Հրանդ Մարգարեան. «Ժողովրդավարութեան Եւ Ընկերային Արդարութեան Այս Ընթացքը Պէտք Չէ Հակադրուի Երկրի Անվտանգութեան»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 մայիսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:

Հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, քննարկուած են պետականաշինութեան, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող շարք մը հոլովոյթներուն առնչուող հարցեր:

«Շուշիի ազատագրման այս օրը յաւելեալ խթան է բոլորիս համար գիտակցելու, որ մենք պատասխանատու ենք: Այդ նոյն պատասխանատուութիւնը կարելիութիւն տուած է, որ այս բոլորէն անփորձանք դուրս գանք: Այդ պատասխանատուութիւնը պէտք է ստիպէ թոյլ չտալ, որ ձախողութիւն արձանագրուի ազգային հիմնական հարցերուն գծով», հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Մարգարեան:

Ան դիտել տուած է, որ հայ ժողովուրդը բաւական լուրջ օրեր կ՛ապրի, մէկ կողմէ կայ ուրախութիւն, որ մեր ժողովուրդը ոտքի է, յստակ գիտէ, թէ ի՛նչ չ՛ուզեր, ինչ բանէ դժգոհ է, տէրն է իր իրաւունքներուն, բայց միւս կողմէ առկայ են մտահոգութիւններ, որոնք կ՛առնչուին մեր երկրի անվտանգութեան, մեր անցած երեսուն տարիներուն ձեռք բերուած յաջողութիւններու պահպանման, յատկապէս ազգային գետնի վրայ: Հրանդ Մարգարեան աւելցուց, որ պէտք է ճիգ ի գործ դրուի, որպէսզի նախորդ օրերուն հայ քաղաքական վերնախաւին ու դաշտին մէջ ցուցաբերած կեցուածքը, առանց բախումներու եւ զսպուածութեամբ արձանագրուած դէպքերուն փոխանցած առաւելութիւնը յաւելեալ ինքնավստահութիւն տայ բոլորին, որպէսզի կարելի ըլլայ այս ընթացքով շարունակել եւ այս բոլորը դրական երեւոյթի վերածել, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան այս ընթացքը չհակադրուի երկրին անվտանգութեան հետ եւ կարելի ըլլայ լուծումներու հասնիլ: Անոր համաձայն, պէտք չէ արտօնել, որ այլ արտաքին միջամտութիւններ կատարուին, այլ ուժեր Հայաստանի մէջ ստեղծուած շարժումը օգտագործեն իրենց ծրագիրներուն համար, այլ կարելի ըլլայ մեր ունեցածը պահել ու զարգացնել:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.