Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս Գանատա ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան Նոյեմբեր 28-ին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն։ «Հորիզոն»ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան «Հորիզոն»ի 40-ամեայ պատմական առաքելութեան մասին տեղեկացնելէ ետք հարցազրոյց կատարեց եղբ. Մկրտիչեանին հետ։ Զրոյցին առանցքը հանդիսացան միութեան 100-ամեայ յոբելեանին հետ կապուած նախաձեռնութիւնները, միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ զանոնք շրջանցելու նպատակով ի գործ դրուած մարտավարութիւնները։

Հարցազրոյցի աւարտին, հանդիպման ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լիոնի Սարմազեան եւ վարչութեան անդամ Պերճ Աթոլիկեան յատուկ յուշագիրով պատուեցին «Հորիզոն»ը, հայ գիր ու գրականոււթեան տարածման մէջ իր երկարամեայ առաքելութեան համար։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.