ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ
1976
0
ՆԻՔՈՍԻԱ.- Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլուրիս Երկուշաբթի, 10 Յունիսին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ՛ընկերանային ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի մարմինի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գործադիր տնօրէն Հեղինէ Եւինեան:
Հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեան, ՀՅԴ Կիպրոսի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան եւ Կիպրոսի Հայ Դատի մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Գազանճեան:
Նոյն օրը Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մասնակցեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած յուշարձանի բացման: