Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդականը կը մեկնարկէ Համահայկական երիտասարդական դիմադրութիւն

          Հաշուի առնելով, հայկական պետութեան կործանման վտանգը ու Արցախի եւ Սիւնիքի կորուստը կասեցնելու հրամայականը՝ ՀՅԴ Երիտասարդականի համաշխարհային ընտանիքը կը դիմէ համազգային դիմադրութեան, որը հետեւողական պայքարի շնորհիւ պիտի յառաջացնէ երկար սպասուած արժէհամակարգային յեղափոխութիւնը։
          Նկատի ունենալով,
          • Թուրք-ազրպէյճանական փանթուրանական քաղաքականութիւնը, որ կը միտի միանգամընդմիշտ տարածաշրջանի քարտէսէն ջնջել Արցախի ու Հայաստանի հանրապետութիւնները.
          • ՀՀ իշխանութիւններու ապազգային եւ դաւադիր ընթացքը, որ կ՚առաջնորդուի միակողմանի զիջումներով՝ կարծեցեալ խաղաղութեան հասնելու քաղաքականութեամբ.
          • Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական փակուղին եւ այն իրականութիւնը, որ ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս ընդիմութեան ծաւալած գործունէութեան կողքին անհրաժեշտ է դիմել բազմաճակատ պայքարի.
          ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը որոշած է չյարմարիլ այս իրականութեան այլ՝ մեկնարկելով համազգային երիտասարդական դիմադրութեան շարժում՝ պայքարի հինգ հիմնական ճակատներով.-
          1. Ամէնուրէք թափ տալ հակաթուրք եւ հակաազրպէյճանական պայքարին.
          2. Գերտերութիւններու հասցնել այն պատգամը թէ իրենց ծրագիրները չեն կրնար իրականացնել Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-պետական շահերու հաշուոյն.
          3. Կտրուկ քայլերով մերժել ՀՀ իշխանութիւններու պառակտող ու պետականակործան քաղականութիւնը.
          4. Պայքարիլ Արցախը հայաթափելու, զայն ՀՀ-էն ու Սփիւռքէն անջատելու ազրպէյճանաթուրքական փորձերուն եւ Սիւնիքէն արտագաղթի հոսանքին դէմ: ՀՅԴ Երիտասարդականի կողմէ կազմակերպուած «Արցախի վերականգման ու զարգացման» եւ «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրները լաւագոյն ապացոյցերն են այս աշխատանքին.
          5. Ներազգային ճակատի վրայ համախմբել, կազմակերպել հայ երիտասարդութիւնը ստեղծելով դիմադրութեան ցանցային կորիզներ։
          Սիրելի՛ երիտասարդներ,
         Կոչ կ՚ուղղենք բոլորիդ միանալու այս շարժումին, այս ճակատագրական օրերուն, բոլորս՝ իրաւունք չունինք մատնուելու յանցաւոր անգործութեան։ Զարթօնքի եւ ազգային անկումը վերելքի վերածելու պահը հիմա՛ է:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
20.10.2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.