«Ձախողած ութոփիան» որուն արժանի (չ)է հայ ժողովուրդը
Խ. Տէր Ղուկասեան
«Մեր ժողովուրդի մէջ սոցիալական ատելութիւնը աւելի ուժեղ է քան ազգային զգացումը»
Մարինէ Պետրոսեան
Տհը Փապլիք Տոմէյն Րիվիու (The Public Domain Review) պարբերաթերթի 19 Հոկտեմբեր 2016-ի համարին մէջ, Ճոն Թրէշ (John Tresch) անգլերէնի թարգմանած է 19-րդ դարու ֆրանսացի անիշխանական (anarchiste) Լուիզ Միշէլի (Louise Michel) մէկ գրութիւնը, որ լոյս տեսած է Լը Լիպերթէր (Le Libertaire) անիշխանական պարբերաթերթի 1895-ի iii-րդ համարին մէջ: Նախաբանին մէջ Թրէշ հակիրճ տեղեկութիւններ կու տայ այդ բացառիկ անձնաւորութեան մասին: Միշէլ, որուն բանաստեղծ Փօլ Վերլէն անուանած է «Մոնմարթրի Կարմիր Կոյսը», նամակցած է Վիքթոր Հիւկոյի հետ, և 1871-ի Փարիզի Կոմունային ակտիւ մասնակից եղած է որպէս վիրաւորներու տեղափոխման կառքի վարորդ: Իշխանութիւններու կողմէ հալածուած, բազմիցս բանտարկուած և մահափորձէ վերապրած այդ կինն է որ Սև Դրօշը վերածած է 19-րդ դարու անիշխանութեան խորհրդանիշին:
Թրէշի թարգմանութեամբ հրատարակուած Լուիզ Միշէլի յօդուածը կը վերաբերի 19-րդ դարու մէկ այլ գիտնական, մտաւորական և անիշխանական Օքթավ Օպտիւրանի (Octave Obdurant), որուն երբ Միշէլ կը հանդիպի Պրիւքսէլի մէջ կը յայտնաբերէ որ… կին է, մկրտութեան անունով Մարի Վիոլէթ Թրանշօ (Marie Violette Tranchot), որ ամբողջ կեանքը ապրած ու ստեղծագործած է որպէս տղամարդ: Տասնիներորդ դարու սկիզբին, նոյնիսկ Լուսաւորութեան Եւրոպայի մէջ, տղամարդ ըլլալը անհրաժեշտ պայման էր բարձրագոյն ուսում ստանալու, գիտական հետազօտութիւններ կատարելու և համալսարաններու մէջ դասախօսելու համար:
Օպտիւրան-Թրանշօ, կամ Օքթավ-Վիոլէթ ինչպէս Միշէլ կ’անուանէ զինք յօդուածին մէջ, համոզուած Պոզիտիվիստ (Positivist), իրեն ներկայացած ակտիւիստին կ’ըսէ. «Ապագան հասկնալու համար անցեալը կ’ուսումնասիրենք: Անցեալը լաւագոյնս կը գիտնանք իր ապագայի երազին ընդմէջէն»: Այդուհանդերձ, հասարակութեան երազները միշտ իրենց հասանելիութենէն աւելի են, և ուրեմն ձգտումներուն և իրականութեան մէջ պիտի տեսնել, կամ ինչպէս Օպտիւրան-Թրանշօ կը բացատրէ՝ «չափել», ութոփիայի ձախողութեան աստիճանը: Օպտիւրան-Թրանշօ իր տեսութիւնը բանաձևած և զարգացուցած է Ամէն Հասարակութիւն կը Ստեղծէ այն Ձախողած Ութոփիան որուն Արժանի է (Every Society Invents the Failed Utopia it Deserves) գրութեան մէջ: Միշէլի յօդուածին իր թարգմանութեան նախաբանին համար Թրէշ փոխ առած է այս խորագիրը:
Առաւօտի 20 Օգոստոս 2021-ի համարին մէջ Աւետիք Իշխանեանի «Հայեացք ապագայից» յօդուածը հայկական ներկայ տիսթոփիային (dystopia) մասին է: «2030 թ. Փարիզում հրատարակուել է Ֆրանսիացի լրագրող Անթուան Դյուբուայի «Հայաստանի աւարտը» 254 էջանոց աշխատութիւնը», կը գրէ յօդուածին հեղինակը: Գրքի ամփոփ ներկայացումէն յետոյ կը տեղեկացնէ, որ աշխատութեան վերջին գլուխը ամենածաւալունն է, և կը վերաբերի 2020-22 թուականներու պատերազմական և յետպատերազմական ժամանակաշրջանին: Այդ վերջին գլուխէն է որ Իշխանեան Առաւօտի իր յօդուածին մէջ «թարգմանաբար» կը մէջբերէ հատուածներ, որոնցմէ դիպուկ է պատերազմի անմիջական աւարտի մասին պարբերութիւնը. «Եւ ահա, Նոյեմբեր 9-ին, բոլորին համար անսպասելիօրէն յայտարարուեց Հայաստանի պարտութեան մասին: Հարիւրաւոր մարդիկ փողոց դուրս եկան… սակայն յաջորդ օրն ամէն ինչ հանդարտուեց: Զարմանալիօրէն Երևանում ոչինչ չփոխուեց: Երևանեան ռեստորաններն ու այլ ժամանցի վայրերը լիքն էին, մարդիկ կատակում էին, ուրախանում:»
Երևի ոմանք յիշեն այսպէս կոչուած Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ խանդավառ վերլուծաբան մը, որ ԱՄՆ-էն Հայաստան ժամանած էր և կամայ թէ ակամայ վերածուած Թաւիշի օրգանական մտաւորականներէն մէկուն, ի լուր անգլիախօս հայ Սփիւռքին ճիշդ այդ օր կ’ըսէր թէ Երևանի մէջ ամէն ինչ նորմալ էր, մարդիկ իրենց առօրեայով կը զբաղէին: Այդ հաստատումը հարցականի տակ դնելու խնդիր չկայ: Հաւանաբար և այդպէս էր պարզ իրականութիւնը: Հարց էր սակայն այդ «նորմալի» հասկացողութեան ընկալումը թէ՛ հաղորդավարի և թէ՛ ալ իր ակընդիրներուն համար:
Երկու տարի յետոյ, հեռուէն դիտուած հայկական տիսթոփիայի (dystopia) համայնապատկերը աւելի ցայտուն է. տարեվերջի տօնական օրերուն համար, կը պատմեն, Երևանի կեդրոնամասը բացառիկ լուսաւոր ու շքեղ է, «քու ճանչցած տօնական զարդարանքներէն շատ աւելի», կը փորձէ բաղդատել ականատես մը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ: «Եթէ նախապէս ճաշարանի մէջ չես վերապահած տեղդ պարապի մի՛ երթար, լեցուն է ամէն տեղ», կը նկարագրէ ուրիշ մը: Եթէ «նորմալ» ըլլային ժամանակները անկասկած այս բոլորը պիտի խանդավառէին, բարի նախանձի առարկայ ըլլային, հոն ըլլալու տրամադրութիւն առաջացնէին… Երևանը՝ լաւ ապրելու վայր, ամէն հայու հպարտութիւն: Այդ լաւ կեանքին հակապատկերն է շրջափակման մէջ և մարդկային աղէտի եզրին գտնուող Արցախը, ուրկէ կու գան դեղորայքի պակասի, պարէնի սակաւութեան և ծանր հիւանդները Հայաստան չկարենալ տեղափոխելու մասին լուրերը: Հայկական տիսթոփիայի կենդանի պատկեր:
Հետևաբար հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս հայրենի ժողովուրդը ստեղծեց իր «ձախողած ութոփիա»ն (utopia):
Բանաստեղծուհի Մարինէ Պետրոսեան Դիմատետրի իր պատին վրայ 23 Օգոստոս 2022-ին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տիրող յուսահատութեան և ինքնախարազման զօրացող ալիքին, և արձանագրած. «Մենք վատն ենք, շատ վատն ենք, դրա համար պարտուեցինք, մենք էն գլխից էին վատը, մենք միշտ ենք վատն եղել: Հարց ա առաջանում՝ լաւ, բայց եթէ տենց ա, մենք Արցախեան առաջին պատերազմում ո՞նց էինք յաղթել: Պատասխանում են՝ ի՞նչ յաղթանակ, յաղթանակ չի եղել, բլըֆ էր: Ո՞նց թէ յաղթանակ չի եղել: Հա, տենց, յաղթանակ չի եղել, 88-ի ամբողջ շարժումն էլ սխալ էր, մենք մեր գլխին փորձանք բերեցինք:» Պետրոսեան գիտէ, կը գրէ, որ այդ թրքական քարոզչութիւնն է: «Բայց Նիկոլն ու իրա թիմն էլ են էս քարոզչութեան ոչ պակաս շահագրգիռ շահառուն՝ յաղթանակը բլըֆ էր, վերջում մէկ ա պարտուելու էինք, Նիկոլը ստեղ առանձնապէս մեղք չունի, ով էր լինէր իրա տեղ մէկ ա նոյնն էր լինելու, Նիկոլը ճիշտ ա անում, ինքը թուրքերի ուզած զիջումները կ’անի, մենք կը հաշտուենք, կռիւները կը վերջանան:» Այս քարոզչութիւնն է որ Հայաստանի մէջ մեծ յաջողութեամբ կը տարածուի և պարտութեան յաջորդած յուսահատութիւնը անոր համար պարարտ հող ստեղծած է: «Սրա մէջ մահացու վտանգ կայ, քանի որ էս քարոզչութիւնը հայոց պետականութեան հիմքին՝ հայոց ինքնութեանն է խփում:»
Պետրոսեանի գրութիւնը կու գայ յուշելու որ «ձախողած ութոփիա»ն կը շարունակուի, և նոր թափով: Անոր ծննդոցը, սակայն, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն շատ առաջ էր: 2008-ի նախագահական ընտրութիւններն ու անոնց անմիջապէս յաջորդած Մարտ 1-2-ի արիւնալի դէպքերը հաւանաբար այն դարձակէտն է, որմէ յետոյ ամբողջ տասնամեակ մը Ապրիլ 2018-ին ժողովրդային զօրաշարժը գլխաւորած և իշխանափոխութիւն իրականացուցած հատուածին ղեկավար դէմքերը աշխատեցան քաղաքական դրամագլուխի վերածել օլիկարգային տնտեսակարգի առաջացուցած սոցիալական սուր բևեռացումը: Այդ բևեռացման ենթահողը կար: Ծնունդ առաւ սեփականաշնորհման ալան թալանով և ազատ շուկայական կարգերու անցումով, որ մենաշնորհային դրամատիրութեան յատուկ տնտեսակարգն ու անոր վերահսկող քաղաքական վարչահամակարգը ստեղծեց:
Հարստութեան վերաբաշխումը առաջացուց աննախընթաց սոցիալական անարդարութիւն երկրի հարստութեան տէր դարձած փոքրամասնական դասակարգին և օրապահիկին հետամուտ շարքային քաղաքացիին միջև: Անկախութեան սերունդը հասակ առաւ այդ սոցիալական բևեռացման պայմաններուն մէջ, ականատես եղաւ փոքրամասնութեան ցուցամոլական շռայլութեան, և անդրադարձաւ թէ որքան դժուար է կենսամակարդակի բարելաւումը: Այն միջին խաւը որ կազմաւորուելու սկսաւ 2002-2008 տնտեսական աճի տարիներուն, տեսաւ թէ ինչպէս 2008-ի համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամէն յետոյ, իր այնպէս ալ դժուար սոցիալական վերելքը կը դանդաղէր, կը կասեցուէր մինչև իսկ, մինչ իշխող դասակարգը կը պահէր ու կ’ամրագրէր իր առանձնաշնորհումները: Սոցիալական բևեռացման ենթահողին վրայ առաջ տարուած քաղաքական աշխատանքը, սակայն, «գունաւոր յեղափոխութիւններ»ու բեմագրութեան տրամաբանութեամբ հրահրեց «սոցիալական ատելութիւնը», ինչպէս Պետրոսեան բանաձևեց Երկիր Մեդիայէն հեռարձակուած Վարդան Օնանեանի Ժառանտութիւն 28 Դեկտեմբեր 2022-ի յայտագրի ընթացքին: Սոցիալական բևեռացումը վերաճեցաւ քաղաքական բևեռացման «սև ու սպիտակ»ի պարզունակ տրամաբանութեամբ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» խոստացաւ «լաւ կեանք», որ կարելի էր «նախկիններ»էն խլելով իրենց կողոպտածը:
Այդ մէկը, անշուշտ, տեղի չունեցաւ: Իշխանութեան հասած հատուածը պետական մեքենային վերահսկողութիւնը կեդրոնացնելով իր ձեռքերուն մէջ ինքզինք հաստատեց միևնոյն համակարգին մէջ, միևնոյն առանձնաշնորհումներով, ընթացք տուաւ իր «լաւ կեանք»ին և սոցիալական վերելքին: Օլիկարգները պարզապէս նոր իրավիճակին յարմարեցան առաւել կամ նուազ չափով, համաձայն իշխանութեան կարմիր շրջանակի իրենց մօտիկութեան: Որպէս առանձնաշնորհեալներ, ութոփիայի պէտք չունէին: Ութոփիան ամբոխներուն սպասումները վառ պահելու համար է:
«Արցախը տանք և լաւ կ’ապրինք» տրամաբանութիւնը կա՞ր սոցիալական ատելութեան ենթահողին վրայ քաղաքական զօրաշարժի պահ ստեղծելու Թաւիշի պատասխանատուներու աշխատանքային օրակարգին վրայ: Երկու Նախագահները որոնք իրենց թիրախին կիզակէտին էին Արցախէն էին, և այդ իրողութիւնը կամայ թէ ակամայ զանգուածներու հաւաքական երևակայութեան մէջ առնոազն հակա-Արցախ տրամադրութիւն առաջացուցած կրնայ ըլլալ: Ապրիլ 2018-էն մինչև Քառասունչորսօրեայ Պատերազմ իշխանութեան վրայ գտնուող ուժին արտաքին քաղաքականութեան հակասութիւնները, ստեղծած շփոթը և ապիկարութեանց շարքը, որ հաւանաբար արագացուց Ալիևի որոշումը ընդհանուր յարձակումի անցնելու, լաւագոյն պարագային անորոշութեան ձգեցին Արցախի հիմնախնդրով իշխանութիւններու բուն նպատակը: Պատերազմէն յետոյ արդէն յստակ է. իշխանութիւնները հրաժարած են Արցախի ապահովութեան երաշխիքի յանձնառութենէն, և ատով իսկ վերասահմանած «ձախողած ութոփիան» «Արցախը տանք և լաւ կ’ապրինք» տրամաբանութեամբ:
Մարինէ Պետրոսեան, նոյն յայտագրին մէջ, նշելով սոցիալական ատելութիւնը կ’ըսէ թէ ան աւելի զօրաւոր է քան ազգային ինքնութիւնը: Իսկ այս վերջինին «նոր ձևակերպումը», որ բանաստեղծուհին կը համարէ իր «գլխաւոր խնդիրը» Դիմատետրային վերոնշեալ իր գրառումին մէջ, աւելի անդին կ’երթայ քան «Արցախը տանք և լաւ կ’ապրինք» տրամաբանութիւնը: Թուրքիան դարպասելու իր ճիգին մէջ, Դեկտեմբերի սկիզբը կայացած Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Համաշխարհային Ֆորումի իր բացման խօսքով Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ թէ հայ ժողովուրդն ալ մասնակից է «ատելութեան խօսք»ի տարածման, և բերաւ իրեն վիրաւորելու նպատակով «թուրք» ըսողներուն օրինակը: Առանց ոչ մէկ բառ ըսելու Ցեղասպանութիւնը գործադրած և զայն ուրացող պետութեան և հասարակութեան մէջ հակահայ ատելութեան այնքան բազմաթիւ երևոյթներուն մասին: Թէկուզ և օրինակի կարգով, Փաշինեան թիրախաւորեց Ցեղասպանութեան զոհը, և այդ ձևով, կամայ թէ ակամայ, ոճիրի նսեմացման ճամբով ժխտղական քաղաքականութեան քաջալեր հանդիսացաւ:
ՔՊ-ական պատգանաւոր Անդրանիկ Քոչարեան մէկ քայլ անդին անցաւ Դեկտեմբերի վերջին շաբաթը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ժամանակ, երբ Նեմեսիս Գործողութիւնը հաւասարեցուց ոճրագործութեան և կոչ ուղղեց անոր պատմական վերատեսութեան: Թաւիշի «ձախողած ութոփիան» հետամուտ է ազգային ինքնութեան «նոր ձևակերպումին» առանց Արցախի Հայաստանով և «խաղաղութեան դարաշրջանով» Ցեղասպանին հետ «չթշնամանք»ի յարաբերութիւններու բնականոնացմամբ: Անշուշտ՝ առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման և արդարահատոյցի պահանջատիրութեան, որ նաև թրքական նախապայմաններէն մէկն է: Իշխանեանի գրիչով ֆրանսացի Անթուան Դյուբուայի «Հայաստանի աւարտը» կրնայ յոռեգոյն տիսթոփիան չըլլալ: Թեհլիրեանները, Շիրակեանները, Երկանեանները, Թորլաքեանները և Նեմեսիս Գործողութեան մասնակից բոլոր նուիրեալները մարդասպանի կարգին դրած Անդրանիկ Քոչարեաններէն սպասելի է ոչ միայն Ցեղասպանութեան լռեցում, այլ թերևս մինչև իսկ Թալէաթի գերեզմանին այցելութիւն ի խնդիր խաղաղութեան և (հայկական) «ատելութեան խօսք»ի արմատախլման:
Գրելով Օպտիւրան-Թրանշոյի «ձախողած ութոփիայի» տեսութեան մասին, Լուիզ Միշէլ այնուամենայնիւ գրութիւնը չի՛ նկատեր յուսահատութեան կանչ մը: Կամ՝ ոչ միայն: Հոն կը տեսնէ «յոյս և սորվելիք»: Կը մեղադրէ Մարքսն ու Էնգելսը որոնք 19-րդ դարու անիշխանութեան գլխաւոր տեսաբան Պաքունիին մերժած էին և անոր ութոփիական ընկերվարութեան հակադրած իրենց «ենթադրաբար գիտական» ընկերվարութիւնը: Օպտիւրան-Թրանշօ սակայն, կ’ըսէ Միշէլ, հասկցաւ որ ութոփիական և գիտական ընկերվարութիւնները իրարմէ անբաժան էին. «պատմութիւն մը առանց ութոփիայի մեռած է իր ոգիով և իրողաբար, բայց ապագան չի կրնար բացառաբար երազներով ապրիլ, և իր կոչունին արժանի որևէ գիտութիւն աշխարհի վրայ կեանքը լաւացնելու տեսլականէն զատ այլ նպատակ չի՛ կրնար ունենալ:»
Այսօր թերևս միայն կարելի է գրել հայկական տիսթոփիայի մասին: Կը գրեն անոնք որոնք մօտէն թէ հեռուէն կրնան տեսնել լուսաւոր և տօնական Երևանի ու ցրտահար շրջափակուած Արցախի համայնապատկերը իր չարագուշակ հակասութեան մէջ: Ռաֆֆիի Խենթին երազը այսօր կարելի չէ թարմացնել, այժմէականացնել, որովհետև տակաւին կը տիրապետէ հայկական «ձախողած ութոփիան»: Եթէ տիսթոփիան յաջողի Օպտիւրան-Թրանշոյի տեսութեան հետևումով «չափել» Թաւիշի ութոփիային՝ հայ ազգային ինքնութեան «նոր ձևակերպում»ին ձախողութեան աստիճանը, թէկուզ և պատկերաւոր ձևով, և զայն ընկալելի դարձնել ժողովրդային լայն զանգուածին, հասանելի՝ աշխարհասփիւռ հայութեան, թերևս այն ժամանակ որպէս ազգային հաւաքականութիւն փաստենք որ Թաւիշի «ձախողած ութոփիային» արժանի չենք: