանքները յանգեցան որոշ եզրակացութեան մը, 1917-ի աշնան: Կերենսկիի ժամանակաւոր կառավարութիւնը որոշեց նկատել Արեւմտահայաստանը մէկ ամբողջութիւն ինքնավար երկրամաս մը, ռուսական տիրապետութեան տակ: Արեւմտահայաստանի ընդհանուր նահանգապետ նշանակուեցաւ Զօր. Աւերիանով, օգնական՝ Տոքթ. Զաւրիեւ:
Արեւմտահայաստանը, որքա՛ն ալ իբրեւ ամբողջութիւն մէկ երկրամաս նկատուէր ռուսական կառավարութեան աչքին, ներքնապէս բաժնուեցաւ չորս նահանգներու,- Վասպուրականի, Տրապիզոնի, Էրզրումի եւ Տարօնի նահանգներու: Այս վերջին նահանգին միացաւ Ալաշկերտի դաշտը եւ Խնուսի գաւառը, որոնք Էրզրումի նահանգի մասերն էին: Այս նահանգներու նահանգապետները կը նշանակուէին Զօր. Աւերիանովի եւ Զաւրիեւի կողմէ: Պէտք է ըսել, որ անոնք չեմ գիտեր ինչ հաշիւով, նախընտրութիւնը կու տային ռուսերուն, որոնք պաշտօնատուն մը կը հաստատէին Թիֆլիսի այսինչ կամ այնինչ փողոցին մէջ, բազմաթիւ պաշտօնեաներով, իսկ երկիրը, բարեբախտաբար, ունէր իր կառավարիչները, կամ այդ ռուս նահանգապետներու օգնականները, որոնք իսկական գործի վարողներն էին: Քանի մը երկրորդական ռուս կառավարիչներ կը գտնուէին Էրզրումի շրջաններուն մէջ, ու բաւական անհամութիւններու տեղի կու տային:
Կոստի Համբարձումեան նշանակուեցաւ Վասպուրականի նահանգապետի օգնական, Տ. Աղամալեան՝ Էրզրումի, Կ. Սասունին՝ Տարօնի:
Բնական է, մէկ քանի ամսուան ընթացքին կարելի չէր ազատել Արեւմտահայաստանը ռուս զօրավարներու ազդեցութենէն: Սակայն, կամաց-կամաց անոնք սկսան տեղի տալ, եւ Արեւմտահայաստանի կառավարական վարչութիւնը ամբողջովին հայացաւ: Վասպուրականի եւ Տարօնի նահանգներուն մէջ գրեթէ ռուսական ազդեցութիւն չմնաց: Իսկ Էրզրումի եւ Տրապիզոնի նահանգներու պաշտօնէութիւնը տակաւին իր մէջ բազմաթիւ հին կառավարիչներ կը հաշուէր:
Այսպիսով, Արեւմտահայաստանի այն հասարակական եւ կուսակցական մարմինները, որոնք ազգային վարչութիւններ էին, առանց պետական իշխանութեան, հիմա կը դառնային պետական իշխանութեան օրգաններ, կառավարական բոլոր իրաւասութիւններով: Մենք կը մտնէինք մեր բնականոն հունին մէջ: Հայերու ֆիզիքական եւ բարոյական ուժը յարաճուն կերպով կ’աւելնար.իսկ ցիրուցան քրդական եւ թրքական տարրերը տեղի կու տային, կը կծկուէին եւ ձեռնաթափ կ’ըլլային որոշ յաւակնութիւններէ:
Սակայն այս աշխատանքները իրենց սաղմնային վըճակի մէջն էին, երբ բռնկած էր Հոկտեմբերի բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, ստեղծելով ընդհանուր անիշխանութիւն մը: Այդ պարագաներուն, երկրի իշխանութեան իրաւասութիւնները կը լայննային եւ ինքնաբերաբար կը հասնէին տեղ մը, ուր մենք ինքնաբերաբար անկախ էինք, տէր դառնալով ե՛ւ կառավարական, ե՛ւ զինուորական, ե՛ւ տնտեսական բոլոր հաստատութիւններուն: Տը ֆակտօ անկախութիւն:
Զօր. Աւերիանովը եւ իր նշանակած նահանգապետները կը մնային Թիֆլիսի մէջ, իբրեւ Ռուսիոյ անուանական շուքը: Ռուսաստանը կը հեռանար մեր երկրէն: Մենք ժառանգորդ կը մնայինք այն ամբողջ հարստութեան եւ ապարտին, զորս Ռուսաստանը կը թողուր թրքահայաստանի ճակատներուն վրայ:
Կովկասի մէջ, բացի զինուորական զօրաշարժէն, մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան զօրաշարժ յայտարաուեցաւ, ու հարիւրաւոր ու հազարաւոր նուիրուած ուժերճամբայ ինկան դէպի Արեւմտահայաստան, միանալու այնտեղ գործող ուժերուն, դրութիւնը դիմագրաւելու համար:
Նոյեմբեր, Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսները եռուն գործունէութեան զինուորական ու վարչական կազմակերպութեան եւ ուժերու հաւաքման շրջաններ դարձան: Բայց գործը այնքան մեծ էր, եւ կէս միլիոնի հասնող բանակի փլուզումը այնքա՛ն ցնցող որ անկարելի էր ամուր շէնք կառուցանել՝ լքուած ամբողջ երկիրը կանգուն պահելու համար:
ԲՈԼՇԵՒԻԿԵԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Արեւմտահայաստանի նահանգապետութեան կազմակերպութեան նախնական աշխատանքները հազիւ իրենց հունին մէջ մտած էին, երբ պայթեցաւ բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եւ հիմնապէս փոխեց Կովկասի եւ Արեւմտահայաստանի կացութիւնը: Առանց ուրիշ երեւոյթներու վրայ մանրամասն կանգ առնելու, կ’արժէ քանի մը խօսք ընել կովկասեան ճակատի ռուսական զօրքի մասին: Ինչպէս ուրիշ ճակատներուն, նոյնպէս կովկասեան ճակատի վրայ գտնուած ռուսական զօրքերու մէջ քննութեան նիւթ դարձած էր «հաշտութիւն առանց հողային գրաւումներու եւ առանց հատուցման» խնդիրը: Լենինի տեսակէտները զօրքի մեծամասնութեան սրտին մօտիկ էին, որովհետեւ կարճ էին եւ հասկնալի.- «Կորչի՛ պատերազմը. զինուորները դէպի իրենց տուները»: Եւ զօրքը կ’ուզէր վերադառնալ իր տունը:
Բոլշեւիկեան յեղափոխութեան հետեւանքով՝ Արեւմտահայաստանի ճակատներուն վրայ գտնուած ռուսական բանակը քայքայուեցաւ եւ խառն ի խուռն դիմեց դէպի Ռուսաստան: Ատիկա աներեւակայելի եւ աննկարագրլի խոշոր փլուզում մըն էր, որ հեղեղանման կ’անցնէր՝ աւերակներու կոյտեր ձգելով իր ետեւը: Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին, կովկասեան ճակատի թէ՛ յառաջապահ եւ թէ պահեստի ուժերը, որոնք կէս միլիոն զօրք կը հաշուէին, հեռացան Արեւմտահայաստանէն եւ Կովկասէն: Անիշխանական ժամանակաշրջան մըն էր այդ: Ամէն ոք կ’ուզէր պահպանել իր գոյութիւնը եւ օգտուիլ տիրող անիշխանութենէն: Ռուսական զօրքը սկզբնական շրջանին բաւական սպառնալից էր: Բայց կամաց կամաց թափը կոտրեցաւ, եւ դէպի տուն նահանջողի իր հոգեբանութեամբ, սահմանափակուեցաւ երկաթուղային շրջաններու մէջ ու մտածեց օր առաջ տուն հասնիլ՝ զինաթափ ըլլալով ե՛ւ իրական զէնքերէն, ե՛ւ իշխանական հոգեբանութենէն: Թաթարներն ու վրացիները ուրախ էին եւ պատեհութենէն օգտուելով, իրենց ապագայ պետութեան համար զինական եւ նիւթական հարստութիւն կը դիզէին: Հայերը մինակ մնալու վախէն կը ցաւէին, Ռուսաստանի մեկնումը տեսնելով, եւ կը բաւականանային հարստութեան այն փշրանքներով որ կը մնային Կարսի, Ալեքսանդրապոլի եւ Երեւանի մէջ:
Կովկասեան երեք ազգերը – վրացիներ, թաթարներ եւ հայեր կը շղթայուէին իրարու՝ Կովկասի վարչական, միջ-ցեղային եւ քաղաքական հանգուցաւոր շէնքին մէջ: Վրացիները եւ թաթարները որոշապէս գիտէին իրենց ընելիքը: Իսկ հայերը սեփական ուղի չունէին: Ռուսաստանը չկար. շատ-շատ կրնային սպասել անոր գալուն, ինչ որ տեղի չունեցաւ ճակատագրական օրերուն: Երբեմն, ճարահատօրէն, յոյս կապեցին Կովկասեան միութեան հետ, բան մը՝ որ քայքայուեցաւ, երբվտանգը մօտեցաւ հայերուն: Վրացիները մնացին միշտ թուրքերուն կողմնակից: Հայերն ու թուրքերը ընդհանուր լեզու չունէին: Հայոց այս անորոշ վիճակը տեւեց բաւական երկար ժամանակ, երբ կեանքի դառն փորձէն եւ պատերազմի անողոք քուրայէն ստեղծուեցաւ հայոց հայրենիք մը, իր սեփական իշխանութեամբ, կտրուած մնալով Թիֆլիսէն ու Պաքուէն, որոնց մէջ կեդրոնացած կը մնային հայոց հասարակական հաստատութիւնները եւ հայոց ազգային կեդրոնները, առանց հող ունենալու իրենց ոտքերուն տակ:
Այս ամբողջ քաոսին մէջ ամէնէն ողբերգական վիճակը Արեւմտահայաստանին բաժին կ’իյնար: Շատ քիչերն էին, որ Հոկտեմբերին կամ Նոյեմբերին, իրենց մտքէն կ’անցնէին, թէ թուրքերը կրնան երբեւիցէ 1914-ի սահմաններն անցնիլ: Բայց վտանգը կախուած էր մեր գլխուն վերեւ:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԶՕՐԱԲԱՆԱԿԸ
Ռուսական զօրքերու քաշուելով, թուրքերը տէր պիտի դառնային Արեւմտահայաստանին: Այդ պարագան մտահոգիչ էր ընդհանուր հայութեան եւ մասնաւորաբար՝ Արեւմտահայութեան համար: Արեւմտահայ Բիւրօն, որ ընտրուած էր Արեւմտահայ առաջին համագումարէն, քաղաքական իրաւունք չունէր. սակայն Ռուսաստանի վերիվայրումները քաղաքական լարուած մթնոլորտ մը կը ստեղծէին Կովկասի եւ Արեւմտահայաստանի մէջ, ու կը ստիպէին մեզ քաղաքականօրէն բեմ գալու: Այդ իսկ պատճառներով, Արեւմտահայ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, հրաւիրուեցաւ Արեւմտահայերու քօնֆերանս մը, որ տեղի ունեցաւ 1917-ի Դեկտեմբերի առաջին շաբթուն, Թիֆլիսի Հայոց Առաջնորդարանին մէջ, քօնֆերանսին կը մասնակցէին Արեւմտահայ կազմակերպուած մարմինները եւ զանազան հոսանքներու ներկայացուցիչները:
