Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կը Պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան «Մխիթար Գոշ» Մետալով
2518
0
Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով կատարուած պարգեւատրումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի 2017-ի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը: Վկայագիրները մրցանակակիրներուն յանձնած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար պարգեւատրուած անձնաւորութիւններու կարգին էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Միջազգային Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն շնորհուած է «Մխիթար Գոշ»-ի մետալ:
«Մխիթար Գոշ» մետալը կը շնորհուի պետական եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դիւանագիտութեան, իրաւագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան ասպարէզներու մէջ նշանակալի ծառայութիւններու համար: