Հրայր Մարուխեան՝ Ժողովրդավար ու խստապահանջ մարտիկը
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընկեր Հրայր Մարուխեանի մահուան 20-րդ տարելիցին առիթով տեղի ունեցած յուշ–երեկոյին ընթացքին ընկ. Խաժակ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը:
Այսօր, հաւաքուած ենք վերյիշելու եւ յիշատակը յարգելու այնպիսի անձնաւորութեան մը, որ իր անցած ուղիով ու ծառայութեամբ՝ կը հանդիսանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորագոյն պատմութեան ամենաականաւորներէն մէկը: Այո, ընկ. Հրայր Մարուխեան մեր նորագոյն պատմութեան անկրկնելի ղեկավարներէն մէկն էր: Կ’ըսեմ ղեկավարներէն մէկն էր, որովհետեւ համոզուած եմ, որ ինք եւս պիտի չուզէր իր ղեկավարման շրջանի բոլոր նուաճումները միայն իրեն վերագրուէին, եւ բազմաթիւ առիթներով անձամբ ընդգծած է իր սերնդակիցներէն Սարգիս Զէյթլեանի, Բաբգէն Փափազեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ ուրիշներու ունեցած բարձր կարողութիւններն ու նուիրումի ոգին: Անվիճելիօրէն սակայն, ինք եղած է այդ բոլորին համակարգողն ու առաջնորդողը:
Եթէ ուզենք բնութագրել ընկեր Հրայրի եւ իր սերնդակիցներուն անցած ուղին, ապա ես կ’ուզեմ ընդգծել երեք կարեւոր կէտեր, որոնք կը յատկանշեն այդ անցած ճանապարհը:
Առաջին. այդ սերունդը եղաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան սերունդը իրենց յաջորդներուն կամրջող սերունդ: Անկախ պետականութիւն կերտելու կարեւորութիւնը ժառանգեցին հանրապետութեան սերունդէն եւ զայն դարձուցին կեանքի նպատակ ու ամբողջական համոզումով զայն փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն:
Երկրորդ՝ ընկ. Հրայր Մարուխեանի առաջնորդութամբ Հայ դատի աշխատանքները, ոչ միայն ծաւալի առումով ընդարձակուեցան, այլ անոնց հաղորդուեցաւ նոր որակ ու բովանդակութիւն: Քարոզչական ու ոգեկոչական աշխատանքերուն աւելցան քաղաքական ու լոպիստական նոր ճիգ: Հայ դատի գրասենեակներ եւ յանձնախումբեր սկսան գործել Դաշնակցութեան կառոյցին կից: Վճռուած էր Հայ դատին շուրջ ստեղծուած լռութեան պատը քանդել քարոզչական, քաղաքական նաեւ ցուցական բոլոր միջոցներով:
Երրորդ՝ Խորհրդային Հայաստանի մէջ սկիզբ առած շարժումը նոր հորիզոններ կը բանային Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առջեւ, անկախ պետականութեան երազը աւելի կը մօտենար, եւ Արցախի խնդիրը Հայ դատի լուծման իտէալը աւելի իրական կը դարձնէր: Ընկ. Հրայր Մարուխեան օրինակելի ղեկավարի հմտութեամբ տեսաւ այդ բոլորը եւ դարձաւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ հրապարակ նետուած «Դէպի երկիր» կարգախօսի դրօշակիր:
«Դէպի երկիր»ի բաղադրիչներէն մէկն էր նաեւ հայրենի ժողովուրդին Դաշնակցութեան խօսքը հասցնելը: Ընկեր Հրայրը շատ անհրաժեշտ կը նկատէր հայրենի ժոշովուրդին ներկայացնել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքական հայեացքները: Ցաւօք, սակայն, Խորհրդային կոմունիզմը դեռ կը գործէր, եւ Դաշնակցութեան առջեւ փակ էին հայաստանեան մամուլի էջերը: Բազմաթիւ փորձեր ապարդիւն մնալէ ետք, յանկարծ Գրական Թերթը հարցազրոյց ուզեց ունենալ Ընկ. Հրայր Մարուխեանի հետ: Ընկեր Հրայրը ոսկեայ առիթ նկատեց եղած առաջարկը: Հակառակ անոր որ հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ էր, բայց դաշնակցական խօսքին հանդէպ մեծ բծախնդրութիւն դրսեւորելով, Ընկեր Հրայրը հաւաքեց «Դրօշակ»ի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակի անձնակազմերը, որպէսզի հաւաքաբար ձեւակերպուի տրուած հարցումներուն պատասխանները: Գոհ էր ընկերը, դաշնակցական խօսքին դէմ դրուած պատնէշը քանդուած էր:
Ընկ. Հրայրին համար «Դէպի երկիր» կարգախօսը գործի վերածելը դարձաւ կեանքի նպատակ: Ես տեսայ, թէ ինչպէ՛ս Հրայր Մարուխեանը Աթէնքի «Դրօշակ»ի գրասենեակը վերածած էր դէպի Հայաստան գացող դաշնակցական գործիչներու կայանի: Անոր համար «Դէպի երկիր»ը առաջին հերթին կը նշանակէր Դաշնակցութեան կազմակերպական վերադարձ: Իր անմիջական ցուցմունքներով սկսաւ կազմակերպական կեանքի վերադարձը՝ նախ Միացում եւ ՀԱԱԿ անուններու տակ, ապա անոնց լուծարումով ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բացայայտումով: «Դէպի երկիր» կը նշանակէր նաեւ բոլոր կարողութիւններով աջակցիլ հայրենի ժողովուրդին ու հայրենիքին: Բարձրաձայնեց կամաւորներ ղրկելու մասին, Արցախի գոյապայքարին աջակցելու համար: Ընկ. Հրայրը նաեւ համոզուած էր, որ սեփական օրինակով պէտք է առաջ տանիլ «Դէպի երկիր» կարգախօսը: Կուսակցական ղեկավարի իր պատմուճանը հանած, իբրեւ գործարար կը մասնակցէր Հայաստանի վարչապետի կազմակերպած Գործարարներու համագումարին: Գործնականօրէն հայաստանաբնակ ընկերներէն կը խնդրէր անմիջապէս բնակարան մը գտնեն, որպէսզի տեղափոխուի Հայրենիք: Դժբախտաբար, Կոմունիստական հակադաշնակցական մոլուցքը խոր արմատ ունէր, եւ այդ մոլուցքին կրողը, որ կանգնած էր Հայաստանի իշխանութեան գլխին, թոյլ չտուաւ որ այդ ցանկութիւնը իրականանայ:
Հակադաշնակցական մոլուցքը բազմաթիւ առիթներով դրսեւորուեցաւ: Անոր առաջին բարձրակէտը եղաւ, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին՝ ՀՀ Նախագահի այն հրամանը, զոր Ընկեր Հրայր Մարուխեանին 48 ժամ ժամանակ կուտար երկրէն հեռանալու: Ցաւալիօրէն կը խափանուէր, եօթանասուն տարիներէ վերջ, հայրենի հողին վրայ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողով գումարելու որոշումը: Ամբողջական համոզումով կ’ըսեմ, որ եղածը հակադաշնակցական մոլուցքով տարուած ձախող փորձ մըն էր Դաշնակցութենէն ներս երկփեղկում յառաջացնելու համար: Ծրագիրը այն էր, որ Դաշնակցութիւնը իր Ընդհանուր Ժողովը գումարէ լարուած մթնոլորտի մէջ եւ առանց Հրայր Մարուխեանի: Ընդհանուր Ժողովը բացուեցաւ յատուկ օրակարգով: Առաջին որոշումը միաձայնութեամբ առնուեցաւ, որ Ժողովը չի գումարուիր առանց Բիւրոյի ներկայացուցիչի: Ապա քննարկուեցաւ նախագահական հրամանագիրի հարցը: Կարգ մը ընկերներ կարծիք յայտնեցին չենթարկուիլ հրամանգրին ու շարունակել Ժողովը, անկախ բոլոր հաւանական հետեւանքներէն: Ընկերը, իբրեւ ժողովական, խօսք առաւ եւ կարծիք յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը առիթ պէտք չէ տայ Հայաստանի ներքին անկայունութեան եւ անցանկալի բախումներու եւ աւելի ճիշտ է ենթարկուիլ հրամանգրին: Ժողովը պարզ մեծամասնութեամբ որոշեց ենթարկուիլ հրամանագրին եւ հետեւաբար դադրեցնել Ընդհանուր Ժողովը:
Այդպիսով, ցաւն ու կսկիծը կուրծքին տակ առած, խումբ մը ընկերներու ուղեկցութեամբ, Ընկեր Հրայր Մարուխեան անաղմուկ կը հեռանար Հայաստանէն: Հակառակ խոր ցաւին ու ափսոսանքին, դաշնակցական ղեկավարի բարձր գիտակցութեամբ, շարունակեց հայրենի պետականութեան օժանդակելու ձեռք երկարել, իսկ երկարած ձեռքը ոչ միայն օդի մէջ մնաց, այլ հակադաշնակցական մոլուցքը հասաւ իր երկրորդ բարձրակէտին, Դաշնակցութեան գոծունէութինը արգիլուեցաւ, գրասենեակները փակուեցան, ընկերները բանտարկուեցան ու շարք մը դաշնակցականներու մուտքը արգիլուեցաւ:
Դրուաք մըն ալ պատմեմ Ընկեր Հրայր Մարուխեանի ներկուսակցական կեանքէն: Վարդենիսի մեր ընկերները տեղեկացուցած էին, որ Յովսէփ Յովսէփեան յայտնած է, թէ ինք Առաջին Հանրապետութեան ժամանակ Դրոյի զինուոր եղած է եւ շարքային դաշնակցական: Հիմա, որ Դաշնակցութիւնը վերադարձած է Հայաստան, ան կը դիմէ շարքերուն վերամիանալու խնդրանքով: Նոյն օրերուն կը գումարուէր ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի երկրորդ Շրջանային Ժողովը, որուն որպէս երէց ընկեր հրաւիրուած էր ընկ. Յովսէփ:
Ժողովի ընթացքին քննադատական ելոյթներ կը հնչէին ՀՅԴ Բիւրոյի գործունէութեան շուրջ: Հակառակ յառաջացած տարիքին, ընկեր Յովսէփ լաւ կը յիշեր ՀՅԴ Կանոնագիրը եւ նախագահէն ձայն խնդրելով, խօսքը ուղղեց ընկեր Հրայր Մարուխեանին, ըսելով. ”Ընկեր Հրայր, այս ժողովը Շրջանային Ժողով է եւ իրաւունք չունի ՀՅԴ Բիւրոյի գործունէութիւնը քննարկելու, ինչո՞ւ առիթ կու տաս, որ այս ճահելները կանոնագիրը խախտեն:” Ընկ. Մարուխեան ձայն առնելով ըսաւ. «Ընկերներ, մեր երէց ընկերը շատ ճիշտ մեկնաբանեց մեր կանոնագիրը, եւ այս ժողովը իրաւունք չունի քննարկելու, առաւել եւս քննադատելու Բիւրոյի գործունէութիւնը: Սակայն, մենք նաեւ ժամանակին հետ քայլ պահող կուսակցութիւն ենք եւ կարեւոր կը նկատենք ընկերական քննարկումները: Առ այդ, յանուն ՀՅԴ Բիւրոյի կը յայտարարեմ, որ ընկերները իրաւունք ունին քննադատելու մարմիններու գործունէութիւնը պաշտօնական ժողովներու ընթացքին: Բայց կարգապահութեան մեծ խստապահանջութեամբ կը շեշտեմ՝ միայն պաշտօնական ժողովներուն»:
Սիրելի՛ ներկաներ,
Այսօր եւս հակադաշնակցական մոլուցքը չէ մարած, բայց քանի որ ունեցած ենք Հրայր Մարուխեանի նման մարտունակ ղեկավար, ինչպէս անցեալին ձախողած են Դաշնակցութիւնը պառակտելու բոլոր փորձերը, ես համոզուած եմ, որ Հրայր Մարուխեանի ոգիով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր անխափան երթը: