Ձախող Ընտրութիւն

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ

Ուրեմն 53 տոկոսը, երբեմն կամայ, բայց մեծ մասամբ` ակամայ, չենթարկուելու համար անգործութեան ու բռնութեան, քուէարկեց անոր, որ սեւը-ճերմակը, գրաւորը-բանաւորը, նախկինը-ներկան, «թշնամին դէն շպրտեցինք»-ը եւ հայ հերոսներու դիակները դէն շպրտողը, «տժգոյնն ու դժբախտը» իրար անցընելով` ջլատեց մեր ժողովուրդի յոյսը, հողերը, ինքնավստահութիւնը: Աղարտեց Անցեալն ու Ներկան:

Մեծն Հայաստանին, հայ ժողովուրդին ճակատագրին նկատմամբ այսքան անփոյթ, անտարբեր վարուողները եթէ նիւթական լայն հնարաւորութիւններու մէջ չեն թաթխուած, վաղը առանց ետեւ նայելու կը լքեն երկիրը, ճիշդ այնպէս` ինչպէս զաւակ մը կը լքէ զինք ծնող ու սնող ծնողքը: Զանգուածաբար կը լքեն նաեւ անոնք, որոնց վերջին յոյսը կարող ու հայածուծ իշխանութիւն մը ունենալու վրայ հիմնուած էր ու ցնդեցաւ երէկ:

Իշխանաւորներուն հացին իւղ կը քսուի, հիասթափած կամ այլ ելք չունեցող հայերը կ՛երթան, տեղը թուրք ու ազերի կը լեցուի: Դասագիրքերէն կ՛անհետին եղեռնագործները, ինչպէս նաեւ` մեր պատմութիւնը փառահեղ ճամբու մէջ դնող նախնիները: Բարեկամութեան նոր սահմանում մը ստեղծուեր է, բարեկամեցողութիւնը դարաւոր թշնամիի՛ն հետ է, ոչ թէ` սեփական ընտանիքին հետ: Վայնասուն պոռչտուքը վկայ: Չեքո՛ւճը վկայ: Հայուն նորահնայ մուրճը, թուրքին դարաւոր եաթաղանը` հաշտ դրացնութիւն` անհաշտ ժողովուրդին գլխուն:

Ի՞նչ ահաւոր, խլրդային բան պատահած է, որ քուէարկողներուն 53 տոկոսը, առաւել` քուէարկելու վերապահութիւն ունեցող երեսունիննը տոկոսը, չէ՛ մտածած, չի՛ գիտակցիր, թէ ի՛նչ ըսել է հայրենի հող կորսնցնել, հերոսի հուր եւ պատմութեան լոյս կորսնցնել, հազարաւոր ընտանիքներ սուգի մէջ թաթխել, պետութեան դրամը մսխել կեղծուպատիր անձի մը ապահովութեան համար: Անհատնում ծրագիրներ` պետական անշարժ կալուածները խլել, ծախել: Հողը ծախել, արժանապատուութիւնը ծախել…  յետոյ ստիպուած` չեքուճ գնել: «Հայաստանի հպարտ քաղաքացի» գեղգեղելով` հայութեան արժանապատուութիւնը «ասֆալթին վրայ փռել»: Մինչեւ իսկ արձակազէններ զետեղել պատմական պատուական շէնքերու վրայ: Ի՞նչ ըրեր է, որ այսքան կը սարսափի իր յորջորջած «հպարտ» քաղաքացիէն:

Երէկուընէ ի վեր կայ սգահար հայութիւն մը, որուն կուրծքը կը պատռի տրտմութենէ, եւ կայ խրոխտ հայութիւն մը, որ կ՛ըմբոստանայ եւ փառք ու պատիւ կը խնկարկէ հայութեան ինքնութեան:

Եռագոյնը միշտ յուշած է մեզի` երազը կրնայ կորսուիլ, տեսիլքը անմա՛հ է:

21 յունիս 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.