Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղի հիմնադրութիւն Շուէտի Օրէպրու քաղաքին մէջ
Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2022-ին, Շուէտի վեցերորդ մեծագոյն քաղաքին՝ Օրէպրուի մէջ հիմնադիր ժողովը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաստեղծ մասնաճիւղին, որ գործունէութեան սկսած է վեց ամիսէ ի վեր։ Հիմնադիր ժողովին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան, 18 տարիքը ամբողջացուցած 29 անդամներ եւ նորագիր 18 սկաուտներ։ Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուէտի երեք մասնաճիւղերու՝ Սթոքհոլմի, Վեսթերոսի եւ Սոտերթելիոյ Մեկուսի վարչութիւններու ներկայացուցիչները, Սոտերթելիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խմբապետական կազմը եւ Հ.Յ.Դ. «Հիւսիսեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Մանօ Խորոզեան։
Օրէպրու Մեկուսի Շրջանը ունի 84 անդամագրուած անդամ։
Հիմնադիր ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։ Ապա, մասնաճիւղի կազմակերպչական յանձնախումբը կարդաց Օրէպրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վեց ամսուան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը։ Այնուհետեւ, ժողովականները կատարեցին մասնաճիւղին գործունէութեան կապուած առաջարկներ եւ ընտրեցին Օրէպրուի անդրանիկ վարչական կազմը՝ բաղկացած հետեւեալ քոյր-եղբայրներէ.- եղբ. Շանթ Սահակեան, քոյր Սիլվի Թանաշեան, եղբայրներ Րաֆֆի Մընճեան, Յակոբ Մելքոնեան, Թովմաս Սահակեան, Նուպար Սահակեան եւ Տիգրան Մաթոսեան։
Ընտրութենէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան վարչութեան փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրը եւ դրօշը, իսկ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան՝ միութեան սկաուտական դրօշը։
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հիմնադիր ժողովին յաջորդեց սկաուտական անդրանիկ խոստման արարողութիւնը, որուն՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու կողքին ներկայ գտնուեցան շրջանի հոգեւոր հովիւ Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան, Օրէպրուի թաղական խորհուրդի ատենապետ Ֆորտ Նալպանտեան, շուէատական սկաուտութեան Օրէպրու նահանգի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ալպին Էտլունտ, ՊԻԼՏԱ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եղբ. Շանթ Սահակեան եւ հրաւիրեց եղբ. Յարութ Տէր Ներսէսեանը եւ քոյր Նենսի Խաչատուրեանը՝ ստանձնելու հերթապահութիւնը եւ վարելու սկաուտական արարողութիւնը։
Կատարուեցաւ 14 սկաուտ նորագիրներու խոստման արարողութիւն։ Նորագիրները օրհնեց Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան։
Ողջոյնի եւ յաջողութեան խօսքեր արտասանեցին Օրէպրուի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ալպին Էտլունտ, թաղական խորհուրդի ատենապետ Ֆորտ Նալպանտեան, Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Եղբայր Նաճարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց եկեղեցի-դպրոց-ակումբ երրորդութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ հայապահպանման կռուան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. եղած է ու կը մնայ այն ապահով միջավայրը, որուն՝ ծնողներ կրնան վստահիլ անվարան։ Հ.Մ.Ը.Մ. մարդակերտումի եւ հայակերտումի հնոց է նորահաս սերունդներուն համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով նկարագիր եւ դիմագիծ կը կերտուի։ Օտար ափերուն Հ.Մ.Ը.Մ. պատուար է ձուլումի եւ այլասերումի դէմ։