Քօնֆերանսի գլխաւոր օրակարգն էր՝ քաղաքական կացութիւնը եւ Արեւմտահայաստանի ճակատներու պահպանումը: Քօնֆերանսը դուրս եկաւ Արեւմտահայ առաջին համագումարի գծած սահմաններէն եւ վճռեց դառնալ քաղաքական, ազգային մարմին մը, եւ մասնակցիլ այդ կարգի բոլոր աշխատանքներուն: Այդպիսով Արեւմտահայ գաղթականական մարմինները կը լծուէին քաղաքական եւ զինուորական աշխաանքներու, ինչպէս որ այդ կը կատարուէր Արեւմտահայաստնի նահանգապետութեանց մէջ:
Այդ ժողովին մէջ որոշուեցաւ հռչակել պարտադիր զօրակոչ եւ կազմակերպել Արեւմտահայ զօրաբաժին մը, 20,000 զինուորներէ բաղկացած, որուն անմիջական պարտականութիւնը պիտի ըլլար Արեւմտահայաստանի սահմաններու պահպանումը: Թեր ու դէմ կարծիքներէ ետք, Անդրանիկը ընտրուեցաւ իբրեւ հրամանատար այդ նորակազմ բանակին: Քօնֆերանսը բանակի կազմակերպման, եւ անոր բարոյական ու նիւթական վերահսկողութեան գործը յանձնեց իրմէ բխած ութ հոգինոց մարմինի մը, որուն տրուեցան զինուորական եւ քաղաքական լայն իրաւունքներ: Այդ մարմինը կոչուեցաւ Արեւմտահայ Ապահովութեան Խորհուրդ, որուն անդամներն էին՝ Վ. Փափազեան (Դաշն.), Ժ. Միրզախանեան (Հնչ.), Յ. Յակոբեան (Ռամ.), Ա. Թէրզիպաշեան (Ռամ.), Յ. Տէր Զաքարեան (Ռամ.) եւ Կ. Սասունի (Դաշն.):
Արեւմտահայաստանի նահանգապետութիւնը ստանձնեց հայթայթել զինուորական ծախքերը: Ապահովութեան խորհուրդը, նահանգապետ Զօր. Աւերիանովի եւ Տոքթ. Զաւրիեւի հետ համախորհուրդ՝ ձեռնարկեց բանակի կազմակերպութեան:
Տոքթ. Յ. Զաւրիեւի միջնորդութեամբ, Կովկասեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը, որ տակաւին ի զօրու էր եւ կը գտնուէր Սոց. Յեղափոխականներու ազդեցութեան տակ, Անդրանիկին տուաւ զօրավար տիտղոսը, որ ռուսական բանակի ըմբռնումներով, անհրաժեշտ էր 16-20,000 զինուորներէբաղկացած զօրաբաժնի մը հրամանատարին համար:
Քօնֆերանսի պատգամաւորները մեկնեցան զանազանշրջաններ, եւ անմիջապէս կազմակերպեցին տեղական Ապահովութեան Խորհուրդներ, ու ձեռնարկեցին զօրահաւաքի Արեւմտահայութեան երկրի հատուածը արդէն քաղաքական կազմակերպութիւններ ունէր եւ զինուորական պարտաւորութիւններ կը կատարէր: Ռուսական բանակի հեռանալով մենք տէր կը դառնայինք զինուորական հսկայ հարստութիւններու եւ կը կշտանային զէնքէ:
Տակաւին Արեւմտահայ քօնֆերանս տեղի չէր ունեցած Թիֆլիսի մէջ, երբ Խնուսի, Մուշի,Մանազկերտի, Վանի եւ Երզնկայի մէջ Արեւմտահայ զինական ուժերը կնոնաւոր գունդերու կերպարանք կը ստանային, կը դառնային իրական եւ իրաւական տէրը հայկական նահանգներուն: Անոնք Արեւմտահայ զօրքի առաջին եւ իրական կորիզներն էին: Իսկ Կովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ ցրուած Արեւմտահայութիւնը նորէն կ’ենթարկուէր ընդհանուր եւ պարտադիր զօրահաւաքի մը՝ երթալ խտացնելու համար ճակատի վրայ գործող զօրամասերը եւ իր զէնքի ուժով տէր դառնալու ա՛յն եկրին, որ իր ազատ հայրենիքը պիտի դառնար:
Այս բոլոր աշխատանքները կը կատարուէին հեւ ի հեւ եւ հապճեպ:
Արեւմտահայութիւնը խանդավառութեամբ դիմաւորեց պարտադիր զօրակոչը: Ամէն կողմէ խումբեր, վաշտեր, գումարտակներ, խառնիխուռն հաւաքուեցան Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ, Երեւան եւ Կարս:Իսկ երկրի սահմաններու մէջ հաւաքուած զինուորցուները իրենց մօտիկ շրջանի կազմակերպուած զօրամասերուն միացան:
Արեւմտահայ զօրաբանակի կազմակերպութիւնը, իր ղեկավարութեամբ եւ կազմութեան ձեւով, ունէր ե՛ւ թերութիւններ ե՛ւ առաւելութիւններ: Անդրանիկը, որ այդ բանակին հրամանատար նշանակուած էր, անշուշտ իբրեւ կռուող ուժ եւ հմայք ունեցող մարդ, օգտակար ու անհրաժեշտ դէմքն էր, սակայն ան ընդունակ չէր 20,000-նոց բանակ մը կազմակերպելու եւ իրարու շղթայելու: Յոյս կարելի չէր դնել նաեւ այն սպաներու եւ խմբապետներու վրայ, որոնք կը հաւաքուէին իր շուրջը, որովհետեւ, Անդրանիկ իր միջամտութիւններով եւ ջղային բնաւորութեամբ՝ կազմակերպական գործը կը խանգարէր: Պէտք է խոստովանիլ նաեւ ա՛յն, որ զօրաբանակի կազմը՝ իր ցրուածութեամբ՝ աւելի անզօր կը դարձնէր Անդրանիկը, կանոնաւոր ամբողջութիւն մը հրապարակ բերելու: Այդ պարագան Անդրանիկէն կախուած չէր ու ատկէ առաջացած թերութիւնները կարելի չէր վերագրել անոր: Պատկերը պարզ ըլլալու համար ըսեմ՝ որ Արեւմտահայ զօրաբաժինը պիտի բաղկանար 4-5 գունդերէ: Մէկ գունդը պիտի մնար Վան, միւսը՝ Ախլաթ, երկրորդը՝ Խնուս, որ պիտի գործէր Մշոյ ճակատի վրայ: Իսկ միւս երկու գունդերը պիտի կազմուէին Էրզրումի շրջանին մէջ: Շօշափելի կերպով, Անդրանիկ, որպէս հրամանատար, միայն կը տեսնէր այն զինուորները, որոնք հաւաքուած էին իր շուրջը, ու կրնար հրամայել անոնց: Մնացած գունդերը կը գործէին անկախ եւ իրենց տեղական պայմաններուն համեմատ: Այդպիսով, Անդրանիկը հրամանատարն էր միայն իր հետ եղած զինուորներուն, որոնք կեդրոնացան Էրզրումի ճակատին վրայ, ուր ինք ալ փոխադրուեցաւ: Միւս երեք գունդերու վրայ Անդրանիկի հրամանատարութիւնը անուանական էր:
Այս թերութիւնը, սակայն, քմահաճոյքի արդիւնք չէր: Մենք ստիպուած էինք խոնարհիլ անհրաժեշտութեան առջեւ: Երբ մենք զօրահաւաքի սկսած էինք, Վանի շրջանի մէջ կար Վանի գունդը: Խնուսի մէջ Գնդ. Սամարացեւի հրամանատարութեամբ կը գործէին Խնուս-Մուշի գունդերը: Մանուկի հրամանատարութեամբ՝ Սասունի գունդը: Մուշեղի հրամանատարութեամբ Խնուսի գունդը: Կային նաեւ երկու գումարտակներ, ռուսահայ կանոնաւոր վաշտեր, ենթակայ Գնդ. Սամարացեւին: Կը կազմուէր Ալաշկերտի եւ Մալազկերտի գունդը Գնդ. Արէշեանի հրամանատարութեամբ, որուն օգնական նշանակուած էր Սմբատը, որ իրական հրամանատարն էր: Այս գունդը դիրք կը բռնէր Ախլաթի կամուրջի շրջանին մէջ, Բիթլիսի ճակատը պահելու համար: Այս բոլոր ուժերը, ինչպէս նաեւ Մուրատի եւ Սեպուհի ղեկավարութեամբ Երզնկայի ճակատին վրայ գործող զինուորները, գործնականօրէն, ստանձնած էին Արեւմտեան Հայաստանի պաշտպանութեան ծանր պարտականութիւնը փոխարինելով ռուսական հարիւր հազարաւոր զօրքը, որ դիմած էր դէպի Կովկաս: Բնականօրէն,Ապահովութեան Խորհուրդը պիտի հիմնուէր արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ուժերուն վրայ եւ պիտի նկատէր զանոնք մասեր կազմուելիք Արեւմտահայ զօրաբաժինին: Այդ դասաւորութեամբ՝ մենք չկրցանք ունենալ կուռ եւ ամբողջական բանակ մը. բայց կասկածէ դուրսէ, որ իւրաքանչիւր ճակատի վրայ գտնուած գունդը, անիշխանական այդ օրերուն, դարձաւ բարիք մը եւ փրկարար ուժ մը:
Ապահովութեան Խորհուրդի կեդրոնը մնաց Թիֆլիս եւ գլխաւորաբար զբաղեցաւ զօրահաւաքի գործով: Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներէն Սեպուհ մեկնեցաւ Էրզրում-Բաբերդ, տեղւոյն վրայ զինական ուժ հաւաքելու եւ կազմակերպելու համար: Իսկ ես մեկնեցայ Խնուս-Մուշ, ուր արդէն զինուորական եւ քաղաքային մարմինները կեանքի կոչուած էին նախօրօք:
Էրզրումի ճակատի վրայ, բացի Մուրատի եւ Սեպուհի ուժերէն, կային քանի մը խառն գումարտակներ, Ռուսահայերէ եւ Արեւմտահայերէ կազմուած: Նոր գունդ մը կազմակերպելու համար Գնդ. Թորգոմը պաշտօնի կանչուած էր:
Այս բոլոր համախմբումներն ու դասաւորութիւնները տեղի կ’ունենային մէկ ամսուայ կարճ ժամանակամիջոցին: Ճակատներու դրութիւնը կը լրջանար: Թուրքերը իրենց ուժերը հաւաքելով՝ արշաւանքի կը ձեռնարկէին, ապահով ըլլալով որ ռուսական բանակը վերջնականօրէն քայքայուած եւ անվտանգ դարձած էր: Մենք տակաւին զինուորական աշխատանքները լրացուցած իսկ չէինք, երբ թշնամին վճռական քայլերու դիմեց:
1918-Ի ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
1918-ի Հայ-Թրքական պատերազմը երկու փուլեր ունի:
Առաջին փուլը կը ներկայացնէ այն գործողութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Արեւմտահայաստանի հողին վրայ:
Երկրորդ փուլը կը սկսի այն վայրկեանէն, երբ թրքական զօրքը, առանց կանգ առնելու 1914-ի ռուս-թրքական սահմանին, կ’առաջանար Կովկասեան Հայաստանի ներսը:
Համառօտագրենք պատերազմի առաջին փուլը, որ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայաստանի տարածքին վրայ եւ տեւեց մօտ հինգ ամիս:
1917 Նոյեմբերէն սկսած՝ ռուսական բանակները իրենց դիրքերը կը լքէին, եւ կը դառնային բոլշեւիկեան ամբոխ մը:
Զօրքի քայքայումով, Արեւմտահայաստանը կը մնար մինակ, սակայն ո՛չ իր սեփական ուժերը եւ ոչ ալ իր կազմակերպական վիճակը չէին թոյլատրեր, որ իր բախտը տնօրինէր անկախօրէն: Այդտեղ հանդէս կու գար ամբողջ հայութիւնը: Սակայն հայութեան կեդրոնը Թիֆլիսն էր եւ խճճուած էր Կովկասեան հանգուցաւոր կծիկին մէջ, ու այդպիսով, ամբողջական հայութիւնն իսկ անկախօրէն շարժելու հնարաւորութիւններէն զրկուած էր:
Թուրքերը ռուսերու հեռանալը տեսնելով՝ սկսան իրենց յարձակողականը երկու ուղղութեամբ. ա) դիւանագիտական, եւ բ) զինուորական:
Զինուորական գործողութիւնները Նոյեմբերին եւ Դեկտեմբերին թոյլ էին, թուրքերը իրենց ուժերը տակաւին չէին կեդրոնացուցած: Իսկ դիւանագիտական յարձակողականը շատ ուժեղ էր: Անոնք հայերու հետ չուզեցին խօսիլ, այլ Կովկասեան միութիւնը նկատեցին օրինաւոր յաջորդը Ռուսաստանի, որպէսզի հայերը աւելի շղթայուին կովկասեան ազգերու ցանցին, զրկուին ձեռներէցութենէ եւ վճռականութենէ: Անոնք բանակցութիւններով ուզեցին թուլցնել դիմադրական ամէն կորով: Այդ բանակցութիւնները որեւէ դրական արդիւնքի յանգելու հնարաւորութենէ հեռու էին:
Առաջին բանակցութիւնը սկսաւ 1917-ի Նոյեմբերի վերջերը, Երզնկայի ճակատին վրայ, զինադադարի մտքով, բայց առանց արդիւնքի: Թրքական զօրքի շարժումները կանգ չառին: Զօրքի յառաջխաղացութեան համընթաց, զինադադարի եւ հաշտութեան բանակցութիւններու շարքը կ’երկարէր: Բանակցութիւնները, 1918 Փետրուար 27-ին, փոխադրուեցան Տրապիզոն, դարձեալ ապարդիւն: Այդտեղէն բանակցութեան վայրը, թրքական զօրքին հետ մէկտեղ, Մայիսին փոխադրուեցաւ Պաթում:
Բացի դիւանագիտական այս աշխատանքներէն եւ զինուորական ուժերու պատրաստութենէն, Արեւմտահայաստանի մէջ մնացած թուրքերու եւ քիւրտերու հետ հաշտութեան լեզու մը գտնելու մտահոգութիւնն ունէինք, թիկունքէն նուազ հարուած կրելու համար: Թուրքերը բացառաբար կը բնակէին Էրզրումի եւ Երզնկայի շրջաններուն մէջ, ու համակուած էին բացարձակ թշնամութեամբ: Թրքական զօրքը որքան վտանգաւոր էր իր յարձակողականով, այնքան վտանգաւոր էին Երզնկայի, Բաբերդի եւ Էրզրումի թուրքերն իրենց թիկունքային աշխատանքով: Թուրքերը հանդարտ պահելու համար Մուրատի, Սեպուհի եւ այլոց թափած ջանքերն ու խորհուրդները ապարդիւն կ’անցնէին եւ խօսքը կը մնար զէնքին: Այդ շրջաններուն մէջ հոծ եւ կազմակերպուած հայութիւն մը չունէինք, որպէսզի խնդիրը արմատապէս լուծուէր զինուած ժողովուրդի բախումով: Պատերազմական ճակատի թիկունքը ապահովելու աշխատանքը, այդ շրջաններուն մէջ, ծանրացաւ Մուրատի, Սեպուհի եւ քանի մը փոքր խումբերու վրայ, որոնք իրենց կարելին ըրին, երկու կրակի մէջ չմնալու համար:
Զիլանի քիւրտերը կը մնային անհաշտ եւ կղզիացած: Անոնց հետ շփման հնարաւորութիւններ չունեցանք, հակառակ երկու տարուան տիրապետութեան:
Սակայն, Տարօնի շրջանի պայմանները այլ էին: Տարօնի շրջանի զինուորական եւ վարչական կեդրոնը Խնուսն էր: Խնուսի եւ Վարդոյի շրջաններուն մէջ մնացած էին բաւական թիւով քիւրտեր, որոնք կրնային վճռական դեր մը խաղալ պատերազմի միջոցին: Այս մտահոգութիւններէն առաջնորդուած՝ մենք ուզեցինք սերտ բարեկամութիւնստեղծել Շուշարի, Թէքմանի, Բինգէօլի, Մաղալէ-Սօրի եւ Վարդոյի քիւրտերուն հետ: Շարք մը խորհրդակցութիւններ ունեցանք Վարդոյի եւ Մաղալէ-Սօրի քիւրտ երեւելիներուն հետ, որոնք տակաւին չէին համոզուած, թէ թուրքը հայուն եւ քիւրտին հասարակաց թշնամին է: Հակառակ այդ երեւելիներուն հաւաստիացումներուն, քիւրտերը մեր նահանջի ճանապարհները կը վտանգէին:
1918 Փետրուար 7-ին, Խնուսի մէջ գումարուեցաւ քրտական համագումար մը, որուն կը մասնակցէին աչքի զարնող 35 քիւրտեր: Համագումարը հրաւիրուած էր հայերու կողմէ, հայ-քրտական համերաշխութիւն մը ստեղծելու եւ ցոյց տալու, որ թուրքերու յաղթանակը ո՛չ միայն հայերու համար աղիտալի պիտի ըլլար, նաեւ քրտութեան մնացորդներու բնաջնջումն իր հետ պիտի բերէր: Այս ժողովին Վարդոյի շրջանի քիւրտերը եկած չէին: Զոնուորական եւ քաղաքացիական իշխանութեան կողմէ ինծի վիճակուեցաւ բանալու քրտական այդ ժողովը եւ մանրամասն թուեցի այն բոլոր ջարդերը, որ թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած էին քիւրտ ժողովուրդի վրայ, Տիգրանակերտի, Խարբերդի, Սղերդի եւ Հէքարիի շրջաններուն մէջ, 1916-էն սկսած: Մենք անկեղծօրէն ձեռք կը կարկառէինք քիւրտ ժողովուրդին. կը յայտարարէինք, թէ կը մոռնանք իրենց անցեալ ոճիրները, որոնց գլխաւոր պատասխանատուն թուրք կառավարութիւնն էր, իր դրդումներով եւ յետին մտքերով, եւ կ’ուզէինք որ ըմբռնեն, թէ իրենց եւ Հայոց բախտը իրարու շաղկապուած էր եւ որ Հայաստանի ազատութիւնը՝ քիւրտերու ազատութիւնն էր միեւնոյն ատեն:
Այդ ժողովին մէջ մէկ հատիկ անկեղծ ու արթնցած քիւրտ չգտնուեցաւ: Ընդհանուր մութ ամպ մը կար բոլորի դէմքին վրայ: Արեւելեան դիւանագիտութիւնն ու խորամանկութիւնը կ’երեւնար իրենց բոլոր խօսածներուն մէջ: Կը դատապարտէին Թուրքիան, կ’արտայայտէին իրենց ատելութիւնը, եւ անցեալի պատմութիւնները վկայութեան կը կանչէին, ցոյց տալու իրենց եւ թուրքերու թշնամութիւնները: Ինչ որ կը վերաբերէր քիւրտերու ատելութեան՝ հանդէպ թուրք ցեղին, այդ կասկածէ դուրս էր, բայց անոնց հոգիին մէջ տակաւին հիմնական բեկում մը առաջացած չէր՝ տեսնելու նաեւ ա՛յն, որ այդ ատելի թուրքը ընդունակ էր բնաջնջելու քիւրտ ցեղը, ճիշդ հայերուն պէս: Ասկէ զատ, քրտական հոգեբանութեան մէջ տեղի չէր ունեցած այն անհրաժեշտ փոփոխութիւնը, որ ըմբռնէին, թէ հայն ու քիւրտը կրնան բարեկամ եւ դաշնակից դառնալ: Ատրպէյճան թաթար ներկայացուցիչները, ռուսական հովանիէն օգտուելով, եկած էին օգնելու մուսլիման ժողովուրդին, եւ փոխանակ օգնութիւն հասցնելու, ատելութիւն սերմանած էին հանդէպ հայերու եւ աւելի խորացուցած էին երկու ազգերու անջրպետը:
Քիւրտերը մեկնեցան հաւատարմութեան խոստումներ շռայլելով, բայց ժողովէն մեր կրած տպաւորութիւնն այն եղաւ, որ այդ շրջաններու քիւրտերը մեր կարծածէն շատ աւելի անվստահելի էին եւ թշնամութեամբ տրամադրուած: Որով՝ ճակատի պաշտպանութեան չափ կարեւոր խնդիր մը կը դառնար թիկունքի ճանապարհները մաքրելու եւ ապահովելու հարցը:
Մաղալէ-Սօրի շրջանի 15 կտոր քրտական գիւղերը քանի մը անգամ զինուորական կայաններու վրայ յարձակած էին եւ մեծապէս խանգարած դէպի Մուշ երկարող ճանապարհը. այդ պատճառով պատժիչ զօրամաս մը ղրկուեցաւ այդ շրջանը, որ կարճ տեւողութեան մը ընթացքին մաքրեց եւ բոլորովին անվնաս դարձուց այդ ճանապարհը: Միւս քրտական շրջանները միայն մասնակի վնասներ կրեցին եւ քաշուեցան Բինդէօլի աւելի բարձր լեռնալանջերուն վրայ:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ
Պպատերազմական գործողութիւնները սկզբնական շրջանին շատ թեթեւ բնոյթ կը կրէին: Զինուորական տենդագին պատրաստութեանց հետ, երկրի վարչական մեքենան կանոնաւորելու ջանքերն առաւելագոյն չափի մը հասած էին: Առանց այդ մեքենային՝ անհնարին էրպահպանել ռուսական բանակի թողած հարստութիւնը, կազմակերպել փոխադրութեան գործը, գոնէ նուազագոյն չափով կանգուն պահել հեռագրական, թելեֆոնի եւ հաղորդագրութեանց ցանցը,օժանդակել զօրքերու փոխադրութեան եւ շրջաններու զօրահաւաքման: Քաղաքացիական եւ վարչական այդ բոլոր աշխատանքներն ինքնին զինուորական բնոյթ կը կրէին, ինչ որ թելադրուած էր մեր այդ ժամանակուան պայմաններէն:
Հայ ժողովուրդը, պայմաններու բերումով մնացած էր իրական եւ իրաւական տէրը Արեւմտահայաստանին: Այդ իսկ պատճառով, վարչական կազմակերպութիւնները կեդրոնանալու եւ կառավարական ձեւ ստանալու հակամէտ էին: Անկախ հայրենիքի եւ անկախ կառավարութեան անհրաժեշտութիւնը հրապարակ կու գար: Տարօնի եւ Վասպուրականի շրջաններն արդէն կրցած էին ստեղծել այնպիսի ազգային կեդրոններ, որոնք տեսակ մը տեղական կառավարական կազմի պատկերն ունէին: Վասպուրականի ղեկավարները քիչ մը աւելի առաջերթալով, հոն կազմած էին տեսակ մը նախարարութիւն, Կոստի Համբարձումեանի նախագահութեամբ: Սակայն եղածը պարզապէս գործնական անհրաժեշտութենէ թելադրուած էր: Շրջանին մէջ դրամ չկար, եւ ստիպուած էին թղթադրամ տպել, տեղական պարտաւորութիւններով եւ երաշխաւորութեամբ: Վարչական, տնտեսական եւ զինուորական աշխատանքներու բաժանումը կատարուած եւ իւրաքանչիւր գիւղին ղեկավար մը նշանակուած էր: Նման աշխատանքի բաժանում եւ ղեկավարութեանկեդրոնացում տեղի ունեցած էր քանի մը կարեւոր շրջաններու մէջ եւս, առանց սակայն նախարարական անունը կրելու:
Այս քայլերը մասնակի յայտարարութիւններ էին Հայաստանի անկախութեան: Անոնք գործնական քայլեր էին, առանց ցուցամոլական արտայայտութիւններու: Այդ մթնոլորտի մէջ հասունցած էր արեւմտահայերու նոր համագումարի մը անհրաժեշտութիւնը: Թէ՛ երկրի եւ թէ՛ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող արեւմտահայ մարմինները համաձայն էին համագումար մը հրաւիրելու, որ պիտի գար, պաշտօնապէս, յանուն արեւմտահայերու, Հայաստանը հռչակել անկախ: Որոշուեցաւ 1918-ի Մարտ 4-ին կայացնել այդ համագումարը, Էրզրումի մէջ: Բոլոր շրջանները այդ հրահանգը ստացած էին եւ ընտրած էին իրենց պատգամաւորները, որոնցմէ շատեր արդէն ճամբայ ելած էին, երբ Փետրուար 27-ին կ’իյնար Էրզրումը, եւ համագումարը չէր կայանար դէպքերու բերումով:
***
1918-ի Յունուարի սկիզբէն պատերազմական գործողութիւնները սաստկացան: Մենք քաղաքական ակնկալութիւններէ աւելի, մտահոգուեցանք ճակատի պաշտպանութեամբ: Գոյամարտի այն օրերուն, Լենինի նախագահութեամբ, բոլշեւիկեան Ռուսաստանի կառավարութիւնը դեկրէտ մը կը հրատարակէր Յունուար 3-ին, որով Արեւմտահայաստանը կը հռչակէր անկախ: Ու, իբր թէ այդ անկախութիւնը յարգելու համար, իր զօրքերը կը քաշէր Հայաստանէն: Ռուսաստան Արեւմտահայաստանը կը յանձնէր գայլին բերանը, ու մեզ արիւնոտած վիճակի մէջ տեսնելով, Մոսկուայի բարձունքներէն կ’առնէր պատմական մեծ քայլ մը, որ սակայն, այդ օրերուն, այդ պայմաններու մէջ, եւ ռուսական զօրքի քայքայիչ փախուստով, պարզապէս ծաղրանք մըն էր, աւելի՛ն, կեղծիք մըն էր:
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՆԱՀԱՆՋ
Թրքական բանակի գլխաւոր ուժերը կեդրոնացած էին Երզնկա-Էրզրում ճակատի դէմ: Առաջին քանի մը լուրջ յարձակողականներէ ետք, Երզնկան տեղի կու տար Յունուար 30-ին, Բաբերդը Փետրուար 4-ին ինկաւ թուրքերու ձեռքը, եւ ճակատը փոխադրուեցաւ Էրզրումի պարիսպներուն տակ:
Թրքական ուրիշ երկու զօրասիւներ կը գործէին Վանի եւ Տարօնի ուղղութեամբ: Տարօնի շրջանին մէջ անոնց յարձակողական կէտերն էին՝ Մշոյ դաշտի մէջ՝ Սուլուխի կամուրջը, որուն պաշտպանութիւնը ստանձնած էին Սասունցիներու եւ Մշեցիներու զօրամասերը. իսկ միւս կէտը՝ Ախլաթի շրջանի կամուրջն էր, որուն պաշտպանութիւնըստանձնած էր Սմբատ, Բուլանուխ-Մալազկերտի ուժերով: Թրքական քանի մը յարձակողականնր, որոնք տեղի ունեցան Յունուարին եւ Փետրուարին, Սուլուխի եւ Ախլաթի գծերուն վրայ, հանդիպեցան հայկական ուժերու կորովի դիմադրութեան: Մինչեւ Փետրուարի 27-ը, Վանէն մինչեւ Խնուս երկարող ճակատը մնաց ամուր, եւ թրքական գործողութիւնները, որոնք կը ձգտէին ճակատը ճեղքել, անցան ապարդիւն:
Հայ-թրքական պատերազմի բախտը պիտի վճռուէր Էրզրումի տակ: Թուրքերը այդ գծի վրայ յաջողութիւններ ունենալէ ետք միայն, կրնային վտանգել Խնուսի եւ Վանի մեր գրաւած դիրքերը:
Անդրանիկ եւ Տոքթ. Զաւրիեւ փոխադրուած էին Էրզրում: Անդրանիկի տրամադրութեան տակ եղած կանոնաւոր եւ անկանոն բոլոր ուժերը 8000 սուին կը հաշուէին: Թրքական բանակի ճշգրիտ թիւը չէինք գիտեր. սակայն ութ ամիս ետք, երբ անոնք հարկադրուեցան ձգել Կովկասը, Բաթումի գծով միայն 80,000 զինուոր ետ քաշեցին: Եթէ այս թիւին վրայ աւելցնենք այն զօրամասերը, որ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, Կովկասի թաթարական շրջաններուն մէջ կը գտնուէին, կ’ունենանք մօտ 120,000-ի հասնող բանակ մը: Այս բանակէն առնուազն 50-60,000 հոգի կը մասնակցէին 1918-ի Փետրուարեան թրքական արշաւանքին, որ տեղի ունեցաւ Արեւմտահայաստանի ամբողջ ճակատին վրայ: Մինչդեռ, Էրզրումէն մինչեւ Վասպուրական, Հայկական գործօն ու ժողովրդական բանակի թիւը 20,000-ի հազիւ կը հասնէր: Այս բանակի երեք չորրորդը նորակազմ ուժերն էին: Շատերը հազիւ նոր էին հասած, երբ նահանջը կը սկսէր: Այս պայմաններուն տակ, հայկական նորակազմ եւ իրարմէ հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռու դասաւորուած ուժերը ստիպուած էին չափուիլ իրենցմէ երեք անգամ աւելի թրքական կանոնաւոր բանակներուն հետ:
Թուրքերը հետզհետէ կը զօրանային: Գերմանական յաջողութիւնները բոլշեւիկեան Ռուսաստանը ծունկի բերած էին Բրեստ-Լիդովսկի մէջ: Թուրքերը, Աւստրօ-Հունգարիոյ հետ միասին, յաղթական կողմը կը ներկայանային Բրեստ-Լիդովսկի խորհրդաժողովին: Փետրուար 18-ին կը ստանային ոչ միայն ամբողջ Արեւմտահայաստանը, որ Լենինի «բարեհաճ» կամքով, Յունուար 3-ին, անկախ հռչակուած էր, այլ նաեւ Կարսի եւ Պաթումի շրջանները:
Թուրքերը յառաջանալով մինչեւ Էրզրումի պարիսպները, Փետրուար 25-ին պահանջ ներկայացուցին կովկասեան իշխանութեան՝ դատարկել բոլոր սահմանները, որ Բրեստ-Լիդովսկի դաշնագրութեամբ Թուրքիոյ ձգած էին: Հայերը տեղի չտուին, ու հարցը լուծուեցաւ պատերազմով: Էրզրումի տակ տեղի ունեցաւ վճռական բախում մը, եւ մենք պարտուեցանք… Էրզրումը ինկաւ թուրքերուն ձեռքը, Փետրուար 27-ին:
Էրզրումի անկումով կը վտանգուէին Խնուսի, Ախլաթի եւ Վանի ճակատներն ալ: Թուրքերը կը գրաւէին Հասանգալէն եւ Քէօփրիւքէօյի ճանապարհը կը կտրէին: Որով՝ Էրզրումէն եւ Բասենէն նահանջողները միայն կարող կ’ըլլային բռնել Սարըղամիշի եւ Կարսի ճանապարհը: Իսկ Տարօնի, Վասպուրականի եւ Ալաշկերտի շրջաններու զօրքերն ու ժողովուրդը իրենց դէմքը կը դարձնէին դէպի Արարատ:
Էրզրումի ճակատի կռիւները կը փոխադրուէին Սարըղամիշի տակ: Այսպիսով, պատերազմը կը մտնէր նոր փուլի մը մէջ: Այստեղ Կովկասեան Հայաստանի գոյութիւնը կը դառնար խնդրոյ առարկայ:
Թուրքերը անմիջապէս չկրցան ներխուժել Կովկաս, քանի մը պատճառներով: Անոնք համոզուած էին որ 1914-ի ռուսական սահմանէն ներս աւելի մեծ ու կազմակերպուած ուժերու հետ գործ պիտի ունենային, ինչ որ իրականութեան բաւական մօտիկ էր: Ատկէ զատ, նկատի կ’առնէին այն պարագան, որ թէեւ Էրզրումի ճակատի իրենց ուժերը կրցած էին հասնիլ Սարըղամիշի մօտերը, անդին՝ Խնուսէն, Մուշէն եւ Ախլաթէն նահանջող ուժերը տակաւին կը մնային Ալաշկերտի դաշտին մէջ եւ Վանի ուժերը նոր դիմած էին նահանջի: Առանց ճակատի հաւասարակշռութեան, չէին կրնար աւելի յառաջանալ: Պատերազմական այս նկատումներուն հետ մէկտեղ, թուրքերը Կարս հասնելէ առաջ, երկու նպատակի կը ձգտէին:
Առաջին, Փետրուար 27-էն սկսած Տրապիզոնի մէջ ձեռնարկած էին բանակցութիւններու, աւելի տկարացնելու համար կովկասեան միութիւնը եւ ջլատելու հայկական կամքը.
