Ճափոն Հայաստանին Հրշէջ Մեքենաներ Կը Տրամադրէ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուած է Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA) կողմէ Հայաստանին տրամադրուած հրշէջ մեքենաներու ներկայացման արարողութեան: Ճափոն Հայաստանին տրամադրած է 14 հրշէջ մեքենայ, 3 սանդուղքաւոր մեքենայ եւ 1 կարգավար մեքենայ:
Իր խօսքին մէջ, վարչապետ Փաշինեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ճափոնի կառավարութեան Հայաստանին տրամադրուող օգնութեան եւ տարիներ շարունակ ցուցաբերուող ֆինանսական եւ տեխնիկական օժանդակութեան համար: «… Համաձայն այդ ծրագրի` Ճափոնի կառավարութիւնը Հայաստանին, ընդհանուր առմամբ, պիտի տրամադրէ 36 միաւոր հրշէջ մեքենայ, 3 միաւոր սանդուղքաւոր մեքենայ, շարժական արհեստանոցներ եւ պահեստամասեր, որոնք պիտի համալրեն վերոնշեալ մարզերու տեխնիկական հիմքը։ Ծրագրի արժէքը կը կազմէ շուրջ 14,5 միլիոն տոլար»․ տեղեկացուցած է ան: