ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը ամենուր զգօն են

Յուլիս 14-ին Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ նամակ  յղած է Գանատայի արտգործնախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամեանին, արտայայտելով գանատահայ համայնքի խոր մտահոգութիւնը Հայաստանի պետական սահմանը խախտելու եւ ռազմական ներթափանցման փորձ կատարելու ատրպէյճանական զինեալ ուժերու յարձակողական գործողութիւններու կապակցութեամբ՝ յատկապէս շեշտելով, որ ատրպէյճանական հրետանիի թիրախ կը դառնայ հայկ խաղաղ բնակչութիւնը։

Այս կապակցութեամբ Մոնթրէալի «Հայ Հորիզոն» հեռուստաընկերութիւնը զրոյցի հրաւիրած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պելեանին։

ANCC'S RESPONSE TO THE ARMENIAN-AZERI CONFLICT

«Որպէս հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակ, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերը զգօն են, եւ որեւէ ջանք պիտի չխնայեն որպէսզի ճի՛շտ ներկայացումները կատարուին եւ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան զսպուին»։Հայ Հորիզոնի հիւրն է՝ Օթթաուայի մէջ, Հայ Դատի Գրասենեակի Տնօրէն Սեւակ Պէլեանը։

Posted by Hay Horizon on Tuesday, July 21, 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.