ՄԱՀԱԶԴ – Գրող Արա Արծրունի Կնքեց Իր Մահկանացուն

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ Լիբանանահայ մտաւորական, թատերագիր եւ Համազգայինի շքանշանակիր՝

Արա Արծրունիի

մահը, որ պատահեցաւ 29 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պէյրութի մէջ։

Ծնած է 1932-ին, Պէյրութի մէջ:

Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» եւ «Կամար» հանդէսներուն, «Սփիւռք» եւ «Արծիւ» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին:

Հրապարակագրական յօդուածները լոյս տեսած են «Ազդակ»-ի եւ «Արծիւ»-ի մէջ: Անդամ եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան` 2012 թուականէն:

Հրատարակուած գիրքերն են` «Վիրաւոր ծիծեռնակը» (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1967, «Եղեռնի հետքերով» (հրապարակագրական), Պէյրութ, 1972, «Ես զոհ, ես դահիճ» (4 թատրերգութիւններու հաւաքածոյ), Ա. տպագրութիւն` Երեւան, 1993, Բ. տպագրութիւն` Պէյրութ, 1995, «Անաւարտ վէպը» (թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2006, «Ողջոյն…», «Պահածոյի տուփերը» (թատրերգութիւններ), Անթիլիաս, 2006, «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը», թատրերգութիւն), Պէյրութ, 2008, «Թատրերգութիւններ» (երկու հատոր, ինը թատրերգութիւն), Երեւան, 2010, արեւելահայերէնի վերածուած, «5 թատրերգութիւններ», Պէյրութ, 2012, «Ծուէնները» (Երեւակայածին վէպ), Պէյրութ, 2017:

Արա Արծրունի գլխաւորաբար ճանչցուած է իր հեղինակած թատերախաղերով: Այս տարուան ընթացքին Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը բեմ բարձրացուց Արծրունիի «Կոնտոլիզա, իմ սէր» թատերախաղը, իսկ այս օրերուն, դարձեալ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ Էշրեֆիէի «Մոնօ» սրահին մէջ կը բեմադրուի անոր «Մժեղը» թատերախաղը, արաբերէնով:

Ան 2010 թուականին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ` իր թատրերգութիւններուն արեւելահայերէնի վերածուելուն առիթով, 2017-ին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իսկ 2018-ին պարգեւատրուած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան շքանշանով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.