Երկրորդ, կը սպասէին կովկասեան թուրք-թաթարական շրջաններու ապստամբութեան որ պիտի գար կռնակէն հարուածելու հայ ժողովուրդը եւ ստիպելու մեզի, որ տարածուինք բազմաթիւ ճակատներու վրայ:
Նահանջը կը յուսալքէ զօրքը, իսկ եթէ այդ զօրքը քանի մը շաբթուան ընթացքին կազմակերպուած է, ենթակայ է անմիջապէս քայքայուելու:
Արեւմտահայ ժողովուրդը արմատախիլ եղած՝ կը նահանջէր: Նահանջի պարագային, զինուորներու մեծ մասը կը միանար ժողովուրդին, անոր ֆիզիքական գոյութիւնը փրկելու: Ժողովուրդը կկը դառնար բանակ: Այդ ուժը հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան համար անպէտք էր, բայց անիկա կը դառնար զանգուածներու գոյութեան պայքարի միակ միջոցը:
Հայութիւնը ժամանակ չունեցաւ պատրաստուելու: Բացի ատկէ, հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ եւ կռնակէն, թուրք-թաթարական հատուածները ընդհանուրհրդեհ մը բռնկեցուցին հայկական բոլոր շրջաններու մէջ:Այդպիսով, հայ երկրի ամէն մէկ անկիւնը կը դառնար պատերազմական ճակատ մը եւ շրջաններու ֆիզիքական գոյութիւնը կախուած էր տեղական ինքնապաշտպանութեան ուժերէն: Այս իրողութիւնը մեծապէս ջլատեց հայ զինուորի կորովը: Առանց այն ալ անոր հոգին սարսած էր բոլշեւիկեան փլուզումէն, եւ, բնականօրէն, կ’ուզէր տուն դառնալ: Իսկ հիմա իր տուն դառնալը աւելի համոզիչ էր, որովհետեւ ան կը դառնար կռուի նոր ճակատ մը երթալու եւ իրենները փրկելու ստոյգ կորուստէ:
Տարօնը եւ Վասպուրականը դիմադրեցին յառաջխաղացող թրքական բանակներուն: 1918-ի Յունուարէն սկսած մինչեւ Ապրիլի վերջը, չորս ամիս տեւեց պատերազմը այս ճակատներուն վրայ: Էրզրումի անկումը անշուշտ յուսալքիչ էր: Բայց Փետրուար 27-էն մինչեւ Ապրիլի վերջը, Տարօնի, Խնուսի եւ Վասպուրականիգունդերը շարունակեցին կռիւը, եւ կրցան ժողովրդական զանգուածները անվտանգ հասցնել Արարատեան աշխարհը, հանգրուանէ հանգրուան, առանց խուճապի:
Պաշտպանողական կռիւը թուրք բանակի դէմն էր: Սակայն կային թշնամի տարրեր, որոնք մեր թիկունքը կը վտանգէին: Այդ տարրերուն դէմ յարձակողական ջոկատներ ստիպուած էինք շարժման մէջ դնել, մեր թիկունքը մաքրելու: Նահանջի ճանապարհներուն վրայ, ժողովրդական զինուած զանգուածները վճռական դեր խաղացին եւ ապահովեցին թէ՛ իրենց ճամբան եւ թէ՛ իրենց թիկունքը:
Կռիւ ու նահանջ, համառօտ պատկեր մը հինգ-վեց ամիսներու ամէնօրեայ գոյամարտէն, ամբողջական պատմութիւնը չի տար այն անհուն կորովին, որ Արեւմտահայ այս բազմութիւնները ի յայտ բերին երկարաձգուած այս դժնդակ կռիւներուն ընթացքին: Բայց վկայութիւն մըն են այդ ժողովուրդի կամքին, որով կառչած կը մնար իր հայրենի հողերուն եւ կ’ուզէր վերականգնել իր Ազատ Հայրենիքը:
ԳԱՂԹԱՇԱՐԺ
Արեւմտահայ 150,000-էն աւելի բազմութիւնը կը դիմէր դէպի Արարատեան աշխարհ: Այս բազմութիւնը գաղթականի հոգեբանութիւն չունէր:
Այս անգամ, հայ ժողովուրդը զինուած էր եւ աւելի կազմակերպուած՝ ներքնապէս: Իւրաքանչիւր նահանգի ժողովուրդը հաւաքական ուժ մը կը ներկայացնէր: Ան կը դիմէր գաղթաշարժի եւ կ’որոնէր նոր հայրենիք մը, հոն արմատ ձգելու համար: Իսկ իր գոյութեան պահպանումը կը վստահէր իր զէնքին եւ հաւաքական ուժին:
Գաղթաշարժը տեղի ունեցաւ ապակեդրոնացած ձեւով եւ այդպիսով թուլցաւանոր տարերային ուժը: Էրզրումի նահանգին ժողովուրդը, բացի Բասէնէն,առանձին հաւաքականութիւն մը չունէր. անշաղախ տարրերէ բաղկացած էր եւ այդ նահանգի նախկին ազգաբնակչութիւնը չէր ներկայացներ: Այս բացասական կողմը աւելի շեշտուեցաւ, նահանջի գծին հետեւանքով: Էրզրումէն եւ բասէնէն նահանջող ժողովուրդն անցաւ Կարս, անկէ Ալեքսանդրապոլ եւ բռնեց Թիֆլիսի երկաթուղագիծը, կամաց-կամաց զինաթափուելով: Իսկ Լօռիի ձորն անցնելէ ետք, այդ ժողովուրդը դարձաւ անհայրենիք գաղթական բազմութիւն մը, ենթակայ վրացիներու, թաթարներու եւ հիւսիսային լեռնականներու արհամարհանքին եւ թշնամանքին: Այս հոսանքը բազմապատկուած էր Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի թէ՛ տեղացի եւ թէ Արեւմտահայ փախստական հարիւր հազարաւոր գաղթականներով, որոնք հայրենի սահմաններէն հեռու ինկան, տանջուեցան ու վնասուեցան, բայց իրենց շարժումներով առանձին անդրադարձում մը չունեցան Հայաստանի բախտին վրայ:
Վասպուրականի ժողովուրդը երկու թեւերու բաժնուեցաւ: Մէկ մեծ մասը Կոստի Համբարձումեանի, Լ. Շաղոյեանի եւ Պուլկարացի Գրիգորի ղեկավարութեամբ Վանէն դիմեց դէպի Պարսկաստան: Իսկ միւս մասը Գնդ. Տ. Բաղդասարեանի, Հմ. Մանուկեանի, Ասլանի եւ այլոց ղեկավարութեամբ անցաւ Բերկրիի կամուրջը եւ դիմեց դէպի Արարատ:
Դէպի Պարսկաստան դիմելու երկու գլխաւոր պատճառներ գոյութիւն ունէին: Առաջին դրդապատճառը անգլիական բանակին միանալու հաւանականութիւնն էր: Անգլիացիները Պաղտատէն առաջացած էին Պարսկաստանի ներսերը: Անոնց միանալը ապահով ճակատ մը կազմելու երաշխիքը կու տար, քան վստահիլ փոթորկուած Կովկասին, որ թրքական կրունկներու տակ կ’իյնար: Երկրորդ պատճառը Բերկրիի վախն էր: Վանի առաջին նահանջին, վանեցիները ծանրապէս վնասուած էին եւ աչքերը վախցած էին այդ կիրճէն: Այսպիսով, Վասպուրականի ժողովրդի եւ զինեալ ուժերու մեծ մասը կը բռնէր երկար ճանապարհ մը, կը հասնէր Պաղտատ, Պասրա, ու կ’իյնար Բագուբայի վրաններուն տակ… երկար պատմութիւն, վերադարձ՝ դէպի անկախ ու կախեալ Հայաստան, եւ սակայն, այդ գաղթաշարժին մասնակցող բազմութեան վերջին բեկորները, հեռաւոր Արաբիոյ մէջ, այս տխուր պատմութեան շարունակութիւնը կը կազմեն տակաւին:
Գաղթաշարժի կեդրոնական հոսանքը կը սկսէր Խնուսի, Մուշի, Ախլաթի եւ Մալազկերտի շրջաններէն եւ կը կեդրոնանար Ալաշկերտ: Այս շրջանի մէջ լուրջ ընդհարումներ տեղի ունեցան թաթարական կանգուն մնացած քանի մը գիւղերու հետ, որոնք Ս. Յովհաննու վանքի մօտերը ժողովուրդի ճանապարհը կտրած էին: Զինուած ժողովրդի ալիքներուն տակ կ’ընկճուէին թաթարական եւ քրտական շարք մը գիւղեր եւ առատ պաշար կը ձգէին զօրքին եւ ժողովուրդին:
Կարսի անկումէն ետք, ժողովուրդն ու զինեալ ուժերը ամփոփուեցան Դիատնի եւ Մուսունի շրջանին մէջ: Բայազիտէն (Օրկովին վրայէն) եկան եւ անցան վասպուրականցիները:
Տակաւին Արարատեան լեռնաշղթան չանցած, Տարօնի եւ Ալաշկերտի ժողովրդական ղեկավարները, զօրագունդերու վարիչներուն հետ ժողով ըրին վերջին հողաշերտին վրայ գոյութեան պայքարի ուղեգիծ մը պատրաստելու համար: Այդ ժողովի մէջ որոշուեցաւ ժողովրդի հետ մնալ եւ ղեկավարել գաղթաշարժը, դառնալ տեսակ մը շարժական բանակ, կեդրոնացած պահել զինուորական, կուսակցական եւ վարչական ղեկավարութիւնը, եւ ընթացք տալ 150,000-է աւելի ժողովրդական զանգուածի շարժումներուն: Զօրքն ու զինուած ժողովուրդը մէկ միութեան մէջ ձուլուեցան: Զինուած ժողովուրդը կազմակերպուած տարերային մեծ ուժ մը դարձաւ:
Արարատեան Հայաստանի քարտէսը մեր աչքերուն առջեւ ունէինք: Մեր աչքերը կը յառէինք լեռնամասերուն եւ թաթարական շրջաններուն վրայ: Հայկական լեռնամասերը մեր ժողովուրդի ապաւէնը պիտի ըլլային եւ մենք բնական ամրութիւններէն օգտուելով՝ գոյամարտը պիտի շարունակէինք: Գոյամարտը ապահովելու համար, անհրաժեշտ էր թաթարական ապստամբ շրջանները (որոնք կռնակէն եւ կողքերէն կը հարուածէին հայ ժողովուրդը) առնել զինուած ժողովրդի ազդեցութեանը տակ: Պարզ տրամաբանութիւն մը ունէր դէպի Արարատեան Հայաստան դիմող արեւմտահայ զինուած զանգուածը: Ան կը մտածէր,- եթէ թուրքը բռնի ուժով զինք դուրս կը քշէ իր հինաւուրց հայրենիքէն, ու ինքը Արարատն անցնելէ ետք, անհող ու անծածք բազմութիւն մը պիտի դառնայ, իր մարդկային սրբազան իրաւունքն է գրաւել զէնքի ուժով թաթարական գիւղերը եւ բնակիլ հոն, իբրեւ իր ՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ:
Այս ուխտով ու վճռականութեամբ Տարօնի, Ալաշկերտի եւ Վասպուրականի ժողովուրդը, Ապրիլի վերջերը, Արարատեան բարձունքներէն, ձիւնէ հիւսի մը պէս, վար կ’իջնէր դէպի Սուրմալու:
Այս զանգուածն էր, որ մնաց Հայաստանի Հանրապետութեան (տակաւին չկազմուած) սահմաններուն մէջ: Չափեց երկրի լայնքն ու երկայնքը, գալարուեցաւ վտանգներու ցանցերուն մէջ, արիւնոտեցաւ ու արիւնոտեց, բայց զօրացաւ եւ արմատ ձգեց նորակազմ հայրենիքի հողին խորքը եւ հայկական դիմագիծ տուաւ անոր:
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Կռուի երկրորդ փուլը կը սկսի, երբ արեւմտահայ զինական եւ ժողովրդական ուժերը ոտք կը դնեն Ռուսաստանի 1914-ի սահմաններուն վրայ:
Թուրքերը, Էրզրումի գրաւումէն ետք, յառաջացած էին դէպի Սարըղամիշ եւ Կարս: Իսկ Տարօնի եւ Ալաշկերտի գիծով կը մօտենային Արարատեան լեռնաշղթային: Պարսկաստանի սահմանը անցած վասպուրականցիներուն դէմ կը բացուէր նոր ճակատ մը, զիրենք հետապնդող թրքական բանակին դէմ:
Ռուսական ուժերը հեռացած էին, որով՝ թրքական ճակատներու ամբողջ ծանրութիւնը կ’իյնար նորակազմ հայ մարտական ուժի ուսերուն:
Ազգային Խորհուրդը, իր կազմութեան առաջին օրէն, ձեռնարկեց վերակազմելու այն զօրամասերը, որոնք տակաւին զէնքի տակ կը մնային եւ ճակատը պահելու գիտակցութիւն ունեցող սպաներուն ենթակայ էին: Լուծուած կամաւորական գունդերէն հայ զօրամասեր կազմող վաշտերն ու սպաները տակաւին կը մնային ռուսական բանակին իբրեւ մասնիկ: Երբ այդ բանակը քայքայուած՝ կը հեռանար ճակատէն եւ Կովկասէն, հայ սպաներն ու մնացորդաց վաշտերը հայկական զօրամաս կազմելու գործին կը ձեռնարկէին, Ազգային Խորհուրդի ղեկավարութեամբ:
Ազգային Խորհուրդը սպարապետ նշանակած էր զօրավար Նազարբէգեանը, որ պարտաւորութիւն ունէր հայկական զօրաբանակ մը կազմել, երկու զօրաբաժիններով:
Կազմուած կամ նոր կազմուելիք գունդերը փութով մարմին կ’առնէին եւ ի մտի ունէին պատերազմի երկրորդ փուլին թշնամիին դէմ ճակատելու հաւանականութիւնը, երբ ան պիտի հասնէր 1914-ի սահմաններուն: Թէ՛ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վարիչները եւ թէ՛ Ազգային Խորհուրդին մասնակցողները կը գիտակցէին գալիք օրերու ճգնաժամը, եւ այդ պատճառով կովկասեան սահմաններու պաշտպանութեան համար պատրաստութիւններ կը տեսնէին: Տակաւին ռուսական մեծ բանակի կմախքը կար եւ սպայակոյտը շարունակութիւնն էր ռուսական հսկային, որ ճամբաներուն վրայ մեծ մասով խելագար ամբոխ մը կը դառնար:
Այս իրականութեան կողքին, կային Վրացիներ, Ատրպէյճանցիներ եւ Հայեր որոնք Կովկասի բնիկ տէրերն էին, առանց պետական կառոյցի: Ռուսաստանի համապետական գոյավիճակը տիրական կը մնար թէ՛ վարիչներու եւ թէ ազգաբնակչութեան մտայնութեան մէջ:
1918-ի Յունուարին, Լենինի հրովարտակը լոյս կը տեսնէր, որով՝ ռուսական բանակը կը հեռանար Արեւմտահայաստանէն, որպէսզի Հայաստանը ինքնավար դառնար եւ ազատ կամքով ու հանրաքուէով իր բախտը տնօրինէր: Այս յայտարարութիւնը կայսրութեան փլուզումի առաջին ազդանշանն էր: Հազիւ ամիս մը անցած , կու գար Բրեստ-Լիդովսկի անձնատուութեան աղիտալի հաշտութեան դաշնագիրը, որով ռուսական կայսրութեան երկրամասերն ալ, առանց պայմանի, թշնամիներուն կը զիջէին: Քաղաքական այս ծանր կացութեան բերումով՝ Կովկասը կը կտրուէր համապետական կառոյցէն եւ կը կառավարուէր Կովկասեան Սէյմով: Խառն կառավարութեան մէջ տեղ ունէին Վրացիներ, Ատրպէյճանցիներ եւ Հայեր, որոնք ՄԻԱՍԻՆ պիտի պաշտպանէին լքուած պատերազմի ճակատը: Սակայն, վրացիներն ու ատրպէյճանցիները կա՛մ կը դաւէին հայերուն դէմ եւ կամ ուրիշ հաշիւներով քայլ կ’առնէին, որով՝ պատերազմի ճակատը կը մնային հայերը, վտանգի եւ անորոշ ճակատագրին դէմ յանդիման:
Արդ, երբ թրքական բանակը հասաւ Սարըղամիշ եւ յառաջացաւ դէպի Կարս, զօրավար Նազարբէգեան, իրաւական կերպով, ենթակայ էր Կովկասեան միացեալ կառավարութեան: Թիֆլիսի կառավարութեան վարչապետը վրացի Չխէնգէլին էր: Այդ կեդրոնին մէջ նստող կառավարութիւնը, բանակցութեանց ճամբով եւ դիտաւորեալ հրահանգներով, ջլատեց մեր զօրամասերու դիմադրական կորովը եւ նախաձեռնութեան ոգին: Իրար չէզոքացնող այդ մթնոլորտին մէջ, Սարըղամիշ եւ Կարս կ’իյնային թշնամիին ձեռքը:
Շատերը կը կարծէին, թէ թրքական բանակները կանգ պիտի առնեն Բրեստ-Լիդովսկի սահմանագծած շրջաններուն մէջ եւ պիտի չառաջանան Կովկասի խորքերը: Այդ ենթադրութիւնը օդը կը ցնդէր, երբ թուրքերը, առանց կանգ առնելու, կ’առաջանային դէպի Ալեքսանդրապոլ: Քաղաքական հոգեկան բեկումը կը սկսէր այդ օրէն:
Հայ ղեկավարներն ու հայ ժողովուրդը այդ օրերուն, վերջնականօրէն կը զգային, թէ ՄԻՆԱԿ էին թուրքին դէմ: Թէ՝ Կովկասի Միութիւնը գոյութիւն չունէր: Թէ՝ մեծապետական Ռուսաստանը, ցարական թէ ընկերվարական, մեր հորիզոններուն վրայ այլեւս ներկայ չէր, ու մենք ստիպուած էինք ցեղային կռիւը, օրհասական պատերազմը մղել մինակ, մեր սեփական ուժերով, գոյութեան պայքար մը, որ բնաջնջումի սպառնալիքով կախուած կը մնար Կովկասահայ եւ Արեւմտահայ բազմութիւններու գլխուն:
ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ
Երբ Թիֆլիսի մէջ կովկասեան երեք ազգերը կեղծ միութեան մը դաւը կ’ապրէին, ու հայերը մօտեցող ճգնաժամի տառապանքներով կը գալարուէին, Կարսը կ’իյնար, կարելի է ըսել, Չխէնգէլիիդաւադիր հրահանգով: Կարսի անկումէն ետք, հայերը իրենց ճակատագրին ձգուած էին: Ուժերու ամփոփում, գունդերու դասաւորում, արեւմտահայ զինեալ ժողովուրդի համախմբում, բարդ եւ խառնակ կեանքի մը պատկերը կը պարզէին:
Բայց պատերազմի հրդեհէն բռնուած հայ կեանքը կը թաւալէր: Այդ օրերուն, իրական կեանքի բերումով, հայ ժողովուրդը երկու կեդրոն կ’ունենար: Թիֆլիսը, ուր Ազգային Խորհուրդը կը գործէր, եւ Երեւանը, ուր Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ՝ կեանքի կոչուած էր Երեւանի Ազգային Խորհուրդը:
Երկու այս կեդրոնները կ’աջակցէին սպարապետին եւ զինուորական պատասխանատու վարիչներուն՝ հայ մարտական ուժերը կորովի դիմադրութեան մը պատրաստ պահելու: Այդ կեդրոններուն աջակից կը հանդիսանային Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէներն ու հասարակական հաստատութիւնները, որոնք դրութեան ծանրութիւնը լիովին կ’ըմբռնէին:
Բայց հայ գաղթաշարժը ալեկոծ ծովու մը վերածած էր Արարատեան դաշտը: Զինեալ ժողովրդական զանգուածները, իրենց վաշտերու, գումարտակներու եւ ձիաւոր խումբերուն հետ միասին կը շարժէին բաց երկնքին տակ, ու օրուան բոլոր ժամերուն ժողովրդական այդ ալիքները կ’առաջանային, կը տարածուէին եւ կը կռուէին, երբ աջէն ու ձախէն իրենց ճամբան կտրող թշնամիներուն կը հանդիպէին:
Սուրմալուի թրքութիւնը մեծ մասով ընկճուեցաւ, ու տեղի տուաւ զինուած հայութեան: Ժողովրդի եւ զինուած ուժերու ալիքը հասած էր Արաքսի ափերը: Թուրքերը Կարսի գրաւումէն ետք, իրենց ուժերն ամփոփած՝ կ’առաջանային դէպի Ալեքսանդրապոլ: Անդրանիկ մօտ 1000 հոգիով անցած էր Ախալքալաքի շրջանը: Վճռական գործողութիւններու նախօրեակը կ’ապրէինք: Թրքութեանվերջնական եւ վճռական գրոհը ուղղուած էր հայ ժողովուրդի կուրծքին, վերջին եւ մնացորդ օճախն ալ մարելու համար: Հայութեան կէսը, Արարատեան դաշտի եւ հայկական լեռներու մէջ, ոտքի վրայ, բացօթեայ կեանք մը կ’ապրէր, դամոկլեան սուրը կախուած իր գլխուն:
Վասպուրականի եւ Ալաշկերտի ժողովուրդը կը տեղաւորուէր Երեւանի եւ Էջմիածնի շրջաններուն մէջ: Վասպուրականի զինուած ուժերը կը մնային անոնց մէջ:
Տարօնի նահանգի ժողովուրդն իր զինական եւ վարչական ամբողջութիւնը կը պահէր: Ան կը դառնար մարտական համայնք մը, որ պատմական նշանակութիւն մը ունեցաւ: Այդ հաւաքականութիւնը, որ յեղափոխական փորձառութիւն, հաւաքական կամք եւ կարգապահութիւն ունէր, մարտական գործողութիւններով ո՛չ միայն իր գոյութիւնը կրցաւ պահպանել, այլ ազգային ազատամարտի ճանապարհին, ուղիղ գծով, իր տուրքը տուաւ, աննկուն հետեւողականութեամբ մը:
Ապրիլի վերջին շաբթուն, Անդրանիկ նամակներ գրած էր Տարօնի շրջանի զինուորական ղեկավարներուն եւ կը թելադրէր որ բոլոր զինուած ուժերը կեդրոնանան Լօռիի լեռներուն եւ անտառներուն մէջ, ուր ինք ալ պիտի գտնուէր, եւ այդտեղ կազմակերպեն դիմադրութիւն մը: Հակառակ պարագային՝ կարող էին անցնիլ Թիֆլիսի շրջանը:
Խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Արաքս կայարանի դաշտին մէջ, Արաքսի ափին: Այդ խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Մուշի, Սասունի, Խնուսի եւ Մալազկերտի շրջաններու կուսակցական եւ զինուորական ղեկավարները: Խորհրդակցութիւնը եկաւ այն եզրակացութեան, թէ Լօռին չէր կրնար հանդիսանալ այն վայրը, ուր կրնայինք կեդրոնանալ, ապրիլ եւ կռուիլ: Լօռիի հայութիւնը աղքատ էր եւ լայն գործողութիւններու հնարաւորութիւններէ զուրկ: Հետեւաբար, բացասական պատասխան մը գրեցին Անդրանիկին եւ հրաւիրեցինք զինք՝ միանալ իրենց ուժերուն, գործել Արագածի եւ Երեւանի շրջաններուն մէջ:
Անդրանիկ ուրիշ նամակով մը իր տեսակէտին վրայ պնդեց: Սմբատի, Հասրաթի, Փիլոսի եւ այլոց ղեկավարութեամբ՝ քանի մը վաշտ զինուորներ Արաքսի կայարանէն մեկնեցան դէպի Ախալքալաք եւ միացան Անդրանիկին: Սակայն Տարօնի զինուորական եւ ժողովրդական մեծագոյն զանգուածը մնաց եւ շարունակեց նախօրօք գծուած ճանապարհը:
Թաթարները Բորչալուի մէջ, Արագածի ստորոտները, Զանգիբասարի, Էջմիածնի, Աշտարակի եւ Բէօյիւք վէտիի սահմաններուն վրայ՝ անընդհատ կը կտրէին երկաթուղիի հաղորդակցութիւնը եւ պատառ-պատառ կ’ընէին մեր փոքրիկ հայրենիքի ամբողջութիւնը:
Սուրմալուի դէպքերուն արձագանգը արդէն հասած էր Երեւան, եւ վրդոված մեր շարք մը ընկերներուն խիղճը Բայց երբ Արազն անցած՝ զինեալ բազմութիւնը ծաւալեցաւ Էջմիածնի եւ Աշտարակի շրջաններուն մէջ եւ ընդհարեցաւ թաթարական գիւղերուն, փոթորիկ մը բարձրացաւ Երեւանի մէջ: Համառուսական ընկերվարական եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան իրենց ընթաքին վրայ արատ բերող երեւոյթներ նկատեցին Արեւմտահայերու արարքները: Բայց ժողովրդական բանակը ստիպուած էր ճամբան շարունակել, ու ճամբան կտրողին ձեռքը կոտրել:
Էջմիածնի եւ Աշտարակի 24 թաթարական գիւղերը երբեք ունկնդրած չէին Երեւանի ընկերվարական եղբայրական կոչերուն: Բայց զէնքի հարուածներուն տակ, ստիպուեցան լսել արեւմտահայ զանգուածներու սուրի քարոզը: Թաթարական գիւղերը տեղի տուին եւ հեռացան այդ շրջաններէն:
ԱՐԱԳԱԾԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ
Թուրքերը մօտեցած էին Ալեքսանդրապոլի:
Հայաստանի պատերազմական գործողութիւններու համար, Արագածի թիկունքային թշնամին զսպելու գործը դարձած էր հրամայական անհրաժեշտութիւն մը: Սասունցիներ եւ Մշեցիներ ստանձնեցին այդ ծանր պարտականութիւնը:
Սարդարապատի մէջ ներկայ էին Սասունցիներու գունդը եւ Խնուսի գունդի վաշտերը, Սասունցի Մանուկի եւ Մուշեղ Աւետիսեանի (Սասունցի) ղեկավարութեամբ: Համախմբուած այդ ուժերը դասաւորուած էին եւ պատրաստ արշաւանքի ձեռնարկելու:
Մայիս 4-ի գիշերը, Տարօնի շրջանի պատասխանատու գործիչներըիրենց ուժերու թիւը եւ խմբապետներու ցանկը ներկայացուցին: Հազար երկու հարիւր մարտիկներ պիտի մասնակցէին արշաւանքին: Պատասխանատու ղեկավարներն էին Սասունցի Մանուկ, Սասունցի Մուշեղ, Մօրուք Կարօ, Չօլօ, Ղազար Պետոյեան, Արմէն Սասունի, Մխիթար Դարմանեան: Ասոնցմէ չորսը արդէն Տարօնի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կ. Կոմիտէի անդամներն էին: Կուսակցական եւ մարտական ուժերը միաձուլուած էին:
Մենք, այդ օրերուն, գաղափար չունէինք, թէ ճակատագրական կռիւ մը տեղի պիտի ունենար Սարդարապատի անապատին մէջ: Դրոյի զօրամասերը Արարատի լեռնաշղթան բռնած էին եւ յարձակում մը կը սպասէին Ալաշկերտէն եւ Վանէն յառաջացող թշնամիին կողմէ: Էջմիածնի, Աշտարակի եւ Արագածի զինուորական գործողութիւնները, փաստօրէն, Սարդարապատի ճակատամարտի նախերգանքներն էին:
Մայիս 5-ին, Սարդարապատի ճակատամարտէն 18 օր առաջ, արշալոյսը չբացուած, արշաւախումբի ջոկատները, ձիաւոր եւ հետեւակ ուժերը մեկնեցան Սարդարապատէն եւ առաւօտեան արշալոյսին խիզախ յարձակողականով մը գրաւեցին երկու փոքրիկ գիւղեր եւ հաստան Թալինի բերդին տակ: Առանց ժամանակ կորսնցնելու եւ առանց նկատի առնելու թշնամիին տեղատարափ գնդակներու աւերածութիւնը, մէկ ժամուայ ընթացքին մագլցեցան բերդի պարիսպներուն վրայ: Թշնամին ժամանակ չունեցաւ փախուստի եւ սրախողխող ինկաւ: Սասունցիներէն սպաննուեցան 16 աննման կտրիճներ եւ վիրաւորուեցան 13 հոգի:
Թալինի անկումը սարսափի մատնեց Արագածի լանջերուն վրայ տեղաւորուած թշնամին: Տարօնցիներու արշաւանքը կանգ չառաւ: Երեք օրուայ ընթացքին, Թալինէն մինչեւ Ուճան եւ Բիւրական, Աշտարակի մօտերը, մօտ 70 քիլոմեթր տարածութիւն մը, մաքրուեցաւ թրքական տարրերէն: Սարդարապատի շրջանի մէջ կուտակուած հայութիւնը բարձրացաւ լեռ եւ տեղաւորուեցաւիր արիւնով գրաւուած նոր հայրենիքին մէջ: Այդ թուականէն ասդին, Արագած լեռը թրքական փափախի փոխարէն, Սասունցիի հայկական գդակը կը դնէ իր գլխուն:
Սարդարապատի ճակատամարտը եւ յաղթանակի մէջ այս արշաւանքը իր խոշոր բաժինն ունի: Սարդարապատի դէմ գործող թրքական բանակը զրկուեցաւ Արագածի թաթարական ուժերու օժանդակութենէն. իսկ հայկական բանակը, ճակատամարտի պահուն, իր կռնակէն եւ կողքերէն հարուած տուողներէն ազատուեցաւ:
Այս ներքին ճակատամարտները կը լուծէին այն բարդ խնդիրները, ինչ որ ռուսական յեղափոխութիւնը խօսքէ զէնքերով չէր կրցած լուծել: Այս ապստամբ շրջաններու հաշուեյարդարը հայկական բանակի թիկունքը կ’ապահովէր եւ կտրուած ճանապարհը կը բանար:
ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏՆԵՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ, ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԷԻ ԵՒ ԱԲԱՐԱՆԻ
Պատմական ճակատամարտներէն առաջ, երբ թուրքերը տակաւին չէին երեւցած Ալեքսանդրապոլի բերդին առջեւ, հայ ժողովուրդը, իր վարիչներով, անյոյս ճիգեր կը թափէր ելք մը գտնելու, կամ հաւանական ելքի մը յոյսով կը տառապէր: Թուրքերը Բրեստ-Լիդովսկի գծած սահմաններէն պիտի անցնէի՞ն թէ ոչ: Իրողութիւնները այդ յոյսը օդը ցնդեցուցած էին: Բայց յոյսը անյոյսի յաճախանքն էր:
Դէպքերը եւ ընդհարումները իրարու կը յաջորդէին արագ, յանկարծակի, ու երբ ականատես պատմագրողը իրողութիւնները կ’ուզէ դասաւորել, պատճառի եւ հետեւանքի ճշգրիտ պատկերը արձանագրելու, տաս-տասնեւհինգ օրերու մէջ չի կրնար սեղմել բազմաթիւ անցքեր, որոնք տասը ամիսներու տեւողութեան ծանրութիւնն ունին:
Երեւանը կտրուած էր աշխարհէն եւ Թիֆլիսի պետական դաւադրութիւններուն անտեղեակ էր: Թիֆլիսի սպայակոյտը եւ վրացի զինուորական նախարարը մինչեւ Կարս կ’երկարէին իրենց հրահանգները եւ կը ջլատէին Զօր. Նազարբէգեանի հրամանատարութեան տակ գործող զօրամասերը:
Հայաստան փաստօրէն կը կտրուէր Կովկասեան միութենէն եւ արեան ճակատներուն վրայ կը մնար մինակ: Այս ողբերգական վայրկեանին է որ հայ ժողովուրդը, Դաշնակցութիւնը եւ զինուորական հրամանատարութիւնը, ամբողջական նուիրումով, կը կապուէին իրենց սեփական ուժին, կամքին եւ նախաձեռնութեան:
Արեւմտահայ խորհրդաժողովը կը ցրուէր: Ընելիք մը չունէր: Ազգային Խորհուրդը տեւապէս ժողովի էր եւ կը հետեւէր մեր ապրած ճգնաժամին, ու կարգադրութիւններ կ’ընէր իր հնարաւորութեան սահմանին մէջ:
Շրջապատուած թշնամիէն, կեանքի եւ մահուան պատերազմի հարկադրանքի տակն էր հայ ժողովուրդը: Հոգեբանական վերադարձ մը կար վարիչներու եւ բազմութեան հոգիին մէջ, այն օրերուն, երբ Դաշնակցութեան անձուրացները Սասնոյ բարձունքներուն վրայ եւ պաշարուած Վանի մէջ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՄԱՀ վճռական նշանաբանով, գոյամարտի կ’ելլէին դաժան թշնամիին դէմ:
Այդպէս պիտի ընէր նաեւ Արարատեան աշխարհին մէջ համախմբուած ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ:
***
Մայիս 15-ին Ալեքսանդրապոլի անկումը եւ Երեւան-Թիֆլիս երկաթուղիին փակումը, վերջնականօրէն Հայաստանը կը թողուր իր բախտին: Այդ վայրկեանէն ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ դաժան կռիւի մը հոգեբանութիւնը ե՛ւ խուճապ կ’առաջացնէր ե՛ւ ապրելու վճռականութիւն: Խուճապը չէր ծաւալեր, որովհետեւ խուճապահարբազմութիւնը ելք մը չունէր, որպէսզի դէպի հեռուները խուժէր: Այդ իսկ պատճառով, ապրելու կամ պատուաւոր մահով իյնալու վճռականութիւնը պատրաստ գետին մը կը գտնէր հոգիներուն մէջ:
Հայկական զինական ուժերը կը դասաւորուէին երեք ճակատներու վրայ: Սարդարապատի եւ Բաշ-Աբարանի մէջ դիրք կը բռնէին Զօր. Սիլիկեանի զօրաբաժինը, ուր կը գործէին Դրոյի զօրամասերը, Զօր. Դանիէլ Բէգ-Փիրումեանի, Յովսէփեանի, Սամարցեանի, Հասան փաշայի գունդերը, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի գունդը: Ժողովրդական զօրամասերէն հոն ներկայ էին Սասունցի Մանուկի (Աբարան) եւ Սասունցի Մուշեղի, Ղազար Պետոյեանի (Սարդարապատ) Այրուձիի միաւորները, Ղարապշարցի Մուրատի, Դէլի Ղազարի եւ Պուլանուխցիներու ջոկատները: Այս երկու ճակատներուն վրայ, կանոնաւոր եւ ժողովրդական ուժերուն թիւը 10,000-ի կը հասնէր:
Ղարաքիլիսէի ճակատին վրայ անձամբ կը հրամայէր սպարապետ Նազարբէգեան: Անոր տրամադրութեան տակն էին Զօր. Արէշեանի զօրաբաժինը, գլխապետ Մովսէսեանի մարտկոցը, ժողովրդական խումբերէն ոմանք, եւ Նժդեհի ջոկատը այս ճակատին վրայ էին: Անդրանիկ, մօտ 2000 զինուորներով, Ջալալօղլի էր եւ կը դիմադրէր Ախալքալաքէն առաջացող Վէհիպ փաշայի ուժերուն: Անդրանիկի հետ էին Սմբատը՝ Տարօնի քանի մը վաշտերով, Փիլոսը՝ Խնուսի ջոկատներով, Ճեպեճի Սարգիսը՝ ձիաւոր խումբերով:
Ղարաքիլիսէի ճակատին վրայ կանոնաւոր եւ ժողովրդական զինուորներու թիւը կը հասնէր 7000-ի:
Թրքական բանակի յարձակողականի ուղղութիւնները, մեր երեւակայածէնշատ աւելի ճարտարութեամբ կը զարգանային: Մէկ թեւը Վանի շրջանէն կ’առաջանար դէպի պարսկական Ատրպատական, անկէ անցնելու Զանգեզուր, Ղարաբաղ, Բագու: Միւս թեւը Տրապիզոնի շրջանէն կը մտնէր Արտահան ու կ’ուղղուէր դէպի Ախալքալաք եւ Ղարաքիլիսէ, Հայսատանի հիւսիսային բոլոր ճանապարհները կտրելու: Բորշալուի թաթարները կռնակէն պիտի հարուածէին եւ շփոթութեան մատնէին հայութիւնը: Կարսէն յառաջացած թրքական բանակը, Ալեքսանդրապոլը գրաւելէ ետք, երկու թեւի կը բաժնուէր: Առաջինը երկաթուղիի գիծը բռնելով կը մօտենար Սարդարապատին, յոյս ունենալով որ Արագածի, Աշտարակի եւ Էջմիածնի թաթարները ապստամբութեան դրօշը պիտի բարձրացնեն եւ թրքական բանակին առջեւ պիտի բանան Երեւանի դռները:
Երկրորդ թեւը կը մտնէր Բաշ-Աբարան, որպէսզի Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի հայ բանակները իրարմէ կտրէր եւ փոխադարձ օժանդակութեան հնարաւորութիւնները անկարելի դարձնէր:
Թրքական բանակի առաջին ընդհարումները տեղի կ’ունենային ժողովրդական զինեալ խումբերուն դէմ, բայց Սարդարապատին մօտեցած՝ անոնք կը հանդիպէին կանոնաւոր վաշտերու եւ ձիաւոր ջոկատներու ուժեղ դիմադրութեան: Վճռական հարուածներու դէմ կը գտնուէին նաեւ Աբարանի եւ Ղարաքիլիսէի շրջաններուն մէջ: Թուրքերը, Մայիս 18-22-ի չորս օրերու ընթացքին, զգացին թէ իրենք դիւրին պտոյտ մը ընելով յաղթական մուտք մը պիտի չկարենան գործել հայկական սիրտէն ներս, ինչպէս ըրած էին Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի գրաւման օրերուն:
Պատմական այդ օրերուն, Արամ կոչ կ’ուղղէր ժողովուրդին եւ զէնքի ընդունակ բոլոր ուժերը գոյութեան կռուին կը կանչէր: Ուհոսանք մը կը սկսէր դէպի Սարդարապատ: Կռուի ճակատին վրայ գտնուող սպաները, խմբապետներն ու զինուորները կ’ոգեւորուէին եւ աւելի ուժեղ հարուածներ կու տային թշնամիին:
Նոյն օրերուն լոյս կը տեսնէին Սպարապետ Նազարբէգեանի եւ Զօր. Սիլիկեանի կոչերը, որով՝ հայկական բանակի պատասխանատուները, մինչեւ մահ, կռուելու իրենց վճռական կամքը կը յայտնէին, հայ գունդերու հերոսական դիմադրութիւնը կը գովէին եւ կը հրաւիրէին հայ մարտիկները պատերազմի դաշտ իջնել, քանի մը օրուան պաշարով եւ ռազմամթերքով:
Մայիս 22-24-ին անպատմելի հոգեցունց մը կ’ունենար հայ ժողովուրդը: Խուռներամ բազմութիւններ ճամբայ կ’ելլէին Երեւանէն եւ բազմաթիւ գիւղերէն դէպի Սարդարապատ, Բաշ-Աբարան եւ Ղարաքիլիսէ:
Դասալիք զինուորներ ետ կը դառնային: Հայր եւ տղայ միասին կը մեկնէին Երեւանէն: Դասալիք տղայի ծերունազարդ հայրը, հրացանը գրկած՝ Սարդարապատ կ’իջնէր, Վարդանանց պատերազմին մասնակցելու: Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանց Սարդարապատն էր եւ Ղեւոնդ Երէցի դերը կը կատարէր իր հրահրող ճառերով: Կիներ ու պատանիներ ջուր ու պաշար կը փոխադրէին դէպի դիրքերը:
Հայ բանակը, այս երեւոյթներէն խանդավառ, բազմապատկուած հոգեկան քաջութեամբ կը նետուէր արիւնալի ճակատներուն մէջ, որոնք օրեր տեւեցին:
Թուրք հրամանատարութիւնը շշմած էր այս յամառ դիմադրութեան առջեւ, եւ սկսած էր վախնալ հայերու յարձակողական վտանգէն:
Ու չուշացաւ հայ բանակին յարձակողականը:
Զօրավար Դանիէլ Բէգ-Փիրումեանի յառաջապահ գունդեր ջախջախիչ հարուած տուին թշնամիին, որ նահանջեց Մայիս 26-ին, պարտուած՝ փախուստի դիմեց Մայիս 27-ին, իսկ 28-ին, յաղթական հետապնդումով՝ Անիի ձորերէն վեր կը մագլցնէին հայ զինուորները իրենց աչքը դէպի Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ յառած:
Բաշ-Աբարանի ճակատին վրայ Դրոյի զօրամասը ոչ միայն հակահարուածներով կասեցուց թուրքերու յառաջխաղացքը, այլեւ խիզախ քանի մը յարձակողականներով, Մայիս 26-28-ին ճեղքեց թրքական դիրքերը եւ փախուստի մատնեց թշնամին: Հին ֆետայի, կամաւորական գունդերուն մէջ ձիաւորներու հրամանատար Զեմլեակ, Մայիս 28-ին յարձակողականի առաջընթացը եղաւ, որ իր ձիաւոր ջոկատը կայծակի արագութեամբ նետեց թշնամիի դիրքերու մէջ, ու խուճապ ստեղծեց աջ ու ձախ հարուածելով: Զեմլեակն ու իր ընկերներէն ոմանք հերոսաբար նահատակուեցան ազատամարտի դաշտին վրայ, բայց թշնամին խուճապահար նահանջեց:
Ղարաքիլիսէի ճակատները շատ աւելի մանուածապատ պատերազմի մը բեմ դարձած էին: Լեռ, ձոր, անտառ ու բազմաթիւ անցքերդաժան կռիւներու, յարձակումներու եւ հակայարձակումներու տեղի տուին: Հայ զօրքերը այս բեմերուն վրայ ալ ամուր մնացին: Եթէ ստիպուած դիրք մը լքեցին, ուրիշ նոր դիրք մը ամրացուցին: Ու Վէհիպ փաշան, որ ստուար զօրամասերով այս ճակատը ճեղքելու եկած էր, անզօրութեան կը մատնուէր: Հակառակ այն իրողութեան, որ բազմաթիւ բարձունքներ գրաւած էին, ու խուժած էին կարգ մը ձորերէ ներս, հայերու յամառ դիմադրութիւնը կը շարունակուէր ամէն տեղ, եւ հայկական մարտկոցը կը ջլատէր թրքական բանակը: Մարտկոցի հրամանատար Մովսէսեանը վերջին օրը սպաննուած էր իր թնդանօթներուն վրայ:
Մայիս 28, Սարդարապատէն մինչեւ Ղարաքիլիսէ:
Զեմլեակի, հրամանատար Մովսէսեանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտին մէջինկած զինուորի արիւնոտ շապիկը, այդ օր, Մայիս 28-ին, Հայաստանի Ազատութեան եւ Անկախութեան դրօշակը դարձաւ:
Այդ դրօշակին տակն էին զօրավարներն ու գնդապետները, ակադեմականը,հին ֆետայիներն անձնազոհ, հայ սպաներն ու խմբապետները, բանուորն ու գիւղացին, հարուստն ու աղքատը, կրօնականն ու աշխարհականը, մայրն ու որդին, հայրն ու զաւակը: Հայոց Ազգը,երեք տասնամեակ ազատագրական կռիւ մղելով, կը հասնէր Սարդարապատ եւ Բաշ-Աբարան, կը դառնար ՄԷԿ ԿԱՄՔ, մէկ նշանաբանով, Ազատութիւն կամ մահ:
Եւ այդ կամքէն ու թափուած արիւններէն ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Թուրքերը զինադադար առաջարկեցին:
Հայոց սպարապետը եւ Ազգային Խորհուրդը զինադադարը ընդունեցին:
Յունիս 4-ին Բաթումի մէջ, ստորագրուեցաւ Հայ-Թրքական հաշտութեան դաշնագիրը, եւ թուրքերը պաշտօնապէս ճանչցան Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութիւնը, իր նեղ սահմաններով:
Խաղաղութեան դաշնագիր, որ խաղաղութիւն չէր բերեր հայ հոգիին
Թուրքը յաղթական մտած էր Կովկաս: Ռուսաստան հեռացած էր հիւսիս եւ բռնուած քաղաքացիական անվերջ կռիւներու: Եւրոպան հեռու էր եւ չէր կրնար մտածել իր փոքրիկ դաշնակիցի մասին: Մինակ էինք եւ մեր դէմ ունէինք դաւադիր եւ արիւնարբու թուրքը: Գիտէինք որ եթէ առիթը ներկայանայ, ցեղասպանը՝ իր եաթաղանը պիտի մերկացնէր:
Բայց, հայ ղեկավարներն ու ժողովուրդը, Ազատութեան յաղթանակը ունէին իրենց սրտին մէջ: Հայ բանակը ճակատամարտէն դուրս կու գար պողպատուած, ու իր գրաւած դիրքերուն վրայ կը մնար իբրեւ երկաթէ կամքը հայ ժողովուրդին:
Արամ վարեց նորաստեղծ Հանրապետութեան գործերը, մինչեւ որ Քաջազնունիին կառավարութիւնը, Յուլիս 19-ին, հասաւ Երեւան:
Հայ ժողովուրդը, վտանգին գիտակ, այդ օրերու ծանր ճգնաժամին դիմաց՝ արթուն պահակը եղաւ իր ճակատագրին:
Վեց ամիս պիտի տեւէր այս հսկումը, լարուած ջիղերով, մինչեւ որ թուրքերը, առաջին աշխարհամարտի զինադադարի բերումով, գլխիկոր հեռանային այս աշխարհամասերէն:
***
Մայիս 22-էն մինչեւ Մայիս 28-ի աղթանակի օրը, երեք ճակատներուն վրայ բազմաթիւ հերոսական դրուագներ տեղի ունեցան:Այդ դրուագներն ու խիզախ հերոսներու գործերը արձանագրութեան չանցան կեանքի ու մահուան այդ թոհուբոհին ընթացքին:
Զեմլեակի կայծակնային խոյանքը յիշեցինք:
Սարդարապատի ամէնէն վճռական պահուն, Մայիս 26-ին, Զօր. Դանիէլ Բէգ-Փիրումեան, որ ճակատի հրամանատարն էր, իրեն տեղակալ նշանակեց սպայակոյտի երկրորդական աստիճան ունեցող սպայ մը, որ ճակատի թեւերուն հրամանները հաղորդէ, ու ինքը սուրը մերկացուցած՝ յարձակողականի պատրաստզօրամասերուն առջեւէն քալեց: Զօրքերը ճակատամարտի մտան մահը արհամարհելով, ու թուրքերը ջախջախուած՝ փախուստի դիմեցին:
Գլխապետ Մովսէսեան, որ հրետանիին պետն էր Ղարաքիլիսէի ճակատին վրայ, ճակատագրական օրերուն, ամրացաւ բարձունքի մը վրայ, եւ երեք օր անընդհատ ռմբակոծեց թշնամիին դիրքերը, լռեցուց անոնց թնդանօթները: Իր ձեռքին տակ եղած թնդանօթներուն երեքը խորտակուած էին,շուրջը գտնուած զինակիցներէն երեսուն մարտիկներ ինկած էին հրետանիի կողքին: Իր հետ մնացած եօթը հոգիով թնդանօթամարտը շարունակեց, ուանձամբ զինուորի դերը կատարեց: Նահատակուեցաւ Մայիս 28-ին, երբ արդէն ճակատամարտը շահած էին:
Բազմաթիւ այսպիսի դրուագներ տեղի ունեցան, ու անգիր պատմութեան անցան:
Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ զինուած ուժերը իրենց գերագոյն կամքը ցուցաբերեցին այս ճակատներու ընթացքին, ու այսպիսով դարձան միացեալ հայութիւն, Հայաստանի քաղաքացի եւ հայկական Հանրապետութիւն, ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Յիսուն տարի անցած է այդ թուականէն, ու այսօր, երբ Հայ ժողովուրդը կը տօնէ Հայ Հայրենիքի վերստեղծումը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը, իր ճամբան կը շարունակէ ՄԱՅԻՍ 28-ի նշանաբանով, Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան: