ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը` «Կանք Ու Կը Մնանք» Խորագիրով Յաղթանակի Փառատօնին

Սրբազան հայր, հոգեւոր հայրեր,

Ձեր օրհնաբեր ներկայութիւնը յաղթանակի այս տօնակատարութեան եւ ձեր բարոյական զօրակցութիւնը ընտրութիւններուն ընթացքին, ձեր կոչերով, որ մեր ժողովուրդը իր համայնքի ճիշդ ներկայացուցիչները ընտրէ, մեծապէս գօտեպնդեցին մեզ եւ մեծապէս ծառայեցին մեր ժողովուրդին համար իբրեւ ճառագայթ` ճիշդ ընտրութիւնը կատարելու:

Շնորհակալութիւն սրբազան հայր եւ ձեր ճամբով` մեր բոլորին սիրելի վեհափառ հայրապետին:

Սիրելի աննման ժողովուրդ, աննման հայեր, որոնք արիաբար ծնունդ տուին տակաւին երկու վայրկեան առաջ այս բեմին առջեւ դրօշակները բարձր բռնած, բռունցքները բարձրացուցած մեր երեխաներուն, վաղուան հայերուն, վաղուան քաղաքացիներուն, վաղուան ազատամարտիկներուն:

13 մայիսին ձեզի խոստացանք յաղթանակի տօնակատարութիւն կատարել կրկին այս դաշտին մէջ, այդ օր ձեր ներկայութեամբ դուք խոստացաք յաղթանակ կերտել, եւ մենք խոստացանք աշխատիլ այդ յաղթանակին համար, եւ այսօր բոլորս մէկ հաւաքուած ենք հոս այս յաղթանակը տօնակատարելու:

Սովորական, ընթացիկ ընտրապայքարի մը յաղթանակը չէ, որ տօնելու հրաւիրուած ենք հոս: Անսովոր, վտանգաւոր, բազում ոլորտներ եւ բազում ծալքեր ունեցող ընտրութիւններու մէջէն դուրս եկած մարդու, կուսակցութեան, համայնքի, հաւաքականութեան յաղթանակն է ասիկա:

Շնորհակալութիւն` ձեր բոլորին, սիրելինե՛ր:

Շնորհակալութիւն` ձեր վստահութեան համար, տասնամեակներ ամբողջ ձեր տածած վստահութեան վերանորոգման համար:

Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք քուէարկեցին մեր ընտրացանկերուն, բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան ընտրութիւններուն:

Շնորհակալութիւն` մեր ժողովուրդին, մեր տարեց հայրիկներուն եւ մայրիկներուն, շնորհակալութիւն` մեր մայրերուն ու քոյրերուն, մեր եղբայրներուն, շնորհակալութիւն` մեր երիտասարդներուն ու երիտասարդուհիներուն, պատանի-պարմանուհիներուն:

Շնորհակալութիւն` մեր կամաւոր աշխատողներուն, շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք ընտրութեան օրը, առաւօտեան վաղ ժամերէն քուէակեդրոններու առջեւ կիզիչ արեւուն տակ մերժեցին դուրս ելլել այդ քուէարկութեան կեդրոններէն, մինչեւ որ կարենան իրենց ազատ խիղճի, ազատ կամքի քուէն նետել ընտրական սնտուկին մէջ:

Շնորհակալութիւն Լիբանանէն դուրս գտնուող արտասահմանի մեր հայրենակիցներուն, որոնք մասնակցեցան քուէարկութեան` նոյնքան դժուար պայմաններու մէջ, կամ անոնք, որոնք յոգնութիւն ունեցան, բայց անպայման ուզեցին Լիբանան գալով քուէարկել մեզի:

Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք ընտրութեան յաջորդ օրը` երկուշաբթի, իրենց շունչը բռնած, յուզումի մէջ էին, որովհետեւ տեղ մը զգացին, որ դաւադրութիւն կայ Դաշնակցութեան դէմ, եւ որոնք պոռթկացին նոյն գիշեր իսկ «Շաղզոյեան» կեդրոն հասնելով եւ զօրակցելով մեր ընտրութեան:

Շնորհակալութիւն բոլոր հայրենակիցներուն` Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս, որոնք,  բարոյական իրենց զօրակցութեան կողքին նաեւ մեզի աջակցեցան իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով` ընտրութիւնը յաջողցնելու եւ լաւագոյն արդիւնք ձեռք բերելու համար:

Շնորհակալութիւն` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան մեր գործընկերներուն, որոնք արդար ու մաքուր մրցակցութեամբ մղեցին այս ընտրապայքարը, սակայն դժբախտաբար իրենց թեկնածուն չհասաւ խորհրդարան, որուն ընտրութիւնը մեզի համար` իբրեւ Դաշնակցութիւն եւ իբրեւ համայնք, յաղթանակ պիտի նկատուէր անպայման: Շնորհակալութիւն` Ռամկավար ազատական կուսակցութեան մեր ընկերներուն, որոնք հրապարակային յայտարարութեամբ զօրակցեցան ՀՅԴ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի թեկնածուներուն եւ քուէարկեցին անոնց:

Իսկ անոնք, որոնք նախընտրեցին իրենց կեցուածքը արտայայտել այլապէս կամ չմասնակցեցան քուէարկութեան եւ կամ քուէարկեցին մեր թեկնածուներուն դէմ, եւ կամ` ոչ հայ թեկնածուներու, բնականաբար պիտի նախընտրէինք, որ անոնք քուէարկէին մեզի հակադրուող հայ թեկնածուներու: Մեր կոչը անոնց` օր մը կ՛ուզենք նաեւ անոնց շնորհակալութիւն յայտնել, երբ կարենան լիբանանահայ քաղաքացիի խղճով ու ճշգրիտ մտածումով վարուիլ ընտրական կամ քաղաքական այլ գործընթացներու հետ:

Այս յաղթանակը, սիրելինե՛ր, իմ կամ միւս երեսփոխաններուն յաղթանակը չէ, այս յաղթանակը մեր բոլորին յաղթանակն է` ձեր եւ մեր յաղթանակը: Յաղթանակ` մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքի արտայայտութեան, յաղթանակ` Լիբանանի մեր քաղաքականութեան հետեւողական ճիգերուն մէջ ճիշդ ուղին ընտրած ըլլալու եւ ճիշդ քաղաքականութիւն ընտրած ըլլալու մեր վարքագիծին:

Այս յաղթանակը, սիրելինե՛ր, յաղթանակն է սուտի, նենգութեան, կեղծիքի, ցեխարձակումներու դէմ, յաղթանակն է սովորութիւն դարձած բռնածաղրին (պուլիինկ) դէմ, յաղթանակն է անհիմն մեղադրանքներուն դէմ: Այս յաղթանակը ձեր բոլորին յաղթանակն է ներքին թէ արտաքին ուժերու եւ անոնց տեղական գործակատարներուն դէմ: Այս յաղթանակը ձեր ու մեր յաղթանակն է դրամի, սուտ ու սին խոստումներու դէմ, յաղթանակ` հայ մարդուն ազատ խիղճը ստրկացնելու դէմ, յաղթանակ` քաղաքացիին ցաւը շահագործողներուն դէմ:

Յաղթանակ` Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդէն բաժնելու հետեւողական քաղաքականութեան դէմ: Յաղթանակ` ՀՅԴ-ի մէջ երկփեղկուած շարքեր ու պատասխանատուներ իրարու դէմ լարելու տասնամեակներու անյաջող ու սին քաղաքականութեան դէմ:

Յաղթանակ` մեր ժողովուրդին նկարագիրը փոխելու, զայն ազգային արժէքներէն հեռացնելու, զուտ լիբանանեան, տեղական, երբեմն արտառոց, անընդունելի վարքագիծեր պարտադրելու դէմ: Յաղթանակն է հայը հայ պահելու մեր աշխատանքը մերժող ուժերուն դէմ:

Այս յաղթանակը, երեք երեսփոխաններ խորհրդարան հասցնելու յաղթանակը չէ, այլ յաղթանակ է Լիբանանի մէջ հարցերը խաղաղ ճամբով, երկխօսութեամբ, համերաշխութեամբ լուծելու մեր դերակատարութիւնը մերժող տարրերուն դէմ: Յաղթանակ` բոլոր անոնց դէմ, որոնք Դաշնակցութեան պարտութիւնը ցանկացին, աշխատեցան, վճարեցին, գնեցին, ծախեցին, բայց չյաջողեցան:

Յաղթանակ է Մեթնի մէջ Դաշնակցութեան թեկնածուին պարտութիւնը երազող, սադրանքներ ստեղծող, անուանարկող, վարկաբեկող, սպառնացող, ծուղակներ լարող, մութին մէջ գործող ծանօթ ու կասկածելի ուժերու եւ տարրերու դէմ:

Այո՛, յաղթանակի օր է այսօր: Մեզի դէմ շղթայազերծուած պայքարին մէջ անոնք պարտուեցան, մենք յաղթեցինք, դուք եւ մենք միասնաբար յաղթեցինք: Ու նայեցէք արդիւնքներուն:

Տասնամեակներ ամբողջ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ գործօն եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցող քաղաքական դէմքեր եւ կուսակցութիւններ դուրս մնացին խորհրդարանէն, բայց դուք, սիրելինե՛ր, ձեր ընտրած երեսփոխաններով, ձեր ընտրած կուսակցութեամբ, Հայկական երեսփոխանական պլոքով, երեք երեսփոխաններով փաստեցիք, որ մեր պարտութիւնը երազող ուժեր եւ անհատներ չյաջողեցան իրականացնել իրենց երազը:

Անոնք պարտուեցան, բոլորս միասնաբար յաղթեցինք: Մեզի հանդէպ ձեր ցուցաբերած վստահութիւնը թանկագին է: Լիբանանցի հայ քաղաքացիին խոր համոզումն է այս վստահութիւնը: Ձեր ազատ կամքին, «ազատ միտքին» չընկրկող ու չքանդուող վճռականութեան արտայայտութիւնն է այս յաղթանակը: Ճիշդ կողմնորոշուելու, «ճիշդ դատելու», առօրեան եւ ժամանակաւորը ստորադասելով մնայունն ու շարունակականը գերադասերու արտայայտութիւնն է այս յաղթանակը: Անհատակեդրոն, այլակեդրոն, ուրիշին լծակը ըլլալու մտածողութիւնն ու դերակատարութիւնը մերժող, մտքի ազատ արտայայտութիւն է այս յաղթանակը:

Լիբանանի հանդէպ ձեր հաւատարմութեան ու Դաշնակցութեան ճամբով Լիբանանի ուժեղացման ձգտող ձեր քուէին յաղթանակն է ասիկա: Հայկական կառոյցներու, եկեղեցւոյ, դպրոցի, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու պահպանման ու անոնց գոյատեւման եւ զարգացման հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքին յաղթանակն է այս յաղթանակը:

Ձեզ այս կառոյցներէն հեռացնել, այս կառոյցները քանդել եւ կազմալուծել ձգտող ուժերու եւ մարդոց պարտութիւնն է այս յաղթանակը: Իրենց զաւակներով մտահոգ ծնողներու, զանոնք հայկական միջավայրի մէջ պահելու ձգտող հաւատքին յաղթանակն է ասիկա:

Հարուածել Դաշնակցութիւնը` կը միտէր հարուածել Լիբանանի հայութիւնը: Հարուածել Լիբանանի հայութիւնը` կը միտէր հարուածել սփիւռքն ու Հայաստանը, Արցախը, կը միտէր թուլացնել Հայ դատի հետեւողական պայքարը, կը միտէր յաջողեցնել թրքական եւ անոնց ետին կանգնող ուժերու հակահայ քաղաքականութիւնը:

Ձեր գիտակից  քուէով դուք Ո՛Չ ըսիք եւ թումբ կանգնեցաք այս կասկածելի հակահայ մոլուցքին դէմ:

Ու հիմա կը պատկերացնէք, թէ ինչպէ՛ս յաղթեցինք, բոլորս մէկ, ինչպէս մէկ բռունցք դարձած` յաջողեցանք այս պայքարին, այս ճակատամարտին մէջ եւս:

Ու կը պատկերացնէք, թէ ի՛նչ հսկայական ուժ էք դուք, երբ միասին ենք բոլորս` ժողովուրդ, կուսակցութիւններ, եկեղեցի, միութիւններ թէ անհատներ: Անխորտակելի ուժ էք դուք, անխորտակելի կամք, Լիբանանի անխորտակելի  ու աննման հայութիւն:

Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողները պարտուեցան, սուտը, կեղծիքը, փուճ ամբաստանութիւնը, դրամը, քարոզչական սադրանքները, կասկածի սերմանումը, հակադաշնակցականութիւնը պարտուեցան, իսկ ճիշդը, արդարը, բիւրեղը, անշպարը, ազատը, ինքնուրոյնը, հայկականը, դուք յաղթեցիք:

Դո՛ւք էք այս յաղթանակը կերտողը:

Մեզի շնորհած այս թանկագին վստահութիւնը, յատկապէս` այս ամէնէն տագնապալի օրերուն, ճակատագրական ու հսկայական պատասխանատուութիւն կը դնէ մեր ուսերուն:

Եւ երբ դուք, ձեզի պէս քաղաքացիներ, երիտասարդութիւն, Լիբանանի մէջ թէ սփիւռքի տարբեր գաղութներու, Հայաստանի մէջ եւ այլուր այս պատասխանատուութիւնը կը դնէք մեր ուսերուն, մենք` վստահելով ձեզի, ձեր նեցուկին, չենք կրնար տկարանալ, իրաւունք չունի՛նք տկարանալու:

Պարտաւոր ենք շալկել այս պատասխանատուութիւնը:

Պարտաւոր ենք սրբագրել բացթողումները, սխալները, տկարութիւնները, ընկրկումները:

Պարտաւոր ենք երբեմն նոյնիսկ վերանայիլ, վերարժեւորել մեր գործելու եղանակը, մեր յարաբերութիւնը մեր ժողովուրդին հետ:

Պարտաւոր ենք աւելիով լսել ձեզ, ըմբռնել ձեր ակնկալութիւնները, փորձել աւելիով նեցուկ կանգնիլ ձեր պահանջներուն:

Ապերախտութիւնը տեղ չունի մեր ժողովուրդին մէջ: Դաւաճանութիւնը տեղ չունի մեր ժողովուրդին մէջ:

Մենք երախտապարտ ենք ձեզի եւ չենք դաւաճաներ մեզի հանդէպ ձեր տուած ոսկեայ վստահութեան:

Եւ դեռ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը խիզախութիւնը ունի իրեն հանդէպ վստահութիւն արտայայտած ժողովուրդէն ներողամտութիւն խնդրելու, երբ կը նկատէ, որ կրնայ սխալած կամ տկարացած ըլլալ տեղ մը, օր մը, հարցի մը մէջ:

Այո՛, մենք քաջութիւնը ունինք ըսելու, որ նախընտրեցինք այս ընտրութիւններուն ներկայանալ նոյն դէմքերով, որովհետեւ մտահոգ ենք երկրի ապագայով եւ գալիք օրերու դժուարութիւններով, հետեւաբար չկրցանք դէմքերու փոփոխութիւն յառաջացնել եւ նախընտրեցինք քաղաքական փորձառութիւնը` դէմքերու փոփոխութենէն:

Կը փափաքէինք, որ մեր թեկնածուներուն մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելով` ունենայինք նոր դէմքեր ու երիտասարդ դէմքեր, սակայն վստահաբար յառաջիկային անպայման պիտի ներկայանանք յաւելեալ երիտասարդ թեկնածուներով:

Չկրցանք նաեւ ունենալ կին երեսփոխան` հակառակ մեր կուսակցութեան ունեցած վարքագիծին, վաղուց ի վեր, կիներու իրաւունքին եւ բնական մասնակցութեան` որոշումի կայացման դիրքերուն մէջ: Կը հաւատանք, որ յառաջիկային պիտի ունենանք կիներու մասնակցութեամբ յաւելեալ արդիւնաւոր գործունէութիւն եւ դերակատարութիւն:

Պարտաւոր ենք նաեւ մեր ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու, եթէ երբեք բաւարար չափով չենք կրցած հասնիլ անոնց ամէնօրեայ կարիքներուն: Պետութեան բացակայութեան` մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձեցինք թեթեւցնել ձեր բեռը: Կարիքներն ու սպասումները հսկայական են, եւ մեր ժողովուրդը միշտ ակնկալութիւն ունի իր դիմագրաւած դժուարութիւններու լուծումը գտնելու մեր մօտ, եւ արդար է այդ ակնկալութիւնը: Կատարեցինք մեր կարելին, թերեւս աւելին կրնայինք ընել, բայց անպայման յառաջիկային պիտի շարունակենք առանձին չձգել մեր ժողովուրդը եւ շարունակել կանգնիլ անոր կողքին:

Եւ ահա, երբ նոր փուլը կը բացուի մեր դիմաց, պարտաւոր ենք այդ փուլին միացեալ ճիգերով, բոլորս միասին դիմագրաւել դժուարութիւնները, ճշդել առաջնահերթութիւնները ու անգամ մը եւս յիշել ու հաստատել «Կանք ու կը մնանք» կարգախօսը:

Կանք ու կը մնանք ձեզմով:

Կը յաղթենք ձեզմով:

Կը յաղթենք միասնաբար, բոլորս մէկ բռունցք, բոլորին համար:

Մեզի համար փակուած է ընտրութեան էջը, ուսանելի դասեր կան հոն եւ անոնց արդիւնքներուն մէջ: Սակայն այլեւս խօսելու ժամանակը փակուած է, գործելու ժամանակն է: Մեր խոստումը կը մնայ նոյնը` ձեզի հետ ենք ու կը մնանք միասին: Կանք ու կը մնանք: Յաղթանակը չի գինովցներ մեզ, այլ յաւելեալ, բազմապատիկ ճիգի կը մղէ:

Ձեր բոլորին վարձքը կատա՛ր:

Պիտի շարունակենք միասին: Պիտի պայքարինք միասին ու տեւաբար պիտի յաղթենք միասին:

Դաշնակցութիւնը ձեզ յուսախաբ չի կրնար ընել:

 

 

 

10 յունիս 2022

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.